Հայաստանի Բնակչութեան Երկու Երրորդը Չի Հաւատար, Որ Ազրպէյճանի Հետ Կարելի Է Խաղաղութիւն Հաստատել
Յարութ Սասունեան
Տարիներու ընթացքին հետեւած եմ բազմաթիւ հարցախոյզերու, որոնք ուսումնասիրած են Հայաստանի բնակչութեան տեսակէտները՝ հիմնականօրէն ընկերային եւ քաղաքական հարցերու վերաբերեալ: Այդ բոլոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ժողովրդականութեան զգալի անկումը 2018 թուականին իշխանութեան գալէն՝ 82 տոկոսէն մինչեւ այսօր` ընդամէնը 10 տոկոսէն քիչ մը աւելի:
Վերջին համազգային հարցախոյզը Հայաստանի մէջ կատարուած է 5-25 հոկտեմբեր 2025-ին, «ԱՐԱՐ» քաղաքակրթական հետազօտութիւններու հիմնադրամին կողմէ: Արդիւնքները հրապարակուած են 11 նոյեմբեր 2025-ին: Հարցախոյզի սխալի տոկոսը կը կազմէ ±2,92 առ հարիւր։ Մասնակիցները եղած են 18-80 եւ աւելի բարձր տարիքի քաղաքացիներ:
Հարցախոյզը մեկնարկած է ընտանիքներու տնտեսական վիճակին վերաբերեալ հարցադրումներով: Մասնակիցներուն 12,7 առ հարիւրը նշած է, որ իրենց ընտանիքը աղքատ է կամ շատ աղքատ, 30,3 առ հարիւրը` միջինէն ցած, 49,7 առ հարիւրը` միջինէն բարձր, իսկ 6,2 առ հարիւրը իր վիճակը նկատած է լաւ կամ շատ լաւ:
Ստորեւ ներկայացուած են հանրութեան գոհունակութեան ցուցանիշները՝ տարբեր պետական կառոյցներու նկատմամբ․
– Ազգային ժողով. ցած գոհունակութիւն` 50 առ հարիւր, միջին գոհունակութիւն` 24,4 առ հարիւր, բարձր գոհունակութիւն` 25,2 առ հարիւր (2025 թուականի փետրուարին` 17,9 առ հարիւր):
– Զինուած ուժեր. ցած գոհունակութիւն` 14,3 առ հարիւր, միջին գոհունակութիւն` 18,1 առ հարիւր, բարձր գոհունակութիւն` 66,4 առ հարիւր (2024 թուականի մայիսին` 58,3 առ հարիւր):
– Ոստիկանութիւն. ցած գոհունակութիւն` 23,2 առ հարիւր, միջին գոհունակութիւն` 21,1 առ հարիւր, բարձր գոհունակութիւն` 54,6 առ հարիւր (2024 թուականի մայիսին` 58,3 առ հարիւր):
– Կառավարութիւն. ցած գոհունակութիւն` 39,5 առ հարիւր, միջին գոհունակութիւն` 20,5 առ հարիւր, բարձր գոհունակութիւն` 39,5 առ հարիւր (2024 թուականի ապրիլ-մայիս ամիսներուն` 23,1 առ հարիւր):
– Հայ առաքելական եկեղեցի. ցած գոհունակութիւն` 19,1 առ հարիւր, միջին գոհունակութիւն` 16,8 առ հարիւր, բարձր գոհունակութիւն` 62,5 առ հարիւր (2024 թուականի ապրիլ-մայիս ամիսներուն` 54,1 առ հարիւր):
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Հայաստանի կառավարութեան արտաքին քաղաքականութիւնը ճի՞շդ է, թէ՞ սխալ, 42,9 առ հարիւրը նկատած է «ճիշդ», մինչդեռ 51,8 առ հարիւրը` «սխալ» (2025 թուականի փետրուարին` 64 առ հարիւր):
Հայաստանի կառավարութեան ներքին քաղաքականութեան ճիշդ կամ սխալ ըլլալուն վերաբերեալ հարցախոյզի մասնակիցներուն 34,5 առ հարիւրը պատասխանած է՝ «ճիշդ է», մինչդեռ 62,7 առ հարիւրը` «սխալ է» (2023 թուականի դեկտեմբերին` 30,4 առ հարիւր): Կարեւոր է, որ այն մասնակիցները, որոնք ըսած են, թէ կարծիք չունին/դժուարացած կամ հրաժարած են պատասխանելէ, դեկտեմբեր 2023-ի 33,1 առ հարիւրէն նուազած են մինչեւ 2,8 առ հարիւր` 2025 թուականի հոկտեմբերին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ազրպէյճանի հետ արդեօք կարելի՞ է կայուն, երկարատեւ խաղաղութեան հասնիլ բանակցութիւններու միջոցով, 30,5 առ հարիւրը ըսած է «Այո՛», մինչդեռ 69,2 առ հարիւրը` «Ո՛չ» (2024 թուականի յուլիսին` 67,2 առ հարիւր):
Արձագանգելով այն հարցումին, թէ նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած խաղաղութեան պայմանագիրը արդեօք իրական խաղաղութիւն պիտի բերէ՞, 33,7 առ հարիւրը պատասխանած է «Այո՛», իսկ 65,1 առ հարիւրը` «Ո՛չ»:
Յաջորդ հարցումը հետեւեալն էր. «Նկատի ունենալով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հասցէին (կառավարութեան կողմէ) հնչող քննադատութիւնները՝ արդեօք հանրութիւնը պիտի միանա՞յ եկեղեցւոյ կողմէ համախմբման կոչին. 49 առ հարիւրը պատասխանած է «Այո՛», իսկ 49,3 առ հարիւրը` «Ո՛չ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք անհրաժե՞շտ է կրճատել ռազմական պիւտճէն եւ զինուորներուն թիւը՝ 19,1 առ հարիւրը ըսած է «Այո՛», մինչդեռ 80,2 առ հարիւրը՝ «Ո՛չ»:
Այն հարցումին, թէ Հայաստանի մէջ գտնուող Ռուսիոյ 102-րդ ռազմական խարիսխը պէ՞տք է փակուի, իսկ ռուս զինուորները դուրս բերուի՞ն/հեռացուի՞ն, մասնակիցներուն 32,1 առ հարիւրը պատասխանած է «Այո՛», իսկ 64 առ հարիւրը` «Ո՛չ»:
Հայ նախկին ղեկավարներու` իշխանութեան վերադառնալու վերաբերող հարցումին 18,3 առ հարիւրը պատասխանած է «Այո՛», մինչդեռ 78,6 առ հարիւրը` «Ո՛չ» (79,5 առ հարիւր-ը` 2025 թուականի յուլիսին):
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստան նոր սահմանադրութեան կարիք ունի՞ իբրեւ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի կողմէ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու նախապայման, որուն ուղղութեամբ վարչապետ Փաշինեան արդէն նախաձեռնած է սահմանադրութիւն մշակող յանձնաժողովի ստեղծումով, մասնակիցներուն 35,1 առ հարիւրը պատասխանած է «Այո՛», մինչդեռ 61,3 առ հարիւրը` «Ո՛չ»: Ասիկա լուրջ մարտահրաւէր է Փաշինեանի համար, որովհետեւ ան կը ձգտի սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարել Ալիեւը գոհացնելու համար, սակայն օրէնքը կը պահանջէ հանրաքուէ կազմակերպել նոր սահմանադրութեան վերաբերեալ: Նկատի առնելով հանրութեան բացասական տրամադրուածութիւնը նոր սահմանադրութեան նկատմամբ, Փաշինեանը, հաւանաբար, չի կրնար ապահովել նախագահ Ալիեւի ստորագրութիւնը խաղաղութեան պայմանագիրի տակ, որուն Փաշինեան այդքա՜ն կարիք ունի յաջորդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք իր աթոռը պահպանելու համար: Եթէ հանրաքուէն ձախողի, ատիկա կրնայ ոչ միայն վտանգել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարը, այլ նաեւ՝ առաջնորդել ներքաղաքական լարուածութեան, ինչ որ կրնայ տանիլ Փաշինեանի պաշտօնանկութեան:
Յաջորդ հարցումով աւելի յստակ կը դառնայ, թէ արդեօք հայերը պիտի համաձայնի՞ն Ալիեւի պահանջով փոխել Հայաստանի սահմանադրութիւնը` խաղաղութեան դիմաց: Ճնշող մեծամասնութեան` 91,3 առ հարիւրին պատասխանը եղած է «Ո՛չ», մինչդեռ միայն 7,7 առ հարիւրը ըսած է «Այո՛»:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ ի՞նչ է Ազրպէյճանի երկարաժամկէտ նպատակը Հայաստանի նկատմամբ՝ 13,7 առ հարիւրը ըսած է` Հայաստանի տարածքին մէկ մասին բռնագրաւումը, 15 առ հարիւրը` Հայաստանի անկախութեան թուլացումն ու կախեալութեան ենթարկելը, 48,5 առ հարիւրը` Հայաստանի ամբողջական ոչնչացումը (ցեղային, պետական), իսկ 17,4 առ հարիւրը` խաղաղ յարաբերութիւններու հաստատումն ու տնտեսական համագործակցութիւնը: Այս արդիւնքները ցոյց կու տան, որ հայերուն ճնշող մեծամասնութիւնը կը մերժէ Փաշինեանի` Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան մասին հաւաստիացումները:
Երբ հարցախոյզի մասնակիցներուն ներկայացուած են հինգ երկիրներու անուններ եւ առաջարկուած՝ նշել, թէ անոնցմէ որո՞ւ հետ Հայաստան պէտք է ստեղծէ ռազմական դաշինք, պատասխանները բաժնուած են հետեւեալ կերպով․ Ռուսիա` 37,8 առ հարիւր (նկատելի է աճ` 2024 թուականի յուլիսի 24,3 առ հարիւրի համեմատ), Եւրոպական Միութեան երկիրներ` 15,9 առ հարիւր (նուազում` 2024 թուականի յուլիսի 29 առ հարիւրէն), Իրան` 17,5 առ հարիւր (նուազում` 2024 թուականի յուլիսի 18,2 առ հարիւրէն), Միացեալ Նահանգներ` 18,3 առ հարիւր (գրեթէ անփոփոխ` 2024 թուականի յուլիսի 18,2 առ հարիւրի համեմատ), Հնդկաստան` 5,4 առ հարիւր (նուազում` 2024 թուականի հոկտեմբերի 6,8 առ հարիւրէն) եւ Թուրքիա` 0,5 առ հարիւր:
Այս հարցախոյզին արդիւնքները շատ աւելի կարեւոր են, քան՝ ոեւէ մէկուն կարծիքը:

