Քալիֆորնիոյ Ծերացման Ծառայութիւնները Երէց Տարեցներուն Արժէքաւոր Միջոցներ Կ՛առաջարկեն
Երբ մեր տարիքը կը յառաջանայ՝ մեր կարիքները եւ նախապատուութիւնները կը փոխուին: Քալիֆորնիոյ
մէջ, տրամադրելի են ընդարձակ տարողութեամբ ծառայութիւններ ձեզի օգնելու՝ պահպանելու ձեր
անկախութիւնը, կապի մէջ մնալու եւ վարելու ծաղկուն կեանք մը: Առօրեայ առաջադրանքներու համար
նեցուկ փնտռելու պարագային թէ առողջապահական հոգատարութեան մասին ուղղութեան, կամ ապագան
ծրագրելու պարագային՝ Քալիֆորնիոյ ծերացումի ծառայութիւնները այստեղ են՝ ձեզի օգնելու:
Տան Մէջ Ծերացում
Ձեզմէ շատեր կրնան նախընտրել մնալ իրենց անձնական տան մէջ, մինչ տարիքով կը յառաջանան:
Քալիֆորնիա կ՛առաջարկէ ծրագիրներ, որոնք կրնան ձեզի օգնել նորոգութիւններու, փոխադրութեան կամ
տան մէջ խնամակալութեան մէջ: Առաւել, առողջութեան եւ ընկերային հոգատարութեան ծրագիրներ,
ներառեալ՝ ցերեկային կեդրոններ արուեստներու եւ մարզանքի գործունէութիւններով:
Ուտելիքի Ծառայութիւններ
Դուք կրնաք վայելել ձեր տունը սպասարկուող կերակուրներ, կամ հաւաքուիլ տեղւոյն կեդրոնի մը մէջ
խումբով ուտելու: Անոնց համար, որոնք սահմանափակ եկամուտ ունին՝ կան այլընտրանքներ թարմ
ուտեստեղէն կամ ուտելիքի այլ առաւելութիւններ ստանալու CalFresh Expansion ծրագիրին միջոցով:
Առողջապահական Ապահովագրութեան Խորհրդատուութիւն
Առողջապահութեան ապահովագրութեան ընտրութեան գծով շուարա՞ծ էք. The Health Insurance
Counseling and Advocacy Program (HICAP)-ը կը տրամադրէ խորհրդատուութիւն եւ երկար
տեւողութեամբ ապահովագրութիւն:
Խնամատարներու Օժանդակութիւն
Եթէ տարեցի մը խնամակալութիւնը կը կատարէք՝ կան ծրագիրներ, ինչպէս՝ Caregiver Resource
Centers (CRCs)-ը եւ Family Caregiver Support Program-ը, որոնք կ՛առաջարկեն կարճատեւ
դադարի, խորհրդատուութիւն եւ թղթաբանութեան գծով օժանդակութիւն: CRC-ը նաեւ կը հայթայթէ
գործնական ծրագիրներ ընտանիքներու, որոնք մտագարութիւն (dementia) կը դիմագրաւեն:
Իրաւաբանական Օժանդակութիւն
Կը դիմագրաւէք հարցեր, ինչպէս՝ յաճախորդներու դէմ խարդախութիւն, տարեցներու չարաշահում՝ Legal
Services-ը տրամադրելի է՝ օգնելու Սոշըլ Սեքիւրիթիի, առողջապահութեան ապահովագրութեան,
հանգստաթոշակներու եւ այլ հարցերու լուծման մէջ:
Գործի Կարելիութիւններ
Գո՞րծ կը փնտռէք. անվճար պատրաստութիւն եւ գործ գտնելու ծառայութիւններ տրամադրելի են տարեց
քալիֆորնիացիներու համար:
Ստիպողական Պարագաներու Պատրաստուածութիւն
Ստիպողական պարագաներու համար ծրագրելը յատկապէս կարեւոր է երբ մեր տարիքը կ՛առնենք:
Քալիֆորնիա կ՛առաջարկէ միջոցներ ձեզի օգնելու, որպէսզի պատրաստ ըլլաք բնական աղէտներու,
ելեկտրական հոսանքի ընդհատումներու եւ այլ ստիպողական պարագաներու: Ստիպողական պարագաներու
անձնական ծրագիր մը կազմելը, շտապ օգնութեան իրերու պայուսակ մը պատրաստ պահելը եւ տեղւոյն
միջոցներու մասին տեղեակ մնալը մեծ տարբերութիւն կ՛ընէ:
Բոլոր այս ծառայութիւնները եւ աւելին համակարգուած են տեղւոյն Area Agencies on Aging-ին հետ:
Գտէք ձերը՝ հեռաձայնելով California Aging and Adult Information Line-ի՝ 800-510-2020 թիւին
կամ այցելելով aging.ca.gov կայքը: