2028-ի Նախագահական Ընտրութիւններուն Ոչ մէկ Ամերիկահայ Պէտք Է Քուէարկէ Վենսի Օգտին
Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենս նախորդ շաբաթ այցելեց
Հայաստան եւ Ազրպէյճան։ Ասիկա Փաշինեանի, Ալիեւի եւ Թրամփի ի նպաստ
քարոզչական հնարք մըն էր, որուն ընթացքին արձանագրուեցան շարք մը կոպիտ
սխալներ եւ աղմկայարոյց իրադարձութիւններ։
Սկսելու համար, Վենս իր կնոջ հետ անակնկալ այցելութիւն տուաւ Հայոց
ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղեց՝ յարգանքի տուրք
մատուցելով 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակին։ Անմիջապէս ետք Վենս
իր թուիթըրեան էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարեց. «Այսօր
փոխնախագահ Վենս եւ Երկրորդ տիկին Ուշա Վենս Հայոց ցեղասպանութեան
յուշահամալիրին մէջ մասնակցեցան ծաղկեպսակի զետեղման արարողութեան՝
յարգելու 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը»։ Թանգարանի
յուշամատեանին մէջ փոխնախագահը գրեց. «Կորսուած կեանքերու հանդէպ
խորին յարգանքով՝ մենք կը պատուենք հայ ժողովուրդի տոկունութիւնն ու
անսասան ոգին։ Թող Ամերիկան եւ Հայաստանը միասին աշխատին յանուն
խաղաղութեան եւ փոխըմբռնման ապագայի մը»։
Սակայն յարգանքի այս խորին դրսեւորումը քիչ անց ստուերի մէջ մնաց՝ լուրջ
հակասութեամբ մը, երբ Վենսի գրառումը ջնջուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ
հաղորդագրութեամբ մը, ուր այլեւս բնաւ չէր յիշատակուեր «Հայոց
ցեղասպանութիւն» եզրոյթը. «Փոխնախագահը եւ Միացեալ Նահանգներու
Երկրորդ տիկինը ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին մօտ եւ ստորագրեցին
յուշամատեանին մէջ՝ Հայաստան կատարած իրենց այցելութեան վերջին օրը»։
Փոփոխուած բնագիրը հրապարակեց Վենսի մամլոյ քարտուղար Թէյլըր Վան
Քըրք։ Բացայայտ է, որ փոփոխութիւնը Քըրքի նախաձեռնութեամբ չէր եղած.
ամենայն հաւանականութեամբ, անիկա կատարուած էր Սպիտակ տան
հրահանգով՝ Թուրքիոյ ժխտողական վարչակարգի կոշտ բողոքէն ետք։
Վենսի գրառման փոփոխութեան պատճառը այն է, որ նախագահ Թրամփ 24
ապրիլ 2025-ի իր յայտարարութեան մէջ չօգտագործեց «Հայոց
ցեղասպանութիւն» եզրը, հակառակ անոր որ նախագահ Ճօ Պայտըն զայն
ճանչցած էր չորս տարի անընդմէջ։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի՛
հետեւանքներ կրնան արձանագրուիլ, երբ հայ համայնքի որոշ
ներկայացուցիչներ իրենց քուէն կու տան Ցեղասպանութիւնը ժխտողին։ Հայոց
ցեղասպանութեան վերաբերող յիշատակման ջնջումը այնքան վիրաւորական քայլ
մըն էր, որ ամերիկահայերը պէտք է հրաժարին Վենսի օգտին քուէարկելէ
2028-ի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն։
Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քերոլայն Լեւիթ, պատասխանելով Վենսի
գրառման խայտառակ ջնջման մասին հարցումի մը, խուսափեցաւ նիւթէն՝ առանց
նոյնիսկ արտասանելու «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերը։ Ան յայտարարեց.
«Այս պահուս քաղաքականութեան փոփոխութիւն չկայ», ինչ որ կը նշանակէ՝
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում չկայ։
Երեւանէն մեկնելէ առաջ Վենսի հարց տրուեցաւ իր գրառումէն «Հայոց
ցեղասպանութիւն» բառերուն ջնջման վերաբերեալ։ Ան տուաւ խուսափողական
պատասխան մը. «Իրենք ըսին, որ ասիկա մեզի համար շատ կարեւոր վայր մըն է,
եւ յայտնի է, որ ես առաջին (Միացեալ Նահանգներու) փոխնախագահն եմ, որ
երբեւէ այցելած է Հայաստան։ Իրենք խնդրեցին մեզմէ այցելել այդ վայրը։
Բացայայտ է, որ ասիկա շատ սարսափելի բան մըն է, որ պատահած է աւելի քան
100 տարի առաջ, եւ բան մը, որ իրենց համար մշակութային առումով շա՜տ
շա՜տ կարեւոր է»։
Այսպիսով, Վենս մէկուկէս միլիոն հայերու զանգուածային սպանդը վերածեց
«շատ սարսափելի բանի» մը եւ «իրենց համար մշակութային առումով շատ
կարեւոր բանի» մը։ Հեգնօրէն, Վենսի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան
վերաբերող գրառումին հեռացումը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ Միացեալ
Նահանգներու եւ միջազգային լրատուամիջոցներուն կողմէ, ներառեալ՝ Սի. Էն.
Էն.ի, «Ռոյթըրզ»-ի, «Ուոլ սթրիթ Ճըռնըլ»-ի եւ «Նիու Եորք Թայմզ»-ի։ Այդ
գրառումը ջնջելով՝ Սպիտակ տունը փաստօրէն աւելի մեծ ուշադրութիւն
հրաւիրեց խնդրին վրայ։
Երեւանի մէջ Վենսի՝ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութիւնը,
ըստ ամենայնի, նպատակ ունէր հաւասարակշռել Հայաստանէն ետք Պաքու
մեկնելով, այցելութիւնը «Նահատակներու պուրակ», որ Ազրպէյճանի ազգային
գերեզմանատունն ու յուշահամալիրն է՝ նուիրուած պատերազմներու ընթացքին
սպաննուած ազրպէյճանցի զինուորներուն։
Վենս այլ սխալ մը եւս գործեց՝ միջամտելով Հայաստանի ներքաղաքական
հարցերուն եւ բացայայտ աջակցութիւն յայտնելով Փաշինեանին՝ այս տարուան
յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ։ Ոչ
մէկ լուրջ քաղաքական գործիչ նման յանդգնութեամբ կը միջամտէր օտար երկրի
մը ընտրութիւններուն։ Երեւանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Վենս
նշեց. «Գիտեմ, որ յառաջիկային ընտրութիւններ կան։ Այդ մասին չեմ խօսիր,
բայց եթէ իմ աջակցութիւնս որեւէ նշանակութիւն ունի, ապա ան (Փաշինեանը)
անշուշտ ունի զայն, քանի որ ան այն մարդն է, որ կրնայ կառուցել
երկարաժամկէտ գործընկերութիւն՝ նման նախաձեռնութիւն մը կայուն դարձնելու
համար»։
Վենս նաեւ սխալեցաւ՝ Հայաստանը ներկայացնելով իբրեւ «աշխարհի
քրիստոնեայ հնագոյն երկիրներէն մէկը», փոխանակ գործածելու «հնագոյնը»
կամ «առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը» բնորոշումները։
Վենսի մէկ այլ յայտարարութիւնը Հայաստանի մէջ մեծ վիճաբանութեան դուռ
բացաւ։ Իրականութեան մէջ ատիկա ամերիկեան կողմին ընտրած թարգմանիչին
սխալն էր։ Երբ Վենս կը խօսէր Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստան 9
միլիառ տոլար արժողութեամբ հիւլէական փոքր բարդերու եւ մասերու
արտածման մասին, «արտածում» (export) բառը սխալմամբ թարգմանուեցաւ
որպէս «ներդրում» (investment)։ Իրականութեան մէջ ոչ թէ Միացեալ
Նահանգներն են, որ ներդրում կը կատարեն Հայաստանի մէջ, այլ Հայաստանը՝
Միացեալ Նահանգներու մէջ։ 9 միլիառ տոլարը հսկայական գումար է, որ
հաւասար է Հայաստանի ամբողջ տարեկան պիւտճէին։ Մինչ Վենս այս վաճառքը
կը ներկայացնէր որպէս կայացած գործարք, Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստանը
դեռ բանակցութիւններու մէջ է այլ երկիրներու հետ՝ մրցակցային առաջարկներ
ստանալու համար։
Մինչ Փաշինեան գիշեր-ցերեկ խաղաղութեան մասին կը խօսի, Ալիեւ կը
շարունակէ Հայաստանէն նոր զիջումներ պահանջել եւ կը հրաժարի ստորագրել,
այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան պայմանագիրը»։ Միեւնոյն ժամանակ
Ազրպէյճան կեղծ մեղադրանքներով Պաքուի բանտերուն մէջ կը պահէ Արցախի
նախկին ղեկավարները՝ յայտարարելով, թէ հայ պատանդները աւելի ծանր
յանցանքներ գործած են, քան՝ նացիները։
Անսպասելիօրէն Փաշինեան յայտնեց, որ Վենսի հետ քննարկած է հայ
բանտարկեալներու հարցը։ Վենս աւելցուց, որ կը պատրաստուի այդ հարցը
բարձրացնել Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ, իսկ վերջինս ալ հաստատեց,
որ Վենս իրեն հետ իսկապէս խօսած է բանտարկեալներու մասին։
Այսուհանդերձ, իրականութիւնն այն է, որ Վենս Պաքուէն վերադարձաւ առանց
կարենալ ազատելու ոեւէ հայ պատանդ։
Աւելի՛ն. Վենս չհանդիպեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ եւ
չայցելեց Հայաստանի մէջ կալանաւորուած հայ եպիսկոպոսներուն։ Վստահելի
աղբիւրներու համաձայն, Հայաստանի կառավարութիւնը խնդրած է Վենսէն, որ
Հայաստան այցելութեան ընթացքին չհանդիպի վեհափառին։
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ Վենս որեւէ խօսք չըսաւ՝ քննադատելու
Փաշինեանի եւ Ալիեւի հակաժողովրդավարական քաղաքականութիւնը։ Ան
յիշատակեց Ալիեւի կինը՝ Մեհրիպանը, որ Ազրպէյճանի փոխնախագահի
պաշտօնը կը վարէ, նշելով. «Յոյսով եմ, որ ասիկա Միացեալ Նահանգներու
Երկրորդ տիկնոջը որեւէ գաղափար չի տար»։ Այս արտայայտութիւնը
դժգոհութիւն առաջացուց Վենսի ազրպէյճանցի հիւրընկալներուն մօտ եւ
գրաքննուեցաւ Ազրպէյճանի պետական պատկերասփիւռի կայանին կողմէ։

