Պաքուն Կրնայ Զղջալ, որ «Սի.Էն.Էն.»-ին Դէմ Դատ Բացաւ՝ Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլեան Ուժերու Մասին Տեղեկագրութեան Համար
Ազրպէյճանի կառավարութիւնը նախորդ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարանին մօտ դատ բացաւ «Սի.Էն.Էն.»-ի դէմ՝ «Իրանի դէմ պատերազմին ընթացքին Իսրայէլ զօրք ուղարկած է Ազրպէյճան» յօդուածին համար։
Վկայակոչելով անանուն աղբիւրներ՝ «Սի.Էն.Էն.»-ը 5 յունիս 2026-ին հաղորդած է, որ Ազրպէյճանի մէջ գտնուող իսրայէլեան ուժերը՝ «բաղկացած են քանի մը տասնեակ զինուորականներէ, որոնց շարքին՝ Իսրայէլի յատուկ գործողութիւններու ուժերէն, անոր ուղղաթիռի յատուկ մարտական ու փրկարարական ստորաբաժանումներէն եւ «Մոսատ»-ի անձնակազմէն»։ «Սի.Էն.Էն.»-ը հաղորդած է, որ իրեն տեղեկութիւններ փոխանցուած են այն մասին, թէ Իրանի սահմանին մօտ՝ Ազրպէյճանի հարաւը գտնուող քանի մը ռազմակայաններու մէջ տեղակայուած իսրայէլեան խումբերը հետախուզական տուեալներ հաւաքած են եւ անօդաչու թռչող սարքերու գործողութիւններ կատարած, ինչպէս նաեւ պատրաստութեան բերած են դիրքեր, որոնք կրնային աջակցիլ օդային փրկարարական առաքելութիւններու՝ Իրանի օդային տարածքին մէջ իսրայէլցի օդաչուներու վար առնուելու պարագային։
«Սի.Էն.Էն.» հաղորդած է, որ Իսրայէլ ամիսներ տրամադրած է իրանեան-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքին հետախուզական ենթակառոյցներ նախապատրաստելու համար՝ նախքան ռազմական գործողութիւններուն սկսիլը։ Լրատուական ցանցին վկայակոչած աղբիւրներուն համաձայն՝ իսրայէլացի գործակալները 2026-ի սկիզբը սահմանամերձ հատուածին մէջ տեղադրած են տեսահսկողութեան եւ հետախուզական տուեալներու հաւաքման սարքաւորումներ, ինչ որ կ՛արտացոլացնէր Իսրայէլի մտահոգութիւնները, թէ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ դիւանագիտական ջանքերը ի վերջոյ ձախողութեան պիտի մատնուին։
«Սի.Էն.Էն.» նաեւ հաղորդած է, որ Իսրայէլի հետ այս յարաբերութիւնները «Ազրպէյճանին հասողութիւն կու տան դիւանագիտական կարեւորագոյն կարելիութեան մը. ըստ «Ճգնաժամային խումբ»-ի աւագ վերլուծաբան Ճոշուա Քուչերայի՝ արտօնելով Պաքուն օգտագործելու Իսրայէլի լոպին Ուաշինկթընի մէջ»։
Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի, Ազրպէյճանէն իրականացուած հիմնական բանալի գործողութիւններէն մէկը 4 մարտ 2026-ին սպանութիւնն էր Ռահման Մողատամի, որ կը ղեկավարէր Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի հետախուզական ստորաբաժանումը։
«Սի.Էն.Էն.»-ի յօդուածին մէջ լուսարձակի տակ առնուած են Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ձեւաւորուած երկարամեայ ռազմավարական յարաբերութիւնները: Պաքուն կ՛ապահովէ Իսրայէլի նաւթի ներածման 40 առ հարիւրը, մինչդեռ Իսրայէլ Ազրպէյճանին կը մատակարարէ անոր արդիական սպառազինութեան 70 առ հարիւրը: Նախագահ Իլհամ Ալիեւ Իսրայէլի հետ Պաքուի յարաբերութիւնները համեմատած էր սառցալերան մը հետ, որուն 90 առ հարիւրը թաքնուած է ջուրին մակերեսին տակ:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն քիչ անց Իսրայէլ հանդիսացաւ առաջին երկիրներէն մէկը, որ ճանչցաւ Ազրպէյճանի անկախութիւնը, եւ երկու երկիրները լայնածիր համագործակցութիւն ծաւալած են պաշտպանութեան, հետախուզութեան եւ ուժանիւթի բնագաւառներուն մէջ։
Ո՛չ Իսրայէլը, ո՛չ ալ Ազրպէյճանը հրապարակաւ ընդունած են Իրանի դէմ պատերազմին առնչուող որեւէ ռազմական համագործակցութիւն՝ իրենց միջեւ առկայ պաշտպանական յարաբերութիւններէն դուրս: Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան խօսնակը հերքած է «Սի.Էն.Էն.»-ի հաղորդումը։ «Մենք կտրականապէս կը մերժենք անհիմն պնդումները այն մասին՝ իբր թէ Ազրպէյճանի տարածքը կ՛օգտագործուի երրորդ երկիրներու դէմ գործողութիւններու համար», «Սի.Էն.Էն.»-ին ուղղուած յայտարարութեան մէջ նշած է դեսպանատունը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Սի.Էն.Էն.»-ի հաղորդումը որակած է «լիովին անհիմն» եւ քանի մը անգամ կոչ ուղղած է վերցնելու յօդուածը: «Սի.Էն.Էն.» մերժած է Ազրպէյճանի պահանջը: «Մենք հաւատարիմ ենք մեր հաղորդումին», պնդած է «Սի.Էն.Էն.»-ի խօսնակը: Յատկանշական է, որ Իսրայէլի վարչապետի աշխատակազմը եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը չեն արձագանգած այս գծով «Սի.Էն.Էն.»-ի հարցումին:
17 օգոստոս 2026-ին Ազրպէյճանի կառավարութիւնը դատ բացաւ Միացեալ Նահանգներու Տելաուէր նահանգի շրջանային դատարանին մէջ՝ ընդդէմ «Սի.Էն.Էն.»ին՝ ներկայացնելով երկու մեղադրանք.
Առաջին մեղադրանք՝ զրպարտութիւն – Ազրպէյճանը յայտարարած է, որ «Սի.Էն.Էն.»-ը անտեսած է իր հերքումները եւ ցուցաբերած է համակարգուած կողմնակալութիւն։ Ան նաեւ պնդած է, որ «Սի.Էն.Էն.» իր յօդուածը պատրաստած է «ակնյայտ չարամտութեամբ», այսինքն՝ գիտնալով, որ իր յայտարարութիւնները կեղծ են, կամ անփութօրէն արհամարհելով ճշմարտութիւնը։
Երկրորդ մեղադրանք՝ դիտաւորեալ վնաս պատճառել – Առանց արդարացման կամ հիմնաւորման, «Սի.Էն.Էն.» դիտաւորեալ կերպով վնաս հասցուցած է Ազրպէյճանին՝ պատճառելով ելեւմտական կորուստներ։
Ազրպէյճանի դատական հայցին մէջ լրատուական ցանցը մեղադրուած է «Ազրպէյճանի հեղինակութեան մեծ վնաս հասցնելու եւ Ազրպէյճանի քաղաքացիները վտանգի ենթարկելու մէջ … «Սի.Էն.Էն.»-ի անպատասխանատու տեղեկագրութիւնը սպառնալիք էր Ազրպէյճանը պատերազմի մէջ ներքաշելու… Այս գծով «Սի.Էն.Էն.»-ի պնդումները ապացուցելիօրէն եւ գիտակցաբար կեղծ են ու ակնյայտօրէն կը սրեն աշխարհաքաղաքական լարուածութիւնը առանց այդ արդէն պայթունավտանգ տարածաշրջանին մէջ»։
Ազրպէյճան խնդրած է դատարանէն՝ «կայացնել վնասուց փոխհատուցման որոշում (ընդդէմ «Սի.Էն.Էն.»-ին)՝ դատաքննութեան ընթացքին սահմանուելիք չափով, նկատի ունենալ նաեւ դատավճիռին նախորդող եւ յաջորդող գումարները, տնօրինել, որ «Սի.Էն.Էն.»-ը հրապարակէ զրպարտիչ նիւթին ամբողջական, ակնյայտ եւ յստակ հերքումը, տնօրինել, որ «Սի.Էն.Էն.»-ը հեռացնէ զրպարտիչ նիւթը իր կայքէն, տպագիր հրատարակութիւններէն, ընկերային ցանցերու էջերէն եւ «Սի.Էն.Էն.»-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող բոլոր թուային արխիւներէն, ինչպէս նաեւ տրամադրել այնպիսի յաւելեալ փոխհատուցում, զոր դատարանը պիտի նկատէ արդար եւ պատշաճ»։
Հետաքրքրական է, որ իսրայէլեան ուժերու ներկայութեան մասին նմանօրինակ հրապարակումներ միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ յայտնուած են տարիներէ ի վեր, սակայն անյայտ պատճառներով Ազրպէյճանի կառավարութիւնը դատական հայց չէ ներկայացուցած այդ կազմակերպութիւններէն ոեւէ մէկուն դէմ: 2012-ին «Foreign Policy»-ի մէջ հրապարակուած ծաւալուն յօդուածին մէջ «Քուինսի» հաստատութեան փորձագէտ Մարք Փերրի գրած էր, որ Ազրպէյճանը՝ «Իսրայէլի գաղտնի յենակէտն» է Իրանի դէմ:
«Սի.Էն.Էն.»-ի դէմ Ազրպէյճանի ներկայացուցած դատական հայցին մէջ առկայ են քանի մը բարդ իրաւական հարցեր.
1.- Արդեօք Ազրպէյճան՝ իբրեւ օտար պետութիւն, իրաւունք ունի՞ Միացեալ Նահանգներու դատարանին մէջ դատ բանալու ամերիկեան լրատուական կազմակերպութեան մը դէմ՝ քննադատական յօդուած հրապարակելուն համար։
2.- Արդեօք Ազրպէյճան կրնա՞յ ապացուցել, որ «Սի.Էն.Էն.»-ը գործած է «ակնյայտ չարամտութեամբ», որ կը նշանակէ, թէ հրապարակած է յօդուածը՝ գիտնալով, որ անիկա կեղծ է, եւ անփութօրէն արհամարհելով ճշմարտութիւնը։
3.- Արդեօք Ազրպէյճան կրնա՞յ դիմել դատարան՝ պահանջելով «Սի.Էն.Էն.»-էն բացայայտել իր լրագրողական գաղտնի աղբիւրները։
4.- Արդեօք Ազրպէյճանի դատական հայցը կը խախտէ՞ «Սի.Էն.Էն.»-ի՝ Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութեան Առաջին բարեփոխումով երաշխաւորուած խօսքի եւ մամուլի ազատութեան իրաւունքը։
5.- Զրպարտութեան վերաբերող հայցապահանջին մէջ Ազրպէյճան պէտք է կարենայ ոչ միայն ապացուցել, որ «Սի.Էն.Էն.»-ի հաղորդումը կեղծ էր եւ հրապարակուած էր չարամտութեամբ, այլ նաեւ, որ՝ աւելի կարեւոր է, Պաքուն «Սի.Էն.Էն.»-ի յօդուածին իբրեւ հետեւանք կրած է փաստացի ելեւմտական կորուստ։
Այս դատին հաւանական մեծագոյն ցնցող մասը «Սի.Էն.Էն.»-ի կողմէ՝ Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի գաղտնի ներքին փաստաթուղթերը դատարանին միջոցով պահանջելու կարողութիւնն է, որպէսզի բացայայտէ, թէ ի՛նչ ռազմական համաձայնագիրներ ստորագրած են իրարու հետ: Եթէ դատաւորը հաստատէ նման ծանուցագիրի տրամադրումը, Ազրպէյճան կրնայ հասնիլ այն եզրակացութեան, որ իր շահերէն կը բխի դատը ետք քաշելը, քան վտանգի դիմել՝ բացայայտելու Իսրայէլի հետ իր գաղտնի ռազմական համաձայնագիրները: Այս առումով արտակարգ կարեւորութիւն կը ստանայ նախագահ Ալիեւի նկարագրութիւնը Ազրպէյճան-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն՝ իբրեւ սառցալեռ, որուն 90 առ հարիւրը թաքնուած է ջուրին մակերեսին տակ։

