Թաքեր Քարլսըն Միլիոնաւոր Ամերիկացիներուն Դիմաց Կը Բացայայտէ Փաշինեանի Յարձակումը Հայոց Եկեղեցւոյ Վրայ
Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Եօթը տարի շարունակ Արեւմուտքը լիովին հանդուրժած է վարչապետ Նիկոլ
Փաշինեանը` արտօնելով անոր ամէն տեսակի հակաժողովրդավարական քայլերու
համար խուսափիլ պատասխանատուութենէն, այսպէս կոչուած, Ազատ աշխարհին
կողմէ առանց որեւէ բողոքի:
Փաշինեանը կը յայտարարէ, որ Արեւմուտքը կ՛աջակցի իր կառավարութեան,
քանի որ ինք ժողովրդավարութիւն բերաւ Հայաստան, մինչդեռ իրականութեան
մէջ ան հաստատեց միանձնեայ իշխանութիւն, որ նման է բռնատիրական
վարչակարգի:
Արեւմտեան երկիրները՝ առանց որեւէ քննադատութեան, կ՛աջակցին
Փաշինեանին ոչ թէ անոր համար, որ նշանակալի ներդրում ունեցած է ի նպաստ
Հայաստանի, այլ որովհետեւ ան կը սպասարկէ իրենց շահերուն: Ամբողջ
աշխարհը, որոնց կարգին՝ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, մեծ ուրախութեամբ
կ՛ընդունին Փաշինեանի մնայուն զիջումները, որոնք կարելիութիւն կու տան
անոնց՝ իրենց կամքը պարտադրել Հայաստանին:
Նախորդ շաբաթ ամերիկացի պահպանողական քաղաքական մեկնաբան Թաքեր
Քարլսըն բացայայտեց Փաշինեանին կեղծ ժողովրդավարական դիմակը`
միլիոնաւոր ամերիկացիներու դիմաց: «Ֆոքս Նիուզ»-ի նախկին նշանաւոր
լրագրող Քարլսըն ներկայիս կը վարէ «Թաքեր Քարլսըն շօ»-ն, որ ունի շուրջ
հինգ միլիոն դիտորդ «ԵուԹիուպ»-ի մէջ եւ երեք միլիոն՝ Դիմատետրի վրայ։
80 վայրկեան տեւած հարցազրոյցին ընթացքին Քարլսըն զրուցեց Նարեկ
Կարապետեանի` եղբօրորդիին հետ գործարար Սամուէլ Կարապետեանին, որ
Փաշինեանի կողմէ բանտարկուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ
պաշտպանութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ անոր փաստաբան Պոպ Ամսթըրտամի
հետ: Փաշինեանին կողմնակիցները փորձեցին վարկաբեկել հարցազրոյցը`
անճշդօրէն պնդելով, որ Կարապետեան 400 հազար տոլար վճարած է
Քարլսընին:
Հեռարձակման առաջին 48 ժամուան ընթացքին հարցազրոյցը «Էքս»-ի վրայ
դիտած է շուրջ 3 միլիոն անձ` 15 հազար հաւանումով, 5 հազար
վերահրապարակմամբ եւ 2500 մեկնաբանութեամբ: «ԵուԹիուպ»-ի վրայ
զրոյցը դիտած է շուրջ 330 հազար հոգի, անիկա ցարդ հաւաքած է 15 հազար
հաւանում եւ 4 հազար մեկնաբանութիւն: Դիմատետրի վրայ հարցազրոյցը
դիտած է 75 հազար հոգի, ստացած է 1800 հաւանում եւ 400
մեկնաբանութիւն: Բացի ատկէ, հազարաւոր անձեր զրոյցը դիտած են զայն նաեւ
կիսած Դիմատետրի եւ «Ինսթակրամ»-ի էջերուն վրայ:
Զրոյցը սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան փաստերու քննարկումով, որուն
ընթացքին Քարլսըն սպաննուած հայերը նկարագրեց իբրեւ «քրիստոնեայ
նահատակներ»:
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Փաշինեանի դերին՝ Քարլսըն նշեց․
«Հայաստանի վարչապետը, կարծես, նպատակ ունի ոչնչացնել աւանդական
քրիստոնէութիւնը կամ Եկեղեցին»: Նարեկ Կարապետեան պատասխանեց․ «Վեց
ամիս առաջ մեր վարչապետը սկսաւ յարձակիլ Հայոց եկեղեցւոյ եւ անոր
առաջնորդին վրայ: Ան կ՛ուզէ գահընկէց ընել զայն եւ արդէն բանտարկած է
երեք արքեպիսկոպոսներ»:
Ան պարզաբանեց, որ բարերար Սամուէլ Կարապետեանը ձերբակալուած է
Փաշինեանին հրամանով, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին
յայտարարելէ ետք, որ՝ «Փոքրիկ խմբակ մը՝ մոռնալով հայ ժողովուրդին եւ
Հայոց եկեղեցւոյ հազարաւոր տարիներու պատմութիւնը, յարձակած է Եկեղեցւոյ
եւ ժողովուրդին վրայ: Եթէ քաղաքական գործիչները չկարենան լուծել այս
հարցը, մենք մեր ձեւով կը մասնակցինք անոր կարգաւորման»: Փաշինեան նաեւ
հրամայած է բռնագրաւել Կարապետեանին ընկերութիւնը, որուն արժէքը կը
գնահատուի աւելի քան կէս միլիառ տոլարով:
Քարլսըն յայտարարեց․ «Այս վարչապետը, որ, ըստ սահմանման, ակնյայտօրէն
բռնապետ է, կը հակադրուի Եկեղեցւոյ: Այսպիսով, անոր նպատակը Հայաստանի
մէջ ուղղափառ եւ աւանդական քրիստոնէութեան ողնաշարը կոտրելն է` ասոր
համար օգտագործելով ոստիկանութիւնը»:
Նարեկ Կարապետեան պատասխանեց․ Փաշինեան այս քայլերուն կը ձեռնարկէ,
քանի որ ան՝ «Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն կը ստանայ պատգամներ, թէ պէտք
է փոխել Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, մոռնալ Ցեղասպանութիւնը եւ ունենալ նոր
եկեղեցական առաջնորդ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան
համաձայնագիր կնքելու համար»:
Այնուհետեւ Քարլսըն զրուցեց Սամուէլ Կարապետեանի փաստաբան Պոպ
Ամսթըրտամին հետ, որ ըսաւ. «Նոյեմբեր 14-15-ին Հայաստանի մէջ աղօթքի
նախաճաշ պիտի կատարուի․․․ մինչդեռ իմ պաշտպանեալս` Սամուէլ
Կարապետեանը, բանտն է: Արքեպիսկոպոսներ բանտարկուած են,
հոգեւորականներ բանտարկուած են: Երկրի ղեկավարը կը փորձէ պառակտել
Եկեղեցին` մասնակցելով «պատարագին» այն կարգալոյծ քահանային, որ
յայտարարած է, թէ կը պատրաստուի հեռացնել Եկեղեցւոյ առաջնորդը: Այս
մարդը կը մեծարեն ամերիկացի քրիստոնեաները Երեւան, Հայաստանի մէջ:
Մարդ մը, որ հոգեւորականները կը կոչէ մարմնավաճառներ, մարդ մը, որ
կ՛օգտագործէ այնպիսի խօսքեր, որոնք իմ յառաջացած տարիքիս երբեք չեմ լսած
որեւէ ղեկավարի կողմէ՝ Եկեղեցւոյ առաջնորդներուն հասցէին ուղղուած: Եւ
շատ զարմանալիօրէն այս աղօթքի նախաճաշը պիտի շարունակուի: Ես զայն կը
կոչեմ համբաւի լուացման նախաճաշ: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնն
ալ կ՛արտօնէ, որ ասիկա տեղի ունենայ»։
Անդրադառնալով աղօթքի նախաճաշին` Ամսթըրտամ աւելցուց․ «Կը կարծեմ՝
Թրամփի զաւակներէն մէկը կը պատրաստուի մեկնիլ Հայաստան: Վստահ եմ, որ
Տանըլտ Թրամփ Կրտսերը եւս գաղափար չունի, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ
տեղի կ՛ունենայ հոն: Ասիկա սարսափելի իրավիճակ է, քանի որ կարելի չէ
հասնիլ լրատուամիջոցներուն եւ ըսել ճշմարտութիւնը: Միացեալ Նահանգներու
մէջ շատ բարձր պաշտօններ վարող մարդիկ կը գործեն անտեղեակ վիճակի մէջ
եւ կը փորձեն մաքրել հեղինակութիւնը այնպիսի մարդոց, ինչպիսին է՝
Փաշինեանը: Հայաստանի մէջ անոնք ոչ միայն եպիսկոպոսներ ձերբակալած են,
այլ նաեւ՝ երեք քաղաքապետներ, որոնք արտայայտած են իրենց դիրքորոշումը եւ
կը նկատուին ոչ բաղձալի, ինչպէս նաեւ ձերբակալած են կաթողիկոսին
ընտանիքին անդամները՝ եղբայրն ու այլ հարազատ մը, կրկին` ամբողջովին
կեղծ մեղադրանքներով»:
Ամսթըրտամ ապա դժգոհութիւն յայտնեց, որ Փաշինեանի վրայ ճնշում կը
բանեցուի՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու համար`
«Հայաստանի ժողովուրդի հսկայական կորուստներու հաշուոյն: Կը կորսուին եւ
կը պղծուին մշակութային եւ եկեղեցական արժէքներ: Ազրպէյճանէն վտարուած
են 120 հազար (արցախցիներ), եւ ոչ ոք կը մտածէ անոնց մասին: Պաքուի մէջ
ունինք 23 քրիստոնեայ (հայ) պատանդներ, իսկ Հայաստանի վարչապետը
նոյնիսկ չի յիշատակեր զանոնք Թրամփի հետ հանդիպման ժամանակ: Թրամփ
բարձրացուցած է այդ հարցը: Ապշեցուցիչ է, որ Հայաստանի վարչապետը
կարծես կը մերժէ իր սեփական Հայոց պատմութիւնը: Անոնք Արարատ լեռը
հանած են անձնագրային կնիքներէն: Չեն խօսիր Ցեղասպանութեան մասին: Կը
յարձակին Եկեղեցւոյ վրայ: Երկրին ղեկավարը կ՛ուզէ հեռացնել եւ նշանակել
կաթողիկոս: Ի հարկէ ան չի հասկնար՝ ի՛նչ է առաքելական Եկեղեցին:
Առաքելական Եկեղեցի ըլլալու համար անհրաժեշտ է կենդանի կապ ունենալ
առաջին առաքեալներուն հետ․ այդ կը նշանակէ, որ ընտրութիւնը պէտք է
սրբագործուի եպիսկոպոսներուն ու Եկեղեցւոյ առաջնորդներուն կողմէ եւ ոչ թէ
քաղաքական գործիչի կամ աշխարհիկ իշխանութեան: Զարհուրելի է, որ ան
այսքան անտեղեակ է իր իսկ հաւատքէն»:
Քարլսըն արձագանգեց․ «Ըստ երեւոյթին, ատիկա անոր կրօնը չէ: Այսինքն ան
կարծես հաւատացեալ չէ»:
Ամսթըրտամ աւելցուց․ «Սամուէլ Կարապետեանը լիովին սկզբունքային
քրիստոնեայ է, որ արդէն հինգերորդ ամիսն է, որ կը գտնուի բանտը՝ առանց
որեւէ մեղքի, բացի Աստուած փառաբանելէ։ Եւ ինքնին ատոր համար ալ ան
բանտն է»։
Այնուհետեւ Ամսթըրտամ քննադատեց Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնն
ու Եւրոպական Միութիւնը՝ Փաշինեանին աջակցելու համար․ «Մեր
կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ, անկեղծ ըսեմ, Եւրոպական Միութիւնը որոշած
են գործել այն սրիկայ մարդուն (Փաշինեանի) հետ, որուն արդէն կը ճանչնան»։
Հարցազրոյցի աւարտին Ամսթըրտամ կոչ ուղղեց հանրութեան՝ ծանօթանալու
«Նիկոլ Փաշինեանը եւ Սամուէլ Կարապետեանի ու Հայ առաքելական սուրբ
եկեղեցւոյ հալածանքները» վերնագիրով 61 էջնոց Սպիտակ գիրքին, որ
հասանելի է առցանց` freekarapetyan.com կայքին վրայ:

