Ազրպէյճան Կ՛աջակցի Փաշինեանին` Ընդդէմ Հայ Ազգայնականներու

Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններն ու անոնց լրատուամիջոցները
ուշադրութեամբ կը հետեւին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող
զարգացումներուն ու հրապարակուող յօդուածներուն` քննադատաբար
արձագանգելով անոնց: Տարիներու ընթացքին իմ շաբաթական յօդուածներէս
շատերը թարգմանուած ու վերահրապարակուած են ազրպէյճանական ու
թրքական թերթերու եւ կայքերու մէջ:
Վերջին օրինակը Աթլանթայէն (Ճորճիա նահանգ) Յարութիւն Աղասարգսեանի
յօդուածն է, որ սեպտեմբեր 29-ին հրապարակուած է հայաստանեան
լրատուական կայքերէն մէկուն մէջ: Ան Հայոց եկեղեցւոյ պահպանութեան
համահայկական խորհուրդի նախագահն է եւ Ամերիկայի Հայ դատի
յանձնախումբի (ANCA) տեղական մարմնի հիմնադիրը: «Փաշինեանի նոր
բաժանարար գիծը Սփիւռքի երիտասարդութեան մէջ» խորագրեալ յօդուածին մէջ
ան քննադատած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը սեպտեմբեր 24-ին Նիւ Եորքի
մէջ ամերիկահայ ուսանողներու փոքր խումբի մը հետ հանդիպելուն համար:
Փաշինեան մտադիր էր ուսանողներուն ներկայացնել «իրական Հայաստանի»
վերաբերեալ իր վիճայարոյց տեսակէտը:
Սեպտեմբեր 30-ին ազրպէյճանական «1news.az» լրատուական կայքը
արձագանգեց՝ քննադատելով Աղասարգսեանը եւ պաշտպանելով Փաշինեանի
քաղաքականութիւնը, որ վնաս կը հասցնէ հայկական ազգային շահերուն:
Ֆարիտա Պաղիրովայի հեղինակած յօդուածը վերնագրուած էր «Ուժասպառ
ընող ուրուականի գերին. ինչպէս վրէժխնդրութիւնը կը խարխլէ Հայաստանի
ապագան»:
Պաղիրովա կը գրէ. «Վերջին տարիներուն հայկական քաղաքական խօսոյթը
հետզհետէ աւելի կը դառնայ վտանգաւոր միտումի պատանդ.
ծայրայեղականութիւնն ու վրէժխնդրութիւնը կը վերածուին հանրային կեանքի
անկիւնաքարի: Այս կործանարար ընթացքը առաջնորդող ուժերը ոչ միայն երկրի
ներսը գործող ծայրայեղական ուժերն են, այլ նաեւ արտերկրի հայկական
սփիւռքի մէկ մասը»:
Այնուհետեւ Պաղիրովա յարձակում կը գործէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ.
«Էջմիածինը եւ անոր հետ կապուած սփիւռքեան շրջանակները կը շարունակեն
մնալ վրէժխնդրական հռետորաբանութեան համախմբման կարեւորագոյն
խողովակներէն։ Ազդեցութեան այս փոխկապակցուած ցանցը տասնամեակներ
շարունակ կարելիութիւն տուած է ծայրայեղականներուն՝ օրակարգ թելադրելու
Երեւանին: Անոնց համար Հայաստանը ոչ թէ իր ընկերային-տնտեսական
խնդիրներով ապրող երկիր էր, այլ քաղաքական յաւակնութիւնները գոհացնելու
ցատկահարթակ»:
Այնուհետեւ Պաղիրովա կը պաշտպանէ Փաշինեանի «իրական Հայաստան»
տեսակէտը՝ աւելցնելով. «Փաշինեան կը քանդէ այն պատրանքը, որ
արտասահմանը գտնուող լոպիականները իրաւունք ունին զոհաբերելու
Հայաստանի քաղաքացիներուն ապահովութիւնը` յանուն իրենց գաղափարական
հաւատալիքներուն»:
Վերադառնալով Հայոց եկեղեցւոյ դէմ իր յարձակումներուն՝ Պաղիրովա կը գրէ.
«Նոյնանման ընթացքներ տեղի կ՛ունենան նաեւ հայկական եկեղեցւոյ մէջ, որ,
խաղաղութիւն քարոզելու փոխանակ, կը վերածուի տարածաշրջանին մէջ
վերջնական խաղաղութեան միտող որեւէ շարժման դէմ գաղափարական
դիմադրութեան կեդրոնատեղիի: Վրէժխնդրութիւնը այլեւս անցեալի շուրջ վէճ
չէ. անիկա քաղաքական նախատիպ մըն է, որ կը պահանջէ «թշնամիի մնայուն
ներկայութիւն», վերադարձ դէպի «կորուստները» եւ նոր իրողութիւնը
չընդունելու կեցուածք: Եթէ Հայաստանի մէջ կը փափաքին շարունակել ապրիլ
այս տրամաբանութեամբ, անիկա իրենց ընտրութիւնն է: Ազրպէյճան ամենայն
յստակութեամբ ներկայացուցած է իր դիրքորոշումը՝ խաղաղութիւն,
կայունութիւն, զարգացում: Հայ հասարակութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ
ինքնուրոյն առերեսուիլ իր քաղաքական ուրուականներուն հետ»:
Ազրպէյճանական շարք մը կայքեր պարբերաբար կը թիրախաւորեն հայկական
ընդդիմութիւնը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ: Յօդուածները մանրակրկիտ
ուսումնասիրուած են եւ գրուած են տարբեր լեզուներով, նաեւ՝ բարձր
մակարդակի անգլերէնով: Ակնյայտ է, որ այդ կայքերը լաւապէս
ֆինանսաւորուած են, իսկ անոնց համար յօդուած գրող վերլուծաբանները բարձր
վարձատրութիւն կը ստանան Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ:
Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս Փաշինեանի ընդդիմախօսներուն վրայ
յարձակելու մոլուցքին մէջ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներն ու
պաշտօնեաները, կարծես, չեն գիտակցիր, որ ակնյայտ կը դարձնեն հետեւեալը․
Ազրպէյճան կ՛ողջունէ եւ կը սատարէ վարչապետին վարած քաղաքականութիւնը:
Երբ թշնամիդ կանգնի քու իսկ կառավարութեանդ կողքին, կասկածելու լուրջ
պատճառներ կը ծագին: Վերջին տարիներուն Փաշինեան ըրած է կարելի ամէն
բան իր գործելակերպը Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ փափաքներուն
համապատասխանեցնելու համար: Ան բազմաթիւ զիջումներու գացած է եւ կը
շարունակէ երթալ: Ան Ազրպէյճանին յանձնած է Արցախը եւ զիջած Հայաստանի
Հանրապետութեան տարածքէն հատուածներ, միաժամանակ օտարանալով
Հայաստանի քաղաքացիներէն եւ սփիւռքի ներկայացուցիչներէն: Բնականաբար,
Ազրպէյճանն ու Թուրքիան գոհ են իրմէ: Ինչպէս կ՛ըսեն՝ «Ներքին թշնամին
շատ աւելի վտանգաւոր է, քան արտաքինը»: Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ
մեծագոյն մտավախութիւնն այն է, որ Փաշինեանը փոխարինէ հայրենասէր հայ
ղեկավար մը, որ պիտի պաշտպանէ ազգային շահերը:
Ազրպէյճանի՝ իբրեւ խաղաղասէր պետութեան վերաբերող անդադար կատարուող
պնդումներուն լիովին կը հակասէ նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ համաձայնեցուած
«Քաղաղութեան պայմանագիրը» ստորագրելէ հրաժարիլը, մանաւանդ որ ան
նախապէս յայտարարած էր, թէ Փաշինեանին ինք թելադրած է համաձայնագիրի
բոլոր 17 յօդուածները:
Ալիեւ պարբերաբար սպառնալիքներ կ՛ուղղէ՝ զգուշացնելով, որ Ազրպէյճան
պիտի յարձակի Հայաստանի վրայ, եթէ վերջինս չընդունի ազրպէյճանական
բոլոր պահանջները: Ան Հայաստանի ղեկավարները կ՛որակէ իբրեւ
«պատերազմական յանցագործներ, որոնք պէտք է ստանան իրենց արժանի
պատիժը»՝ միաժամանակ մերժելով ազատ արձակել Պաքուի մէջ ապօրինաբար
պահուող ու դատապարտուած Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնատարները:
Վերջերս Ալիեւ նոյնիսկ ակնարկեց «Յաղթանակի երրորդ կամարը… այսօր իսկ
Երեւանի կեդրոնը» կառուցելու:
Միւս կողմէ Փաշինեան անդադար կը խօսի այն մասին, թէ ինչպէ՛ս խաղաղութիւն
բերած է Հայաստանին: Սակայն խաղաղութիւնը չի կրնար ըլլալ միակողմանի:
Խաղաղութիւն գոյութիւն չի կրնար ունենալ, երբ թշնամին եաթաղանը կը ճօճէ
գլխուդ վերեւ` սպառնալով կտրել զայն:

