Նախագահ Խաչատուրեանը Կը Նսեմացնէ Սփիւռքին Աջակցութիւնը Հայաստանին

Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար
Զարեհ Սինանեանի կողմէ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ գրեթէ բոլոր
կամուրջները այրելէ ետք, այժմ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան կը
շարունակէ աւերը։
Մայիսի աւարտին, կառավարութեան «Երեւանեան երկխօսութիւն» ֆորումին
մասնակցող արտասահմանեան լրագրողներուն հետ հարցազրոյցի ընթացքին
Խաչատուրեան նսեմացնող մատնանշումներ կատարեց սփիւռքի մասին։
Արժանթինի «Փերֆիլ» օրաթերթի միջազգային խմբագիր Սանթիակօ Ա. Ֆարելը
նախագահին մեկնաբանութիւնները հրապարակեց 22 յունիս 2025-ին։
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ձգտի ճանաչում ձեռք բերել Լատին
Ամերիկայի մէջ՝ համոզուած ըլլալով, որ հակառակ որոշ երկիրներու մէջ
ներկայութիւն եղող կարեւոր (հայկական) համայնքներուն` տարածաշրջանին մէջ
չեն ըմբռնած անոր դիրքորոշումները Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած
Ցեղասպանութեան եւ դրացի Ազրպէյճանի հետ դարաւոր հակամարտութեան
հարցերուն վերաբերեալ։ Հաւանաբար սխալը (Հայաստանի կառավարութեան)
եղած էր այն, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կառավարումը,
մասնաւորաբար այն երկիրներուն մէջ, ուր հայկական ներկայութիւնը շեշտուած
է (Արժանթին եւ Ուրուկուէյ), վստահուած է սփիւռքին։
«Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ընթացան այն ուղիով, հակառակ ուղղութեամբ՝
հաստատելով դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ ներկայութիւն ձեռք
ձգելով Լատին Ամերիկայի երկիրներուն մէջ։ Մենք կը զգանք, որ չենք ստանար
Լատին Ամերիկայի երկիրներուն աջակցութիւնը միջազգային բազմաթիւ
հարթակներու վրայ։ Հարցը այն էր, որ մենք շատ մեծ ուշադրութիւն դարձուցած
ենք այն երկիրներուն, ուր կան հայկական համայնքներ, եւ քիչ ուշադրութիւն`
այն երկիրներուն, ուր չկան։
«Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը շատ լաւ ներկայացուած են (Լատին Ամերիկայի
մէջ), ուստի կարելիութիւն ունին իրենց տեսակէտները յայտնելու Լեռնային
Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ»։
Ահա՛ Խաչատուրեանի սխալները․
1.- Ան կը սխալի՝ պնդելով, որ Հայաստանի՝ Հայոց ցեղասպանութեան եւ
Ազրպէյճանի հետ հակամարտութեան վերաբերեալ դիրքորոշումներն են
պատճառը, որ Հայաստան վատ յարաբերութիւններ ունի Հարաւային Ամերիկայի
երկիրներուն հետ։ Իրականութեան մէջ հարաւամերիկեան բազմաթիւ երկիրներ
ամուր կապեր կը պահպանեն Հայաստանի հետ՝ շնորհիւ տեղական հայկական
համայնքներուն։ Ոչ ոք կռնակ դարձուցած է Հայաստանին, եւ շատեր
պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Աւելի՛ն. սխալ է
Ազրպէյճանի հետ հակամարտութիւնը բնութագրել որպէս «դարաւոր», քանի որ
այդ երկիրը գոյութիւն ունի ընդամէնը մէկ դարէ քիչ մը աւելի։
2.- Ան սխալեցաւ սփիւռքի հետ Հայաստանի կապերը նկատելով բեռ, եւ ոչ թէ՝
արժէքաւոր պաշար։ Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ, որոնց վիճակուած է
ունենալ ազդեցիկ սփիւռքներ, աշխուժ կերպով կ՛օգտագործեն զանոնք՝
դիւանագիտական դռներ բանալու եւ պետական պաշտօնատարներու հետ բարձր
մակարդակի հանդիպումներ կազմակերպելու համար։
3.- Եթէ Հայաստանի որոշ դեսպաններ չափազանց անկարող են իրենց
դիւանագիտական պարտականութիւնները կատարելու մէջ, ասոր մեղաւորը
տեղական հայկական համայնքները չեն, այլ՝ Հայաստանի ղեկավարները, որոնք
յաճախ իրենց անփորձ ընկերները կամ քաղաքական աջակիցները կը նշանակեն
դիւանագիտական կարեւոր պաշտօներու վրայ։ Այն փոքրաթիւ յաջողութիւնները,
զորս երբեմն կ՛ունենան Հայաստանի որոշ դեսպաններ, հիմնականօրէն
պայմանաւորուած են տեղւոյն հայ համայնքներուն ստեղծած կապերով։
4.- Բազմաթիւ երկիրներու մէջ հայկական համայնքներն են հիմնական
պատճառը, որ կառավարութիւնները բարեկամական յարաբերութիւններ կը
պահպանեն Երեւանի հետ։ Առանց անոնց գործունէութեան եւ լոպիական
աշխատանքներու՝ բազմաթիւ օտար մայրաքաղաքներ ո՛չ խթան, ո՛չ ալ
իրազեկուածութիւն կ՛ունենային աջակցելու Հայաստանին։ Միացեալ
Նահանգներու, Քանատայի, Ֆրանսայի, Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Միացեալ
Թագաւորութեան, Յունաստանի, Լիբանանի, Իրանի, Ռուսիոյ եւ Աւստրալիոյ
հայկական համայնքները խրախուսած են իրենց երկիրներու
կառավարութիւնները՝ դրական քաղաքականութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի
նկատմամբ։
5.- Թէեւ ճիշդ է, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան Հարաւային Ամերիկայի մէջ
ունին աւելի շատ դեսպանատուներ, քան՝ Հայաստանը, սակայն տեղւոյն
հայկական համայնքներուն ազդեցութիւնը մեծապէս կը գերազանցէ Անգարայի
կամ Պաքուի դեսպաններուն ազդեցութիւնը, քանի որ վերջիններս չունին նման
համայնքային աջակցութիւն։
2011 թուականին, երբ Խաչատուրեան այցելեց Թուրքիոյ Ատանա քաղաք, ան
մեծ աղմուկ բարձրացուց՝ յայտարարելով․ «Մենք պատրաստ ենք Թուրքիայէն
ներում հայցելու տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած արիւնալի բախումներուն
համար, մասնաւորաբար՝ ԱՍԱԼԱ-ի պատճառով։ Հայաստանի անունով մենք կը
հայցենք Թուրքիոյ ներողամտութիւնը»։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը որեւէ
պատճառ չունի ներողութիւն խնդրելու ԱՍԱԼԱ-ի գործողութիւններուն համար,
որոնք տեղի ունեցած են Հայաստանի անկախութենէն առաջ։
Խաչատուրեանի՝ սփիւռքի նկատմամբ արտայայտած անարգանքը համահունչ է
վարչապետ Փաշինեանի՝ 20 յունիս 2025-ին Պոլսոյ մէջ արտայայտած
վիճայարոյց կարծիքին, երբ ան արժեզրկեց իր իսկ 2019-ի յայտարարութիւնը՝
«Արցախը Հայաստան է, եւ վերջ»-ը՝ պնդելով․ «Ես այդ բառերը օգտագործեցի
2019 թուականին, քանի որ հայրենասէր էի։ Ես պատասխանատու էի բոլոր
հայերուն համար։ Ինծի կ՛ըսէին, որ ես բոլոր հայերուն վարչապետն եմ։
Հայրենասիրութեան այդ ընկալումը առաջնորդեց բոլոր աղէտներուն»։ Ան
շարունակեց․ «Մենք չենք հեղինակը այն հայրենասիրութեան, զոր կը կրենք մեր
գլխուն մէջ»։ Փաշինեան ըսաւ. «Վարչապետը պատասխանատու չէ բոլոր
հայերուն։ Իմ վրաս յոյս մի՛ դնէք։ Դուք ձեր խնդիրները լուծեցէք ձեր
համայնքներուն մէջ»։ Նման հռետորաբանութիւն մը շարունակութիւնն է անոր՝
Արարատ լերան, պետական քայլերգին եւ զինանշանին, Հայ առաքելական
եկեղեցւոյ, Հայաստանի անցեալին եւ Արցախի նկատմամբ նախապէս կատարած
հրապարակային դատապարտումներուն։
Աւելի՛ն. Փաշինեանի կողմէ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար
նշանակուած Զարեհ Սինանեանը համակարգուած կերպով քայքայեց Հայաստանի
յարաբերութիւնները սփիւռքի հետ՝ զանոնք ամրապնդելու փոխարէն։
Հայաստանի պաշտօնատարները պարտաւոր են զարգացնել սփիւռքի հետ դրական
եւ արդիւնաւէտ կապեր, հրաւիրել զանոնք՝ այցելելու, ներդրումներ կատարելու
եւ վերաբնակելու Հայաստանի մէջ, օգտուելու անոնց փորձառութենէն եւ
ողջունելու անոնց ներդրումը պետականաշինութեան գործին մէջ։ Սփիւռքը կը
մնայ Հայաստանի մեծագոյն ռազմավարական հարստութիւններէն մէկը եւ
արժանի է ընդունուելու սիրով ու ջերմութեամբ, եւ ոչ թէ՝ նսեմացուելու։