1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Վերջին ամիսներուն բազմիցս յղումներ կը կատարուին թրքագէտ, դոկտոր Ռուբէն
Սաֆրաստեանի 2019 թուականին Երեւանի մէջ հրատարակուած կարեւոր հայերէն
գիրքին՝ «Մուսթաֆա Քեմալ․ պայքարը Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ 1919-
1921 թուականներին» խորագրեալ:
Գիրքը ներկայիս յատուկ ուշադրութեան կիզակէտ դարձաւ այն պատճառով, որ
արժէքաւոր այլ տեղեկութիւններու շարքին կը ներկայացնէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց
նախարարի պաշտօնակատար Ահմետ Մուհթարի կողմէ 8 նոյեմբեր 1920-ին
Արեւելեան ռազմաճակատի (Հայաստանի սահման) բանակի գլխաւոր հրամանատար
Քեազիմ Քարապեքիրին ուղարկուած ծածկագրուած հեռագիրին բովանդակութիւնը:
Այս փաստաթուղթը առաջին անգամ հրապարակուած է Պոլսոյ մէջ, 1960 թուականին,
Քարապեքիրի «Մեր անկախութեան պատերազմը» գիրքին մէջ:
Դոկտոր Սաֆրաստեանի համաձայն, այս փաստաթուղթը կ՛արտացոլացնէ Թուրքիոյ
նախագահ Մուսթաֆա Քեմալի (հետագային նշանաւոր իբրեւ Աթաթուրք) դիրքորոշումը
եւ չէր կրնար գրուիլ առանց անոր յատուկ ցուցումներուն եւ հաստատման: Մուհթարը
նշած է, որ՝ «Այս գաղտնի հրամանը կը պարունակէ (թրքական) կառավարութեան
իրական նպատակը»: Ատոր կողքին, Քեմալը 1920 թուականի փետրուար 5-ին
ծածկագիր հեռագիր յղած է Քարապեքիրին` հրահանգելով անոր նախապատրաստուիլ
Հայաստանի վրայ յարձակումի:
Այս պատմական փաստաթուղթին արժէքն այն է, որ 1920-ին թրքական
կառավարութեան թշնամական դիրքորոշումը զարմանալիօրէն նման է անոր ներկայի
դիրքորոշման՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ: Ապշեցուցիչ զուգահեռներ
կան այն մասին, թէ Թուրքիան ինչպէ՛ս Հայաստանը կը դիտարկէր անցեալին եւ
ինչպէս կը վերաբերի այսօր: Նման բաղդատական վերլուծում մը կարեւոր է նաեւ
հասկնալու համար մտածելակերպը Ազրպէյճանի ղեկավարութեան, որ Թուրքիոյ
«կրտսեր գործընկերն» է: Գաղտնի փաստաթուղթը անմիջականօրէն կ՛առնչուի
վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետեւողական ջանքերուն` «Խաղաղութեան
պայմանագիր» ստորագրելու նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` այն համոզմամբ, թէ նման
թուղթի կտոր մը կրնայ կանխել Ազրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի վրայ:
Բազմաթիւ վախազդու զուգահեռներ նկատելի են 1920 թուականին գրուածին եւ այսօր
տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն միջեւ: Յատուկ կերպով կ՛ընդգծեմ թրքական
գաղտնի փաստաթուղթին այն հատուածները, որոնք մեր օրերուն եւս նոյնքան
չարագուշակ են․
«Կասկած չկայ, որ Հայաստանի զինադադարի առաջարկը այս պահուն, երբ ան
մեկուսացուած է թէ՛ արեւմտեան, թէ՛ արեւելեան աշխարհներէն, նպատակ ունի
խուսափիլ վրայ հասնող աղէտէն: Հազիւ զօրացած՝ Հայաստան բնականաբար պիտի
աշխատի իրականացնել Սեւրի պայմանագիրով իր վրայ դրուած Արեւելքի հետ մեր
կապը խզելու պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ յոյներուն հետ միասին պիտի վտանգէ
մեր կեանքն ու զարգացումը: Անկարելի է, որ Հայաստանը, որ կը գտնուի մեծ
իսլամական շրջանակի կեդրոնը, այդ դաժան ժանտարմի պարտականութենէն սրտի
համոզմունքով հրաժարի եւ որոշէ իր բախտը լիովին կապել Թուրքիոյ եւ իսլամութեան
հետ: Այդ պատճառով բացարձակ անհրաժեշտութիւն է, որ Հայաստանը
քաղաքականապէս ու նիւթապէս մէջտեղէն վերցուի: Ասոր հետ մէկտեղ, քանի որ այդ
նպատակի իրականացումը կախեալ է մեր հզօրութեան ընձեռած կարելիութենէն եւ
ընդհանուր քաղաքական իրադրութեան բարենպաստ ըլլալէն, ապա անհրաժեշտ է վերեւ
նշուած կարեւոր նախապայմաններու համաձայնեցուած նախապատրաստութիւն: Անկէ
կը բխի, որ քննարկման առարկայ չի կրնար ըլլալ հայերուն հետ պարզ զինադադարի
համաձայնութեան մը իբրեւ արդիւնք մեր ետ քաշուելը: Հայերուն փոխանցուող
զինադադարի հիմնադրոյթները ուղղուած պիտի ըլլան ոչ թէ Հայաստանէն դուրս
գալուն, այլ՝ հայերը մոլորեցնելուն եւ Եւրոպայի նկատմամբ խաղաղասէր երեւալուն:
Սակայն իրականութեան մէջ արդիւնքը պիտի ըլլայ մեր նպատակի աստիճանական
նախապատրաստութեան ու հասունացման համար անհրաժեշտ նախապայմաններու
ստեղծումը:
«Ներկայիս բացարձակ անհրաժեշտութիւն է զօրացրել հայկական բանակը եւ
բռնագրաւել անոր զէնքը` այդպիսով կարելիութիւն չտալով, որ վերականգնի անոր
ռազմական կառոյցը: Երկաթուղիները հսկողութեան տակ պահելու եւ իսլամ
բնակչութեան իրաւունքները պաշտպանելու պատրուակով անհրաժեշտ է մեր
ռազմական հսկողութիւնը հաստատել Հայաստանի ողջ տարածքին վրայ եւ այդպիսով
մեր ձեռքին մէջ պահել Թուրքիան Ազրպէյճանին կապող բոլոր ուղիները: Վերոնշեալ
նպատակը պէտք է իրականացնել քողարկուած ու փափուկ ձեւով` ինչպէս
խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան, այնպէս ալ անոնցմէ բխող
գործողութիւններուն մէջ` հայերուն համար մնայուն կերպով խաղաղասէր երեւելու
պայմանով։
«Ընդունումը սահմանին վերաբերեալ հանրաքուէ կատարելու սկզբունքին, որ կը
հանդիսանայ առաջին կէտը այսօր ձեզի ուղարկուած զինադադարի համաձայնագիրին,
զոր պէտք է փոխանցէք Հայաստանի կառավարութեան, կը բխի Հայաստանի հետ
սահմաններու վերջնական որոշումը խոչընդոտելու ձգտումէն: Կրնաք
ժամանակաւորապէս ընդունիլ Պրեստ Լիթովսքի սահմանագիծը, քանի որ նպատակ
դրուած է այդ հարցին մէջ հայերուն ձեռքէն նախ եւ առաջ սահմանի վերաբերեալ
գրաւոր առաջարկ ստանալ եւ այդպիսով խոչընդոտել բանակցութիւններու փակուղի
մուտքը: Սակայն անհրաժեշտ է յարատեւ միջամտութեան համար հող
նախապատրաստել` սահմանի միւս կողմը մնացող իսլամ փոքրամասնութեան
իրաւունքները պաշտպանելու պատրուակով: Պայմանագիրին մէջ պէտք է ներառել
կէտեր, որոնք պիտի ապահովեն կարելի եղածին չափ արագ թշնամիին ձեռքէն զէնքի
բռնագրաւումը եւ անոր բանակի զօրացրումը: Անհրաժեշտ է յատուկ ջանքեր
գործադրել քայլ առ քայլ տարածաշրջանի թուրքերը զինելու եւ ազգային զինուած
ուժեր ստեղծելու ուղղութեամբ: Անոնք իրարու պիտի կապեն Արեւելքն ու Արեւմուտքը
եւ Ազրպէյճանը դարձնեն ինքնուրոյն թրքական պետութիւն»:
Կան շարք մը մտահոգիչ նմանութիւններ 1920-ի թրքական փաստաթուղթին մէջ
արտայայտուած թշնամական մտադրութիւններուն եւ այսօրուան իրավիճակին միջեւ․
1․- Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստորագրուելիք «Խաղաղութեան
պայմանագիրը» չի խանգարեր նախագահ Ալիեւը իր բազմիցս յայտարարած
մտադրութիւնը իրականացնելէ` ներխուժելու եւ գրաւելու ամբողջ Հայաստանի
Հանրապետութիւնը, զոր ան կը կոչէ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»: Ալիեւի չարամիտ
մտադրութեան լաւագոյն ապացոյցը անոր մնայուն սպառնալիքներն են, որոնք
Հայաստանէն անվերջ զիջումներ կը պահանջեն: Որքան Նիկոլ Փաշինեան բաւարարէ
Ալիեւի փափաքները, այնքան Ալիեւի պահանջները պիտի աւելնան:
2․- Եթէ Փաշինեանն ընդունի Ալիեւի պահանջը` վերաբնակեցնել 300 հազար
ազրպէյճանցիներ Հայաստանի մէջ, ատիկա հաւանաբար պիտի նշանակէ Հայաստանի
Հանրապետութեան վերջը: Ալիեւ կրնայ ամէնէն դոյզն պատրուակն անգամ
օգտագործել իր զօրքերը Հայաստան ուղարկելու համար` իբր թէ իր հայրենակից
ազրպէյճանցիները պաշտպանելու նպատակով:
3․- 1920 թուականի փաստաթուղթին մէջ նշուած «մեր ձեռքը պահել Թուրքիան
Ատրպէյճանին կապող բոլոր ճամբաները» յղումը նման է «միջանցք»-ի ներկայի
պահանջին, ուր կ՛արտացոլայ Թուրքիոյ դարաւոր ձգտումը դէպի «Թուրանի
ճանապարհ»` կապելու Կեդրոնական Ասիոյ թուրքական հանրապետութիւնները
Թուրքիոյ։

