Երկու Հայ Պաշտօնեաներ Կը Վատնեն Հարկատուներու Գումարները Լոս Անճելըս Կատարած Անօգուտ Ճամբորդութեան Վրայ
Հայաստանի մէջ տիրող աղիտալի իրավիճակը բարելաւելու եւ հայրենիքի անվտանգութիւնը ամրապնդելու փոխարէն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան զբաղած է հայկական սփիւռքը վանելով։
Նախորդ շաբաթ Փաշինեան իր երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաները՝ գլխաւոր խորհրդական եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Լիլիթ Մակունցը եւ աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը ուղարկեց Լոս Անճելըս՝ իբր թէ «հակազդելու ապատեղեկատուութեան», զոր կը տարածեն Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող հայերը։ «Ապատեղեկատուութեան» հակազդելու փոխարէն՝ իրականութեան մէջ անոնք էին, որ կը տարածէին «ապատեղեկատուութիւն» Հայաստանի ներկայ վիճակին մասին։ Անոնք ոչ միայն վատնեցին իրենց ժամանակը, այլ նաեւ, որ աւելի կարեւոր է, վատնեցին հայ հարկատուներու գումարները։
Ահա՝ այն սխալներէն քանի մը հատը, զորս այս երկուքը արձանագրեցին իրենց այցելութեան ընթացքին․
1.- Փետրուար 18-ին անոնք ելոյթ ունեցան Կլենտէյլի մէջ՝ Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան մէջ, փոքրաթիւ հայերու առջեւ։ Նկատի ունենալով, որ անոնց ժամանման մասին որեւէ յայտարարութիւն չէր կատարուած, համայնքէն գրեթէ ոչ ոք տեղեակ էր, որ անոնք քաղաքին մէջ են։ Հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ նոյնպէս որեւէ ծանուցում չկար անոնց ներկայութեան մասին։ Եթէ անոնք գաղտնի պահած են իրենց այցելութիւնը՝ վախնալով բողոքներէ կամ քննադատութենէ, ապա բնաւ պէտք չէր գային։ Անոնց կասկածամտութեան ցուցանիշ էր այն, որ անոնք այս հանդիպումին հրաւիրած էին միայն քանի մը կողմնակիցներ եւ մուտքին կանգնեցուցած էին երկու անձեր՝ վստահ ըլլալու, որ անբաղձալի հիւրեր մուտք չգործեն։
2.- Եթէ անոնց նպատակը հակահայաստանեան «ապատեղեկատուական արշաւին» հակազդելն էր, ապա՝
Ա) Ինչո՞ւ անոնք իրենց հանդիպումը չէին կազմակերպած շատ աւելի մեծ դահլիճի մէջ, որպէսզի իրենց պատգամը լսելի դառնար հազարաւոր տեղացի հայերու, եւ ոչ միայն՝ հարիւր հոգիի։ Ապշեցուցիչ է, բայց ինծի ըսին, որ հանդիպումին չէր մասնակցեր նոյնիսկ Հայաստանի տեղւոյն գլխաւոր հիւպատոսը։
Բ) Ինչո՞ւ անոնք չէին հրաւիրած լրատուամիջոցները իրենց տեղեկատուական հանդիպումին։
Գ) Ինչո՞ւ անոնք չէին կազմակերպած մամլոյ ասուլիս հայկական լրատուամիջոցներուն հետ՝ իրենց պատգամը համայնքին հասցնելու համար։ Եթէ անոնք չեն կրնար դէմ յանդիման կանգնիլ հայկական լրատուամիջոցներուն, ապա ինչպէ՞ս կրնան դիմակայել Հայաստանի իսկական հակառակորդները։
Դ) 2025 թուականի ապրիլ 1-ին Հայաստանը վարձած էր ամերիկեան «Մըրքըրի փապլիք էֆերզ» լոպիական ընկերութիւնը՝ ամսական 50 հազար տոլար վճարելով։ Այդ օրերու դեսպան Մակունցի ստորագրած պայմանագիրին մէջ նշուած էր, որ «Մըրքըրի»-ն պէտք էր Հայաստանին տրամադրէր «ռազմավարական հաղորդակցութեան եւ լրատուամիջոցներու յարաբերութիւններու ծառայութիւններ»։ Ինչո՞ւ Հայաստան ամսական 50 հազար տոլարի չափ մեծ գումար պիտի վճարէ մասնագիտական ընկերութեան մը եւ չօգտուի անոր ծառայութիւններէն։ «Մըրքըրի»-ն դիւրութեամբ կրնար կազմակերպել մամլոյ ասուլիս թէ՛ ամերիկեան, թէ՛ հայկական լրատուամիջոցներուն համար, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ՝ պետական պաշտօնեաներու եւ հայկական ու ամերիկեան կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ։
Ե) Այլ սխալ մը, զոր Մակունցն ու Յարութիւնեանը արձանագրեցին, այն էր, որ իրենց ամերիկեան այցելութեան ծրագիրէն դուրս ձգեցին Զարեհ Սինանեանը՝ այսպէս կոչուած Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը, որ պէտք էր պատասխանատու ըլլար Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն։ Եթէ Սինանեան ողնայար ունենար, ան նոյն օրը պէտք էր հրաժարական տար։ Սակայն իրական յանցանքը Փաշինեանինն է, որ երկիրը կառավարելու փորձառութիւն չունի։ Հակառակ պարագային, ան չէր նշանակեր Զարեհ Սինանեանի նման անփորձ անձ մը։ Դժբախտաբար անձեռնհաս վարչապետը կը նշանակէ նոյնքան անձեռնհաս պաշտօնեաներ։ Բացի ատկէ Փաշինեան Մակունցը նշանակեց Միացեալ Նահանգներու մէջ դեսպան, հակառակ անոր որ վերջինս նման կարեւոր մայրաքաղաքի մէջ դեսպան ըլլալու անհրաժեշտ փորձառութիւնը չունէր։ Ան չորս տարի իբրեւ դեսպան ծառայեց Ուաշինկթընի մէջ՝ հազուադէպօրէն հանդիպելով պետական պաշտօնեաներու հետ։ Զայն աշխատանքէն արձակելու փոխարէն՝ Փաշինեան պարգեւատրեց Մակունցը՝ նշանակելով վարչապետի գլխաւոր խորհրդական։ Ասիկա այն պարագան է, երբ կոյրը կ՛առաջնորդէ կոյրը։ Անոր միակ յիշարժան ձեռքբերումը Փաշինեանին որոշ չափով անգլերէն սորվեցնելն էր։
Զ) Ցաւօք, ո՛չ Մակունցը, ո՛չ ալ ոեւէ այլ հայ պաշտօնեայ արտայայտութիւն մը ունեցաւ երկու շաբաթ առաջ Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելելէ ետք Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսի կողմէ «Էքս»-ի վրայ կատարուած գրառումէն «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը ջնջելու երեւոյթին։ Նախորդ շաբաթ, երբ «Ֆոքս Թի. Վի.»-ն խնդրեց Մակունցին մեկնաբանել Վանսի այդ վիրաւորական քայլը, ան «մերժեց մեկնաբանել»։ Աւելի՛ն. ան Թուրքիան ներկայացուց իբրեւ երկիր մը, որուն հետ՝ «Մենք ունեցած ենք շատ դժուարին պատմութիւն․․․»։
Նախորդ շաբաթ տեղեկացայ աւելի տարօրինակ իրավիճակի մը մասին․ վարչապետի զուգընկերուհին՝ Աննա Յակոբեանը, Քաթարէն Լոս Անճելըսի վրայով մեկնեցաւ Ֆորթ Ուորթ՝ Թեքսաս, եւ այցելեց պուտտայական վանականներու Huong Dao Vipassana Bhavana կեդրոնը։ Դիմատետրի վրայ հրապարակուած տեսանիւթին մէջ ան արցունքն աչքերուն խօսած է՝ բաղդատելով պուտտայական վանականներու 2500 մղոննոց «Խաղաղութեան քայլարշաւը» Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Փաշինեանի 2018 թուականի Գիւմրիէն Երեւան կատարած քայլարշաւին հետ։ Ան նաեւ հրապարակած է տեսանիւթ մը, ուր կը քալէ «Խաղաղութեան շուն Ալոքայի» հետ, որ ընկերակցած է վանականներուն, ինչպէս որ, ըստ իրեն, Չալօ անունով հայկական շունը ընկերակցած էր Փաշինեանին անոր նշանաւոր քայլարշաւին ընթացքին։
Նախորդ շաբաթ Աննա Յակոբեան Դիմատետրի վրայ նաեւ հրապարակեց տարօրինակ մեկնաբանութիւն մը. «Վարչապետ Փաշինեանի եւ իմ քաղաքացիական ամուսնութիւնն աւարտուել է»։ Որոշ մարդիկ այս գրառումը մեկնաբանեցին իբրեւ բաժանման յայտարարութիւն, իսկ ուրիշներ կարծեցին, թէ զոյգը վերջապէս որեւէ արարողութեամբ ամուսնացած է՝ տասնամեակներ միասին ապրելէ եւ չորս զաւակներ ունենալէ ետք։ Մէկ տարի առաջ Փաշինեան Դիմատետրի վրայ յայտարարած էր, որ ինքը եւ Աննան ո՛չ եկեղեցական, ո՛չ ալ քաղաքացիական ամուսնութիւն կնքած են։ Երջանկութիւն կը մաղթեմ նորապսակներուն։

