Երբ Հայրենիքը Կը Կործանի, Համայն Հայութիւնը Պէտք Է Օգնութեան Հասնի
Յարութ Սասունեան
http://www.
Վերջին քանի մը տարիներուն տարբեր վարձկան գրողներ տասնեակ յօդուածներ գրած են՝ քննադատելով հայկական սփիւռքի կոշտ դիրքորոշումը Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ: Այդ «գրողներէն» շատեր շռայլօրէն կը վարձատրուին Ազրպէյճանի կողմէ: Յօդուածներուն մեծ մասը հրապարակուած է իսրայէլական զանազան թերթերու մէջ: Ցաւօք, ես չեմ կրնար պատասխանել անոնցմէ իւրաքանչիւրին, հակառակ պարագային՝ ստիպուած պիտի ըլլամ ամէն շաբաթ միայն այդ նիւթերուն մասին գրել։
Բացառութեան կարգով` ես որոշեցի պատասխանել Թուքչէ Թեճիմերի կողմէ թրքերէնով գրուած «Սփիւռքի եւ Հայաստանի կառավարութեան հակասական շահերը․ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին օրինակը» խորագրեալ յօդուածին, որ տեղադրուած է Անգարայի համալսարանի «Եւրասիական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն»-ին կայքին վրայ: Պատասխանելու որոշումիս պատճառն այն է, որ ի տարբերութիւն միւս հակահայ «գրողներուն», որոնք լի են թոյնով, ան չ՛օգտագործեր վիրաւորական լեզու:
Թեճիմերը Հայագիտական կեդրոնի գլխաւոր խմբագիրն է: Հետաքրքրական է, որ իր «ԼինքտԻն»-ի էջին մէջ ան կը նշէ, որ «մասնագիտական մակարդակով կը տիրապետէ հայերէնին, իսկ տարրական մակարդակով` ռուսերէնին եւ անգլերէնին»: Ան պատմութեան դոկտորական աստիճան ստացած է Պոլսոյ համալսարանէն, իսկ «Հայոց լեզու եւ մշակոյթ» մասնագիտութեամբ կրթութիւն` Անգարայի համալսարանէն: Վերջին տարիներուն թրքական համալսարանները Հայաստանէն դասախօսներ կը հրաւիրեն՝ թուրք ուսանողներուն հայերէն սորվեցնելու համար: Կրնաք կռահել, թէ ինչո՛ւ։
Ես կը փորձեմ ցոյց տալ, որ ասիկա կեղծ փաստարկ է: Անձամբ նոյնանման մեկնաբանութիւններու թիրախ դարձած եմ Փաշինեանի որոշ հայ կողմնակիցներէ, որոնք համաձայն չեն վարչապետին հասցէին իմ քննադատութիւններուս: Հակափաստարկներ ներկայացնելու փոխարէն, Փաշինեանի պաշտպանները անհիմն անձնական յարձակումներ կը գործեն՝ իմ քննադատութիւններուս պատասխանելու փոխարէն:
Անոնք հետեւեալ սխալ մեղադրանքները կ՛ուղղեն ինծի.
1.– Աջակցած եմ Հայաստանի նախկին ղեկավարներուն,
2.– Ռուսամէտ եմ կամ կը վարձատրուիմ Քէյ. Ճի. Պի.էն,
3․- Իրաւունք չունիմ քննադատելու կառավարութիւնը, քանի որ Հայաստանի մէջ չեմ ապրիր:
Բնականաբար անոնք բոլորն ալ կեղծ փաստարկներ են:
1) Ես եղած եմ բոլոր ղեկավարներու` թէ՛ անցեալի, թէ՛ ներկայի խիստ քննադատը: Կարեւորագոյնը այն է, որ քննադատութիւններս բացայայտ ու համարձակօրէն արտայայտած եմ անոնց երեսին, նախագահական պալատին մէջ նստած, եւ ոչ թէ՝ թաքնուելով համակարգիչի ստեղնաշարի ետին, ինչպէս կ՛ընեն ոմանք։ Զիս քննադատողներուն մեծ մասը երբեք չէր համարձակեր խօսք մը իսկ ըսել այն ժամանակ, երբ այդ ղեկավարները իշխանութեան վրայ էին, քանի որ կը վախնային իրենց աշխատանքը կորսնցնելէ կամ ծանր հետեւեանքներու ենթարկուելէ։
2) Ակնյայտ է, որ ես ո՛չ ռուսամէտ եմ, ո՛չ ալ Քէյ. Ճի. Պի.ի գործակալ: Նման ամօթալի բաներ ըսողները կ՛ենթադրեն, որ միայն Քէյ. Ճի. Պի.ի գործակալները հակափաշինեանական են: Յակոբ Պարոնեանի գրածը լիովին կը նկարագրէ այս իրավիճակը. «Հայհոյանքը փաստի սով է»:
3) Անոնց, որոնք կ՛ըսեն, որ ես իրաւունք չունիմ որեւէ քննադատական խօսք ըսելու Փաշինեանի մասին, քանի որ կ՛ապրիմ սփիւռքի մէջ, կը պատասխանեմ.
Ա) Դուք կը փորձէք լռեցնել Փաշինեանի հասցէին իմ քննադատութիւնս ոչ թէ այն պատճառով, որ ես սփիւռքի մէջ կ՛ապրիմ, այլ որովհետեւ ձեզի հաճելի չի թուիր ըսածներս: Եթէ ես պաշտպանէի Փաշինեանը, դուք երբեք պիտի չըսէիք, որ ես իրաւունք չունիմ արտայայտելու իմ կարծիքս:
Բ) Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է: Ոչ ոք իրաւունք ունի այլ հայու մը ըսել, որ չխօսի հայրենիքին մասին, անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կ՛ապրի ան։
Գ) Իբրեւ մարդ եւ իբրեւ լրագրող՝ իրաւունքս է ազատօրէն արտայայտուիլ: Ոչ ոք կրնայ լռեցնել զիս միայն այն պատճառով, որ համաձայն չէ ըսածիս:
Դ) Ինչո՞ւ ընդունուած է մեկնաբանել աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, սակայն երբ խօսքը կը վերաբերի մեր հայրենիքին` Հայաստանին, մեզ կը ստիպեն լռել:
Ե) Ես երկքաղաքացի եմ` ունիմ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն, ուստի լիիրաւ իրաւունքը ունիմ արտայայտուելու իրադարձութիւններուն մասին այն երկրին, որուն քաղաքացին եմ։
Զ) Անոնց, որոնք կ՛ըսեն, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը քննադատելը հայրենասիրութիւն չէ, հետեւեալը կը պատասխանեմ. «Ընդհակառակն, երբ կը տեսնես, որ հայրենիքդ կործանման եզրին է, իսկութեան մէջ լռելն է, որ հայրենասիրութիւն չէ»:
Է) Փաշինեանի կողմնակիցներուն մեծ մասը չի կրնար զանազանել Փաշինեանի կառավարութեան ուղղուած քննադատութիւնը՝ Հայաստան պետութեան քննադատութենէն:
Վերադառնալով թուրք գիտնական Թեճիմերի յօդուածին` ան կը սխալի, երբ կը պնդէ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը պէտք է քննադատէ ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները: Երբ կը տեսնես, որ քու հայրենիքդ սխալ ուղղութեամբ կը շարժի, արդեօք, իր կարծիքով, ճի՞շդ է աչք փակել եւ անտեսել տեղի ունեցողը:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ինչպէ՞ս կրնայ չարձագանգել` ականատես ըլլալով այն բոլոր իրադարձութիւններուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ: Քանի որ Հայաստանի ներկայի ղեկավարը կը վարէ այնպիսի քաղաքականութիւն, որ չի բխիր երկրի շահերէն, պէ՞տք է արդեօք մենք բոլորս կուրօրէն հետեւինք եւ գովաբանենք այդ քաղաքականութիւնը, թէ՞ պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի փրկենք ազգը:
Ակնյայտ է, որ կառավարութեան քաղաքականութեան հակադրուողները պիտի բախին ծանր հետեւանքներու` աշխատանքէ զրկուելէ մինչեւ հանրային պարսաւանք ու անհայրենասիրութեան մեղադրանքներ, իսկ որոշ պարագաներու` նաեւ ձերբակալութիւն ու բանտարկութիւն: Բայց ասիկա այն գինն է, որ պէտք է վճարել սխալ քաղաքականութիւնը ուղղելու համար:
Տարօրինակ է, որ Թեճիմերը սխալ կը նկատէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ Իսրայէլը քննադատելը՝ Ազրպէյճանը զինելուն համար, քանի որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Իսրայէլին: Սակայն ինքնին Թեճիմերը կ՛ընէ այն, որուն համար կը մեղադրէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը։ Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը խստօրէն կը քննադատէ Իսրայէլը, ինք եւս պէտք է հետեւի անոր խորհուրդին եւ չհակասէ իր կառավարութեան քաղաքականութեան:

