Կրնա՞ր Արդեօք Փաշինեան Հայաստանի Համար Ընել Թուրքիոյ Համար Էրտողանի Ըրածէն Մաս Մը
Յարութ Սասունեան
Վերջերս կարդացի «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանութեան նախագիծ»-ի (OCCRP) կողմէ հրապարակուած խորքային հետաքննութիւն մը` «Թրամփի թրքական «սիրաբանութեան» ետին՝ սակաւապետներ, խարդախներ եւ բազմամիլիոն տոլարանոց լոպիական գործարք» վերնագիրով: Հեղինակներն են Օպրի Պելֆորտը եւ Ատամ Քլասֆելտը:
Առաջին պարբերութիւնը կ՛ամփոփէ բացայայտումները. «Թուրքիոյ նախագահը արտակարգ ուժեղ ազդեցութիւն ունեցած է Թրամփի վարչակազմին վրայ: Նոր հետաքննութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդ յարաբերութիւնները ձեւաւորուած են քանի մը շրջանակներու կողմէ, որոնց մէջ ընդգրկուած էին՝ Թրամփի ամէնէն սիրելի լոպիիստը, Ուքրանիոյ անվստահութիւն յայտնելու խայտառակութեան առանցքային դէմքը, Քրեմլինի հետ կապեր ունեցող սակաւապետ եւ ծովային փոխադրութեան աւագ առեւտրական, որ կը մեղադրուէր ահաբեկչութեան մէջ»:
Յօդուածը կը բացայայտէ այն յատուկ ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի «Ուոթըրկէյթ» պանդոկին մէջ, 19 յունուար 2017-ին` Թրամփի երդմնակալութենէն օր մը առաջ: Մասնակցած են չորս կարեւոր անձնաւորութիւններ` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, լոպիական եւ Թրամփի երդմնակալութեան կոմիտէի փոխնախագահ Պրայըն Պալլարտը, Լեւ Փառնասը` Ուքրանիա ծնած, Թրամփին աջակցող նախաձեռնութիւններու մեծ նուիրատուն, որ կազմակերպած էր հանդիպումը, ինչպէս նաեւ՝ թուրք-ազրպէյճանցի ծովային փոխադրութեան աւագ առեւտրական Մուպարիզ Մանսիմովը, որ, ըստ Փառնասի, 25 միլիոն տոլար արժողութեամբ նաւթատար նաւ նուիրած է Թուրքիոյ նախագահի ընտանիքին եւ թոյլ տուած է Էրտողանին օգտագործել իր անձնական օդանաւը: Ներկայիս ան կանգնած է Թուրքիոյ դատարանին առջեւ` ահաբեկչութեան մեղադրանքով:
Հանդիպման օրակարգին վրայ էր, ըստ «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանութեան նախագիծ»-ին, «Թուրքիոյ եւ անոր իսլամ ղեկավար Էրտողանին համար Միացեալ Նահանգներու մէջ լոպի իրականացնելու երկու բազմամիլիոնանոց պայմանագիրները»։
Էրտողանի եւ Թրամփի միջեւ միջնորդներուն մեծ մասը գործարարներ եւ սակաւապետներ են, որոնք կապուած են նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն հետ. «Եւ անոնք՝ գրեթէ բոլորն ալ, այժմ կա՛մ բանտն են, կա՛մ կանգնած են լուրջ քրէական մեղադրանքներու դիմաց… Պալլարտի հետ լոպիական պայմանագիրները կնքուած են Փառնասի եւ ծովային փոխադրութեան առեւտրական Մանսիմովի, ինչպէս նաեւ Ֆարխատ Ախմետովի օգնութեամբ, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ նշուած է իբրեւ ռուս սակաւապետ, որ սերտօրէն կապուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ ․․․․ Պայմանագիրները, ի վերջոյ, ներառած են ամսական 125 հազար տոլարի գործարք, որով Պալլարտի ընկերութիւնը պէտք էր ներկայացնէր թրքական պետական դրամատունը՝ «Հալքպանք»-ը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը դատապարտուի խարդախութեան, դրամի լուացման եւ պատժամիջոցներու խախտման համար, ինչպէս ցոյց կու տան հանրային փաստաթուղթերը: Ըստ հաղորդումներուն, Թրամփ փորձած է չեղեալ համարել «Հալքպանք»-ի գործը», կը հաղորդէ «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանութեան նախագիծ»-ը։
Պալլարտի պայմանագիրներուն նախորդած են «լայնօրէն լուսաբանուած փորձերը, որոնց ընթացքին թուրք գործարարներն ու նախարարները ապօրինի կերպով վարձած էին Թրամփի նախկին ազգային ապահովութեան խորհրդական, պաշտօնաթող զօրավար Մայք Ֆլինը` իբրեւ լոպիական, ինչպէս նաեւ Թրամփի այլ խորհրդականի մը հետ քննարկած էին 10 միլիոն տոլարանոց ազդեցութեան արշաւ մը»:
Տարօրինակ շրջադարձով մը «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանութեան նախագիծ»-ը հաղորդեց, որ Մանսիմով եւ այլ գործարար մը պաշտօնակիցներ էին ամերիկահայու մը հետ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ դատապարտուած է 511 միլիոն տոլարի խարդախութեան համակարգի համար: Միացեալ Նահանգներու հարկային ծառայութեան գործակալը «դատարանին մէջ պնդած է, որ խարդախները անմիջականօրէն կապուած էին Էրտողանին հետ եւ ձեռք բերած էին Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտպանութիւնը»:
Փառնաս ըսաւ, որ զինք Մանսիմովի ծանօթացուցած է Պիլոռուսիա ծնած Իկոր Ֆուրմանը, «որ Ճուլիանիի (Թրամփի խորհրդական) հետ աշխատած է Ուքրանիոյ մէջ անոր հետախուզական առաքելութիւններու ծիրին մէջ»: Փառնաս նաեւ ըսաւ, որ ինք Պալլարտէն ստացած է երկու անվճար տոմս` Մանսիմովի հետ մասնակցելու Թրամփի երդմնակալութեան հանդիսութեանը: «Պալլարտ փարթնըրզ»-ը հերքած է այս պնդումը:
Թրամփի երդմնակալութենէն երկու օր ետք ազրպէյճանցի սակաւապետ Ախմետովը ժամանեց Մայամի՝ իր 117 մեթր երկարութիւն ունեցող «Լունա» զբօսանաւով, որ կը նկատուի աշխարհի երկրորդ մեծագոյն զբօսանաւը: «Ախմետով հրապարակաւ յայտարարած է, որ առնուազն երկու անգամ օգնած է՝ լուծելու Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ միջազգային վէճերը: 2016 թուականին ռուսական պետական «Սփութնիք» լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուն Ախմետովը բնութագրած է իբրեւ արժէքաւոր դիւանագիտական միջնորդ…», կը հաղորդէ «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանութեան նախագիծ»-ը: Ան նաեւ միջնորդած է Միացեալ Նահանգներուն եւ Թուրքիոյ միջեւ:
11 մայիս 2017-ին «Պալլարտ փարթնըրզ»-ը ստորագրեց իր առաջին` Թուրքիոյ վերաբերող լոպիական պայմանագիրը երկրի կառավարութեան հետ… Երկրորդ պայմանագիրը «Հալքպանք»-ին հետ ստորագրուեցաւ օգոստոսին: Այս երկու պայմանագիրները միասնաբար բերին աւելի քան 4 միլիոն տոլար: («Պալլարտ»-ը դադրեցուց պայմանագիրը Թուրքիոյ կառավարութեան հետ 15 նոյեմբեր 2018-ին` Թրամփի վարչակազմին կողմէ պատժամիջոցներու մեղմացումէն քանի մը օր ետք` թոյլ տալով Էրտողանի վարչակազմին նաւթ գնել Իրանէն։ Ընկերութեան «Հալքպանք»-ի պայմանագիրը դադրեցուեցաւ հոկտեմբեր 2019-ին, երբ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատախազները մեղադրանք առաջադրեցին դրամատան), հաղորդեց «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանութեան նախագիծ»-ը: «Հաղորդագրութիւնները նաեւ ցոյց կու տան, որ Ախմետովը որոշ դեր խաղացած է քննարկումներուն ընթացքին աւելի ուշ կնքուած «Պալլարտ փարթնըրզ»-ի պայմանագիրին, որ ստորագրուած էր 2018-ի ապրիլին` Ատրպէյճանի բռնատիրական կառավարութեան անունով լոպի իրականացնելու նպատակով` ամսական 50 հազար տոլարով: «Պալլարտ փարթնըրզ»-ը կը հերքէ այս պնդումը»:
«2017-ի սկիզբը բացայայտուեցաւ, որ Թրամփի նախկին ազգային ապահովական խորհրդական Մայք Ֆլինը, որ ստիպուած էր հրաժարական տալ այդ տարուան փետրուար 13-ին` Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպանին հետ չյայտարարուած կապերուն պատճառով, Էրտողանի կառավարութեան կողմէ գաղտնի կերպով վարձուած է իբրեւ չյայտարարուած օտար գործակալ: Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատախազները հետագային մեղադրանք առաջադրեցին թուրք-հոլանտացի գործարար Էքիմ Ալփթեքինին` այս սխեմային մէջ անոր ենթադրեալ դերակատարութեան համար, որ կը ներառէր աւելի քան 500 հազար տոլարի փոխանցում Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Ֆլինի խորհրդատուական ընկերութեան: Դատախազները կը պնդեն, որ այս սխեման ղեկավարած են երկու թուրք նախարարներ: Լոպիական փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ անոնք եղած են արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուն եւ Էրտողանի փեսան` Պերաթ Ալպայրաքը, որ այդ ժամանակ ուժանիւթի նախարարն էր: Այդ ջանքերու ծիրին մէջ Ֆլինն ու նոյն թուրք պաշտօնատարները քննարկած էին նաեւ Էրտողանի մրցակից հոգեւորական Ֆեթհուլլահ Կիւլենը Փենսիլվանիոյ մէջ գտնուող իր տունէն առեւանգելու եւ «թաքուն Թուրքիա տեղափոխելու» հարցը` անոր մեղադրանքներ ուղղելու համար: Այս մասին «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին պատմած է Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան նախկին տնօրէն Մայքըլ Վուլսին, որ ներկայ եղած է սեպտեմբեր 2016-ի հանդիպման: Ֆլին հերքած է այս տեղեկութիւնը», կը յայտնէ «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանութեան նախագիծ»-ը:
«2016-ի սեպտեմբեր 20-ի հանդիպման ժամանակ Վուլսին, որ այդ ժամանակ նաեւ Թրամփի նախընտրական քարոզարշաւի խորհրդականն էր, ըսաւ, որ հանդիպած է Ալփթեքինին եւ անոր մտերիմ գործընկեր Սեզկին Պարան Քորքմազին` ապարդիւն փորձելով ներկայացնել իր 10 միլիոն տոլարանոց ծրագիրը, որ նպատակ ունէր օգնել Թուրքիոյ` վարկաբեկելով Կիւլենը: Քորքմազի դէմ առաջադրուած են մեղադրանքներ, որ ան առանցքային դեր խաղացած է կէս միլիառ տոլարի խարդախութեան սխեմային մէջ, որ համակարգուած էր ամերիկահայ կազմակերպուած յանցագործ Լեւ Ասլան Տերմընի կողմէ: Տերմըն դատապարտուած է այս տարուան սկիզբը, եւ դատարանին մէջ նշուած է, որ ան անձամբ կապուած է Էրտողանի հետ: Երկու տղամարդոց հետ սերտօրէն կապուած էր նաեւ Մանսիմովը: Այդ ժամանակ, երբ անոնք կը զբաղէին Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններու միջնորդութեամբ, թէ՛ Մանսիմովը, թէ՛ Քորքմազը նաեւ գործընկերներ էին ամերիկահայ կազմակերպուած յանցաւորութեան գործիչին հետ: Տերմընը, որ յայտնի է նաեւ իբրեւ Լեւոն Թերմենջեան, մարտին դատապարտուեցաւ բարդ խարդախութեան համար, որ գործադրուած էր «Տի Օրտըր» կոչուող մորմոնական բազմակնութեան գաղտնի աղանդի անդամներուն հետ` Միացեալ Նահանգներու կառավարութեննէն խարդախութեամբ ստանալու աւելի քան 500 միլիոն տոլարի կեղծ վերականգնուող վառելանիւթի հարկային արտօնութիւններ: Լոս Անճելըս բնակող Տերմընը ունէր շքեղ ինքնաշարժներու հաւաքածոյ, կը շրջէր թիկնապահներով եւ կաշառք կու տար գաղտնի գործակալներ հաւաքագրելու համար` ոստիկանութեան, Գաղթականութեան եւ մաքսային ծառայութեան մէջ, եւ, ըստ մեղադրանքներուն, նոյնիսկ՝ ամերիկեան «Էֆ. Պի. Այ.»-ին: Թուրք գործարար Քորքմազը, ըստ մեղադրանքներուն, խումբին օգնած է՝ Թուրքիա տեղափոխելու աւելի քան 130 միլիոն տոլար, եւ հոն թէ՛ ինք, թէ՛ Տերմընը կապեր հաստատած էին Էրտողանի հետ: «Այ. Ար. Էս.»-ի գործակալ Թայլըր Հեթչըր նախադատական լսման ժամանակ վկայեց` Տերմընն ու Քորքմազը «իրենց հարստութիւնը օգտագործած են Թուրքիոյ մէջ իրենց գումարներուն համար անվտանգ ապաստան ապահովելու եւ նաեւ զայն արտայանձնումէ պաշտպանելու համար», ըսաւ Հեթչըրը՝ ըստ «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանութեան նախագիծ»-ի:
«Նախապէս Տերմընին ենթարկուող Տանիէլ Մաքտայրը, որ հետագային դարձած էր պետական վկայ, լրագրողներուն ըսաւ, որ ընկերութիւնը Մանսիմովի եւ Տերմընի միջեւ ընդհատուած համատեղ ձեռնարկութիւն էր թրքական կառավարութեան հետ հում նաւթի առաքման գործարք կնքելու համար ․․․ Տերմընին այժմ կը սպառնայ մինչեւ 30 տարուան բանտարկութիւն», կը տեղեկագրէ «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանութեան նախագիծ»-ը։
Էրտողան-Թրամփ կապին իբրեւ արդիւնք՝ «Թրամփի վարչակազմը յաճախ ուշադրութիւն կը գրաւէ Էրտողանի բռնատիրական կառավարութեան շահերուն նկատմամբ արտասովոր ընդունակ վերաբերմունքով»: Թրամփի ազգային ապահովութեան խորհրդական Ճոն Պոլթըն իր յուշագրութեան մէջ գրած է, որ՝ «Միացեալ Նահանգներու նախագահը, հակառակ հարցերով լի երկկողմանի յարաբերութիւններուն, կարծես թէ թուրք ղեկավարը կը նկատէ իր «լաւագոյն միջազգային ընկերներէն» մէկը», հաղորդած է «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանութեան նախագիծ»-ը:
«Միացեալ Նահանգներու Օտար գործակալներու արձանագրութեան մասին օրէնքի (FARA) ծիրին մէջ ներկայացուած փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնն ու յարակից գործակալութիւնները միայն 2018 թուականին ծախսած են աւելի քան 7,3 միլիոն տոլար` հինգ ամերիկեան լոպիական ընկերութիւններու վրայ: «Պալլարտ»-էն բացի, հիմնական շահառուներէն մէկը եղած է «Mercury Public Affairs»-ը, որ սերտ կապեր ունի (Թրամփի) վարչակազմի հետ», հաղորդած է «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանութեան նախագիծ»-ը: Այս տարուան սկիզբին Հայաստանի կառավարութիւնը վարձած է Mercury-ին` տարեկան 600 հազար տոլարով:
Թրամփի հետ սերտ կապ ունեցող այլ անձ մըն է թուրք գործարար Մեհմեթ Ալի Եալչինտաղը` «Կիսապաշտօնական թրքական կառոյց»-ի` Թուրք-ամերիկեան գործարար խորհուրդի նախագահը: Ան ներկայիս «կը մեղադրուի Ֆլինին գաղտնի հաւաքագրելու մէջ իր ենթադրեալ դերին համար»՝ ըստ «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան լուսաբանութեան նախագիծ»-ին: Եալչինտաղը «համագործակցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ Պոլսոյ «Թրամփ թաուըրզ» նախագիծին մէջ… Ըստ հաղորդումներու, Եալչինտաղը սերտ յարաբերութիւններ ունի Թրամփի ընտանիքի հետ»:
Պոլթընի համաձայն, Էրտողան խնդրած է Թրամփին՝ դադրեցնել «Պալլարտ»-ի յաճախորդին` «Հալքպանք»-ին դէմ յարուցուած քրէական հետապնդումը: Գործը, որ կը ներառէր միլիառաւոր տոլարներու լուացումը Իրանէն` խախտելով Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները, կը ներգրաւէ նաեւ Էրտողանն ու անոր փեսան` ելեւմուտքի նախարար Ալպայրաքը: Պոլթըն նկարագրած է դէպք մը, երբ Էրտողան Թրամփին յանձնած է «Հալքպանք»-ի փաստաբաններու թղթածրար մը, որով կ՛արդարացնէր դրամատան որեւէ չարաշահում: Պոլթընի համաձայն, Թրամփ թերթած է փաստաթուղթը՝ նախքան իր համոզմունքը յայտնելը»:
2017-ի յունուար 22-ին Մանսիմովի եւ Փառնասի միջեւ կարճ հաղորդագրութեան մէջ Մանսիմովը կ՛ըսէ, որ «Պալլարտ»-ի լոպիինկի հիմնական նպատակը թուրք-իրանական դրամներու լուացմամբ զբաղող Ռեզա Զարապի դատավարութիւնն է: Պոլթոն գրած է, որ Թրամփը «Էրտողանին ըսած է, թէ ինք կը հոգայ ամէն բան` բացատրելով, որ [Նիւ Եորքի] Հարաւային շրջանի դատախազները իր մարդիկ չեն, այլ՝ Օպամայի. հարց մը, որ պիտի լուծուի, երբ անոնք փոխարինուին իր մարդոցմով»:
Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ սերտ կապի ցուցիչ մըն էր նաեւ այն, որ Թրամփ յանկարծ յայտարարեց, թէ համաձայնութիւն կու տայ Թուրքիոյ՝ Սուրիոյ հիւսիս ներխուժման՝ Էրտողանի հեռաձայնէն ետք:
Ամերիկացի վեթերան լրագրող Քարլ Պրնսթինը «յունիսին հաղորդած է, որ Էրտողան վայելած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան այնպիսի մակարդակ, զոր ոեւէ այլ օտար ղեկավար ունեցած չէ: «Մինչ այժմ Թրամփի հեռաձայնային կապերուն ամէնէն շատը՝ որեւէ պետութեան ղեկավարի մակարդակով, եղած է Էրտողանի հետ, որ երբեմն շաբաթական առնուազն երկու անգամ հեռաձայնած է Սպիտակ տուն եւ անմիջապէս կապուած նախագահին` Թրամփի հրահանգով», գրած է Պրնսթինը:
Կրնա՞ր արդեօք Փաշինեան Հայաստանի համար ընել Թուրքիոյ համար Էրտողանի ըրածին նման փոքր բան մը՝ փոխանակ ժամանակ վատնելու կաթողիկոսի եւ Հայ առաքելական եկեղեցիին հետ վէճերու վրայ:

