Փաշինեանը Կը Ճշդէ Անիրատեսական Նպատակներ 2050 Թուականին համար՝ Իր Հեռանալէն Երկար Ժամանակ Ետք
Յարութ Սասունեան
2018 թուականին իշխանութեան գալէն ի վեր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը բազմիցս մոլորեցուցած է հայ հասարակութիւնը կեղծ խոստումներով։ Իր աթոռը պահելու համար Փաշինեանը օգտագործած է հետեւեալ երեք հնարքները.
1.- Խոստանալ դիւրահաւատ ժողովուրդին պայծառ ապագայ՝ օգտագործելով «Ապագայ կայ» կարգախօսը։
2.- Օգտագործել միամիտ հասարակութեան կոյր վստահութիւնը՝ տալով կեղծ խոստումներ։
3.- Մեղադրել նախկին ղեկավարները իր բոլոր սխալներուն եւ երկրի ներկայի խնդիրներուն համար, թէեւ ան արդէն ութ տարի է իշխանութեան ղեկին կը գտնուի։
Ամէն անգամ որ ոեւէ մէկը մատնանշէ անոր սխալներն ու մոլորեցնող խոստումները, Փաշինեանը կա՛մ կը ժխտէ, թէ երբեւէ նման յայտարարութիւն ըրած է, կա՛մ ալ կը խուսափի հարցումէն։ Անոր արդարացումը հետեւեալն է. քանի որ ժողովուրդը ընտրած է զինք, ան կրնայ ընել ինչ որ կ’ուզէ, թէեւ երբեք իր ընտրողներուն չէ ըսած, որ կը միտի Արցախը յանձնել Ազրպէյճանին եւ Հայաստանի տարածքներուն մէկ մասը զիջիլ թշնամի պետութեան։
Նկատի ունենալով, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները նախատեսուած են յունիս 7-ին, Փաշինեան դարձեալ զբաղած է հասարակութիւնը մոլորեցնելով։ Ան եւ իր նախարարները չափազանցուած կերպով կը ներկայացնեն իրենց նուաճումները եւ կը գործեն այնպէս, կարծես Հայաստանը գոյութիւն չէ ունեցած մինչեւ 2018 թուական, երբ իրենք եկան իշխանութեան։
Հասարակութիւնը խաբելու նպատակով, Փաշինեանը 2020 թուականին նկարագրեց, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ իր պատկերացուցած Հայաստանը 2050-ին՝ քաջ գիտակցելով, որ այդ ատեն ո՛չ ինքը, ո՛չ ալ իր կուսակցութիւնը պիտի ըլլան։ Ան այդ ծրագիրը անուանեց «Հայաստանի վերափոխման ռազմավարութիւնը մինչեւ 2050 թուականը»։
2050 թուականի Փաշինեանի ծրագիրը ոչինչով կը տարբերի իր միւս կեղծ խոստումներէն։ Ըստ յայտնի ասացուածքին՝ «Եթէ մէկ անգամ զիս խաբես՝ ամօ՛թ քեզի, եթէ երկրորդ անգամ խաբես՝ ամօ՛թ ինծի»։ Հայաստանի քաղաքացիները վերջապէս պէտք է արթննան եւ հասկնան, որ անկարող, բայց խորամանկ առաջնորդը անընդհատ կը խաբէ զիրենք։
Ստորեւ ցանկը՝ Փաշինեանի 18 անիրատեսական նպատակներուն, որոնք պէտք է իրականացուին մինչեւ 2050 թուական.
– «Հայաստանի բնակչութիւնը հասցնենք 5 միլիոնի։
– «Ստեղծենք 1,500,000 աշխատատեղ։
– «Յաղթահարենք աղքատութիւնը աշխատանքով։
– «Քսանապատկենք Հայաստանի համախառն ներքին արտադրութիւնը (ՀՆԱ)։
– «Եօթնապատկենք միջին աշխատավարձը։
– «Առողջ ապրելակերպը դարձնենք ազգային յատկանիշ, կեանքի տեւողութիւնը հասցնենք 90 տարուան։
– «Մէկ շունչի հաշուով ունենանք աշխարհի ամէնէն մարտունակ բանակը։
– «Ունենանք աշխարհի ամէնէն արդիւնաւէտ հետախուզական ծառայութիւններէն մէկը։
– «Ուսումը դարձնենք ազգային կենսակերպ։
– «Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու միջազգային վարկանիշի առաջին 200-եակին մէջ ունենանք առնուազն 3 համալսարան։
– «Հայաստանը դարձնենք բարձր արհեստագիտական (high-tech) արդիւնաբերութեան երկիր։
– «Ունենանք 10 միլիառ տոլար եւ աւելի արժողութեամբ առնուազն 5 արհեստագիտական ընկերութիւն եւ առնուազն 10 հազար աշխատող սթարթափ (startup)։
– «Ապահովել առողջ շրջապատ մը. Հայաստանը դարձնել կլիմայական փոփոխութիւններու դիմակայող եւ ուժանիւթի խնայողութեան մէջ արդիւնաւէտ։
– «Կրկնապատկենք Հայաստանի անտառածածկ տարածքները։
– «Նուաճենք 25 ողիմպիական ոսկի մետալ։
– Ֆութպոլի ազգային հաւաքականը դարձնենք Եւրոպայի եւ/կամ աշխարհի ախոյեանութեան մետալակիր։
– «Նուաճենք ճատրակի աշխարհի անհատական ախոյեանի կոչումը։
– «Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը հասցնենք տարեկան 15 միլիոնի»։
Այս 18 նպատակներէն շատերը անիրագործելի են։ Փաշինեանի յայտարարութեան յաջորդած վեց տարիներու ընթացքին գրեթէ որեւէ յառաջընթաց չէ արձանագրուած։ Թէեւ անձնական կամ ազգային նպատակներ ունենալուն մէջ սխալ բան չկայ, սակայն անոնց հասնելու համար անհրաժեշտ է դիմել հետեւեալ քայլերուն.
1. Սահմանել իրատեսական նպատակներ՝ յաջողութեան ողջամիտ հաւանականութեամբ։ Բեմ բարձրանալու եւ մտքին փչածը ըսելու փոխարէն, անհրաժեշտ է նախապէս կատարել խորունկ ուսումնասիրութիւն՝ նախքան պատահական ու չմտածուած հրապարակային յայտարարութիւններ ընելը։
2. Յանձնարարել մասնագէտներուն՝ մշակել մանրամասն, իրատեսական եւ իրագործելի գործողութիւններու ծրագիր։ Կառավարութեան ղեկավարը նախ պէտք է խորհրդակցի տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու հետ՝ մշակելու երկրի ճանապարհային քարտէսը՝ ներկայէն հասցնելու համար փափաքելի ապագային։
3. Ճշդել ժամանակացոյց եւ աստիճանական միջանկեալ փուլեր։ Բաւարար չէ պարզապէս յայտարարել, թէ ինչի՛ կ’ուզէք հասնիլ մինչեւ 2050 թուական։ Կառավարութիւնը պէտք է ունենայ մանրամասն ծրագիր, որ կը սահմանէ իւրաքանչիւր տարուան ընթացքին ձեռնարկուելիք քայլերը մինչեւ 2050։
4. Ազգային առաջնահերթութիւններու սահմանման գործընթացին մէջ պէտք է ներառել հասարակութիւնը։ Վարչապետը պէտք չէ անտեսէ ժողովուրդին կամքը եւ միանձնեայ որոշէ, թէ ի՛նչ է լաւագոյնը քաղաքացիներուն համար։ Ան պէտք է իւրաքանչիւր մարզի մէջ կազմակերպէ տեղական համաժողովներ՝ հարցնելու հանրութեան, թէ ի՞նչ կը փափաքին, որ իրականացուի մինչեւ 2050 թուական։ Կառավարութիւնը նաեւ պէտք է կատարէ հասարակական հարցախոյզեր՝ քաղաքացիներու հետաքրքրութիւններուն վերաբերեալ վստահելի տուեալներ ստանալու համար։
5. Կարեւորագոյնը՝ հիմա իսկ ապահովել կարողունակ ղեկավարութիւն։ Նախքան 2050 թուականի կամ նոյնիսկ 2026 թուականի մասին մտահոգուիլը, երկրին անհրաժեշտ է ունակ ղեկավար։ Հայաստանի քաղաքացիները այս յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն կարելիութիւն ունին որոշելու, թէ ներկայիս ո՛վ կրնայ լաւագոյնս ղեկավարել երկիրը։ Հակառակ պարագային, 2050 թուականին անոնք թերեւս այլեւս երկիր չունենան։

