Փաշինեանը Պէտք Չէ Հրաժարական Տայ Ու Հեռանայ. Ան Պէտք Է Դատապարտուի Ցմահ Բանտարկութեան

Ութ տարի շարունակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անկայուն շարժուձեւերով եւ պոռթկումներով դրսեւորուած հակահայկական ջղագար յայտարարութիւններուն հետեւելէ ետք, կը կարծեմ, թէ հայ ժողովուրդին այլ ելք չի մնար, բացի զայն ձերբակալելէ, դատելէ եւ ցմահ բանտարկութեան դատապարտելէ։
Փաշինեանին պէտք չէ արտօնել պարզապէս հրաժարական տալ եւ հեռանալ։ Ան պէտք է շատ սուղ վճարէ Հայաստանի թշնամիներուն հետ համագործակցելով՝
· Արցախի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանին յանձնելուն համար, ինչ որ պատճառ դարձաւ քանի մը հազար հայ երիտասարդ զինուորներու մահուան եւ հազարաւոր այլ զինուորներու վիրաւորուելուն,
· 2021-2022 թուականներէն ի վեր Ազրպէյճանին արտօնելուն համար, որ բռնագրաւէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին որոշ հատուածները,
· Հայաստանի ազգային սրբազան խորհրդանիշերը արժեզրկելուն համար,
· Հայաստանի սահմանադրութիւնը եւ հարիւրաւոր օրէնքներ խախտելուն համար, եւ
· Ազրպէյճանէն ու Թուրքիայէն Հայաստանի ունեցած արդարացի պատմական պահանջներէն հրաժարելուն համար։
Յուսահատութենէ մղուած, չգտնելով ուրիշ ելք Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի թելադրած սահմանադրութեան վերաբերեալ հանրաքուէին համար Ազգային ժողովին համաձայնութինը ստանալու, Փաշինեան նախորդ շաբաթ նոր հնարքի դիմեց։ Ան խորամանկօրէն յայտարարեց, որ հրաժարական պիտի տայ, եթէ Հայաստանի քաղաքացիները հանրաքուէով մերժեն առաջարկուող Սահմանադրութիւնը՝ պայմանով, որ խորհրդարանը նախ համաձայնութիւն տայ նման քուէարկութեան մը կազմակերպման։ Այնուհետեւ ան աւելցուց, որ հրաժարական պիտի տայ մինչեւ 2031 թուական, եթէ հանրութիւնը հաւանութիւն տայ Սահմանադրութեան։
Բարեբախտաբար, խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւնները արդէն մերժած են անոր խարդախ առաջարկները, թէեւ ան յիմարաբար կը պնդէր, որ ընդդիմութիւնը «չի կրնար մերժել» իր առաջարկը։
Փաշինեան այս դատարկ խոստումները կու տայ հետեւեալ պատճառներով.
Նախ՝ անոր կուսակցութիւնը Ազգային ժողովին մէջ չունի հանրաքուէի կայացման համաձայնութիւն տալու համար անհրաժեշտ երկու երրորդ ձայները՝ հակառակ 2026 թուականի յունիսեան ընտրութիւններէն առաջ իր հնչեցուցած նախազգուշացումներուն, թէ սեպտեմբերին պատերազմ պիտի ըլլայ, եթէ իր կուսակցութիւնը չստանայ աթոռներուն երկու երրորդը։ Նախագահ Ալիեւ պնդած է, որ այնքան ատեն որ Հայաստան չէ փոխած իր Սահմանադրութիւնը եւ նախաբանէն չէ վերցուցած Արցախի մասին յիշատակումը, ինք պիտի չստորագրէ համաձայնեցուած խաղաղութեան պայմանագիրը։
Փաշինեանի քաղաքական ասպարէզը կախեալ է Ալիեւի կողմէ այդ պայմանագիրին տրուելիք հաւանութենէն, քանի որ վարչապետը բազմիցս մոլորեցուցած է հայ հանրութիւնը՝ խոստանալով, թէ Ազրպէյճանի հետ պատերազմին իրենց զաւակները այլեւս պիտի չզոհուին, եթէ հաստատուի խաղաղութեան այն պայմանագիրը, զոր, ըստ անոր, ինք արդէն ձեռք բերած է կամ կը պատրաստուի ձեռք բերել։
Մինչեւ հիմա Փաշինեան միայն կրցած է իրականացնել խաղաղութեան պայմանագիրին նախագիծի երկուստեք նախաստորագրութիւնը, եւ ոչ թէ ստորագրութիւնը, թէեւ գրութեան բոլոր 17 յօդուածները թելադրած էր Ալիեւ։ Նոյնիսկ պայմանագիրին նախաստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ Ալիեւի վրայ գործադրուած ուժեղ ճնշման տակ՝ նախագահ Թրամփի կողմէ, որ ամէն գնով կը փափաքէր արժանանալ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին։ 2025 թուականի օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ նախատեսուած հանդիպման նախօրէին Թրամփ արդէն յայտարարած էր, թէ անոնք կու գան Ուաշինկթըն՝ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու։
Ալիեւ չի շտապեր ստորագրել նման պայմանագիր մը, քանի որ տակաւին Փաշինեանէն պահանջներու երկար ցանկ մը ունի։ Բացի սահմանադրութիւնը փոխելու հարցով Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելէ, Ալիեւ կը պահանջէ, որ՝
· Արցախեան առաջին պատերազմի ժամանակ Հայաստանէն հեռացած 300 հազար ազրպէյճանցիներուն արտօնուի վերադառնալ,
· Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանը ճշդուի՝ Ազրպէյճանին յաւելեալ տարածքներ զիջելու միջոցով,
· Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուող, նախապէս ազրպէյճանաբնակ անկլաւները վերադարձուին Ազրպէյճանին, եւ
· Հայաստան տասնեակ միլիառաւոր տոլարներու փոխհատուցում վճարէ Արցախի «բռնագրաւման» իբրեւ հետեւանք արձանագրուած վնասներուն համար։
Երկրորդ՝ ոչ մէկ ողջամիտ մարդ պիտի հաւատայ Փաշինեանի տուած որեւէ խոստումի։ Վերջին ութ տարիներուն ան հարիւրաւոր անգամներ ստած է հանրութեան։ Ան նոյն օրը առաւօտեան յայտարարածին հակառակը կը պնդէ երեկոյեան։ Երբ Փաշինեանին կը յիշեցնեն իր բազմաթիւ հակասական յայտարարութիւններուն մասին, ան կը փորձէ ուրանալ, թէ երբեւէ նման բան մը ըսած ըլլայ։ Նոյնիսկ երբ լրագրողները լսել կու տան անոր նախկին յայտարարութիւններուն ձայնագրութիւնները եւ ցոյց կու տան Դիմատետրի վրայ Փաշինեանի հակասական խօսքերով լի տեսանիւթերը, ան կա՛մ կ՚ըսէ, որ չի յիշեր՝ նման բան մը ըսա՞ծ է, թէ ոչ, կա՛մ ալ կը յօրինէ որեւէ անհեթեթ բացատրութիւն։ Փաշինեանի՝ իր խօսքէն հրաժարելուն ամէնէն տխրահռչակ օրինակը 2019 թուականի օգոստոս 5-ին Ստեփանակերտի մէջ հաւաքուած հազարաւոր արցախահայերու ներկայութեամբ կատարած յայտարարութիւնն է, թէ՝ «Արցախը Հայաստան է, եւ վե՛րջ»։ Քանի մը տարի ետք՝ Արցախը Ազրպէյճանին յանձնելէ ետք, ան ետդարձ կատարեց իր խօսքէն եւ յայտարարեց՝ «Արցախը Ազրպէյճանի մաս է»։
Աւելի՛ն. իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Փաշինեան իրաւունք չունէր Արցախը զիջելու Ազրպէյճանին։ Մինչ այդ ան խոստովանած էր, որ Հայաստանի քաղաքացիները զինք նշանակած են ոչ թէ Արցախի, այլ Հայաստանի վարչապետ։ Հետեւաբար, իր կողմէ Արցախը Ազրպէյճանի մաս ճանչնալը եւ Ալիեւի ու Փութինի հետ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի ստորագրութիւնը զինադադարի համաձայնագիրին, որով Արցախին յարակից տարածքները զիջեցաւ Ազրպէյճանին, Հայաստանի Սահմանադրութեան կոպիտ խախտումներ են։
Այնուամենայնիւ, Փաշինեան կը շարունակէ ելք փնտռել։ Սկիզբը ան յայտարարեց, որ «արտահերթ» խորհրդարանական ընտրութիւններ պիտի կատարէ՝ ապարդիւն յոյս փայփայելով, որ այդպիսով իր կուսակցութիւնը պիտի ստանայ անհրաժեշտ ձայներուն երկու երրորդը։ Բայց, երբ խմբակիցները զգուշացուցին զինք, որ արտահերթ ընտրութիւնները կրնան ունենալ հակառակ հետեւանք՝ խորհրդարանին մէջ ունեցած մեծամասնութեան կորուստ, ան շտապ հրաժարեցաւ այդ միտքէն։
Այնուհետեւ, Փաշինեան դիմեց իր քաղաքական ընդդիմախօսներուն ամէնէն տարբեր ապօրինի միջոցներով, որոնց կարգին՝ կեղծ մեղադրանքներով, ձերբակալութիւններով եւ բանտարկութեան սպառնալիքով, որպէսզի հարկադրէ զանոնք ապահովել այն վեց յաւելեալ քուէները, որոնք անհրաժեշտ են իր կուսակցութեան՝ հանրաքուէի կայացման համաձայնութիւն տալու համար։
Աւելի ուշ ան յայտարարեց, որ պիտի յորդորէ հանրութիւնը՝ ճնշում բանեցնելու խորհրդարանական ընդդիմութեան վրայ՝ հանրաքուէին թեր քուէարկելու համար։ Ասիկա հերթական յուսահատ քայլ մըն է։ Ես մեծապէս կը կասկածիմ, թէ իր հետեւորդները պիտի արձագանգեն խորհրդարանը շրջափակելու եւ ընդդիմադիր պատգամաւորները հանրաքուէին օգտին քուէարկել ստիպելու իր կոչերուն։
Հակառակ այս խուսանաւումներուն՝ Փաշինեանին չէ յաջողած գտնել Սահմանադրութիւնը փոխելու միջոց մը՝ Ալիեւը գոհացնելու։
Ես աւելի լաւ առաջարկ մը ունիմ․ հանրաքուէէն ետք Փաշինեանին հրաժարական տալու առիթ ընծայելու փոխարէն, հայ ժողովուրդը պէտք է անյապաղ ձերբակալէ զինք, դատէ եւ դատապարտէ ցմահ բանտարկութեան։

