Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Մենք բոլորս ալ օրական դրութեամբ այնքան շատ ապատեղեկատուութիւն կը ստանանք, որ գրեթէ անկարելի կը դառնայ տարբերակել իրականութիւնը կեղծիքէն: Լրատուական ոլորտի աշխատակիցներուս համար այս մարտահրաւէրը առաւել եւս մեծ է: Եթէ սովորական մարդիկ կրնան անհիմն լուրերը տարածել միայն իրենց անմիջական շրջապատին մէջ, ապա զանգուածային լրատուամիջոցները շատ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն կը կրեն. առանց փաստերու նախնական ստուգման` անոնք արկածախնդրութեան կը դիմեն կեղծ տեղեկատուութիւն տարածելով հազարաւոր կամ նոյնիսկ միլիոնաւոր մարդոց:
Իրականութենէ բամբասանքի վերածուած պատմութեան վերջին թարմ օրինակը կը հանդիսանայ նախորդ ամիս Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, իր կառավարութիւնը կը պատրաստուի ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ միջազգային լրատուամիջոցներուն մէջ: Սկսան անվերջ մեկնաբանութիւններ ու վերլուծումներ այն մասին, թէ ինչո՛ւ Իսրայէլը որոշեց տասնամեակներու մերժումէ ետք ի վերջոյ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութենէն կարճ ժամանակ ետք կառավարութիւնը (քապինեթը) միաձայնութեամբ համաձայն գտնուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ որոշեց նախագիծը ուղարկել Քնեսեթ` վերջնական հաստատման համար:
Զարմանալի չէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը խստօրէն դատապարտեց Իսրայէլի կառավարութեան որոշումը` մեղադրելով զայն Կազայի մէջ կատարուող վայրագութիւններէն աշխարհին ուշադրութիւնը շեղելու փորձին մէջ: Հեգնական է, որ նման մեղադրանք կ՛ուղղէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, որ աւելի քան մէկ դար է աներեւակայելի ջանքեր կը գործադրէ` ծածկելու հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները:
Հայոց ցեղասպանութեան Թուրքիոյ ժխտողականութեան միացաւ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը, որ իր կարգին ի՛նք շարք մը զանգուածային սպանութիւններ կատարած է հայերու դէմ։ Ինչպէս կ’ըսեն՝ «Նմանն զնմանն գտանէ»։ Ազրպէյճանցի պաշտօնեաները իրենց առարկութիւնը յայտնեցին՝ Իսրայէլի ղեկավարներուն յիշեցնելով իրենց գնած միլիառաւոր տոլարներու իսրայէլեան սպառազինութեան մասին, որուն դիմաց Իսրայէլի վաճառած էին վերջինիս ներածած նաւթին առիւծի բաժինը։ Ո՛չ Ազրպէյճանը, ո՛չ ալ անոր դաշնակից Թուրքիան, որ դէպի Իսրայէլ ազրպէյճանական նաւթի արտահանման տարանցիկ ուղին է, կը յիշատակեն իրենց դերակատարութիւնը՝ Իսրայէլի ռազմական համակարգը վառելանիւթով ապահովելու մէջ։
Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ առարկութիւնները բամբասանքներու տեղի տուին, թէ՝ Իսրայէլի կառավարութիւնը հրաժարած է Քնեսեթի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի քննարկումէն, թէեւ Իսրայէլի կողմէ որեւէ պաշտօնական հաստատում այդպէս ալ չեղաւ:
Իրականութիւնը այն է, որ Քնեսեթի օրակարգը նստաշրջանի վերջին քանի մը օրերուն ծանրաբեռնուած էր շարք մը կարեւորագոյն հարցերով, որոնց պատճառով Հայոց ցեղասպանութեան քննարկման համար պարզապէս ժամանակ չմնաց: Անցեալ ուրբաթ Քնեսեթը արձակուրդի սկսաւ մինչեւ հոկտեմբեր, երբ նախատեսուած է կատարել նոր ընտրութիւններ: Արդեօք յաջորդ գումարման Քնեսեթը կ՛անդրադառնա՞յ այս հարցին, ժամանակը ցոյց պիտի տայ:
Անկախ անկէ, որ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը նպատակ չէր հետապնդեր հաճելի թուիլ Հայաստանի կառավարութեան, բայց եւ այնպէս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անփոյթ ու անտարբեր արձագանգը, անկասկած, հիասթափեցնող էր:
Անոնք, որոնք հետեւած են վերջին տարիներուն Փաշինեանի կատարած ամօթալի յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ կասկածի տակ կը դրուին Հայոց ցեղասպանութեան փաստերը, պէտք չէ զարմանային` տեսնելով, որ ան կ՛անտեսէ Իսրայէլի կառավարութեան որոշումը: «Արձագանգի կարիք մենք չենք տեսնում, որովհետեւ կարծում ենք` Հայոց ցեղասպանութեան զէնքայնացման թեմայի մէջ չմտնելը բխում է Հայաստանի Հանրապետութեան շահերից», յայտարարեց Փաշինեան:
Սակայն, երբ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Փաշինեան զայն «զէնքայնացում» չնկատեց: Ընդհակառակը, ան մեծ ոգեւորութեամբ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ 2019-ին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Ան «Էքս»ի վրայ (այն ատեն՝ «Թուիթըր») գրածէր. «ԱՄՆ Սենատի թիւ 150 բանաձեւը արդարութեան եւ ճշմարտութեան յաղթանակ է: Համայն հայութեան անունից երախտագիտութիւն եմ յայտնում Սենատին այս պատմական որոշման համար: Սա յարգանքի տուրք է 20-րդ դարի առաջին ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերի յիշատակին եւ համարձակ քայլ` կանխարգելման օրակարգի առաջխաղացման գործում: #NeverAgain»:
Այնուհետեւ Փաշինեան աւելցուց. «Հայ ժողովրդի անունից ցանկանում եմ շնորհակալութիւն յայտնել ԱՄՆ Սենատի [եւ] … Ներկայացուցիչների պալատի բոլոր անդամներին. …Մենք պէտք է երախտիքի խօսքեր ուղղենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների հայութեանը, այն բոլոր կազմակերպութիւններին եւ անհատներին, որոնք իրենց ներդրումն են ունեցել այս կարեւոր ու պատմական որոշման կայացման գործում»: Յատկանշական է, որ Փաշինեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած էամերիկահայ համայնքին այս ճանաչման համար, ինչ որ ուղղակի կը հակասէ սփիւռքի դէմ անոր կատարած հետագայ յայտարարութիւններուն:
Աւելի ուշ` 24 ապրիլ 2021-ին, երբ Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ Ճօ Պայտընը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Փաշինեանը դարձեալ մեծ ոգեւորութեամբ արձագանգեց. «Սա կարեւոր օր է ողջ հայութեան համար: 2019 թուականին ԱՄՆ Կոնգրէսի ընդունած բանաձեւերից յետոյ նախագահ Բայդենը յարգել է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակը: ԱՄՆը եւս մէկ անգամ ի ցոյց դրեց իր անսասան յանձնառութիւնը մարդու իրաւունքների եւ համամարդկային արժէքների պաշտպանութեան գործում… Այսօր մենք յարգանքի տուրք ենք մատուցում Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներին Օսմանեան կայսրութեան յանցաւոր քաղաքականութեան զոհ դարձած 1.5 միլիոն նահատակների յիշատակի առջեւ: Հայոց ցեղասպանութեանը յանգեցրած գաղափարախօսութիւնները դեռեւս կենդանի են այսօր, ինչի մասին են վկայում վերջին պատերազմի ընթացքում Արցախի հայութեան դէմ իրականացուած վայրագութիւնները»:
Բացի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով իր դիրքորոշումը փոխելէ, Փաշինեան վերջին տարիներուն ինքնիրեն հակասած է տասնեակ այլ հարցերու մէջ եւս: Ամէնէն ուշագրաւը` 2019-ին Ստեփանակերտի մէջ հազարաւոր ոգեւորուած արցախցիներուն դիմաց անոր յայտարարութիւնն է. «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ»: Սակայն 2020 թուականի պատերազմէն ետք ան որդեգրեց ճիշդ հակառակ դիրքորոշում` ընդունելով, որ «Արցախը Ատրպէյճանի մաս է»: