Փաշինեան Նոր Պատճառ Մըն Եւս Կու տայ՝ Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն Իրեն Չաջակցելու
Յարութ Սասունեան
http://www.
Ութ տարուան անյաջող ղեկավարումէ ետք Նիկոլ Փաշինեան տակաւին կը շարունակէ վնաս հասցնել Հայաստանի շահերուն` յատկապէս Արցախը Ազրպէյճանին յանձնելէ ետք։
Կը ներկայացնեմ Փաշինեանի ապօրինի գործողութիւններու վերջին օրինակը:
Հայերը զարմանքով գիտցան, որ վարչապետը հրահանգած էր աշխատանքէ արձակել Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, դոկտ․ Էդիտա Գզոյեանը՝ միայն այն պատճառով, որ ան Ցեղասպանութեան եւ զանգուածային բռնութեան մասին գիրքեր նուիրած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ .Տի. Վանսին:
Փաշինեան կեղծ մեղադրանք առաջադրեց, իբր թէ՝ դոկտ․ Գզոյեանը կը վարէ այլընտրանքային արտաքին քաղաքականութիւն` պարզապէս որովհետեւ ան փոխնախագահին նուիրած է հետեւեալ գիրքերը.
1․– «Անդրկովկասի մէջ ազրպէյճանցիներուն յարձակումը հայերուն դէմ (1905–1921). հաղորդումներ ամերիկեան մամուլին մէջ», Արա Քեթիպեանի խմբագրութեամբ (2023):
2․– «Հայոց ցեղասպանութիւն. նախերգանք եւ յետգրութիւն. հաղորդումներ ամերիկեան մամուլին մէջ: «Տը Նիւ Եորք Թայմզ», Ա. հատոր (1890-1914) եւ Բ. հատոր (1915-1922)», կազմած եւ խմբագրած են Վահան ծ. վրդ. Օհանեանը եւ Արա Քեթիպեանը (2018):
3․– «Յօշոտուած Հայաստան. Աւրորա Մարտիկանեանի պատմութիւնը» (2020):
4․– «Յանցագործութեան փաստաթղթաւորում. Հայոց ցեղասպանութիւնը բառերով եւ պատկերներով» (2024):
Ն. Փաշինեան հետեւեալ ձեւով արդարացուց դոկտ․ Գզոյեանի հրաժարականի իր ապօրինի պահանջը. «Երբ որ երկրի վարչապետը ասում ա, որ Ղարաբաղեան շարժում չկայ, օտարերկրեայ հիւրին Արցախեան հիմնահարց թեմայով գիրք նուիրել` ի՞նչ ա դա նշանակում: Էս երկրում քա՞նի հոգի կարայ արտաքին քաղաքականութիւն վարի: Հայաստանի Հանրապետութիւնում արտաքին քաղաքականութիւն վարում ա Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, եւ ով որ, Հայաստանի էն պետական պաշտօնեան, ով որ կառավարութեան վարած արտաքին քաղաքականութեանը հակասող բան կ՛ասի, պէտք ա ազատուի աշխատանքից, ըտեղ ի՞նչ թեմա կայ: Այսինքն, մենք պետութիւն ե՞նք, թէ՞ սա բան ա, ինքնագործ խմբակ ա, որտեղ մեր ստեղծագործական պոտենցիալն (կարողականութիւնը) ենք բան անում, փորձարկում: Սա պետութիւն ա, յարգելիներս, սա պետութիւն ա յստակ իր կառավարման տրամաբանութեամբ եւ պետական համակարգով, եւ ըտեղ չքմեղանալու բացարձակ ոչ մի բան չկայ: Կառավարութիւնն ա որոշում արտաքին քաղաքականութիւնը, ես կառավարութեան ղեկավարն եմ` այդ թւում ես եմ, այո՛ …. Իմ ցուցումով, այո՛, ես խնդրել եմ, որ նա (դոկտ. Գզոյեանը) հրաժարականի դիմում գրի, իմ ցուցումով: Այո՛, ես դա համարել եմ կառավարութեան վարած արտաքին քաղաքականութեանը հակառակ գործողութիւն, ես դա համարել եմ սադրիչ գործողութիւն եւ խնդրել եմ, որ դիմում գրի: Սա պետական անվտանգութեան հարց է: Նորից ասում եմ, որ երբ յայտարարում ենք, որ Ղարաբաղեան շարժումը պէտք է դադարեցնենք, չի կարող լինի պաշտօնեայ, որ շարունակի Ղարաբաղի շարժումը: Չի կարող լինի»:
Դոկտ․ Գզոյեանը ստիպելով հրաժարական տալ` Փաշինեան քանի մը ապօրինութիւններ կատարած է․
1) Ան իրաւական լիազօրութիւններ չունի որոշելու, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնը: Թանգարանը կը կառավարուի հիմնադրամի կողմէ: Միայն հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 15 անդամները ունին տնօրէն նշանակելու կամ գործէ արձակելու իրաւունք: Այսպիսով, Փաշինեան անօրինական կերպով իւրացուցած է հոգաբարձուներու խորհուրդին լիազօրութիւնները: Ի նշան բողոքի, հրաժարական տուին հոգաբարձուներու խորհուրդի քանի մը ականաւոր անդամներ, որոնց կարգին՝ խորհուրդի նախագահ, ֆրանսահայ պատմաբան եւ ցեղասպանագէտ դոկտ․ Ռեմոն Գէորգեանը, Քալիֆորնիոյ Պերքլիի համալսարանի պատմութեան դոցենտ, հայագիտական ծրագիրի գործադիր տնօրէն, փրոֆ. Ստեփան Աստուրեանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) առաջատար գիտաշխատող դոկտ․ Յարութիւն Մարութեանը եւ ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող դոկտ․ Հրանուշ Խառատեանը:
2) Դոկտ․ Գզոյեան ոչ մէկ սխալ բան ըրած է։ Իբրեւ Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն` ան փոխնախագահ Վանսին նուիրած է քանի մը գիրքեր, որոնք կ՛առնչուին Ցեղասպանութեան թանգարանի առաքելութեան: Ցեղասպանութեան թանգարանը այնպիսի հաստատութիւն է, որ կը փաստագրէ հայերուն նկատմամբ անցեալին եւ ներկայիս գործադրուած զանգուածային բռնութիւններն ու ցեղասպանութիւնը:
3) Դոկտ․ Գզոյեանը աշխատանքէ արձակելէ ետք Փաշինեան կատարեց երկրորդ ապօրինութիւնը: Առանց որեւէ լիազօրութեան` ան իր նախկին օգնական Հրաչեայ Թաշչեանը նշանակեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար: Ասիկա Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի իրաւասութիւնն է:
4) Փաշինեանը սխալ ուղերձ յղեց՝ թէ ակադեմական հետազօտութիւնները պէտք է ստորադաս ըլլան քաղաքականութենէն: Ամէն անգամ որ կառավարութեան քաղաքականութիւնը փոխուի, գիտնականներէն կ՛ակնկալուի, որ անոնք պիտի փոփոխեն իրենց հետազօտութիւնները` համապատասխանեցնելով օրուան քաղաքական ղեկավարի քմահաճոյքներուն: Ահա թէ ինչպէ՛ս Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը խեղաթիւրեն Հայոց ցեղասպանութեան փաստերը:
5) Փաշինեանը, որ բողոքած էր, թէ դոկտ․ Գզոյեանը փոխնախագահ Վանսին նուիրած էր Արցախի մասին գիրք, 2019–ին Թուրքմէնստանի մէջ՝ ԱՊՀ գագաթնաժողովին ընթացքին, իր կարգին Արցախի մասին գիրք նուիրած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին: Միթէ զինք եւս գործէ պէտք չէ՞ արձակէին նոյն պատճառաբանութեամբ, որուն հիմամբ աշխատանքէ դադրեցուցին դոկտ․ Գզոյեանը:
Փորձելով հաճելի թուիլ Էրտողանին եւ Ալիեւին` Փաշինեանի յաջորդ հրահանգը կրնայ ըլլալ փակումը Ցեղասպանութեան թանգարանին եւ յուշահամալիրին:
Աշխարհի տարբեր ծագերէ քսանհինգ ականաւոր հայ մտաւորականներ, որոնց կարգին թուրք գիտնական մը, ստորագրեցին Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութեան (NAASR) կողմէ հրապարակուած միացեալ յայտարարութիւնը, որով կը դատապարտէին Փաշինեանի «մտահոգիչ» գործողութիւնը: Անոնք դրուատեցին դոկտ․ Գզոյեանի բացառիկ ակադեմական որակաւորումը եւ կոչ ուղղեցին Հայաստանի կառավարութեան՝ «Յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի անկախութիւնը եւ ապահովելու, որ դոկտ․ Գզոյեանը կարենայ շարունակել իր աշխատանքը առանց քաղաքական ճնշումի կամ միջամտութեան: (Ցեղասպանութեան թանգարան) հիմնարկի ինքնավարութեան եւ ղեկավարութեան պաշտպանութիւնը կարեւոր է անոր վստահելիութեան պահպանման, գիտական առաքելութեան ապահովման եւ միջազգային ակադեմական համայնքի վստահութեան պահպանման համար: Կը հաւատանք, որ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ անձի` իբրեւ գիտնականի եւ ղեկավարի որակներու, այլ ոչ թէ որեւէ յստակ վարչակազմի քաղաքական հաշիւներու վրայ»: Անոնք վճռականօրէն պահանջեցին, որ՝ «Դոկտ․ Գզոյեանը անյապաղ վերադարձուի աշխատանքի եւ կարենայ շարունակել իր ղեկավարած ակնառու աշխատանքը»:
Փաշինեան ամէն օր կը շարունակէ Հայաստանը տանիլ դէպի անկում․ ասիկա կարեւոր հանգամանք է, զոր պէտք է հաշուի առնել յունիս 7–ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկելու ատեն։

