Փաշինեանի Կառավարութիւնը Ներսէն Կը Քանդէ Հայաստանը

Յարութ Սասունեան
Հայաստանի ճգնաժամը կը խորանայ: Ամէն օր երկրին անձեռնհաս կառավարողները մաս առ մաս կը թօթափեն ինքնիշխանութիւնը` քանդելով այն պետութիւնը, որուն պաշտպանութեան համար ընտրուած են:
Այժմ Հայաստանի ղեկավարները արձագանգը կ՛ըլլան երկրի ոխերիմ թշնամիներուն` Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն դիրքորոշումներու, կարծէք՝ անոնք կը տիրեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աթոռին՝ Երեւանի մէջ:
Նախորդ շաբաթ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները շարք մը հակասական եւ հակահայկական յայտարարութիւններ կատարեցին։
Յառաջիկայ տարուան յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ Փաշինեանը երկիրը ողողած է խաղաղութեան մասին սին խոստումներով: Սակայն, նոյնիսկ շարք մը նուաստացուցիչ զիջումներէ ետք, նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը մերժէ, այսպէս կոչուած, պայմանագիրը` հակառակ օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ կայացած հանդիպման, որ բեմադրուած էր զայն ստորագրելու համար:
Հազուադէպ առիթներով Փաշինեանն ու արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը խոստովանած են ճշմարտութիւնը: 2024-ին Փաշինեան անփոյթ կերպով սահմանամերձ Կիրանց գիւղի բնակիչներուն ըսաւ. «Դուք կարող է մի եօթը օր անվտանգ ապրէք, ութերորդ օրն անվտանգ չլինի, ես ի՞նչ իմանամ»: Նախորդ շաբաթ Ազգային ժողովին մէջ Միրզոյեան նոյն խոստովանութիւնը կատարեց. «Լիակատար խաղաղութիւն չի լինի, նոյնիսկ եթէ Ազրպէյճանի հետ համաձայնագիրը ստորագրուի»: Սակայն անոնք իսկոյն կը վերադառնան այն յերիւրանքին, թէ՝ «Խաղաղութիւն հաստատուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»:
Օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ Տանըլտ Թրամփի՝ Փաշինեանին տուած խոստումը, որ ան պիտի յորդորէ Ալիեւը ազատ արձակելու հայ բանտարկեալները, ոչ մէկ արդիւնք տուաւ` մնալով միայն խօսքի մակարդակի վրայ: Աւելի վատը այն է, որ Փաշինեան խնդրեց Թրամփին՝ գերիներու հարցը չներառել փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ, վախնալով, որ ազատ արձակուելէ ետք իր քաղաքական մրցակիցները կրնան մարտահրաւէր կարդալ յաջորդ տարուան ընտրութիւններուն:
Ալիեւի պահանջով Մինսքի խումբը լուծարելէ ետք Փաշինեան արդարացուց ասիկա` զայն կոչելով «անօգուտ», թէեւ այս խումբը գրեթէ երեք տասնամեակ կանխած էր պատերազմը: Ան նոյնիսկ յայտարարեց, որ Արցախի հարցը «վաղուց լուծուած էր»: Եթէ ատիկա ճիշդ ըլլար, ապա ինչո՞ւ Ալիեւ արիւնալի պատերազմի պիտի սկսէր 2020-ին` զայն գրաւելու համար:
Իրականութեան մէջ Փաշինեան յանձնեց Արցախը` տապալելով բանակցութիւնները, անտեսելով Մինսքի խումբի առաջարկները եւ 2019-ին ամբարտաւանօրէն յայտարարելով. «Ես բանակցութիւններն սկսել եմ ոչ թէ Սերժ Սարգսեանի կէտից, այլ՝ իմ սեփական կէտից, սա կարեւոր նրբութիւն է»: Ալիեւը սպառնալից պատասխանեց. «Փաշինեանի հետ բանակցութիւնները անօգուտ են եւ անիմաստ… Բանակցութիւններու ձախողութեան պարագային Ատրպէյճան իրաւունք ունի խնդիրը լուծել պատերազմով»: Արցախը կորսնցնելէ ետք Փաշինեան անհեթեթօրէն յայտարարեց, թէ Հայաստանը հիմա՝ «Աւելի անկախ է, քան երբեւէ․․․»: Ինչպէ՞ս կրնայ տարածքներու եւ հազարաւոր կեանքերու կորուստը երկիրը աւելի անկախ դարձնել: Արդեօք Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանեահուն կը վերադարձնէ՞ Արեւմտեան ափը, կը ճանչնա՞յ Պաղեստինը, իսկ յետոյ կը յայտարարէ՞, թէ Իսրայէլը «աւելի անկախ» դարձած է: Միայն պարտուած ղեկավարը կրնայ նման անհեթեթ արդարացում յօրինել:
Փաշինեանը նաեւ հերքեց, որ Սպիտակ տան մէջ համաձայնած ըլլայ ամերիկեան ընկերութեան 99 տարով յանձնել կառավարութիւնը այն ճամբուն, որ Ատրպէյճանի հիմնական մասը կը կապէ Նախիջեւանին ` հակասելով նախագահ Թրամփի հրապարակային յայտարարութեան:
Օգոստոս 28-ին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փաշինեան հպարտացաւ. «Ես եմ կառավարութիւնը: Ոչ մէկը չի կարող իմ դիրքորոշմանը հակասող դիրքորոշում ունենալ»: Ասիկա ամէնէն ցայտուն ապացոյցն է անոր բռնապետական մտածելակերպին՝ հակառակ անոր մնայուն պնդումներուն, որ կը ղեկավարէ ժողովրդավարական երկիր մը: Յաջորդ առաւօտ ան աշխատանքէ արձակեց վարչապետի աշխատակազմի միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակի ղեկավար Լիպարիտ Դրմէյեանը, վերջինիս կողմէ Հայաստանի պարտաւորութիւնը ընդունելէ ետք` կատարելու միջազգային իրաւարարութեան վճիռը՝ կառավարութեան կողմէ Սամուէլ Կարապետեանին պատկանող ելեկտրական ցանցի ապօրինի բռնագրաւման գործով: Թէեւ Հայաստան այդ իրաւարարական վճիռով պարտուած էր, սակայն Փաշինեան կեղծաւորաբար յայտարարեց. «Մենք յաղթել ենք արբիտրաժային դատարանում»:
Ետ չմնալու համար, Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան 11 սեպտեմբերին կատարեց յայտարարութիւններ, որոնք կը հակասեն Հայաստանի շահերուն՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ կարեկցանք արտայայտելով։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Պաքուն պէ՞տք է թոյլ տայ նոյն փոխադարձ ընթացակարգերը Ատրպէյճանի տարածքով անցնող հայկական բեռներուն համար, Սիմոնեան ըսաւ. «Վէրքերը թարմ են թէ՛ մեր կողմից, թէ՛ իրենց կողմից: Բա մենք մարդ չե՞նք սպաննել: Մարդ չի՞ մահացել Ադրբեջանի կողմից: Խօսքը սահմանին դէմ առ դէմ շփուելու մասին է… Յարաբերութիւնների եւ վստահութեան վերականգնման այս զգայուն ժամանակահատուածում նպատակն է նուազագոյնի հասցնել այդ շփումը: Ադրբեջանը նոյնպէս շատ մեծ վէրքեր ունի: Ադրբեջանը համարում է, որ… Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր երկրի 20 տոկոսը 30 տարի շարունակ պահել է գրաւման տակ, եւ նոյնիսկ ցեղասպանութեան հասնող յայտարարութիւններ է անում: Սա նրանց մտածելակերպն է, եւ ակնյայտ է, որ Ադրբեջանի համար շատ կարեւոր է կանխել ամէն հնարաւոր ապագայ սպառնալիք»։ Սիմոնեան կարծէք թէ մոռցած է, որ ինք ո՛չ թէ Ատրպէյճանին, այլ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահն է:
Սիմոնեան նաեւ ծաղրեց ընդդիմադիր կուսակցութիւնները` պնդելով, որ անոնք «եօթը հոգի մարդ փողոցում չեն կարողանալու հաւաքել, եւ պարծենալով, որ՝ «Իմ նկարը դնեմ փողոցում, շատ աւելի մարդ կը հաւաքուի շուրջը»: Ընդդիմութեան առաջնորդներէն մէկը հակադարձեց. «Այո՛, շատ աւելի շատ մարդ կը հաւաքուի Սիմոնեանի նկարի շուրջ փողոցում` դրա վրայ թքելու համար»:
Վերջապէս, Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ Հայաստանի սրբազան խորհրդանիշներէն հրաժարելու վերջին օրինակն է նոյեմբեր 1-էն ճամբորդներու անձնագիրներուն վրայ սահմանահատման կնիքէն Արարատ լերան պատկերը հանելու որոշումը: Արդեօք յանձնուող կառավարութիւնը յաջորդ քայլով երկիրը «Էրմենիստա՞ն» պիտի վերանուանէ:
Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը չի պաշտպաներ պետութիւնը, քաղաքացիները պարտաւոր են պաշտպանել զայն: Իւրաքանչիւր զիջում, իւրաքանչիւր ջնջուած խորհրդանիշ, թշնամիի իւրաքանչիւր հռետորաբանութեան կրկնութիւն` յաւելեալ քայլ մըն է դէպի ազգային ոչնչացում: Հայ ժողովուրդը` հայրենիքի մէջ եւ արտերկրի, պէտք է վերջապէս զարթնի եւ իշխանութեան բերէ նոր ղեկավարներ, որոնք պիտի ծառայեն Հայաստանի շահերուն եւ ոչ թէ՝ անոր թշնամիներուն: Պատմութիւնը չի ներեր անգործութիւնը: Գործելու ժամանակը հիմա՛ է, նախքան այն պահը, երբ Հայաստան գոյութիւն չունենայ պաշտպանելու։