Western Armenian – Թուրք Դիւանագէտները Ուաշինկթընի Դատարանին Մէջ Կը Մեղադրուին Ամերիկեան Օրէնքները Խախտելու Մէջ
Թուրք հետաքննող լրագրող Ապտուլլա Պոզքուրթ «Նորտիք Մոնիթըր»-ի մէջ գրած է յօդուած մը՝ «Ուաշինկթընի դատարանին մէջ թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտները կը մեղադրուին մարդոց առեւտուր-օգտագործման եւ խարդախութեան մէջ» խորագիրով:
Պոզքուրթ կ՛արձանագրէ, որ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան երկրորդ բարձրաստիճան դիւանագէտ, առաքելութեան ղեկավարի նախկին տեղակալ Հուսնու Սինան Էրթայն ու անոր կինը` դեսպանատան դիւանագիտական խորհրդական Անիլ Օզկէ Էրթայը, «մեղադրուած են մարդոց առեւտուր-օգտագործման, խարդախութեան, անհիմն հարստացման, համաձայնագիրի խախտման եւ Միացեալ Նահանգներու աշխատանքային ու աշխատավարձի վերաբերող օրէնքներու խախտումներու մէջ»: Քաղաքացիական դատը մայիսին Միացեալ Նահանգներու Ուաշինկթընի շրջանային դատարանին ներկայացուցած է ընտանիքին դայեակը` Ֆիլիփինի քաղաքացի Շերոն Թոմըս Ակտիփան: Եթէ դատաւորը համաձայնի դատը ընդունիլ, ապա դատարանը պիտի որոշէ զոյգին մեղաւորութիւնը կամ անմեղութիւնը:
Թուրք դիւանագէտները կը բնակին մէկ միլիոն տոլար արժողութեամբ, 120 քառակուսի մեթր տարածութեամբ առանձնատան մէջ` դեսպանատան Փարք Տրայվի մէջ գտնուող փակ շրջանին մէջ, Ուաշինկթընի Ուեսլի Հայթս թաղամասին մէջ: Անոնց դայեակը յայտնեց, որ, «Ֆիլիփինէն Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուիլը իրեն համար հրապուրիչ թուացած է՝ նկատի ունենալով աշխատանքի, արդար վարձատրութեան եւ անձնական սենեակի խոստումներով, բայց փոխարէնը՝ ան ենթարկուած է բռնի աշխատանքի»: Ըստ անոր փաստաբաններուն, «ան զգացական եւ ֆիզիքական տառապանք կրած է, զրկուած է կանոնաւոր սնունդէ եւ առանձին ննջարանէ, շատ ցած աշխատավարձ ստացած է, անոր սպառնացած են արտաքսումով, եւ յաճախակիօրէն ենթարկուած է բանաւոր նախատինքի»:
Պոզքուրթ գրած է, որ՝ «թրքական դիւանագիտական իր աղբիւրները, որոնք զրուցած են «Նորտիք Մոնիթըր»-ի հետ, շատ քիչ զարմացան այս մեղադրանքներէն՝ նկատի ունենալով Էրթայ զոյգին նկարագիրն ու բնաւորութիւնը: «Տիկին Էրթայը իր պաշտօնակիցներուն կողմէ ճանչցուած է իբրեւ չար անձնաւորութիւն», ըսած է աղբիւր մը, որ փափաքած է անանուն մնալ: Այլ աղբիւրներ պնդած են, որ անոր ամուսինը արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ իր պաշտօնին տիրացած է հիմնականօրէն իր հօր փոխնախարարի ազդեցիկ պաշտօնին շնորհիւ՝ իբրեւ անձնակազմի պատասխանատու»:
Պոզքուրթ գրած է, որ՝ «Ակտիփայի փորձութիւնները սկսան 2019 թուականի նոյեմբերին, երբ տիկին Էրթայ անոր աշխատանք առաջարկեց Ուաշինկթընի մէջ, սակայն, երբ Ակտիփան սկսաւ աշխատիլ զոյգին մօտ՝ 2020 թուականի փետրուարին, անոր պարտականութիւնները շրջանցեցին անոնց 5 տարեկան որդիին խնամքի սահմանները՝ ներառելով տնային տնտեսութեան տարբեր գործեր` մաքրութենէն ու խոհարարութենէն մինչեւ պարտիզպանութիւն»:
Պոզքուրթ յայտնած է. «Հակառակ անոր որ անոր համաձայնագիրը ճշդած էր շաբաթական 35 ժամերու աշխատանք՝ ժամը 14 տոլար վարձատրութեամբ, Ակտիփան աշխատած է շաբաթական աւելի քան 80 ժամ, եւ իրմէ պահանջուած է բոլոր ժամերուն սպասողական վիճակի մէջ մնալ` զոյգին պահանջները գոհացնելու համար: Ան աշխատանքի յաւելեալ ժամերու համար ոչ մէկ փոխհատուցում ստացած է, ինչ որ համաձայնագիրով ճշդուած պայմաններու ակնյայտ ոտնակոխում է: Դատին մէջ կը նշուի, որ զոյգը ստիպած է Ակտիփային՝ վերադարձնել իր աշխատավարձին մէկ մասը` հրամայելով անոր Էյ. Թի. Էմ.ի գործիքէն ստանալ իր գումարը եւ կրկին իրենց տալ… Զոյգին մօտ 15 ամսուան աշխատանքին ընթացքին Ակտիփայէն պահանջուած է վերադարձնել իր ընդհանուր աշխատավարձին մօտաւորապէս մէկ երրորդը, որ կը կազմէր 9450 տոլար»:
Դատին մէջ կը հաստատուի, որ թուրք ամոլը «դաժան կերպով վերաբերած են անոր հետ՝ վիրաւորական խօսքեր ու հայհոյանքներ գործածելով, զայն վտարելու սպառնալիքներ տեղացնելով եւ զգացական ու հոգեբանական անհանգստութիւն պատճառելով: Անոր ըսած են, որ աշխատանքային պայմաններէն դժգոհելու պարագային զայն պիտի արտաքսեն երկրէն»:
Ակտիփան կը պնդէ, որ հակառակ համաձայնագիրին՝ ամոլը մերժած է կանոնաւոր սնունդ տալ իրեն, չեն արտօնած, որ ինք անձամբ պատրաստէ իր ճաշը, մերժած են անհրաժեշտութեան պարագային բժշկական խնամք տրամադրել եւ հիւանդութեան ատեն արձակուրդ տալ: Պոզքուրթ արձանագրած է. «Հակառակ անոր որ համաձայնագիրով նախատեսուած էր, որ ան պէտք է առանձին սենեակ ունենայ եւ կանոնաւոր սնունդ ստանայ, Ակտիփային յանձնարարած են քնանալ առանց պատուհանի նկուղի մը մէջ: Թրքական առաքելութեան փոխղեկավարը կանոնաւոր կերպով մուտք կը գործէր այս տարածքը»:
2021 թուականի մայիս 5-ին դայեակը փախուստ տուած է դիւանագէտներուն տունէն՝ հոն ձգելով իր ունեցուածքին մեծ մասը: Ուաշինկթընի մէջ Ֆիլիփինի դեսպանատան աշխատանքային հարցերով կցորդը, տեղեկանալով անոր իրավիճակին մասին, Ակտիփան ուղարկած է փաստաբանական գրասենեակ` զայն պաշտպանելու համար:
Փաստաբանական գրասենեակը այս դատին մասին հաստատօրէն ազդարարեց ամերիկեան կառավարութեան՝ Ակտիփանի կողմէ իր կրած բռնութիւններուն եւ պարտադիր աշխատանքին մասին տուած վկայութիւններուն լոյսին տակ: Սակայն մինչ օրս Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կողմէ դիւանագէտներուն դէմ քրէական գործ չէ յարուցուած:
Ակտիփային փաստաբանները բացուած դատին մէջ կը պնդեն, որ «էրթայներուն արարքները՝ Ակտիփան աշխատանքի հրաւիրելու եւ զայն Միացեալ Նահանգներ մեկնելու գծով համոզելու, մինչեւ արտաքսման սպառնալիքը եւ աշխատավարձը գողնալը, կը խախտեն բազմաթիւ օրէնքներ… Աւելի՛ն. անոնց վարքը կը վկայէ համաձայնագիրի այլ խախտումներու մասին եւս՝ չարդարացուած հարստացում, դիտումնաւոր զգացական անհանգստութիւն պատճառել եւ խարդախութիւն:
2024 թուականի մայիս 20-ին Ակտիփայի փաստաբանները` Օլամիտէ Ս. Օրեպամճոն, Մելիսա Լ. Փեթըրսըն եւ Էլիզապեթ Ս. Ֆասիհ, Ուաշինկթընի «Ճոնս Տէյ» փաստաբանական գրասենեակէն, դատարանէն պահանջեցին երդուեալ դատաւորներու դատավարութիւն:
Յայտնի չէ, թէ դատաւորը ինչպէ՛ս պիտի վերաբերի այս դատին հետ՝ նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ թուրք ամուսինները վերադարձած են Թուրքիա եւ վայելած են դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւնը:
Պոզքուրթ գրած է, որ թուրք զոյգը կ՛աշխատի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, Անգարա: «Պարոն Էրթայը ներկայիս կը ծառայէ իբրեւ Արեւելեան Ասիոյ գլխաւոր տնօրինութեան վարչութեան պետ», իսկ տիկին Էրթայը «Հիւսիսային Ամերիկայի գլխաւոր տնօրինութեան վարչութեան ղեկավարն է»: