Փաշինեան Կը Սխալի․ Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ․ Կան Միայն 1918 եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Յարութ Սասունեան
Նախորդ ամիս կայացած Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան համաժողովին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ յայտարարեց նոր խորամանկ քայլի մը մասին` յաջորդ տարի ստեղծել Հայաստանի չորրորդ Հանրապետութիւնը:
Չբաւարարուելով իր բազմակի փորձերով` ջնջելու Հայաստանի քանի մը հազարամեայ պատմութիւնը եւ մոլորութեան մէջ նետելու ժողովուրդը, թէ՝ Հայաստանը սկսած է գոյութիւն ունենալ 2018-ին իր իշխանութեան գալով, Փաշինեան այժմ կը փափաքի քօղարկել իր եօթնամեայ աղիտալի կառավարման հետեւանքները եւ 2026-ին ամէն ինչ վերսկսիլ։
Անկախ անկէ՝ Փաշինեանին հաճելի կը թուի կամ ոչ, անկարելի է մոռնալ Հայաստանի բազմադարեան գոյութիւնը` սկսած հնագոյն թագաւորութիւններէն, Կիլիկիոյ թագաւորութեան հիմնադրութիւն՝ 1078-ին, Հայաստանի առաջին անկախ Հանրապետութիւն` 1918-1920-ին, եւ Հայաստանի երկրորդ անկախ Հանրապետութիւն՝ 1991-ին:
Եթէ նկատեցիք, ես զանց առի Խորհրդային Հայաստանը: Արդարեւ, հակառակ անոր որ այդ ժամանակաշրջանին հայ ժողովուրդը ունեցած է մշակութային բազմաթիւ նուաճումներ, բայց եւ այնպէս Խորհրդային Հայաստանը ինքնիշխան, անկախ պետութիւն չէր, քանի որ անիկա Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէր: Հետեւաբար, Խորհրդային Հայաստանը չի կրնար նկատուիլ Հայաստանի երկրորդ Հանրապետութիւն: Գոյութիւն ունեցած են միայն ու միայն երկու անկախ հայկական հանրապետութիւններ` առաջինը` 1918-ին, եւ երկրորդը` 1991-ին: Փաշինեանի չորրորդ Հանրապետութեան ստեղծման ծրագիրը կրկնակի սխալ է, քանի որ երրորդ հանրապետութիւն չէ եղած, հետեւաբար չի կրնար ըլլալ չորրորդը:
Անկախ այն հնարքներէն, զորս Փաշինեան կը կիրարկէ իր չարագործութիւնները ծածկելու, հայ ժողովուրդը չի կրնար մոռնալ, որ՝
– Ան պատասխանատու է Արցախի կորուստին, հազարաւոր հայ զինուորներու մահուան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կորուստներուն:
– Ան անպատասխանատու հարցադրումներ կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի ազատագրութեան վերաբերեալ:
– Ան քննադատաբար խօսած է Հայաստանի սրբազան հայրենասիրական խորհրդանիշերուն մասին, որոնց կարգին՝ զինանշանին, քայլերգին եւ Արարատ լերան:
– Ան լռելեայն համաձայն է Ազրպէյճանի պահանջներուն եւ շարք մը զիջումներ կատարած է նախագահ Ալիեւին, ներառեալ՝ նոր սահմանադրութեան պատրաստութիւնը, Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի դէմ միջազգային դատարաններուն մէջ ներկայացուած դատերէ հրաժարիլը, ԵԱՀԿ Մինսքի միջնորդական խումբի լուծարումը, Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանին օգնութեան արգելքի վերացումը, ԵՄ դիտորդներու հեռացում Հայաստանէն եւ Հայաստանի տարածքով Ազրպէյճանին «անխոչընդոտ» հաղորդակցութեան ուղիի տրամադրումը։
Փաշինեան այս բոլոր սարսափելի քայլերուն դիմած է կեղծ «Իրական Հայաստան» ստեղծելու պատրուակով, սակայն` Հայաստանի թշնամիներու պահանջներուն համապատասխան: Ան կը փորձէ իրականացնել այն, ինչ որ չեն յաջողած ընել Թուրքիան ու Ազրպէյճանը՝ հայերուն սրտերէն եւ մտքերէն ջնջել պատմական Հայաստանի վերականգնման երազը, որ կը ներառէ Արեւմտեան Հայաստանն ու Արցախը: Ազրպէյճանն ու Թուրքիան գրաւած են մեր հողերը, բայց անոնք երբեւէ չեն կրնար ջնջել մեր յիշողութիւնը: Միայն մեր կորսնցուցած տարածքները չմոռնալով եւ զանոնք վերագտնելու յանձնառութեամբ` երբ յարմար պահ ըլլայ, կրնանք իրականացնել մեր երազանքը: Հրեաները 2000 տարի երազած են վերադառնալ Իսրայէլ եւ այդ փափաքը փոխանցած են յաջորդող սերունդներուն, մինչեւ 1948 թուականին յարմար պահ եղաւ, եւ անոնք ստեղծեցին իրենց սեփական պետութիւնը: Եթէ հրեաները կրցած են 2000 տարի վառ պահել իրենց երազը, ինչո՞ւ հայ ժողովուրդը չի կրնար նոյնը ընել: Անոնք, որոնք կ՛ըսեն, թէ անկարելի է իրականութիւն դարձնել մեր երազը, քանի որ հզօր թշնամիները գրաւած են մեր հողերը, չեն հասկնար, որ ես չեմ խօսիր վաղը առաւօտ իսկ տարածքներու վերականգնման մասին, այլ ապագային, երբ տարածաշրջանի իրավիճակը փոխուի: Ոչ մէկ երկիր յաւերժ հզօր կը մնայ: Եթէ հայերը հրաժարին իրենց հողերը երբեւէ վերագտնելու յոյսէն, անոնք կ՛ընեն թշնամիին ուզածը: Երբ կը հրաժարիս քու երազէդ եւ զայն չես փոխանցեր յառաջիկայ սերունդներուն, չես կրնար օգտուիլ տուեալ պահու ստեղծուած կարելիութենէն։ Մի՛ մեղադրէք ազրպէյճանցիներն ու թուրքերը, դո՛ւք էք, որ կը հրաժարիք ձեր բոլոր սեփականութիւններէն։
Փաշինեան խորամանկութեամբ կը շարունակէ կրկնել «խաղաղութիւն» բառը` ժողովուրդը մոլորեցնելու եւ յաջորդ տարուան ընտրութիւններուն զանոնք ստիպելու, որ վերընտրեն իր խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, այդպիսով ալ հինգ տարի եւս մնալով իբրեւ վարչապետ:
Հայաստանը անդունդի եզրէն փրկելու համար Հայաստանի քաղաքացիներէն կը պահանջուի երկու կարեւոր բան.
1. Ընտրել ձեռնհաս եւ հայրենասէր ղեկավար մը, որ պիտի կարենայ աստիճանաբար ուղղել Փաշինեանի սխալները:
2. Կեդրոնացնել Հայաստանի պաշարներն ու կարողականութիւնը` ստեղծելու ռազմականապէս այնպիսի հզօր պետութիւն, որ կրնայ պաշտպանուիլ թշնամի դրացիներէն: Լաւ զինուած Հայաստան մը կրնայ բաւարար վնաս հասցնել` կանխելու թշնամիին յարձակումները: Եթէ չպաշտպանենք մեր սահմանները, թշնամիները պիտի կարենան մտնել եւ գրաւել Հայաստանը առանց մէկ կրակոցի իսկ:
Յաջորդ հայրենասէր կառավարութիւնը պէտք է չեղեալ յայտարարէ Փաշինեանի կողմէ ստորագրուած բոլոր անօրինական համաձայնագիրներն ու զիջումները: Ներկայիս ինչ որ կը ստորագրէ եւ կու տայ, խորքի մէջ թուղթի անիմաստ կտոր մըն է։
Բոլոր ընդդիմադիր խումբերն ու կուսակցութիւնները պէտք է միաւորուին եւ ձեւաւորեն հզօր համախոհութիւն` 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն պարտութեան մատնելու Փաշինեանի կուսակցութիւնը:
Յաջորդ տարուան հանրաքուէին ընթացքին Հայաստանի քաղաքացիները պէտք է մերժեն Փաշինեանի նոր սահմանադրութիւնը, որ պարտադրուած է Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի կողմէ։ Ասիկա պիտի խափանէ Փաշինեանի եւ Ալիեւի աղէտաբեր ծրագիրները, քանի որ Ալիեւ յայտարարած է, որ չի ստորագրեր այսպէս կոչուած խաղաղութեան պայմանագիրը, եթէ Հայաստան չփոխէ իր սահմանադրութիւնը:
Հակառակ անոր որ Փաշինեանի կառավարման օրօք Հայաստան շատ բան կորսնցուց, սակայն ամէն ինչ կորսուած չէ: Տակաւին կայ կարելիութիւն փրկելու երկիրը` թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին թշնամիներէն: