Թուրքիոյ Կողմէ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները 1930-1941 Թուականներուն
Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Այս գրութիւնը երկրորդ մասն է Թուրքիոյ կողմէ հայերու, ասորիներու, յոյներու
եւ հրեաների հետապնդումներու եւ մարդու իրաւունքներու համակարգուած
խախտումներու երեք մասերէ բաղկացած յօդուածին, զոր գրած է թուրք
պատմաբան Այշէ Հիւրը։
– 1930 սեպտեմբեր 18. Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Մահմուտ
Էսաթ Պոզքուրթը հանդէս եկաւ իր նշանաւոր հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Իմ
կարծիքս ու համոզումս այն է, որ այս երկիրը բացարձակապէս թրքական է:
Անոնք, որոնք զտարիւն թուրքեր չեն, թրքական հայրենիքին մէջ ունին միայն մէկ
իրաւունք` ըլլալ ծառայ, ըլլալ ստրուկ»:
– 1930 հոկտեմբեր. Քաղաքապետարանի ընտրութիւններուն ատեն նորաստեղծ
Ազատ հանրապետական կուսակցութեան (SCF) ցանկին մէջ ընդգրկուած էին
վեց յոյն, չորս հայ եւ երեք հրեայ թեկնածուներ։ Այս պատճառով իշխող
Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը (CHP) սկսաւ կատաղի
քարոզարշաւի` ոչ իսլամներու դէմ: Կուսակցութիւնը ստիպուած եղաւ
ինքնալուծարուիլ իր ստեղծումէն միայն 99 օր ետք: Սակայն ոչ իսլամներուն
նկատմամբ դժգոհութիւնը չդադրեցաւ:
– 1932 յունիս 11. Ընդունուեցաւ «Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար
նախատեսուած արուեստի եւ ծառայութիւններու մասին» օրէնքը, որ կ՛արգիլէր
օտարներուն՝ զբաղիլ որոշ մասնագիտութիւններով: Օրէնքը յատկապէս ծանր
հետեւանքներ ունեցաւ յոյն քաղաքացիներուն համար` սահմանափակելով անոնց
ազատ մասնագիտութիւնները, փոքր գործարարութիւններն ու փողոցային
առեւտուրը:
– 1932 նոյեմբեր. Զմիւռնիոյ իւրաքանչիւր հրեայ ստիպուած եղաւ ստորագրել
պարտաւորագիր` խոստանալով ընդունիլ թրքական մշակոյթը եւ խօսիլ թրքերէն:
Նոյնը կատարեցին նաեւ Պուրսայի, Քըրքլարելիի, Էտիրնէի, Ատանայի,
Տիգրանակերտի եւ Անգարայի հրեաները:
– 1933 թուական. Թուրքիոյ Մարտին քաղաքին մէջ գտնուող ասորական
պատրիարքութիւնը, չկարենալով դիմակայել թաքուն եւ բացայայտ
ճնշումներուն, Մարտինէն ժամանակաւորապէս տեղափոխուեցաւ Սուրիոյ Հոմս
քաղաք` «համաձայն համայնքի փափաքներուն» եւ «գիտցուած
անհրաժեշտութեան պատճառով»: Սակայն այդ ժամանակէն ի վեր անիկա այլեւս
կարելիութիւն չունեցաւ վերադառնալու:
– 1934 յունիս 14. Համաձայն «Բնակեցման մասին օրէնք»-ին, երկիրը
բաժնուեցաւ երեք խումբի․ «Թրքական մշակոյթ ունեցող եւ թրքերէն խօսողներ»
(իսկական թուրքեր), «Թրքական մշակոյթ ունեցող, բայց թրքերէն չխօսողներ»
(քիւրտեր) եւ «Թրքական մշակոյթ չունեցող ու թրքերէն չխօսողներ» (ոչ
իսլամներ եւ այլն): Յոյներն ու հայերը Անատոլիոյ տարբեր վայրերէն
տեղահանուեցան դէպի իրենց համար յարմար նկատուող շրջաններ:
– 1934 յունիս 21 եւ յուլիս 4. Հակասեմական եւ ցեղապաշտական
գրութիւններով հրահրուած ամբոխները յարձակեցան Չանագգալէի, Կալիփոլիի,
Էտիրնէի, Քըրքլարելիի, Լիւլեպուրքազի եւ Պապաէսքիի հրեաներուն վրայ: Այս
դէպքերուն ընթացքին թալանուեցան հրէական տուներ եւ խանութներ, կիներ
բռնաբարուեցան, եւ ռաբբի մը սպաննուեցաւ: Ժողովուրդի հանրապետական
կուսակցութեան CHF-ի (հետագային վերանուանուեցաւ CHP,
Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւն) Թրակիոյ մասնաճիւղին կողմէ
կազմակերպուած քայլերուն իբրեւ հետեւանք՝ 15 հազար հրեաներ ստիպուած
եղան փախչիլ այլ քաղաքներ եւ երկիրներ`լքելով իրենց ունեցուածքն ու գոյքը:
Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան պատրաստած զեկոյցին համաձայն,
Թրակիոյ եւ Չանագգալէի մէջ ապրող 13 հազար հրեաներէն 3 հազարը
տեղափոխուած էին Պոլիս, իսկ շատեր կորսնցուցած էին իրենց ունեցուածքը
թալանի պատճառով եւ վաճառած իրենց գոյքը՝ շատ չնչին գիներով:
– 1937 յուլիս 24․ «Ճումհուրիեթ» թերթին մէջ հրապարակուած
յայտարարութեան համաձայն, Անգարայի ռազմական անասնաբուժական դպրոց
ընդունուելու պահանջներէն մէկը «թրքական ծագում ունենալն» էր:
– 1938 օգոստոս. Կառավարութիւնը հրապարակեց թիւ 2/9498 որոշումը, ըստ
որուն, «հրեաներուն, անկախ իրենց ներկայի կրօնէն, որոնք կ՛ենթարկուին
ճնշումներու իրենց պետութեան տարածքին մէջ ապրելու եւ տեղափոխուելու
վերաբերող, կ՛արգիլուի մուտք գործել եւ բնակիլ Թուրքիոյ մէջ»: Երկրի միակ
պաշտօնական լրատուական գործակալութեան՝ «Անատոլու»-ի մէջ աշխատանքէ
արձակուեցան քսանվեց հրեայ աշխատակիցներ: Թերթերուն եւ ամսագիրներու
մէջ սկսաւ յօդուածներու ու ծաղրանկարներու հեղեղ, ուր երկրի
տառապանքներուն համար սովորաբար կը մեղադրուէին փոքրամասնութիւնները,
յատկապէս` հրեաները:
– 1938-1939 թուականներ. Անատոլիոյ գիւղական վայրերուն մէջ ապրող ոչ
իսլամները տեղափոխեցին մեծ քաղաքային կեդրոններ` այն հիմնաւորումով, թէ
անոնք կրնան սպառնալիք հանդիսանալ ազգային ապահովութեան՝ մօտալուտ
պատերազմի ժամանակ: Անոնք, որոնք չէին կրնար ընտելանալ մեծ քաղաքներու
կենսապայմաններուն, ստիպուած էին արտագաղթել երկրէն:
– 1939 յուլիս. Թուրքիոյ կողմէ Հաթայի (Ալեքսանտրեթ) բռնակցման ժամանակ
տարածաշրջանի հայերը իրենց նկատմամբ գործադրուած ճնշումին պատճառով
գաղթեցին Սուրիա։
– 1939 օգոստոս 8. «Պարիտա» նաւը, որ Եւրոպայի տարբեր վայրերէն
հաւաքուած 860 հրեայ գաղթականներ Պաղեստին կը տեղափոխէր, ճամբուն
վրայ ծագած հարցերուն պատճառով ստիպուած եղաւ ապաստան գտնել
Զմիւռնիոյ մէջ: Հակառակ ճամբորդներուն աղաչանքներուն` «Սպաննեցէք մեզ,
բայց ետ մի ուղարկէք», օգոստոս 14-ին նաւը նաւահանգիստէն դուրս
բերուեցաւ երկու ոստիկանական նաւակներու ընկերակցութեամբ: Նաւուն
հեռանալու պահուն CHP-ին մօտ կանգնած «Ուլուս» թերթը հրապարակեց նիւթ
մը՝ «Թափառող հրեաները լքեցին Զմիւռնիան» վերնագիրով:
– 1939 դեկտեմբեր 28․ Տեղեկանալով Երզնկայի մէջ տեղի ունեցած ուժեղ
երկրաշարժին մասին, որ տասնեակ հազարաւոր մարդոց կեանքը խլեց, Թել
Աւիւի, Հայֆայի, Պուէնոս Այրեսի, Նիւ Եորքի, Ժընեւի, Գահիրէի եւ
Աղեքսանդրիոյ հրէական համայնքները գումար եւ հագուստ հաւաքեցին եւ
ուղարկեցին Թուրքիա: Սակայն թերթերուն մէջ յայտնուեցան յօդուածներ եւ
ծաղրանկարներ, որոնք կը ծաղրէին հրէական այս ժեստը եւ անոր մէջ կը
տեսնէին չարամիտ մտադրութիւն:
– 1940 դեկտեմբեր 12. «Սալվատոր» նաւ, որ նշանաւոր է իբրեւ «Լողացող
դագաղ» (40 հոգիի համար նախատեսուած), Ռումանիոյ Քոնսթանցա
նաւահանգիստէն հասաւ Պոլիս` տեղափոխելով 342 հրեայ գաղթականներ:
Հակառակ անոր որ յստակ էր, թէ նաւը ի վիճակի չէր նոյնիսկ մէկ մղոն
ճամբորդելու, թրքական իշխանութիւնները ստիպեցին, որ անիկա շարունակէ իր
ճամբան: Հետեւանքը ողբերգական էր. դեկտեմբեր 13-ին Սիլիվրիի ափերուն
մօտ ուժեղ փոթորիկի հանդիպելով՝ «Սալվատոր» նաւը խորտակուեցաւ, իսկ
անոր բեկորներուն մէջ յայտնաբերեցին 219 դիակներ:
– 1941 ապրիլ 22. Ոստիկանները 12 հազար ոչ իսլամ տղամարդիկ
ուղարկեցին մժեղներով եւ մալարիայով լի ճամբարներ, ուր կը տիրէին՝
խոնաւութիւն, ցեխ, ծայրայեղ տաք եւ ջուրի խիստ պակաս, զուրկ էին
համապատասխան ենթակառոյցներէ: Տասնապետներու եւ սպաներու` «Մոռցէ՛ք
Պոլիսը» գոռոցները մնացին այդ շրջանը վերապրած բոլոր
փոքրամասնութիւններու յիշողութեան մէջ: Այս «զինուորները», որոնք յայտնի
էին իբրեւ 20-րդ պահեստազօր, ստիպուած էին աշխատիլ ծանր աշխատանքային
գումարտակներու մէջ, ինչպէս՝ փապուղիներու շինարարութիւնը Զոնկուլտաքի
մէջ, Կենչլիկ այգիի շինարարութիւնը Անգարայի մէջ, քարերու մանրացումը եւ
ճանապարհաշինութիւնը Աֆէօն, Քարապիւք, Քոնիա եւ Քիւթահիա
նահանգներուն մէջ: Անոնք զօրացրուեցան միայն 27 յուլիս 1942-ին:
(Շար. 2/3)

