Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած՝ Սփիւռքը

Յարութ Սասունեան
Անգարայի մէջ գործող «Եւրասիական հետազօտութիւններու կեդրոն»-ը (AVİM) կ՛ուսումնասիրէ Կովկասի, Պալքաններու, Կեդրոնական Ասիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրաքի հարցերը։ Կեդրոնը պարբերաբար կը հրապարակէ յօդուածներ, որոնք զօրակցութիւն կը դրսեւորեն հանդէպ Փաշինեանի կառավարութեան եւ կը քննադատեն սփիւռքը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք քանի մը յօդուածներ, զորս «Եւրասիական հետազօտութիւններու կեդրոն»-ը հրապարակած է վերջին չորս շաբաթներուն.
1.- «Հայաստանը՝ սփիւռքի յաւակնութիւններու եւ պետական յիշողութեան միջեւ»
(Հեղինակ՝ Այկիւն Աթար, 14 սեպտեմբեր 2026)
Ահա թէ ինչպէս հեղինակը ամփոփած է յօդուածը.
«Հայկական սփիւռքը պատմականօրէն նշանակալից դեր խաղացած է ժամանակակից հայկական քաղաքական ինքնութեան ձեւաւորման եւ Հայկական հարցի միջազգայնացման մէջ։ Մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ եւրոպական քաղաքական աւելի լայն ասպարէզին մէջ ձեւաւորուած լոպիին կազմակերպուած կարողականութիւնը ստեղծած է գործունէութեան ընդարձակ հորիզոն՝ 1915 թուականի իրադարձութիւնները միջազգային օրակարգի վրայ պահելէն մինչեւ Թուրքիոյ առնչուող խորհրդարանական նախաձեռնութիւններ եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրէն մինչեւ Ազրպէյճանի դէմ ուղղուած քաղաքական ճնշումներու ու պատժամիջոցներու պահանջներ։
«Այնուամենայնիւ, 2020 թուականի ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք Հարաւային Կովկասի մէջ ի յայտ եկած աշխարհաքաղաքական իրողութիւնը աւելի ու աւելի կը բացայայտէ կազմակերպուած սփիւռքեան որոշակի շրջանակներու պահպանած պատմական-քաղաքական նախատիպի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակակից պետական շահերուն միջեւ եղած տարբերութիւնը։ Այս յօդուածը այդ տարբերութիւնը կը բնորոշէ իբրեւ «պետականութիւն ունեցող սփիւռքի փարատոքս»։ Ան համեմատական քննութեան կ’ենթարկէ «907-րդ բաժնի» շուրջ ամերիկահայ լոպին, Ֆրանսայի մէջ խորհրդարանական քաղաքականութիւնը, Եւրոպական խորհրդարանի՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վերաբերող բանաձեւերը, ինչպէս նաեւ արեւմտեան լրատուամիջոցներու լուսաբանման առանձին օրինակներ…
«Հիմնական փաստարկը այն է, որ թէեւ հայկական սփիւռքի պատմական նուաճումը Հայկական հարցի միջազգայնացումն էր, բայց եւ այնպէս, անփոփոխ հակամարտութեան նախատիպի շարունակական վերարտադրութիւնը այժմ կրնայ դիւանագիտական եւ տնտեսական վնասներ հասցնել ոչ միայն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին, այլ նաեւ՝ ինքնին Հայաստանին, քանի որ Երեւանը կը ձգտի կարգաւորել յարաբերութիւնները երկու պետութիւններուն հետ»։
2.- «Հայաստանի քաղաքական կողմնորոշման երկու տարբեր մօտեցումներ՝ տարածքային պահանջներ եւ «Իրական Հայաստան»»
(Հեղինակ՝ Թուղչէ Թեճիմեր, 9 հոկտեմբեր 2026)
Ահա թէ ինչպէ՛ս թուրք հեղինակը արձագանգած է իմ յօդուածիս.
«2026-ի սեպտեմբեր 20-ին սփիւռքի արմատական, ռազմատենչ հատուածը ներկայացնող «The California Courier» պարբերականին մէջ՝ «Փաշինեանը հակահայկական յայտարարութիւններ կ՛ընէ Երեւանի մէջ կայացած միջազգային համաժողովին» խորագիրով յօդուածին մէջ խիստ քննադատութեան կ՛ենթարկուին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արտայայտած միտքերը՝ 17 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կայացած «Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմակայունութիւն 2026» համաժողովին ընթացքին։ Կեդրոնանալով Ազրպէյճանի հետ Փաշինեանի վարած խաղաղութեան գործընթացին, սահմանադրական փոփոխութիւններու շուրջ բանանէճերուն եւ պատմական հարցերու մէջ անոր մօտեցման վրայ՝ յօդուածին մէջ կը պնդուի, որ վարչապետին վարած քաղաքականութիւնը կը հակասէ Հայաստանի ազգային շահերուն։
«Այնուամենայնիւ, յօդուածին ամէնէն ուշագրաւ կողմը ոչ թէ Փաշինեանի դիւանագիտական ընտրութիւններու քննադատութիւնն է, այլ՝ Հայաստանի ապագային վերաբերեալ անոր ձեւակերպած քաղաքական տեսլականը։ Մասնաւորապէս Մուշի եւ Վանի վերաբերեալ անոր բարձրացուցած քննարկումը ընդգծած է սփիւռքեան որոշ շրջանակներու մօտ տիրապետող պատմական իրաւունքներու մասին խօսոյթին եւ Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» հայեցակարգին միջեւ եղած տարբերութիւնը։
«Յօդուածին հիմնական առարկութիւնները կը վերաբերին սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցին մէջ Փաշինեանի դիրքորոշումներուն, որոնք կը դիտարկուին իբրեւ Ազրպէյճանին եղած չափազանց մեծ զիջումներ, ինչպէս նաեւ՝ տարածքային պահանջները մէկ կողմ դնելու անոր որոշման։ Բացի ատկէ, այս նիւթին մէջ մէջբերում կատարուած է դրուագէ մը՝ պատմութեան ուսուցիչին մասին, որ աշակերտներուն կ’ըսէ, թէ անոնք պէտք է «ազատագրեն Մուշն ու Վանը», երբ մեծնան։ Այս օրինակին միջոցով յառաջ տարուած փաստարկը յստակ է. հայերը պէտք չէ հրաժարին պահանջներէն այն տարածքներուն նկատմամբ, որոնք, ըստ իրենց, կորսուած են անցեալին, այլ պէտք է վառ պահեն այն կարելիութիւնը, որ աշխարհաքաղաքական պայմաններու փոփոխութիւնը կրնայ առիթ ստեղծել այդ հողերը վերադարձնելու»։
3.– «Հայաստանի կառավարութիւնը կը քննադատէ արմատական սփիւռքը»
(Հեղինակ՝ Սելենա Էրվա Եալչըն, 12 հոկտեմբեր 2026)
Ահա թէ ի՛նչ գրած է Եալչընը.
«Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի կողմէ «Իրական Հայաստան» հայեցակարգը իբրեւ կառավարութեան պաշտօնական քաղաքականութիւն հռչակուելէն ետք ընդդիմադիր խումբերը մնայուն կերպով կը քննադատեն զայն։ Այս տեսլականը առաջնահերթութիւն կու տայ առկայ սահմաններու շրջանակներուն մէջ խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ կայունութեան վրայ հիմնուած տարածաշրջանային յարաբերութիւններու հաստատման՝ միաժամանակ հրաժարելով պատմական յաւակնութիւններէ։
«Մինչ երկրին մէջ այս քննադատութեան հիմնական աղբիւրները ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ու Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնն են, արտաքին աղբիւրները սփիւռքի այն արմատական-ռազմատենչ տարրերն են, որոնք յայտնի են հակախաղաղարար իրենց դիրքորոշումով… Իբրեւ «Եւրասիական հետազօտութիւններու կեդրոն»՝ մենք բազմիցս ընդգծած ենք, որ սփիւռքի արմատական եւ հակախաղաղարար դիրքորոշումը հիմնուած է չարամիտ մօտեցումի մը վրայ, որուն նպատակն է՝ խաթարել Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը, Ազրպէյճան-Հայաստան խաղաղութեան պայմանագիրի գործընթացը, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը»։
4.– «Փաշինեանի՝ Նիւ Եորքի մէջ ունեցած հանդիպումներէն ետք. սփիւռքի եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ լարուածութիւնը կ’աճի»
(Հեղինակ՝ Հէյզել Քաղան Էլպիր, 15 հոկտեմբեր 2026)
Ահա թէ ինչպէ՛ս հեղինակը արձագանգած է իմ միւս յօդուածիս.
«Նիկոլ Փաշինեանի՝ 2026 թուականի սեպտեմբերին Նիւ Եորք կատարած այցելութիւնը, բացի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ ունեցած ելոյթէն, կրկին ուշադրութեան կիզակէտ դարձուց հայկական սփիւռքի եւ Երեւանի կառավարութեան միջեւ առկայ կառուցուածքային լարուածութիւնը։ Յարութ Սասունեանի յօդուածը, որ հրապարակուած է «The California Courier» եւ «The Armenian Weekly» պարբերականներուն մէջ՝ «Արդեօք Փաշինեան Նիւ Եորք եկած էր ՄԱԿ-ի մէջ ելո՞յթ ունենալու, թէ՞ հայ ուսանողները պառակտելու նպատակով» վերնագիրով, կը ներկայացնէ այս հակասութեան յստակ օրինակը։
«Ըստ Սասունեանի, հայկական համայնքի աւելի լայն շրջանակներու հետ բաց երկխօսութեան մէջ մտնելու փոխարէն, Փաշինեան փակ հանդիպում ունեցած է «Համահայկական ուսանողական միութեան» (All-ASA) անդամ հանդիսացող ուսանողներու սահմանափակ խումբի մը հետ. ասիկա դիտարկուած է իբրեւ սփիւռքի մէջ պառակտում յառաջացնելու միտող ընտրողական քայլ։ Յօդուածին հիմնական փաստարկն այն է, որ սփիւռքի եւ կառավարութեան միջեւ առկայ ճեղքուածքը չի նուազիր, ընդհակառակը, հակադրութեան զգացումը աւելի կը խորանայ»։
Ազրպէյճանցի եւ թուրք վերլուծաբաններու ու անոնց երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ պարբերաբար, յաճախ նաեւ՝ ակամայ, արձանագրուող մեծագոյն սխալը այն է, որ անոնք որքան շատ կը գովաբանեն եւ կ՛աջակցին Նիկոլ Փաշինեանին, այնքան աւելի կը հաստատեն այն տպաւորութիւնը, թէ անոր քաղաքականութիւնը կը բխի ոչ թէ Հայաստանի, այլ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շահերէն։ Ասկէ աւելի ոչինչ կ՛ապացուցէ, որ Փաշինեանի դիրքորոշումները կը ծառայեն Հայաստանի հակառակորդներու շահերուն։

