Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան՝ Հայաստանի Վարչապետը

Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Այն պահուն, երբ ամբողջովին կորսնցուցած էին յոյսը, որ Միացեալ Նահանգներու
կառավարութիւնը կրնայ երբեւէ որեւէ բան ըսել կամ ընել յաջակցութիւն Արցախին,
հաճելի անակնկալ էր տեսնել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց
նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեային նամակը, ուր ան Արցախի
պաշտպանութեան վերաբերող շատ ճիշդ դիրքորոշումներ դրսեւորած է:
25 սեպտեմբեր 2025 թուակիր այդ նամակը գրած էր Միացեալ Նահանգներու
արտաքին գործոց նախարարութեան օրէնսդրական հարցերով պիւրոյի բարձրաստիճան
պաշտօնեայ Փոլ Տ. Կուակլիանը: Բնականաբար խօսքերը պէտք չէ շփոթել գործին հետ,
բայց եւ այնպէս, ասիկա հիանալի սկիզբ է: Պէտք է շարունակել աշխատանքը Քոնկրեսի
մեր բարեկամներուն հետ՝ երաշխաւորելու, որ Միացեալ Նահանգներու
կառավարութիւնը պիտի գործադրէ Արցախի վերաբերող իր խոստումները:
Իր նամակին մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստանձնած է երեք կարեւոր
յանձնառութիւն.
1) «Թրամփի վարչակազմը յանձնառու է խրախուսելու երկու (Հայաստան եւ
Ազրպէյճան) կառավարութիւնները` ապահովելու բնիկ հայերու վերադարձը Լեռնային
Ղարաբաղ` կայուն խաղաղութեան պարունակին մէջ։
2) «Մենք մօտէն կը հետեւինք Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած բնիկ հայերու
դատավարութիւններուն, եւ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան
պաշտօնեաները կարելիութեան պարագային կը մասնակցին դատական նիստերուն:
3) «Վերջապէս, մենք կը շարունակենք կոչ ուղղել Ազրպէյճանի կառավարութեան`
պաշտպանելու հայկական ժառանգութեան յուշարձանները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»:
Այս երեք նախադասութիւնները կ՛ընդգրկեն Արցախի վերաբերեալ հայ ժողովուրդին
հիմնական պահանջները: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը նախապէս երբեք
նման խոստումներ չէր տուած: Յուսանք՝ անոնք կ՛իրագործուին եւ թուղթի վրայ սոսկ
խօսքեր չեն մնար։
Պէտք է գիտակցինք, որ արտաքին գործոց նախարարութեան նամակը անակնկալօրէն չէ
յայտնուած: Անիկա արդիւնք է ամերիկահայ համայնքի շարունակական ջանքերուն եւ
լոպիական գործունէութեան: Վերջին ամիսներուն ամերիկահայ փաստաբաններն ու
աջակիցները աւելի քան 100 հազար ելեկտրոնային նամակներ յղեցին եւ հեռաձայններ
կատարեցին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին (ANCA) միջոցով պետական,
նահանգային եւ տեղական հարթակներու՝ կոչ ուղղելով Քոնկրեսի անդամներուն՝
ստորագրելու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին ուղղուած նամակը: 87
քոնկրեսականներ 23 յուլիս 2025-ին ստորագրած են այդ նամակը, որ կոչ կ՛ուղղէ
Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան` աջակցելու բռնի տեղահանուած հայերու
Արցախ վերադարձին, երաշխաւորելու Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ
գերիներու ազատումը եւ պաշտպանելու Արցախի հայկական կրօնական եւ մշակութային
ժառանգութիւնը:
Քոնկրեսի նամակին մէջ արտաքին գործոց նախարարին կը յիշեցնեն նաեւ Միջազգային
դատարանին դեկտեմբեր 2023-ին տուած ժամանակաւոր որոշման մասին, որով
Ազրպէյճանին կը պարտադրեն արտօնել հայերուն Արցախ վերադարձը:
Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը աւելի կը
հոգայ Արցախի հայերու իրաւունքներուն, քան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ
Փաշինեանը: 2019 թուականին խրոխտ կերպով յայտարարելէ ետք, որ՝ «Արցախը
Հայաստան է, եւ վերջ», Փաշինեան ճիշդ հակառակը ըրաւ՝ ընդունելով, որ Արցախը կը
պատկանի Ազրպէյճանին: Իրավիճակը աւելի լարելով՝ Փաշինեան նախորդ շաբաթ
Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին յայտարարեց.
«Փախստականների (Արցախի) վերադարձի թեման այս համատեքստում վտանգաւոր եմ
համարում խաղաղութեան գործընթացի համար»: Փոխարէնը՝ ան կոչ ուղղեց
արցախահայերուն` «Տնաւորուել Հայաստանի Հանրապետութիւնում»: Այնուհետեւ
աւելցուց. «Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է միմեանց հանգիստ թողնեն,
կենտրոնանան տնտեսական համագործակցութեան վրայ եւ աստիճանաբար երկխօսութիւն
կառուցեն»:
Փաշինեան ոչ միայն հրաժարած է Արցախի հայերուն վերադարձի իրաւունքէն, այլ նաեւ
անտեսած է Պաքուի մէջ բանտարկուած հայերուն ծանր վիճակը` վախնալով, որ անոնք
ազատ արձակուելով եւ Երեւան վերադառնալով՝ սպառանալիք կը հանդիսանան իր
իշխանութեան:
Փաշինեանի անբանութեան վերջին վկայութիւնը՝ կապուած հայ գերիներու ազատ
արձակումը ապահովելու հարցին, անոր անճարակ կապն էր նախագահ Տանըլտ Թրամփի
հետ Սպիտակ տան մէջ, օգոստոս 8-ին: Երբ Թրամփ հարցուց, որ արդեօք՝ «Կը
փափաքի՞, որ այդ քրիստոնեաները ազատ արձակուին», Փաշինեան անամօթաբար
խնդրեց Թրամփին` Արցախի բանտարկեալներուն մասին յղումը չներառեն այն
յուշագիրին մէջ, զոր պիտի ստորագրէին ինք, նախագահ Ալիեւը եւ նախագահ Թրամփը:
Զարմանալիօրէն Թրամփ այնուհետեւ կամաւոր կերպով առաջարկեց աջակցիլ
բանտարկեալներու ազատ արձակման՝ ըսելով Փաշինեանին. «Ես կը հեռաձայնեմ
Ալիեւին: Ան այս մէկը կը կատարէ իբրեւ բարեհաճութիւն ինծի համար»: Եւ աւելցուց.
«Եթէ որեւէ բան սխալ ընթանայ, ուղղակի հեռաձայնէ ինծի: Ես կը լուծեմ զայն»:
Երկու ամիս ետք Փաշինեան որեւէ հետաքրքրութիւն չցուցաբերեց յիշեցնելու Թրամփին՝
Ալիեւին հեռաձայնելու անոր խոստման գծով: Երբ վերջերս հայ լրագրողը անոր
հարցուց, թէ արդեօք ան ունի՞ Թրամփի «WhatsApp թիւը», Փաշինեանը
խուսափողական պատասխան տուաւ՝ ըսելով. «Ես չեմ կարող բացայայտել իմ
WhatsApp համարների ցանկը»:
Արտաքին գործոց նախարարութեան 25 սեպտեմբերի ողջունելի նամակին միակ տհաճ
կէտը «միջանցք» եզրոյթի օգտագործումն է, որ նախընտրելի է Ազրպէյճանի կողմէ`
նկարագրելու այն ճամբան, որ կը նախատեսուի կառուցել Ազրպէյճանի հիմնական մասը
Նախիջեւանին կապելու համար` Հայաստանի տարածքով: Թրամփ եւս երկու անգամ
սխալմամբ օգտագործեց «միջանցք» եզրոյթը Սպիտակ տան մէջ կայացած հանդիպման
ընթացքին: Բացի ատկէ, 8 օգոստոսէն ի վեր Թրամփ քանի մը անգամ սխալմամբ
յայտարարած է, որ լուծած է Ալպանիոյ (Հայաստանի փոխարէն) եւ Ազրպէյճանի միջեւ
հակամարտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանը շփոթած է Քամպոտիոյ հետ:
Ցաւօք, ո՛չ Քոնկրեսի 87 անդամներուն ստորագրած նամակին մէջ, ո՛չ ալ արտաքին
գործոց նախարարութեան պատասխան նամակին մէջ կը յիշուի այն կարեւոր փաստը, որ
ազրպէյճանական զօրքերը 2021-էն ի վեր գրաւած են Հայաստանի Հանրապետութեան
տարածքին մէկ հատուածը` առանց մօտիկ ապագային հոնկէ հեռանալու մտադրութեան:
Փաշինեան, հակառակ Հայաստանի սահմանները պաշտպանելու իր սահմանադրական
պարտաւորութեան, անտեսած է Հանրապետութեան տարածքի օտար բռնագրաւումը, եւ
երբ անոր հարցուցած են, որ ի՞նչ կը մտադրէ ընել զայն ազատագրելու համար, ան
պատասխանած է՝ «Ոչինչ»:
Ինչպէ՞ս կրնայ խաղաղութեան պայմանագիր կնքուիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ,
երբ թշնամին գրաւած է Հայաստանի տարածքը: