Western Armenian – Ալիեւները Լոնտոնի մէջ Սեփականատէր Են Բազմաթիւ Շէնքերու՝ Հարիւրաւոր Միլիոն Տոլարներ Արժողութեամբ
«Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտածութեան լուսաբանմաննախագիծ»-ը (OCCRP) 2012 թուականին ընտրած էր նախագահ ԻլհամԱլիեւը՝ իր առաջին «Տարուան մարդ»-ը մրցանակին, որ կը տրուի այնանհատին կամ հաստատութեան, որ աշխարհին մէջ առաւելագոյնը կատարած է կազմակերպուած յանցաւորութեան ու փտածութեան յառաջխաղացքին համար»։
«Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտածութեան լուսաբանմաննախագիծ»-ը հետաքննող լրագրողներու համաշխարհային ցանց է, որաւելի քան տասնամեակ մը բացայայտած է նախագահ Ալիեւիընտանիքին եւ անոր անմիջական շրջանակին կողմէ պետական միջոցներու իւրացումը՝ արտերկրի մէջ անշարժ գոյք ձեռք բերելունպատակով։
Թէեւ կան բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնք կը հաղորդեն Ազրպէյճանի կողմէ լրագրողներու, ընդդիմութեան անդամներու եւիրաւապաշտպաններու բանտարկութեան մասին, բայց եւ այնպէս «Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտածութեան լուսաբանմաննախագիծ»-ը այն հազուագիւտ խումբերէն է, որ փաստագրած էալիեւներու ընտանիքին կողմէ Լոնտոնի սրտին մէջ արժէքաւոր անշարժգոյքի գաղտնի ձեռքբերումները: Այս սեփականութիւններէն շատերըթաքնուած են արտասահմանեան օֆշորային կազմակերպութիւններուետին՝ դժուարացնելով բացայայտել անոնց իսկականսեփականատէրերը:
Բայց եւ այնպէս, 2022 թուականին բրիտանական կառավարութիւնը որդեգրեց նոր օրէնքներ, որոնք կ՛օգնեն բացայայտել այդ ունեցուածքներէն քանի մը հատին սեփականատէրերը: «Կազմակերպուածյանցաւորութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-էն ՃէյմզՕ՛պրայըն իր՝ «Լոնտոնեան շքեղ կալուածներ, որոնք առնչուած ենԱզրպէյճանի նախագահին ընտանիքին, թաքնուած են օֆշորայինկազմակերպութեան ետին» խորագիրով յօդուածին մէջ այս ամիս կը տեղեկագրէ, որ ալիեւներու ընտանիքը «հարիւր միլիոնաւոր տոլարներարժողութեամբ բրիտանական անշարժ գոյք ձեռք բերած է»: Յօդուածին մէջ կը հաստատուի. «Նոր հասանելի տուեալները ցոյց կու տան, որ Ալիեւիդուստրերը Լոնտոնի մէջ սեփականատէր են վեց շքեղ բնակարաններու: Սակայն ներկայ սեփականատիրութիւնը 10 (այլ) ինչքերու, զորսընտանիքը ձեռք բերած է 160 միլիոն տոլարի, կը մնայ անյայտ, քանի որանոնց փոխանցումները կատարուած են օֆշորային կազմակերպութեան կողմէ: Այդ կազմակերպութեան կառոյցները ներկայիս զերծ կը մնանհանրային վերահսկողութենէն»:
«Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտածութեան լուսաբանմաննախագիծ»-ը կը տեղեկագրէ, որ ալիեւները Լոնտոնի մէջ ունին՝«Բրիտանական թանգարանին մօտ գտնուող պանդոկի շէնք մը. երկնաքեր (փենթհաուս) յարկաբաժիններ՝ Հայտ փարքէն միայն քանի մը քայլ հեռու: Առանձնատուն մը, որ կը նայի Հեմփսթետ Հիթի կանաչ տարածութեան: Եւ`շա՛տ աւելին: 2021 թուականին վերոնշեալ նախագիծը բացայայտեց, որ700 միլիոն տոլար արժողութեամբ լոնտոնեան անշարժ գոյքի հաւաքածոնձեռք բերուած է Ազրպէյճանի երկարամեայ բռնակալ նախագահ ԻլհամԱլիեւի ընտանիքին եւ մտերիմներուն կողմէ: Երկու տասնամեակ շարունակ անվիճարկելի քաղաքական իշխանութիւնը վերածելովհսկայական հարստութեան` այս ընտրանի խումբը որոշած էհարստութիւնը մսխել ժողովրդավարական աշխարհի ելեւմտականկեդրոններէն մէկուն մէջ: Անոնց գնած ինչքերը կը պատկանին տասնեակգաղտնի օֆշորային ընկերութիւններու` ծածկելով իրենց սեփականութիւնըհանրային վերահսկողութենէն: «Փանտորա փէյփըրզ»-ի` Հետաքննողլրագրողներու միջազգային առեւտրական ընկերակցութեան կողմէ ձեռքբերուած գաղտնի օֆշորային փաստաթուղթերու արտահոսքին շնորհիւ է, որ լրագրողները կրցան զանոնք կապել ալիեւներուն հետ»:
«Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտածութեան լուսաբանմաննախագիծ»-ը կը տեղեկացնէ, որ՝ «Համագործակցած է Բրիտանիոյ «Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ» փտածութեան դէմ պայքարող քարոզչական խումբի հետազօտողներուն հետ` վերանայելու Լոնտոնի 23 գոյքերը, զորս մեր նախկին հետաքննութիւնը կը կապէր ալիեւներուն»: Անոնք բացայայտած են, որ՝ «Նախագահ Ալիեւի դուստրերը` Լէյլա եւ ԱրզուԱլիեւաները անձամբ ունին վեց շքեղ բնակարան Հայտ փարքի դիմացիփողոցին կից: Սակայն (Օտարերկրեայ կազմակերպութիւններու գրանցամատեանին մէջ) չի նշուիր, թէ ի վերջոյ որո՛ւ կը պատկանին 10 անշարժ գոյքերը, զորս ալիեւներն ու անոնց մտերիմները ձեռք բերած են 160 միլիոն տոլարով՝ առանձնատուն Հեմփսթետ Հիթի մէջ, երկու թաունհաուս (քաղաքի տուն), բազմաթիւ բնակարաններ եւ երկնաքեր յարկաբաժիններ, ինչպէս նաեւ վեց յարկանի շէնք Կեդրոնական Լոնտոնի մէջ։ Ասիկա միայն կը բացայայտէ, որ անոնք կը պատկանին Մեն կղզիի մէջ արձանագրուած կազմակերպութեան»։
Ալիեւի գրասենեակը «չպատասխանեց («Կազմակերպուածյանցաւորութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-ի)հարցումներուն, սակայն նախագահ Ալիեւ նախապէս իր հարստութիւնըվերագրած էր գործարարութեան մէջ յաջողութեան»:
«Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտածութեան լուսաբանմաննախագիծ»-ը կը յայտնէ, որ 2021-ին իր նախագահական կայքին վրայ Ալիեւը «ընդունեց, որ ինք «աղքատ մարդ չէր», երբ նախագահ դարձաւ, բայց ըսաւ, թէ ատոր պատճառը իր գործարարական ձեռքբերումներն են: (Ազրպէյճանի անկախացումէն ետք առաջին առաջնորդին որդին` Ալիեւը, վարած է Ազրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութեանփոխնախագահի պաշտօնը, նախքան 2003 թուականին իր հայրըփոխարինելը՝ նախագահի պաշտօնին վրայ): «Ի տարբերութիւնԱրեւմուտքի որոշ այլ մարդոց, որոնք իրենց ամբողջ հարստութիւնը կը նուիրեն իրենց կատուներուն եւ շուներուն, Իտալիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ մենք կարեւոր կը նկատենք ընտանեկան արժէքները», ըսաւ ան այն ատեն: «Ուստի ես իմ ամբողջ գործարարութիւնս փոխանցեցիզաւակներուս»։
2015 թուականին «Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտածութեանլուսաբանման նախագիծ»-ը կը յայտնէ, որ «Լէյլա Ալիեւան` Ազրպէյճանինախագահին այն ատենուան 29-ամեայ աւագ դուստրը, տնօրէններէն մէկն էր բրիտանական ընկերութեան, որ կը կառավարէր աւելի քան 33 միլիոն տոլար արժողութեամբ (հինգ յարկանի) շքեղ շէնքը»:
Թէեւ կազմակերպութիւնը կը թաքցնէ լոնտոնեան 10 բարձրակարգ գոյքիսեփականութիւնը, բայց եւ այնպէս անոնց ինը «Օտարերկրեայ կազմակերպութիւններու գրանցամատեան»-ին մէջ նշուած են անունովնոյն անձին, որ ունի «զգալի ազդեցութիւն կամ վերահսկողութիւն»օֆշորային ընկերութիւններու վրայ, որոնց սեփականատէրն է ՄիրՓաշաեւը… նախագահ Իլհամ Ալիեւի կնոջ զարմիկը: 54-ամեայդրամավարը սերտօրէն կապուած է ալիեւներու ընտանիքինգործարարական շահերուն հետ: Ան խորհուրդի նախագահն է «Փաշա պանք»-ի՝ խոշոր վարկատու մը, որ կը պատկանի նախագահինդուստրերուն` Լէյլային եւ Արզուին, եւ տնօրէններու խորհուրդի փոխնախագահը անոնց ամբողջ «Փաշա հոլտինկզ» գործարարական ցանցի, որ կը ներառէ դրամատնային, ապահովագրական եւ շինարարական ոլորտներու շահերը»։
«Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտածութեան լուսաբանմաննախագիծ»-ը յայտնած է, որ «2014 թուականի հոկտեմբերին ան(Փաշաեւը) Լէյլա Ալիեւայէն ստանձնած է տնօրէնութիւնը այն ընկերութեան, որ կը կառավարէ «Սփիքըրզ քորնըր»-ի (Լոնտոն) անորառանձնատունը»:
Նախագահ Ալիեւի մնայուն սպառնալիքները՝ յարձակելու Հայաստանի վրայ, եթէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չհամաձայնի զիջումներկատարել, նպատակ ունին շեղել ուշադրութիւնը Ալիեւի կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտումներէն եւ Ազրպէյճանի պետական միջոցներուիւրացումէն, որ անոր քաղաքացիները կը զրկէ երկրի միլիառաւոր տոլարներու նաւթի ու կազի եկամուտներէն։