Իր Ազգային փոքրամասնութիւններուն Դէմ Թուրքիոյ Շարունակական Պատերազմի Ժամանակագրութիւնը (1941-2007)
Յարութ Սասունեան
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը յաճախ ինքզինք կը
ներկայացնէ իբրեւ քաղաքակրթութիւններու կամուրջ`
երկիր մը, որ իւրայատուկ կերպով տեղակայուած է
մայրցամաքամասերու, մշակոյթներու եւ
պատմութիւններու խաչմերուկին վրայ: Սակայն այս
յղկուած պատմութեան ետին թաքնուած է շատ աւելի
մտահոգիչ իրականութիւն․ երկարատեւ,
պետականօրէն հաստատուած խտրականութիւն եւ
զանգուածային բռնութիւններ՝ հայերու, յոյներու, հրեաներու եւ
ասորիների նկատմամբ: Այս ազգային
փոքրամասնութիւններու համայնքները տարիներ
շարունակ բախած են այնպիսի
քաղաքականութիւններու եւ գործողութիւններու,
որոնք երկրին մէջ համակարգուած կերպով զրկած են
զանոնք ապահովութենէ, արժանապատուութենէ եւ
գոյութենէ:
Իմ յօդուածիս երրորդ եւ եզրափակիչ մասին մէջ
ներկայացուած են քանի մը հատը 1941-2007
թուականներուն իրականացուած հալածանքներէն,
զորս փաստագրած է թուրք պատմաբան Այշէ Հիւրը:
– 1941 դեկտեմբեր 15. Թրքական իշխանութիւնները
չթոյլատրեցին գերբեռնուած «Սթրումա» նաւին, որ կը
տեղափոխէր նացիներու հետապնդումներէ փախչող
Քոնսթանցայէն 769 ռումանացի հրեաներ, ափ իջնել
Պոլսոյ մէջ՝ Պաղեստին երթալու ճամբուն վրայ:
Երկուքուկէս ամիս հիւանդութեան, սովի եւ մահուան
պայմաններու մէջ մնալէ ետք «Սթրումա»-ն
հեռացուեցաւ ափէն 23 մղոն հեռաւորութեան վրայ`
առանց շարժիչի, վառելանիւթի, սնունդի, ջուրի կամ
դեղորայքի: 1942-ի փետրուար 24-ին անիկա
թորփիլահարուեցաւ եւ խորտակուեցաւ անյայտ
սուզանաւի մը կողմէ: Փրկուեցաւ միայն մէկ ճամբորդ:
– 1942 նոյեմբեր 11. Վարչապետ Շիւքրու
Սարաճօղլուի կառավարութիւնը
փոքրամասնութիւններուն վրայ սահմանեց յայտնի
«Հարստութեան հարկ»-ը, որ տնտեսական
հալածանքներու ամէնէն աղաղակող օրինակներէն
մէկն է: Տուրք վճարողներուն 87 տոկոսը ոչ իսլամներն
էին: Հայ առեւտրականները կը տուգանուէին իրենց
դրամագլուխի 232 տոկոսի չափով, հրեայ
առեւտրականները` 179 տոկոսի, յոյն
առեւտրականները` 156 տոկոս, իսկ իսլամ-թուրք
առեւտրականները` ընդամէնը 4.94 տոկոսի չափով:
Անոնք, որոնք չէին կրնար վճարել իրենց հարկերը,
կ՛ուղարկուէին երկրի ներքին պարտադիր
աշխատանքային ճամբարներ: «Հարստութեան հարկի
ողբերգութեան» ժամանակաշրջանին, որ տեւեց մինչեւ
1944 թուականի մարտը, ընտանիքները կորսնցուցին
իրենց տուները, գործառնութիւնները, իսկ որոշ
պարագաներուն՝ նաեւ կեանքը: Օրէնքը ի վերջոյ
չեղեալ յայտարարուեցաւ, բայց պատճառուած վնասը
մնաց մնայուն:
– 1946. Առաջին անգամն ըլլալով համալսարաններու ոչ
իսլամ շրջանաւարտներուն թոյլատրուեցաւ ծառայել
բանակին մէջ՝ իբրեւ պահեստազօրի սպաներ: Սակայն
այդ ժամանակէն ի վեր ոչ մէկ ոչ իսլամ Թուրքիոյ
զինուած ուժերու մէջ չէ բարձրացուած
հրամանատարի կոչման:
– 1946. Իշխող կուսակցութիւնը հրապարակեց
սարսափելի ներքին զեկոյց մը. «Մենք պէտք է լուրջ
միջոցներու ձեռնարկենք յատկապէս Պոլսոյ յոյներուն
դէմ… Մինչեւ 1953՝ Պոլսոյ օսմանեան նուաճման 500-
ամեակը, այս քաղաքին մէջ ոչ մէկ յոյն պէտք է մնայ»:
Զեկոյցին համաձայն, «Անատոլիան նոյնպէս պէտք է
մաքրուի ոչ իսլամներէ»:
– 1948. Երբ հրեաները փորձեցին արտագաղթել
նորաստեղծ Իսրայէլի պետութիւն, իսկ հայերը`
Խորհրդային Հայաստան, թրքական կառավարութիւնը
եւ անոր հաւատարիմ մամուլը, որոնք տարիներ
շարունակ ամէն ինչ ըրած էին զանոնք վտարելու
համար, սկսան հրապարակել յօդուածներ, որոնք
արտագաղթել փափաքողները կը ներկայացնէին իբրեւ
«դաւաճաններ»:
– 1955 սեպտեմբեր 6-7. Տեղի ունեցան լայնածաւալ,
պետականօրէն կազմակերպուած ջարդեր, որոնց
թիրախ դարձաւ հիմնականին մէջ Պոլսոյ յոյն
բնակչութիւնը: Սակայն իրադարձութիւնները
տարածուեցան նաեւ այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝
Զմիւռնիա, Ատանա եւ Տրապիզոն: Հայերն ու
հրեաները եւս ենթարկուեցան յարձակման: Որոշ
աղբիւրներու համաձայն` սպաննուեցան երեք անձեր,
միւսներուն համաձայն, 11, մօտ 300 հոգիներ
վիրաւորուեցան, իսկ հարիւրաւոր կիներ
բռնաբարուեցան: Պաշտօնական տուեալներով
յարձակման ենթարկուեցան աւելի քան 5300 շէնքեր,
մինչդեռ ոչ պաշտօնական տուեալներով այդ թիւը կը
հասնի 7000-ի: Վնասի գնահատականները կը
տատանին 150 միլիոնէն մինչեւ մէկ միլիառ լիրա:
– 1964. Յունաստանի հետ լարուածութեան սրման
զուգահեռ, Թուրքիան միակողմանիօրէն չեղեալ
յայտարարեց 1930-ին Թուրքիոյ նախագահ Քեմալ
Աթաթուրքի եւ Յունաստանի վարչապետ Էլեֆթերիոս
Վենիզելոսի միջեւ ստորագրուած «Բարեկամութեան
համաձայնագիր»-ը: Թուրքիոյ մէջ ծնած ու մեծցած
տասնեակ հազարաւոր յոյն քաղաքացիներ բռնի ուժով
արտաքսուեցան: Անոնց թոյլատրուեցաւ իրենց հետ
առնել միայն մէկ ճամպրուկ եւ շատ փոքր գումար:
Յունական ծագում ունեցող թուրք քաղաքացիներուն
հեռացումով յունական համայնքը հասաւ ոչնչացման
եզրին:
– 1974. Պոլսոյ Պալըքլիի յունական հիւանդանոցի
հիմնադրամի տնօրէններու խորհուրդին եւ պետական
գանձարանին միջեւ դատական գործընթացին
վերաբերեալ Թուրքիոյ Գերագոյն դատարանի
որոշմամբ Թուրքիոյ մէջ ոչ իսլամ քաղաքացիները
պաշտօնապէս դասակարգուեցան իբրեւ «ոչ թուրքեր»:
– 1984. Փանարի յոյն ուղղափառ պատրիարքարանը
թոյլտուութիւն խնդրեց փակել Հէյպելիատա
աստուածաբանական ճեմարանը` նշելով, որ չի կրնար
հոգալ անոր ծախսերը: Սակայն թրքական
կառավարութիւնը, որ մինչ այդ ամէն ինչ կ՛ընէր
դպրոցը փակելու համար, մերժեց այս խնդրանքը`
պնդելով, որ զայն փակելը կարելի չէ Լոզանի
պայմանագիրով եւ այլ երկկողմանի
համաձայնագիրներով ու «փոխադարձութեան
սկզբունքով»: Այսօր, հակառակ աշակերտներ
չունենալուն, դպրոցի թուրք կառավարիչը, որ
նշանակուած էր ազգային կրթութեան
նախարարութեան կողմէ, ամէն օր կը ներկայանայ
աշխատանքի: Պատրիարքարանը կը շարունակէ
ծախսեր կատարել դպրոցը բաց պահելու համար:
– 1985 եւ 1990. Եզիտիները, որոնք կ՛երկրպագեն
Սիրամարգ հրեշտակին, վտարուեցան իրենց տուներէն
եւ ստիպուած եղան զանգուածաբար գաղթել
արեւմտեան երկիրներ, քանի որ հրաժարեցան դառնալ
գիւղական պահակներ Քրտական աշխատաւորական
կուսակցութեան (PKK) դէմ:
– 2000-ականներ. Ազգային ապահովութեան
խորհուրդի նիստերու կեդրոնական թեմաներէն մէկը
«Միսիոնարական գործունէութեան դէմ պայքար»-ն էր:
– 2003 նոյեմբեր 15. երկու թուրք իսլամական
ահաբեկիչներ անձնասպանական յարձակումներ
կատարեցին Շիշլիի Պեթ Իսրայէլ եւ Քալաթայի Նեւէ
Շալոմ սինակոկներուն վրայ՝ պատճառելով 25 զոհեր,
որոնց կարգին՝ յարձակողները, եւ վիրաւորուեցան
աւելի քան 300 անձեր:
– 2006 փետրուար 5. Տրապիզոնի Սանթա Մարիա
կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայր Անտրէա Սանթորոն
դանակահարուեցաւ 16-ամեայ թուրք տղայի մը կողմէ:
– 2007 յունուար 19. սպաննուեցաւ «Ակօս»
հայկական թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինք:
– 2007 ապրիլ 18. Մալաթիոյ մէջ եօթը թուրք
ազգայնական երիտասարդներ ներխուժեցին
քրիստոնէութեան վերաբերեալ աշխատութիւններ
հրատարակող «Զիրվէ» հրատարակչութիւն եւ
դաժանօրէն սպաննեցին գրասենեակի երեք
աշխատակիցները:
Տասնամեակներ շարունակուող խտրականութեան,
սեփականութենէ զրկելու եւ բռնութիւններու
պատմութիւնը Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն
նկատմամբ մեկուսացուած դէպքերու շարք չէ, այլ՝
հետեւողական պետական քաղաքականութիւն, որ
վերաձեւաւորեց երկրի ժողովրդագրական եւ
մշակութային պատկերը: Հազարամեակներով
Անատոլուի մէջ արմատաւորուած հայերու, յոյներու,
հրեաներու, ասորիներու եւ եզիտիներու համայնքները
օրէնքներու, ահաբեկման եւ բացայայտ դաժանութեան
ճնշման տակ հասցուեցան չգոյութեան եզրին: Անոնց
թիւին նուազումը զուգադիպութիւն չէր, այլ՝
ծրագրուած:

