Երուսաղէմի Պատրիարքարանի Ընդհանուր Ժողովը Կը Մերժէ Իսրայէլացի Ներդրողին Հետ Կնքուած Վարձակալութեան Պայմանագրութիւնը

Յարութ Սասունեան
Այս վերջին դրուագն է վէճին մէջ «Կովերու պարտէզ»-ը, որ կը կազմէ Երուսաղէմի պատրիարքարանի Հայկական թաղամասին գրեթէ 25 տոկոսը, իսրայէլացի ներդրողին վարձու տալու:
2021-ին հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան պայմանագիր կնքած է իսրայէլացի գործարարին հետ` 98 տարիով վարձակալութեան յանձնելու պատրիարքարանի 11.500 քառակուսի մեթր տարածքը` շքեղ պանդոկ մը կառուցելու նպատակով:
Հակառակ բազմաթիւ խնդրանքներուն` ո՛չ ես, ո՛չ ալ հայ հասարակութիւնը կրցանք տեսնել պայմանագիրին պատճէնը: Չենք տեսած նաեւ պատրիարքարանին եւ Երուսաղէմի հայ համայնքին կողմէ վարձակալութեան վաւերականութիւնը վիճարկող երկու դատական դիմումներուն պատճէնները: Աւելի՛ն. հայ համայնքի փաստաբանները պատրաստած են 184 էջերէ բաղկացած փաստահաւաք զեկոյց մը, որ նոյնպէս գաղտնի պահուած է: Չունինք նաեւ իսրայէլացի ներդրողին կողմէ տեղւոյն հայ համայնքին դէմ ներկայացուած հակընդդէմ հայցին պատճէնը:
Կարեւոր է գիտնալ պայմանագիրին պայմանները: Պատրիարքը ճիշդ ի՞նչ համաձայնած է տալ իսրայէլացի ներդրողին: Ի՞նչ փոխհատուցում խոստացած է իսրայէլացի ներդրողը պատրիարքարանին վարձակալութեան դիմաց: Արդեօք պայմանագիրը կ՛արտօնէ՞ միակողմանի չեղարկում, թէ՞ դադրեցումը կը պահանջէ երկուստեք համաձայնութիւն: Ի՞նչ խախտումներու մէջ կը մեղադրուէին իսրայէլացի ներդրողն ու հայոց պատրիարքարանը բարձրացուած դատերուն մէջ:
Այս կարեւոր փաստաթուղթերը գաղտնի պահելու առումով ամէնէն մտահոգիչը այն է, որ կողմերը այս վէճը կը նկատեն անձնական հարց: Բայց եւ այնպէս, պատրիարքարանին ունեցուածքը կը հետաքրքրէ ամբողջ հայ ժողովուրդը, եւ ոչ թէ՝ միայն պատրիարքարանը կամ տեղւոյն համայնքը: Դարեր շարունակ աշխարհի տարբեր ծագերէն հայ ուխտաւորներ կատարած են առատաձեռն նուիրատուութիւններ, որոնք կարելիութիւն տուած են պատրիարքարանին ձեռք ձգել այդ ունեցուածքներէն շատեր:
Դատերուն բովանդակութիւնը գաղտնի պահելը անիմաստ է: Որեւէ դիմում դատարան ներկայացնելով՝ պաշտպանողը կը ստանայ անոր պատճէնը: Հետեւաբար թէ՛ հայ մեղադրողները, եւ թէ՛ իսրայէլացի պաշտպանեալ կողմը գիտեն դատական հայցերուն բովանդակութեան մասին: Անտեղեակ են միայն աշխարհասփիւռ հայերը:
Աւելի՛ն. նկատի ունենալով Արեւելեան Երուսաղէմի վիճարկուող քաղաքական կարգավիճակը՝ այս վարձակալութիւնը կարեւոր է միջազգային հանրութեան, որուն մէջ՝ պաղեստինցիներուն, արաբական կառավարութիւններուն, Իսրայէլի պետութեան եւ բոլոր հայերուն, մասնաւորաբար` Երուսաղէմի նօսրացող հայ համայնքին համար: Զարմանալի չէ, որ Պաղեստինի իշխանութիւնը բողոքի խիստ նամակ յղած էր հայոց պատրիարքարանին` պատրիարքարանի սեփականութեան մէկ հսկայ հատուածը իսրայէլացի ներդրողի վերահսկողութեան տակ դնելու որոշման վերաբերեալ:
Երուսաղէմի պատմական պահապան Յորդանանի թագաւորը եւ Պաղեստինի ազգային ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասը հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն՝ մեղադրելով պատրիարքը, միաժամանակ կասեցնելով արքեպիսկոպոս Մանուկեանի ճանաչումը՝ իբրեւ Երուսաղէմի, Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի Հայ եկեղեցւոյ պատրիարք: Պաղեստինի ինքնավարութեան ներկայացուցիչը նոյնիսկ խոստացած էր վճարել վարձակալութեան պայմանագիրը չեղարկելու պարագային նախատեսուած տուգանքը:
2021 թուականի պայմանագիրը ստորագրած են՝ պատրիարքը, պատրիարքարանի գլխաւոր լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիբեանը եւ պատրիարքարանի կալուածքներու տեսուչ Պարետ ծ. վրդ. Երէցեանը: Վէճի բռնկումէն ետք պատրիարքը Պարետ ծ. վարդապետը դարձուց քաւութեան նոխազ եւ կարգալոյծ ըրաւ զայն՝ մեղադրելով խաբէութեան մէջ: Անհաւատալի է` պատրիարքը կը պնդէր, որ պայմանագիրը ստորագրած է առանց զայն կարդալու: Եթէ ան չստորագրէր, միւս երկու ստորագրութիւնները ոչ մէկ իմաստ պիտի ունենային։ Պատրիարքը ինչպէ՞ս կրնայ 98 տարուան վարձակալութեան պայմանագիր կնքել պատրիարքարանի տարածքին 25 տոկոսին վերաբերեալ` առանց նախապէս զայն կարդալու կամ առնելու իրաւական կարծիքը իր փաստաբաններուն, որոնք, ըստ լուրերուն, ներկայ եղած են: Աւելի՛ն. նման երկարաժամկէտ վարձակալութեան պայմանագիրի կնքումը՝ առանց Ընդհանուր ժողովի հաստատման, խախտում է պատրիարքարանի կանոնադրութեան: 2021 թուականին պատրիարքարանի միաբանութեան 17 անդամները, որոնք կը կազմեն անոր գերագոյն մարմինին մեծամասնութիւնը, երկու յայտարարութիւն հրապարակեցին վարձակալութեան դէմ` պնդելով, որ պատրիարքը լիազօրութիւններ չունէր զայն ստորագրելու:
Վերջին ամիսներուն իսրայէլացի ներդրողը եւ հայոց պատրիարքարանը քանի մը անգամ հանդիպած են 2021 թուականի պայմանագիրը վերատեսութեան ենթարկելու համար` առաջարկելով կրճատել վարձակալութեան պայմանները, օրինակ` տարածքը 11.500 քառակուսի մեթրէն նուազեցնել մինչեւ 7200 քառակուսի մեթրի: Տեղւոյն համայնքը դէմ եղած է առաջարկուող վերատեսութեան` վախնալով, որ անոր համաձայն գտնուելով՝ պիտի վաւերացնէ 2021 թուականի սկզբնական վարձակալութեան պայմանագիրը:
Նախորդ շաբաթ 20 ականաւոր իսրայէլացի գիտնականներ, իրաւաբաններ եւ մշակութային գործիչներ հրատապ յայտարարութիւն տարածեցին` աջակցելով Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին եւ մերժելով «Կովերու պարտէզ»-ի վարձակալութեան պայմանագիրը:
Վերջապէս, պատրիարքարանի Ընդհանուր ժողովի 28 անդամները՝ աշխարհի տարբեր ծագերէն, 24 սեպտեմբերին համախմբուեցան Երուսաղէմի մէջ՝ առաջարկուող վերատեսութեան ենթարկուած վարձակալութեան պայմանագիրի վերաբերեալ պաշտօնական դիրքորոշում որդեգրելու նպատակով:
Երկար քննարկումներէ ետք Ընդհանուր ժողովի անդամներուն ճնշող մեծամասնութիւնը որոշեց.
1) Եղբայրութեան անդամներուն կողմէ հոկտեմբեր 2021-ին եւ 15 նոյեմբեր 2021-ին գործարքը դատապարտող յայտարարութիւնները կը մնան ուժի մէջ եւ պարտաւորեցնող են:
2) 2021 թուականի յուլիս 8-ին ստորագրուած «Կովերու պարտէզ»-ի 2021 թուականի վարձակալութեան պայմանագիրը կը նկատուի անօրինական, հակականոնագրային եւ անվաւեր` Ընդհանուր ժողովի հաստատման բացակայութեան պատճառով:
3) Ընդհանուր ժողովը պաշտօնապէս կը մերժէ թէ՛ յաւելուածը, թէ՛ միջնորդութեամբ ձեռք բերուած հաշտութեան համաձայնագիրը:
4) Ստեղծուած է հինգ հոգեւորականներէ կազմուած յանձնաժողով, որ պատրիարքարանի իրաւաբանի հետ պիտի շարունակէ հետապնդել իսրայէլացի ներդրող «Xana Gardens» ընկերութեան դէմ ներկայացուած չեղարկման հայցը:
Կը մնայ տեսնել, թէ ի՛նչ որոշում պիտի տայ իսրայէլեան դատարանը պատրիարքին կողմէ 2021 թուականին ստորագրուած վարձակալութեան պայմանագիրի օրինականութեան վերաբերեալ: