Նիկոլ Փաշինեանի Խաբուսիկ Խոստումները` Գոյութիւն Չունեցող Խաղաղութեան Մասին

Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Օգոստոս 18-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ դիմելով
ժողովուրդին, հանդէս եկաւ խաղաղութեան վերաբերեալ քանի մը մոլորեցնող եւ
պարտուողական յայտարարութիւններով:
Օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ ունեցած իր հանդիպումէն ետք Փաշինեան
կեղծօրէն յայտարարեց, թէ խաղաղութիւն բերած է Հայաստան: Հայերը խորհուրդ
կու տան. «Ջուրը չտեսած՝ մի՛ բոպիկնաք», մինչդեռ ամերիկացիները կ՛ըսեն.
«Երբեք ձեր հաւերը մի՛ հաշուէք, նախքան անոնց ծնիլը»: Տարբեր ձեւով
ըսելով՝ մի՛ աճապարէք վաղաժամ դատողութիւններ ընելու:
Նկատելով, որ ոչ ոք լրջօրէն կը մօտենայ խաղաղութեան վերաբերող իր
պատրանքային պնդումներուն՝ Փաշինեան վերջապէս նախորդ շաբաթ
խոստովանեցաւ, որ խաղաղութիւնը տակաւին շատ հեռու է. «Ես եւ Ազրպէյճանի
նախագահն ընդունեցինք անհրաժեշտութիւնը շարունակելու հետագայ
գործողութիւնները հասնելու Խաղաղութեան Համաձայնագրի ստորագրմանը եւ
վերջնական վաւերացմանը»: Նախագահ Իլհամ Ալիեւ հաստատեց նոյն միտքը,
երբ Սպիտակ տան հանդիպումէն քիչ անց կրկին պահանջեց, որ Հայաստան
փոխէ իր սահմանադրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ստորագրել
պայմանագիրը:
Օգոստոս 18-ին Փաշինեան ժողովուրդին յղած իր ուղերձին մէջ պաշտպանեց
Ազրպէյճանի հիմնական տարածքը Նախիջեւանին կապող առաջարկուող ուղին`
յայտարարելով, որ անիկա՝ «հիմնուած է պետութիւնների ինքնիշխանութեան,
տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան յարգման վրայ»:
Իրականութեան մէջ ան համաձայն կը գտնուի Հայաստանի տարածքի կենսական
նշանակութիւն ունեցող մէկ հատուածի վերահսկողութիւնը յանձնել օտար
պետութեան` 99 տարիով, յաւելեալ 99 տարիով երկարաձգելու կարելիութեամբ:
Եթէ Փաշինեանին նպատակը Հայաստանի տարածքով ազրպէյճանցիներուն
անցնելու կարելիութիւն տալն է, ապա ինչո՞ւ անոնց տրամադրել Միացեալ
Նահանգներու վերահսկողութեան տակ գտնուող «անխոչընդոտ
հաղորդակցութիւնը», ինչ որ կը նշանակէ՝ սահմանին չստուգել անոնց
անձնագիրներն ու բեռը: Քանի որ համաձայնագիրը՝ իբր թէ «փոխադարձութեան
սկզբունքով» է, ապա ինչո՞ւ Հայաստան չի պահանջեր Միացեալ Նահանգներու
վերահսկողութեան տակ գտնուող նմանատիպ «անխոչընդոտ հաղորդակցութիւն»
Ազրպէյճանի տարածքով դէպի Ռուսիա:
Հայ հասարակութիւնը հետագայ զիջումներու նախապատրաստելու նպատակով
Փաշինեանը յայտարարեց. «Մենք սահմանի հատման պարզեցումների
պատրաստակամութիւն ենք յայտնել»: Ասիկա քօղարկուած մեղմաբանութիւն է,
որ կը նշանակէ՝ զրկել Հայաստանը ազրպէյճանցիներուն կողմէ հայկական
սահմանը հատելու նկատմամբ որեւէ վերահսկողութենէ։ Նախապէս ան
յայտարարած էր, որ պատրաստ է «հեշտացնել» անոնց տարանցումը
Հայաստանի տարածքով:
Փաշինեան կը փայփայէ պատրանքներ, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը` «կը
նախանշեն պայծառ ապագայի ուղի… որը կանխորոշուած չէ անցեալի
հակամարտութեամբ»՝ պնդելով, որ «մեր ժողովուրդների համար վերջապէս
ստեղծուել են բարիդրացիական յարաբերութիւններ սկսելու պայմաններ…»: Ան
երկու անգամ յայտարարեց, թէ՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ
Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է»: Առանց
իրական խաղաղութիւն ձեռք բերելու` Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի
պաշտպանական պիւտճէն էականօրէն պիտի չաւելնայ, այդ ալ՝ եթէ աւելնայ,
մինչդեռ Ալիեւ, որուն բանակը մինչեւ ատամները արդէն զինուած է, կը ծրագրէ
միլիառաւոր տոլարներ արժողութեամբ ժամանակակից զէնքեր գնել:
Չափազանց անզգամ մօտեցումով Փաշինեան յորդորեց հայերը դադրեցնելու
2020-ի պատերազմին իրենց ընտանիքի անդամներուն կորուստը սգալ. «Մեր
նահատակներին խնկարկելու եւ սրբացնելու, նրանց յիշատակի հետ
յարաբերուելու մեր ձեւն անգամ պիտի կաթիլ–կաթիլ, միլիմետր առ միլիմետր
փոխուի»: Փաստօրէն, ան վշտահար մայրերը կը հրաւիրէ մոռնալու իրենց
որդիներուն կորուստը։ Ուղերձը հետեւեալն է` «Կերէ՛ք, խմեցէ՛ք, քէֆ ըրէք…»:
Փաշինեան անտեսեց 2021-2022 թուականներէն Ազրպէյճանի կողմէ
Հայաստանի աւելի քան 200 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի գրաւումը`
պնդելով, որ կան նաեւ ազրպէյճանական տարածքներ, որոնք կը գտնուին
հայկական վերահսկողութեան տակ` նախքան Ալիեւի կողմէ նման պահանջի
ներկայացումը: Ան միամտօրէն յոյս յայտնեց, որ տարածքներու փոխանակման
հարցը պիտի լուծուի ապագայ սահմանազատման ատեն:
Փաշինեան նոյնիսկ արդարացուց նախաստորագրուած խաղաղութեան
պայմանագիրէն Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման
պահանջի բացակայութիւնը` պնդելով, որ գերիներու որեւէ յիշատակում պիտի
ուշացնէ անոնց ազատ արձակումը: Իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է:
Փաշինեան ոչինչ ըրած է անոնց ազատ արձակման համար` վախնալով, որ
անոնց ազատ արձակումով անոնք կրնար մարտահրաւէր կարդալ իր անկայուն
իշխանութեան:
Վերջին սադրանքով, Փաշինեան համարձակեցաւ կոչ ուղղել ժողովուրդին՝
ապստամբելու իր իշխանութեան դէմ, եթէ անոնք դէմ են իր կողմէ Արցախի
յանձնման: Հակառակ պարագային՝ ան պնդեց, որ՝ «ժողովուրդը համաձայն է ինձ
հետ»: Ասիկա կեղծ ենթադրութիւն է, որովհետեւ բնակչութեան ճնշող
մեծամասնութիւնը անոր չի զօրակցիր, ինչպէս ցոյց տուած են բազմաթիւ
հարցախոյզներ: Ցաւօք, մարդիկ լիովին հիասթափած են եւ չեն ուզեր որեւէ
առնչութիւն ունենալ քաղաքական հարցերու հետ:
Փաշինեան նսեմացուց Արցախեան պայքարը` սխալելով ու պնդելով, որ՝ «որոշ
ուժեր պարզապէս զայն օգտագործում էին որպէս գործիք Հայաստանի
անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, պետականութեան կայացումն ու
զարգացումը թոյլ չտալու համար»: Այսպիսով, ան փաստօրէն խոստովանեցաւ,
որ ինքն ալ ծառայած է որպէս «գործիք» օտար պետութիւններու, երբ 2019-ին
յայտարարեց. «Արցախը Հայաստան է, եւ վե՛րջ»: Այժմ ան «անիրատեսական»
կը նկատէ Արցախի հայերու հնարաւոր վերադարձը իրենց հայրենիք եւ նոյնիսկ
կ՛ըսէ, որ այս հարցի բարձրացումը վտանգաւոր է, վնասակար Հայաստանի եւ
Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն համար, եւ որ՝ «երկու պետութիւնների միջեւ
դառնալու է լարուածութեան նոր աղբիւր»: Ան բացայայտեց, որ՝ «իմ այս
պատկերացումը կիսել եմ նաեւ պաշտօնական Պաքուի հետ: Եւ արձանագրում
եմ, որ այո՛, դա վտանգաւոր եւ վնասակար թեմա է նորընծայ խաղաղութեան
համար»:
Փաշինեանը իր կեղծ յայտարարութիւններու շարքը եզրափակեց հայ
ժողովուրդին ուղղուած հետեւեալ պարտուողական ուղերձով. «Քո պարտութիւնն
անխուսափելի է, ու դու անխուսափելիօրէն կը պարտուես, որովհետեւ անվերջ
յաղթել հնարաւոր չէ»:
Հայաստանի 2020 թուականի աղէտալի պարտութենէն ետք ես կոչ ուղղեցի
Փաշինեանին՝ անյապաղ հրաժարական տալու: Ղեկավար մը, որ
պատասխանատու է նման հսկայական աղէտի, զուրկ է իր երկրի կենսական
շահերը պաշտպանելու անհրաժեշտ բարոյական հեղինակութենէն եւ ոգիի
տոկունութենէն: