Լաւ Լուր. Եւրոպական Միութիւնը Մտադրութիւններու Յուշագիրներ Ստորագրած Է Վեց Հայկական Կազմակերպութիւններու Հետ
Յարութ Սասունեան
Վերջապէս լաւ լուր Հայաստանէն․ մայիսի 5-ին Երեւան
Ստորագրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ՝ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյենի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթայի ներկայութեան։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հետ յուշագիրը ստորագրած են Եւրոպական յանձնաժողովի արեւելեան դրացնութեան եւ Թուրքիոյ հարցերով տնօրէն Ատրիըն Քիրալին եւ ՀԲԸՄ-ի հայաստանեան մասնաճիւղի նախագահ եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վազգէն Եագուպեանը։
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ երկու կողմերը՝ «Հետաքրքրութիւն կը
Այս միացեալ ջանքերուն նպատակն է՝ «Ուսումնասիրել համագործակցութեան կարելիութիւն
Եւրոպական Միութեան հետ յուշագիրներ ստորագրած հայկական վեց կազմակերպութիւններն են՝
– «Ամպըր Քեփիթըլ Արմինիա» (Amber Capital Armenia) Անձնական դրամագլուխի համախմբում՝
– «Սինոփսիս Արմինիա» (Synopsys Armenia) Կիսահաղորդիչներու
– «Ֆայըրպըրտ.Էյ.Այ.» (
– ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն Յաջորդ սերունդի թուային եւ ստեղծագործական հմտութիւններու ընդլայնում։
– ՀԲԸՄ (Հայկական բարեգործական ընդհանո
– «Քրիէյթիվ Արմինիա» (Creative Armenia) Ստեղծագործական մարզերու զարգացում եւ կապերու ստեղծում եւրոպական մշակութային ցանցերու հետ։
Եւրոպական Միութեան պաշտօնական կայքին մէջ յուշագիրը կը բնութագրուի՝ իբրեւ «ոչ պարտադիր համաձայնագիր», որ՝ «Կողմերու համար իրաւական կամ ֆինանսական որեւէ պարտաւորութիւ
ՀԲԸՄ-ի նախագահ Վազգէն Եագուպեան լրագրող Անուշ Թրուանցին տուած ծաւալուն հարցազրոյցին մէջ կ՛անդրադառնայ ստորագրուած յուշագիրին եւ այլ կարեւոր հարցերու: Այս բացառիկ հարցազրոյցը հրապարակուեցաւ Պոլսոյ հայկական «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ:
Վազգէն Եագուպեան բարձր կը գնահատէ Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութիւնը՝ ընդգծելով, որ անիկա կ՛արժեւորէ սփիւռքի ներուժը։ Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞, թէ հայկական կողմի նախորդ փորձերը լիարժէք յաջողութիւն չեն ունեցած, Եագուպեան համաձայն չգտնուեցաւ եւ նշեց, որ նախորդ կառավարութիւններու օրով, երբ տակաւին կը գործէր սփիւռքի նախարարութիւնը, զգալի աշխատանք կատարուած է։ «Սփիւռքի ներուժը հսկայական է», ըսաւ ան։
Երբ Եագուպեանին հարցում ուղղուեցաւ վերջերս ներհայկական լարուածութեան, Եկեղեցւոյ վերաբ
Այնուհետեւ Եագուպեան ըսաւ. «Մենք միշտ յայտարարած ենք, որ մեր աշխատանքը պետութեան հետ է՝ ի նպաստ պետականութեան, անկախ այն իրողութենէն, թէ ո՛վ է օրուան իշխանութիւնը։ Ասիկա ամենեւին չի նշանակեր, որ մենք համաձայն ենք իշխանութեան բոլոր քայլերուն, բայց չենք կրնար նստիլ ու պարզապէս պոյքոթի ենթարկել՝ ըսելով, թէ քանի որ այսինչ հարցին շուրջ տարակարծիք ենք, ուրեմն պիտի չհամագործակցինք։ Այդ մօտեցումը սխալ է։ Միեւնոյն ժամանակ կան բազմաթիւ այլ ոլորտներ, ուր իշխանութեան կատարած աշխատանքը ճիշդ կը նկատենք։ Այս հաւասարակշռութիւնը պահելը բաւական դժուար է, բայց եւ այնպէս այս դերը մեզի համար նորութիւն չէ: Մենք միշտ կատարած ենք զայն եւ պիտի շարունակենք խաղալ այդ դերը՝ հակառակ զանազան կարծիքներու։ Մենք համոզուած ենք, որ մեր ազգային ներուժին 70 տոկոսը սփիւռքի մէջ է։ Արդեօք խելամիտ կ՛ըլլա՞յ անտեսել այդ ուժը, երբ մեր առջեւ ունինք քաղաքական թէ ռազմական կարեւոր նպատակներ, իսկ ժամանակը, դժբախտաբար, կը գործէ մեզի դէմ»:
Ի պատասխան պոլսահայերուն մասին հարցումին՝ Եագուպեան ըսաւ. «Շուրջ երկու-երեք տարի առաջ Պոլիս այցելեցի։ Գացի եւ կրնամ ըսել՝ ապշած ու հիացած վերադարձայ, որովհետեւ տեսայ համայնք մը, որ ամուր կառչած է իր միջավայրին՝ համոզուած ըլլալով, որ ինք իր տան մէջ է եւ դասական իմաստով սփիւռք մը չէ։ Ինծի համար շատ հետաքրքրական այցելութիւն մըն էր, աչքով սկսայ դիտել պոլսահայ համայնքը։ Բայց նաեւ սրտի ցաւ ապրեցայ, որովհետեւ մենք ազգովին, ներառեալ՝ մեր միութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը, չենք կրցած մշակել լուրջ ռազմավարոթիւն մը՝ պոլսահայ համայնքին հետ համագործակցելու եւ յարաբերութիւններ մշակելու համար»։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք լուծում մը պիտի գտնուի՞ կառավարութեան կողմէ Եկեղեցւոյ թիրախաւորման խնդրին Եագուպեան ըսաւ. «Մենք Հայաստանեայց առաքելական սուրբ

