Հայոց Եկեղեցին Պէտք Է Անյապաղ Կարգալոյծ Ընէ Բոլոր Ապստամբ Հոգեւորականները
Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի
առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան նախորդ շաբաթ հրապարակեց խիստ
վիճայարոյց յայտարարութիւն մը, որ մեծ աղմուկ բարձրացուց` խորացնելով
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ առկայ լարուած
յարաբերութիւնները:
Վերջերս Յովհան արքեպիսկոպոս նաեւ միացեալ յայտարարութիւն ստորագրեց
ինը այլախոհ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ Փաշինեանի հետ` կոչ
ուղղելով Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հրաժարական տալու`
Եկեղեցւոյ բարեփոխման պատրուակով: Անհեթեթ է հաւատալ, որ այս ապստամբ
հոգեւորականները ի զօրու են բարեփոխել Եկեղեցին, քանի որ անոնցմէ ոմանք
անբարոյական եւ քրէական ծանր արարքներ կատարած են: Ազգային
անվտանգութեան ծառայութիւնը շանթաժի ենթարկած է զանոնք՝ սպառնալով
հրապարակել անոնց յանցագործութիւններն ու ապօրինի գործերը, որուն
պատճառով անոնք հարկադրուած եղած են միանալ Փաշինեանի
հակաեկեղեցական արշաւին:
Վեց ամիս շարունակ կաթողիկոսին հրաժարականը պարտադրելու անյաջող
արշաւէն ետք վարչապետը փոխած է մարտավարութիւնը` ճնշում բանեցնելով
կարգ մը հոգեւորականներու վրայ, որպէսզի կաթողիկոսը պաշտօնանկ ընելու
մէջ միանան իրեն՝ այդպիսով պառակտում յառաջացնելով Եկեղեցւոյ մէջ:
Կան քանի մը լուրջ խնդիրներ այն քայլերուն մէջ, զորս կը փորձեն
իրականացնել Փաշինեանն ու դժգոհ հոգեւորականները.
1) Վարչապետը կը խախտէ սահմանադրութեամբ ամրագրուած Եկեղեցւոյ եւ
պետութեան բաժանման սկզբունքը` միջամտելով Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն:
2) Վերջին կիրակի օրերուն Փաշինեան աջակցած է կարգալոյծ եղած որոշ
«հոգեւորականներ»-ու` մասնակցելով անոնց կողմէ Հայաստանի քանի մը
եկեղեցիներու մէջ մատուցուած չարտօնուած պատարագներուն:
3) Մասեացոտնի թեմի առաջնորդ Գէորգ եպս. Սարոյեանը դատ բացած է
կաթողիկոսին դէմ` զայն փոխարինելու համար: Դատաւորը, Փաշինեանի
հրամանով, վերահաստատեց առաջնորդը` այդպիսով խախտելով Հայաստանի
սահմանադրութիւնը եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ)
դրոյթները: Հայ առաքելական եկեղեցին պէտք է ՄԻԵԴ-ին բողոք ներկայացնէ
Հայաստանի կառավարութեան դէմ` խախտելուն համար Եւրոպական դատարանի
այն դրոյթները, որոնք կ՛արգիլեն պետութեան՝ միջամտել Եկեղեցւոյ ներքին
որոշումներուն:
Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան նախորդ շաբաթ իր յայտարարութեան մէջ թուարկեց
կաթողիկոսին դէմ ըլլալու 11 պատճառներ: Կը ներկայացնեմ իմ
հակափաստարկներս․
Յիսուս Քրիստոս ըսած է. «Թող առաջինը քարը նետէ ան, որ անմեղ է»
(Յովհաննէս 8:7): Յիսուսը նաեւ ըսած է. «Կեղծաւո՛ր, նախ քու աչքիդ գերանը
հանէ, ապա կը տեսնես, թէ ինչպէ՛ս եղբօրդ աչքէն շիւղը հանես» (Մատթէոս
7:5): Այս աշխարհին մէջ ոչ ոք կատարեալ է, ներառեալ՝ կաթողիկոսը, բայց
անոնք, որոնք կը քննադատեն զայն, պէտք է մաքուր ձեռքեր ունենան եւ ամէն
բանէ առաջ ճշմարտութիւնը ըսեն:
Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը կաթողիկոսը կը մեղադրէ հետեւեալներուն մէջ.
1․- Ծածկած է Արշակ արքեպիսկոպոսի ենթադրեալ անպարկեշտ արարքը․ ան
հերքած է այս անհիմն մեղադրանքը: Զայն անարդարօրէն ձերբակալած եւ
բանտարկած են: Բարոյական անպարկեշտութեան մեղադրանքը, նոյնիսկ եթէ
ճիշդ է, յանցանք չէ, որուն համար անձը կրնայ օրինականօրէն հետապնդուիլ
կառավարութեան կողմէ:
2.- Յորդորած է կարգալոյծ վանականը եւ անոր մայրը` մասնակցիլ
կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցին: Ասիկա բացարձակ սուտ է:
3.- Չէ արձագանգած կուսակրօնութեան երդումը խախտելու վերաբերող
մեղադրանքներուն: Բամբասանքները ապացուցուած փաստեր չեն, իսկ լուրերը
չհերքելը մեղաւորութեան ապացոյց չէ: Արեւմտեան թեմի առաջնորդին մասին
եւս բամբասանքներ շրջան կ՛ընեն, սակայն ան անոնցմէ ոչ մէկը հերքած է։
4.- Լռութիւն կը պահէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ իր
եղբօր` Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոսին
ուղղուած մեղադրանքին գծով, թէ ան օտարերկրեայ գործակալ է: Ասիկա եւս
կեղծ մեղադրանք է` հիմնուած կեղծ փաստաթուղթի վրայ: Այնուհանդերձ, Եզրաս
արք. Ներսիսեանը հերքած է այդ մեղադրանքը:
5.- Չեն բացայայտած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ֆինանսները:
Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը պէտք է աւելի շատ մտահոգ ըլլայ այն փաստով,
որ Արեւմտեան թեմը Սուրբ Ղեւոնդի տաճարի համալիրը Քալիֆորնիոյ
Պըրպանք քաղաքին մէջ կառուցած է հանրութենէն հաւաքուած տասնեակ
միլիոնաւոր տոլարներով, սակայն չեմ յիշեր, որ տեսած ըլլամ հաշուետուութիւն
այն մասին, թէ ինչպէ՛ս ծախսուած են այդ գումարները:
6.- Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գլխաւորած բարեփոխումներու յանձնաժողովին
կողմէ մշակուած եկեղեցական կանոնադրութիւնները մնացած են թուղթի վրայ:
Ինչո՞ւ ան այսքան տարիէ չէ բողոքած այս անգործութեան համար եւ ինչո՞ւ
միայն հիմա իր ձայնը կը բարձրացնէ՝ վարչապետին կողմէ Եկեղեցւոյ դէմ
քաղաքական արշաւին միանալէ ետք:
7.- Միանձնեայ գործելաոճը: Նմանատիպ մեղադրանքներ կան նաեւ
արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գերիշխող ղեկավարման ոճին վերաբերեալ:
Օրինակ` ոչ ոք կը համարձակի բարձրաձայնել, երբ ան հոգեւորականներ կը
նշանակէ պաշտօններու վրայ` առանց Թեմական խորհուրդին հետ
խորհրդակցելու:
8.- Եկեղեցւոյ քաղաքականացումը եւ «պետութեան խաղաղութեան օրակարգին»
հակադրուիլը: Եկեղեցին չի կրնար լուռ մնալ` ականատես ըլլալով Փաշինեանի
կործանարար գործողութիւններուն: Ան չի կրնար խաղաղութիւն հաստատել`
անվերջ զիջումներ ընելով Հայաստանի թշնամիներուն: Եկեղեցին դէմ է ոչ թէ
պետութեան, այլ՝ գործող իշխանութիւններու պարտուողական
քաղաքականութեան:
9.- Իր քննադատները վարկաբեկելու համար ընդյատակեայ լրատուական արշաւ
կը մղէ: Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը կը սխալի կաթողիկոսը ներկայացնելով
իբրեւ հասարակութեան հետ կապերու մասնագէտ:
10.- Եկեղեցւոյ թուլացումը, «ժողովուրդը աղանդներու ճիրաններուն մէջ
ձգելը»: Ասիկա շարունակական խնդիր է Հայաստանի անկախացումէն ի վեր:
Սխալ է մեղադրել միայն գործող կաթողիկոսը: Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը
պէտք է աւելի շատ մտահոգ ըլլայ Լոս Անճելըսի մէջ առկայ խնդիրներով, ուր
մեծապէս տարածուած է աղանդաւորական գործունէութիւնը,
մարմնավաճառութիւնը եւ թմրամոլութիւնը:
11.- «Հակապետական եւ առճակատման քաղաքականութիւն» վարելը: Ասիկա 8-
րդ կէտին կրկնութիւնն է: Եկեղեցին «հակապետական» չէ: Ան դէմ է այս
վարչակազմին, որ կը կործանէ երկիրը:
Ամփոփելով` արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանն անկեղծ չէ Եկեղեցւոյ հասցէին իր
քննադատութիւններուն մէջ: Իբրեւ 36 տարուան առաջնորդ (Քանատա` 1990-
2003 եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ 2003-էն մինչ օրս) եւ Գերագոյն
հոգեւոր խորհուրդի անդամ` ան մինչեւ օրս հնազանդօրէն ծառայած է
կաթողիկոսին՝ առանց որեւէ բողոքի:
Անոր բարձրացուցած բոլոր հարցերը` ճիշդ թէ սխալ, պէտք է քննարկուին
ներքին կարգով` համաձայն Եկեղեցւոյ վաղուց հաստատուած
ընթացակարգերուն: Եկեղեցւոյ կեղտոտ լուացքը հրապարակայնացնելը կը
վնասէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ կը վանէ հաւատացեալները:
Հայոց եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին շահերէն չի բխիր, որ արքեպիսկոպոս
Տէրտէրեանը միանայ Փաշինեանի քաղաքական արշաւին, որուն միակ նպատակը
ոչ թէ Եկեղեցւոյ բարեփոխումն է, այլ՝ յունիսին կայանալիք խորհրդարանական
ընտրութիւններէն ետք իր վարչապետի պաշտօնի երկարաձգումը:
Շատեր այն կարծիքին են, թէ արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի այս անխոհեմ քայլին
միակ պատճառը այն է, որ Փաշինեան անոր խոստացած է յաջորդ կաթողիկոսը
դարձնել:
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմական խորհուրդը պէտք է քննարկէ
արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը փոխարինելու հարցը` նոր առաջնորդի
ընտրութիւններ կայացնելով:
Ժամանակն է, որ Հայոց եկեղեցին կարգալոյծ ընէ Տէրտէրեանն ու միւս բոլոր
հոգեւորականները, որոնք խախտած են իրենց կրօնական երդումները եւ միացած՝
վարչապետ Փաշինեանին, որ պատրաստ է զոհաբերել Եկեղեցւոյ եւ պետութեան
շահերը` յանուն իր սեփական քաղաքական նկրտումներուն:

