Փաշինեանի Աշխատակազմի Ղեկավարը Կ՛արձագանգէ Լոս Անճելըս Կատարած Իր Անօգուտ Այցելութեան Վերաբերող Քննադատութեանս
Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ
Յարութիւնեան իր Դիմատետրի էջին վրայ արձագանգած է իմ
քննադատութեանս՝ իր եւ նախկին դեսպան Լիլիթ Մակունցի Լոս Անճելըս
կատարած վիճայարոյց այցելութեան վերաբերեալ։
Ահաւասիկ իմ պատասխանս՝ անոր անհիմն մեկնաբանութիւններուն․
1.- Խորապէս զգացուած եմ, որ Յարութիւնեանը, ըլլալով Փաշինեանի
գրասենեակի «քարտուղարը», իր թանկագին ժամանակը տրամադրած է իմ
յօդուածիս պատասխանելու։ Կ’ենթադրեմ, որ ան ուրիշ ընելիք չունի։ Նկատի
ունենալով, որ երկիրը այնքա՛ն լաւ կը կառավարուի, իմ յօդուածս դարձած է
անոր օրակարգի գլխաւոր հարցը…
2.- Իմ լուրջ քննադատութիւններուս՝ այդ անճարակ զոյգին Լոս Անճելըսի մէջ
ունեցած ձախողած արկածախնդրութիւններուն վերաբերող, Յարութիւնեան
պատասխանած է անձնական վիրաւորանքներով, ինչ որ ցոյց կու տայ իրենց
աղէտալի ճամբորդութեան համար որեւէ հիմնաւորումի բացակայութիւնը։
3.- Յարութիւնեան զիս կոչած է՝ «ամերիկեան լրատուական դաշտի ժամկէտանց
սիւնակագիր»։
Ա) Ուրախ եմ, որ Յարութիւնեան տեղեակ է՝ ես լրագրող եմ, ինչ որ
կ’ապացուցէ, որ ան լիովին անիրազեկ չէ։
Բ) Եթէ ես իսկապէս «ժամկէտանց» լրագրող ըլլայի, ինչո՞ւ
Յարութիւնեան իր ժամանակը կը վատնէր անարժան սիւնակագիրի մը
պատասխանելու։ Ինչո՞ւ աշխարհի տասնեակ թերթեր ու կայքեր կ՛արտատպեն իմ
շաբաթական վերլուծումներս։ Բացի ատկէ, ան պէտք է գիտնայ, որ Փաշինեան
համաձայն չէ իր կարծիքին՝ իմ լրագրողական կարողութիւններուս վերաբերեալ։
17 ապրիլ 2019-ին վարչապետը իր Դիմատետրի էջին վրայ գրած էր, որ իմ
թերթս՝ «Քալիֆորնիա Քուրիըր»-ը (The California Courier), «Սփիւռքի
ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն մէկն է»։
Գ) Յարութիւնեան ի զուր կը պարծենայ, թէ Լոս Անճելըս կատարած մէկ
ուղեւորութեամբ ինք ջախջախած է Փաշինեանի իշխանութեան դէմ հնչող
կեղծիքները։ Ան կը սխալի, քանի որ Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն
դուրս գրեթէ այլեւս չեն մնացած Փաշինեանի կողմնակիցներ։
Դ) Եթէ Փաշինեան Լոս Անճելըսի մէջ լայն աջակցութիւն ունենար, ապա
ինչո՞ւ Յարութիւնեանն ու Մակունցը իրենց այցելութիւնը գաղտնի կը պահէին
գաղութէն՝ սահմանափակուելով միայն յատուկ ընտրուած փոքրաթիւ խումբի մը
հետ հանդիպումով։
Ե) Յարութիւնեան յայտարարած է, որ Լոս Անճելըս կատարած իրենց
ճամբորդութեան ծախսերը չեն վճարուած Հայաստանի կառավարութեան կողմէ։
Ան ըսաւ, որ իրենք արձակուրդի մէջ եղած են։ Ես կը տարակուսիմ այս
յայտարարութեան շուրջ, քանի որ Լոս Անճելըս իրենց թռիչքներուն եւ պանդոկի
մէջ մէկ շաբաթ մնալու արժէքը, հաւանաբար, քանի մը անգամով կը գերազանցէ
իրենց ամսական աշխատավարձը։ Երկրորդ՝ իրենց յայտարարած ծրագիրը՝ ցրել
Փաշինեանի իշխանութեան մասին «սխալ տեղեկատուութիւնը», աւելի նման է
քաղաքական գործունէութեան, քան՝ արձակուրդի։ Կը տարակուսիմ, որ անոնք
«Տիզնիլենտ» գացած ըլլան կամ այցելած՝ այլ տեսարժան վայրեր։
Զ) Եթէ կառավարութիւնը չէ վճարած անոնց ճամբորդութեան ծախսերը,
ապա անոնք թերեւս գտած էին դրամատէր մը, որ պիտի վճարէր իրենց համար։
Այս պարագային, այդ մասին պէտք էր զեկուցուէր Հայաստանի
կառավարութեան՝ իբրեւ նուէր։
Է) Յարութիւնեան յայտարարեց, որ ինք եւ Մակունց չեն տեղեկացուցած
Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը իրենց այցելութեան մասին։ Ինչպէ՞ս կրնայ
Հայաստանի տեղական ներկայացուցիչը տեղեակ չըլլալ, որ վարչապետի երկու
բարձրաստիճան պաշտօնեաներ քաղաքին մէջ են։ Հիմա արդէն յստակ է, թէ ան
ինչո՞ւ ներկայ չէ եղած անոնց հանրային հանդիպումներէն ոեւէ մէկուն…
Ը) Յարութիւնեան պատճառաբանեց, որ զիս չեն հրաւիրած, քանի որ «կը
հարամէի» իրենց հանդիպումները։ Եթէ Փաշինեան այդքան ժողովրդականութիւն
կը վայելէ Լոս Անճելըսի մէջ, ապա ինչէ՞ն կը վախնային։ Փաշինեանի
կողմնակիցներէն մէկը հաստատեց, որ անոնք գաղտնի պահած են իրենց
այցելութիւնը, որովհետեւ կը վախնային, որ իրենց հանրային հանդիպումները
պիտի խանգարուէին։
Թ) Յարութիւնեան սխալած ու ոչ հայկական անուանած է իրենց հետ
հարցազրոյց կատարած հայկական պատկերասփիւռի կայանները՝ ARTN-ը,
AMGA-ն, AABC-ն եւ USArmenia-ն։
Ժ) Յարութիւնեան իր Դիմատետրի քննադատութիւնը աւարտեց դատարկ
նախազգուշացումով մը. «Մենք որոշել ենք համակարգուած ջախջախել նրա
(Սասունեանի) ու նրա նմանների ստի մենաշնորհը ամերիկահայ հանրութեան
համար»։ Այսպիսով, Յարութիւնեան հրահրեց Երեւանի մէջ գտնուող իր կոյր
հետեւորդներու փոքրիկ շրջանակը, որ իմ մասիս նողկալի մեկնաբանութիւններ
գրեն՝ առանց իմ մասիս որեւէ բան գիտնալու։
Իրավիճակը աւելի սրեցաւ, երբ Կլենտէյլի մէջ Փաշինեանի կողմնակիցներուն
հետ ճաշկերոյթի ընթացքին, հիւրերէն մէկը հարցուց Յարութիւնեանին
հայկական ազգային գաղափարախօսութեան հանդէպ իշխանութեան մօտեցումին
մասին՝ նշելով. «Դուք ոչ միայն տարածքային զիջումներ կ’ընէք, այլ նաեւ կը
հրաժարիք հայկական գաղափարախօսութենէն»։ Յարութիւնեան անամօթաբար
յայտարարեց լսարանին. «Հայկական ազգայնականութիւնը շատ վտանգաւոր բան
է: Ձեր մտածողութիւնը շատ վտանգաւոր է»:
Դժբախտաբար, Յարութիւնեան կը շփոթէ ազգայնականութիւնը (nationalism)
ազգայնամոլութեան (chauvinism) հետ։ Ոչ մէկ վատ բան կայ անոր մէջ, որ
մարդիկ կը հպարտանան իրենց ժողովուրդով, պատմութեամբ եւ մշակոյթով։
Փաշինեան ժողովուրդը արմատախիլ ըրած է իր հազարամեակներու
պատմութենէն։ Վարչապետը կը վարուի այնպէս, կարծես հայ ժողովուրդը
գոյութիւն ունեցած է միայն այն պահէն, երբ ինք 2018 թուականին
իշխանութեան եկաւ։ Ահա թէ ինչո՛ւ ան դէմ է Հայաստանի պատմութեան,
կրօնքին, մշակոյթին եւ ազգային սրբազան խորհրդանիշներուն։ Հայ ժողովուրդի
նկատմամբ իր անհեռատես մօտեցումին պատճառով, Հայաստանը ոչ միայն կը
խզուի իր անցեալէն, այլ նաեւ կը կորսնցնէ փառահեղ ապագայի իր տեսլականը։
Հայ մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակը գրած է ուշագրաւ բանաստեղծութիւն մը՝
նկարագրելով, թէ ո՞վ ենք մենք՝ հայերս։ Ես կ’առաջարկեմ, որ Յարութիւնեան
կարդայ այս գլուխ գործոցը՝ իր հայկական ինքնութիւնը վերականգնելու համար։
Ահա հատուած մը այդ բանաստեղծութենէն.
«Մենք քիչ ենք‚ սակայն մեզ հայ են ասում:
Մենք մեզ ո՛չ ոքից չենք գերադասում:
Պարզապէս մենք էլ պիտի ընդունենք‚
Որ մե՛նք‚ միայն մե՜նք Արարատ ունենք‚
Եւ որ այստեղ է` բարձրիկ Սեւանում‚
Երկինքը իր ճիշդ պատճէնը հանում:
Պարզապէս Դաւիթն այստեղ է կռուել:
Պարզապէս Նարեկն այստեղ է գրուել:
Պարզապէս գիտենք ժայռից վանք կերտել‚
Քարից շինել ձուկ‚ եւ թռչուն` կաւից…»:

