2025-ին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը Հայաստանին հայթայթած է $41 միլիոն արժէքով, իսկ Լիբանանին՝ $4 միլիոն արժէքով դեղորայք
Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա – 2025-ի ընթացքին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $45 միլիոն ընդհանուր
արժէքով՝ կեանք փրկող եւ զանազան տեսակի դեղորայք ու բժշկական պիտոյքներ նուիրած է
Հայաստանին ($41 միլիոն) եւ Լիբանանին ($4 միլիոն)։
Այս դեղերն ու պիտոյքները Հայաստան եւ Լիբանան ուղարկուած են օդային ու ծովային 30 անջատ
առաքումներով։
«Չափազանց բարձր կը գնահատենք այս արժէքաւոր դեղերն ու պիտոյքները, նուիրուած՝
ամերիկեան բազմաթիւ առեւտրական մեծ ընկերութիւններու եւ բարեգործական
կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք կը հանդիսանան Հայաստան Արցախ Ֆոնտի երկարամեայ
գործընկերները», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեան։
Անցեալ 36 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական
Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են աւելի քան 1.1 միլիառ տոլար ընդհանուր
արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 168 թռիչքներով եւ 2,624 ծովային արկղերով։
«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի, բոլորովին անվճար կերպով,
միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», Սասունեան յայտնեց։
«Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք
շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի բոլոր բժշկական
կեդրոններուն։ Հայաստան Արցախ Ֆոնտին յատկացուած բոլոր նուիրատուութիւնները տուրքէ
զերծ են (tax-deductible)»։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտին, անոր իմէյլի
հասցէով՝ sassoun@pacbell.net։
# # #

