Հայաստանի Թշնամիները Երբեք Պիտի Չբաւարարուին. Անոնք Պիտի Շարունակեն Նորանոր Զիջումներ Պահանջել

Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ունի այն սխալ տպաւորութիւնը, որ Ատրպէյճանին եւ
Թուրքիոյ շարունակական զիջումներ ընելով՝ կրնայ հասնիլ խաղաղութեան եւ
բարեկամութեան։
Ան չի գիտակցիր, որ բռնարարին զիջումներ ընելով՝ միայն կը քաջալերէ զայն աւելի
մեծ պահանջներ ներկայացնելու։
Եթէ Փաշինեանը նուազագոյն ողջախոհութիւնը ունենար, առաջին օրէն իսկ պիտի
մերժէր Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ անընդհատ աւելցող պահանջները։
Թուրք վերլուծաբան Սելենա Էրվա Եալչընի՝ «Եւրասիական հետազօտութիւններու
կեդրոն»-ին կողմէ հրապարակած վերջին յօդուածը ցոյց կու տայ, որ որքան ալ
Փաշինեանը փորձէ գլուխ ծռել Հայաստանի թշնամիներուն, անոնք պիտի շարունակեն
քննադատել զինք՝ բաւարար չափով իրենց չհնազանդելուն համար։
Եալչընը գրած է. «Կարգաւորման գործընթացի ծիրին մէջ քննադատութեան ենթակայ են
այն յարաբերութիւնները, զորս Հայաստանը զարգացուցած է այն պետութիւններուն հետ,
որոնց քաղաքականութիւնը հիմնուած է հակաթրքական հռետորաբանութեան վրայ։
Հնդկաստանի հետ խորացող պաշտպանական համագործակցութիւնն ու
սպառազինութեան գնումները, ինչպէս նաեւ Յունաստանի ու Կիպրոսի
Հանրապետութեան հետ բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը եւ պաշտպանութեան մարզին
մէջ ներդրումներու ու համագործակցութեան համաձայնագիրները կը հաստատեն, որ …
«հակաթրքական ճակատին» մէջ Հայաստանի ներգրաւուածութիւնը կը մնայ շատ
աշխուժ։ Կապերու բնականոնացման երկարատեւ գործընթացը եւ Թուրքիոյ հետ
յարաբերութիւններու վերաբերող հայ պաշտօնատարներու որդեգրած չափաւորական ոճը
որեւէ զգայունութիւն չեն յառաջացուցած հակաթրքական կեցուածքներ ունեցող
երկիրներուն նկատմամբ ցուցաբերուող մօտեցման առումով։ Ասիկա կասկածներ կը
յառաջացնէ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու զարգացման
վերաբերեալ»։
Եալչընը կազմած է համապարփակ ցանկը Հայաստանի այն համագործակցութիւններուն,
որոնք ձեւաւորուած են այն երկիրներուն հետ, զորս ան կը բնութագրէ իբրեւ Թուրքիոյ
նկատմամբ թշնամաբար տրամադրուած երկիր․
Ա) 2025 թուականի մայիսէն ի վեր Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ հաստատուած
են 20 բարձր մակարդակի եւ դիւանագիտական կապեր, որոնց ընթացքին քննարկուած են
«պաշտպանական արդիւնաբերութեան, ռազմական վերապատրաստութեան, զինամթերքի
մատակարարման, առեւտուրի, առողջապահութեան, կրթութեան, մշակոյթի, բարձր
արհեստագիտութիւններու եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող
հարցեր»։
Բ) 2025-26 թուականներուն «Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ տեղի ունեցած է
մօտ տասը հանդիպում։ Անոնք ներառած են բարձր մակարդակի պաշտօնական
այցելութիւններ, ինչպէս նաեւ նախարարներու, ռազմական պաշտօնատարներու եւ
դիւանագիտական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կապեր։ Կարեւոր քայլերու
ձեռնարկուած է յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ՝ յատկապէս
պաշտպանութեան, ռազմական պատրաստութեան, մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան եւ
արհեստագիտութիւններու մարզերուն մէջ … 2025 թուականի հոկտեմբեր 23-ին երկու
երկիրներուն միջեւ ստորագրուած է 2026 թուականի պաշտպանական
համագործակցութեան ծրագիրը։ Այնուհետեւ, 2026 թուականի ապրիլ 22-ին
Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան միջեւ կատարուած են
եռակողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւններ, որոնց ընթացքին ստորագրուած է
պաշտպանական համագործակցութեան տարեկան եռակողմ ծրագիր»։
Գ) «Մայիս 2025-էն ի վեր Հայաստանի եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան միջեւ
դիւանագիտական, տնտեսական եւ ռազմական մարզերուն մէջ տեղի ունեցած են
բազմաթիւ շփումներ … 4 մայիս 2026-ին Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ
Քրիստոտուլիտեսը Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ այցելած
է Երեւան եւ հանդիպած՝ վարչապետ Փաշինեանին հետ։ Հանդիպման ընթացքին
քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման, տնտեսական
համագործակցութեան, տարածաշրջանային կայունութեան եւ ԹՐԻՓՓ նախագիծին
առնչուող հարցեր։ Առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին 22 ապրիլ 2026-ին
Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան միջեւ կատարուած եռակողմ
պաշտպանական խորհրդակցութիւնները, որոնց իբրեւ արդիւնք երեք երկիրներուն միջեւ
ստորագրուած է պաշտպանական համագործակցութեան եռակողմանի ծրագիր։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային եւ միջազգային
անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն, պաշտպանութեան մարզի զարգացումներուն,
ինչպէս նաեւ ռազմական համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման
կարելիութիւններուն։ Ակնյայտ է, որ Հայաստանի ռազմական համագործակցութիւնը
Յունաստանի եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան հետ դուրս եկած է զուտ երկկողմանի
յարաբերութիւններու շրջագիծէն՝ եռակողմանի եւ տարեկան ծրագիրներու միջոցով ձեռք
բերելով հաստատութենական բնոյթ»։
Զարմանալի է, որ Եալչընը մոռցած է Հայաստանի կողմէ շուրջ 300 միլիոն տոլարի
ֆրանսական զրահային եւ այլ ռազմական սարքաւորումներու ձեռքբերման փաստը։
Հակառակ Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու Փաշինեանի բոլոր
ջանքերուն, որոնց կարգին՝ վերջին չորս տարիներուն Թուրքիա կատարած երեք
այցելութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ Նիւ Եորքի մէջ Թուրքիոյ
ներկայացուցչութեան մէջ նախագահ Էրտողանի հետ ունեցած հանդիպման, թրքական
կողմը կը շարունակէ դժգոհութիւն յայտնել։
Այս այցելութիւնները չեն ներառեր արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝
իր թուրք պաշտօնակիցին հետ ունեցած վեց հանդիպումները կամ Թուրքիա կատարած
շարք մը այցելութիւնները։ Աւելի՛ն․ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն
Ռուբինեանը, 2022 թուականէն սկսեալ պարբերաբար հանդիպումներ ունեցած է
Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչին հետ՝ հայ-թրքական սահմանը
բանալու նպատակով, սակայն մինչեւ օրս անիկա կը շարունակէ փակ մնալ։ Նոյնիսկ
2022 թուականին ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, որով երրորդ երկիրներու
քաղաքացիներուն պէտք էր արտօնուէր հատել հայ-թրքական սահմանը, մինչեւ օրս չէ
գործադրուած։
Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն պնդել, որ հայ-թրքական սահմանը պիտի
չբանան, այնքան ատեն որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը չեն ստորագրած բանակցուած
խաղաղութեան պայմանագիրը։ Մինչդեռ նախագահ Ալիեւ կը մերժէ ստորագրել այդ
փաստաթուղթը, քանի դեռ Հայաստանը չէ փոխած իր սահմանադրութիւնը։ Սակայն
Փաշինեանը չի կրնար բաւարարել այդ պահանջը, որովհետեւ իր կուսակցութիւնը
խորհրդարանին մէջ չունի նոր սահմանադրութեան ընդունման վերաբերեալ հանրաքուէի
նախաձեռնելու անհրաժեշտ երկու երրորդ մեծամասնութիւնը։
Մինչ այդ, Փաշինեանը կը շարունակէ զիջումներու երթալ Թուրքիոյ՝ արգիլելով
Արարատ լերան որեւէ յիշատակում կամ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած
որեւէ կոչ։
Բացի Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջէն, Ալիեւ նաեւ կը պահանջէ
Հայաստանի մէջ բնակեցնել 300 հազար ազրպէյճանցիներ, Ազրպէյճանին
վերադարձնել Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուող նախկին ազրպէյճանաբնակ
միջերկիրները եւ միլիառաւոր տոլարներու փոխհատուցում վճարել Արցախի
«բռնագրաւման» դիմաց։ Այս պահանջները կը ներկայացուին, մինչ ազրպէյճանական
զինուած ուժերը կը շարունակեն բռնագրաւուած պահել Հայաստանի Հանրապետութեան
արեւելեան հատուածի կարգ մը տարածքները, Պաքուն ապօրինաբար կը պահէ
առնուազն 19 հայ քաղաքական բանտարկեալներ եւ կը մերժէ արցախահայերու՝ իրենց
պատմական հայրենիքը վերադառնալու իրաւունքը։
Ակնյայտ է, որ զիջողականութիւնը խաղաղութիւն չի բերեր, երբ դիմացի կողմը
իւրաքանչիւր զիջում կ՛ընկալէ իբրեւ յաւելեալ պահանջներ ներկայացնելու առիթ։

