Փաշինեան Կը Մրցի Թալէաթին Եւ Ստալինին Հետ՝ Հայ Հոգեւորականներու Հալածանքին Մէջ

Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Թաւալող իւրաքանչիւր օրուան հետ Հայաստան քիչ մը աւելի կը գլորի դէպի
բռնապետութիւն: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ
այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներու հասցէին օգտագործուած գռեհիկ, նոյնիսկ
պոռնկագրական բառապաշարը բացարձակապէս անյարիր է կառավարութեան ղեկավարին:
Ըստ «Ազատութիւն» կայանին, Դիմատետրը վերջերս ջնջեց անոր գրառումներէն մէկը՝ հոն
օգտագործուած վիրաւորական արտայայտութիւններուն համար։
Վարչապետը բանտարկեց տասնեակ քաղաքական հակառակորդներ, ինչպէս նաեւ երկու
արքեպիսկոպոսներ, նաեւ իր անվտանգութեան ուժերը ուղարկեց ներխուժելու Էջմիածինի
մէջ գտնուող հայոց եկեղեցւոյ վեհարանը:
Փաշինեանի կողմէ օրէնքի չարաշահումը փաստելու համար նկատի պէտք է ունենալ
քաղաքական դրդապատճառներէ մղուած անոր տուած հրամանը` ձերբակալելու եւ
բանտարկելու Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանը: Արքեպիսկոպոսը
վարչապետին ամէնէն բուռն քննադատներէն մէկը եղած է: 26 սեպտեմբեր 2023-ին
հարցազրոյցի մը ընթացքին ան «ռազմական յեղաշրջման» կոչ ուղղած էր՝ Փաշինեանը
տապալելու համար, զոր ոմանք կրնային մեկնաբանել իբրեւ Հայաստանի օրէնսդրութեան
խախտում: Սակայն, ամիսներ տեւած հետաքննութենէն ետք, գլխաւոր դատախազութիւնը 30
ապրիլ 2024-ին պաշտօնական նամակ մը հրապարակեց` չգտնելով որեւէ իրաւական հիմք
արքեպիսկոպոսը յանցագործութեան մէջ մեղադրելու համար: Բնական երկրի մը մէջ ասիկա
պիտի ըլլար պատմութեան աւարտը, բայց ոչ՝ Հայաստանի մէջ:
Նախորդ շաբաթ, դատական համակարգին վարչապետին անօրինական միջամտութենէն ետք,
դատարանը Միքայէլ սրբազանի ձերբակալութեան հրաման արձակեց նախապէս օրինական
նկատուած արտայայտութիւններուն համար: Այլախոհութիւնը լռեցնելու իր յուսահատ
փորձով Փաշինեան այժմ յայտարարեց, որ սրբազանը խախտած է օրէնքը, ուստի
ոստիկանութեան հրամայած է ձերբակալել զայն: Հակառակ անոր որ վարչապետը անընդհատ
կը հպարտանայ, որ Հայաստանը ժողովրդավարական երկիր է, բայց եւ այնպէս անոր
գործողութիւնները կը բացայայտեն անոր բռնապետական միտումը: Ան նաեւ կոպտօրէն կը
խախտէ եկեղեցւոյ եւ պետութեան սահմանադրական բաժանումը: Կաթողիկոսին
կուսակրօնութիւնը եկեղեցական ներքին հարց է, որ վարչապետին գործը չէ:
Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեանի դիմատետրեան բարբաջանքները կը բովանդակեն գռեհիկ
եւ պոռնկագրական նախատինքներ, ինչպէս օրինակ ան կաթողիկոսն ու անոր բանբերը իր
գրասենեակը հրաւիրեց իր սեռական անդամները դիտելու` ապացուցելու համար, որ ինք
թլպատուած չէ: Այս գրառումները լուրջ հարցադրումներ կը յառաջացնեն վարչապետին
հոգեկան կայունութեան վերաբերեալ: Այլ շփոթեցուցիչ գրառման մը մէջ ան դիտել տուաւ,
որ 1-5 յուլիսին զերծ պիտի մնայ հայհոյանքներէն կամ անձնական յարձակումներէն`
անցնելով «քաղաքակիրթ եւ յարգալից բանավէճի, որ հիմնուած է միայն ստուգուած
փաստերու վրայ»: Այս խոստովանութիւնը կը հակասէ քրիստոնէական արժէքներուն
հաւատարիմ ըլլալու անոր ինքնահռչակ պատկերացման, յատկապէս այն պատճառով, որ այս
նոյն մարդն է, որ գրած է պոռնկագրական գիրք մը՝ «Երկրի հակառակ կողմը» խորագիրով:
Յուսահատօրէն ձգտելով պահպանել իշխանութիւնը յաջորդ տարուան խորհրդարանական
ընտրութիւններէն ետք՝ Փաշինեան կ՛օգտագործէ բոլոր միջոցները` օրինական կամ
անօրինական, իր հակառակորդները` թէ՛ հոգեւորականները, թէ՛ քաղաքական գործիչները,
լռեցնելու։ Նկատի ունենալով, որ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իրեն կոչ ուղղեց՝ հրաժարական
տալու, վարչապետը այժմ կը նպատակադրէ զայն փոխարինել աւելի հնազանդ եկեղեցական
առաջնորդով: Ան կը դիմէ նման տհաճ մարտավարութեան, քանի որ անոր վարկանիշը եօթը
տարի առաջուան 80 տոկոսէն մեծ անկում արձանագրած է՝ ներկայիս նուազելով մինչեւ 8
տոկոսի, ինչ որ կ՛ենթադրէ, թէ ան կրնայ չպահպանել իր աթոռը 2026 թուականի
ընտրութիւններէն ետք:
Իբրեւ ներքին սպառնալիք, որ աւելի վտանգաւոր է, քան ոեւէ արտաքին թշնամի, Փաշինեան
Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ ըրաւ բազմիցս զիջումներ, որոնք կը վտանգեն Հայաստանի
ապագան: Ցաւօք, ան կ՛ընթանայ օսմանեան սուլթաններու, ռուսական ցարերու եւ
խորհրդային գործակալներու հետքերով:
Բոլորը տեղեակ են Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ
մէջ հայերուն նկատմամբ գործադրուած համակարգուած հալածանքներուն ու
կոտորածներուն մասին, որոնց գագաթնակէտը հանդիսացաւ 1915 թուականի Հայոց
ցեղասպանութիւնը, որ սկսաւ Պոլսոյ մէջ հայ վերնախաւի մահապատիժով եւ հազարաւոր
հայ հոգեւորականներու սպանդով:
Կը ներկայացնենք ռուսական ցարերու եւ խորհրդային ղեկավարներու կողմէ Հայ
առաքելական եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւորականութեան վրայ յարձակումներուն համառօտ
ցանկը.
– 2 սեպտեմբեր 1804-ին ռուսական զօրքերը թալանեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը,
իսկ ապրիլ 1805-ին անոնք վերադարձան՝ երկրորդ թալանի համար:
– 1 հոկտեմբեր 1827-ին ռուս զօրավար Իւան Փասքեւիչը հալածեց կաթողիկոս Ներսէս
Աշտարակեցին:
– 11 մարտ 1836-ին Նիքոլայ Ա. ցարը սահմանափակումներ դրաւ հայ եկեղեցւոյ
ինքնավարութեան վրայ:
– 12 յունիս 1903-ին Նիկոլայ Բ. ցարը հրամայեց բռնագրաւել եկեղեցւոյ ունեցուածքը:
Երկու տարուան հայկական բողոքներէն եւ դիմադրութենէն ետք ցարը 1905 թուականին
չեղեալ յայտարարեց իր հրամանագիրը:
– 6 ապրիլ 1938-ին խորհրդային գործակալները խեղդամահ ըրին Խորէն Ա. կաթողիկոսը
վեհարանի իր կացարանին մէջ: Տասնեակ հայ հոգեւորականներ մահապատիժի
ենթարկուեցան:
Հակառակ անոր որ Օսմանեան եւ Խորհրդային կայսրութիւնները վերացան, բայց եւ այնպէս
հայոց եկեղեցին կը գոյատեւէ: Ողբերգութիւնը այն է, որ այսօր հայոց պետութի՛ւնը դարձած
է կեղեքիչ:
Նախորդ շաբաթ Փաշինեան հարիւրաւոր ոստիկաններ եւ դիմակաւոր Ազգային
անվտանգութեան գործակալներ տեղակայեց կաթողիկոսարանի սրբավայրին մէջ, սակայն
անոնք նահանջեցին հաւատացեալներուն հետ բախումներէն ետք: Բարեբախտաբար ոչ մէկ
կողմէ կրակոց չարձակուեցաւ, հակառակ պարագային կրնար ծայր առնել արիւնահեղութիւն
կամ քաղաքացիական պատերազմ:
Այժմ, երբ Գարեգին Բ. կը մերժէ կատարել Փաշինեանի հրաժարականի հրամանը,
վարչապետ կրնայ անվտանգութեան ուժեր ուղարկել Էջմիածին` վեհափառը ձերբակալելու
համար։ Քայլ մը, որ բողոքի ալիք պիտի բարձրացնէ համայն հայութեան եւ ամբողջ
քրիստոնէական աշխարհի մէջ, նաեւ՝ Վատիկանի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային
խորհուրդի: Ասիկա սարսափելի բիծ պիտի ձգէ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգին
ժառանգութեան վրայ։
Հայաստանի դիմաց ծառացած գոյաբանական սպառնալիքները լուծել փորձելու փոխարէն,
Փաշինեան զբաղած է Դիմատետրի մէջ գռեհիկ գրառումներ կատարելով եւ հայոց եկեղեցւոյ
ու հոգեւորականութեան վրայ յարձակելով: Ի՛նք է, որ պէտք է հրաժարական տայ, եւ ոչ թէ
կաթողիկոսը: