Western Armenian – Կ՛ըսուի, Թէ Էրտողան Աստուածային Յատկանիշներ Ունի. «Բացարձակ Իշխանութիւնը Կը Փճացնէ Բացարձակապէս»
Յարութ Սասունեան
Ապտուլլահ Պոզքուրթ Nordic Monitor-ի իր յօդուածին մէջ գրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մասին, որ ինքզինք պարուրած է Աստուծոյ կամ Ալլահի յատկանիշներով: Էրտողանի հնազանդ մօտիկ շրջապատը կ՛ամրապնդէ անոր այդ ինքնագովասանքի եւ ուռճացուած կարծիքը՝ պնդելով, որ ան աստուածային ուժ ունի: Յօդուածը վերնագրուած է. «Թուրքիոյ նախագահը կը տառապի աստուածային բարդոյթով, պաշտուած է Ալլահին եւ մարգարէին բնորոշ յատկանիշներուն համար»:
Պոզքուրթ իր յօդուածը կը սկսի Էրտողանը բնութագրելով իբրեւ «նախագահ, որ կը հաւատայ, որ ունի գերազանց կարողութիւններ եւ, ըստ երեւոյթին, կը տառապի աստուածային բարդոյթով…: Էրտողան ջարդած է ընդդիմութիւնը, բանտարկած՝ իր քննադատները եւ հակառակորդները, իր ձեռքին մէջ համախմբած է իշխանութեան բոլոր լծակները, ոչնչացուցած է հակակշիռները եւ դարձած է իր երկրի բոլոր հարցերուն վերաբերեալ միակ որոշում կայացնողը: Իր ունակութիւններով եւ անսխալականութեան մասին իր ուռճացուած տեսակէտը, զուգորդուած՝ զինք շրջապատող միաբերան համաձայնողներու ներկայութեամբ, կ՛ամրապնդէ անոր ինքնասիրահարուածութիւնը եւ կ՛ամրացնէ անոր գերազանցութեան բարդոյթը: Ան ինքզինք կը համարէ խալիֆա, աշխարհի ամբողջ մահմետական համայնքի առաջնորդ, եւ հետեւաբար կը կարծէ, որ արժանի է յատուկ ուշադրութեան»:
Պոզքուրթ կը յիշեցնէ, որ Մարտ 2024ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն Էրտողանի կուսակցութեան (AKP) պարտութենէն ետք, 17 Ապրիլին ան ըսաւ. «Տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք: Թող բոլորը տեսնեն եւ իմանան, որ ոչինչ կ՛աւարտի, այնքան ատեն որ դեռ չենք ըսած, որ աւարտած է»: Կը պարզուի, որ հնչեցուած այս անմեղ յայտարարութիւնը ցնցող հետեւանքներ ունեցաւ…: Քաղաքական իսլամական շրջանակներու համաթեքսթին մէջ՝ (վիճարկելով) Ալլահի աստուածային կամքը, իսլամութեան վեց հիմնական սիւներէն մէկը, ինչ որ կը նշանակէ, որ Ալլահն է վերջնական որոշում կայացնողը, եւ ամէն բան տեղի կ՛ունենայ միայն Անոր աստուածային կամքին համաձայն: Այս մեկնաբանութիւնը կ՛արտացոլէ Էրտողանի ներքին մտածելակերպը, քանի որ ան վարժուած է թրքական հարցերու մէջ վերջնական իրաւարարը ըլլալ, գրեթէ բացարձակ իշխանութեան երկարատեւ կառավարումէ ետք: Էրտողան այս խօսքերը անիմաստ տեղը չըսաւ. Ան ինքզինք աստուածահաճոյ կերպով տեսնելու երկարատեւ փորձ ունի: Իր հետեւորդներու պաշտամունքային գովասանքը, անշուշտ, նպաստած է նախագահի հոգեբանութեան ձեւաւորման»:
Մարտ 2024ի նախընտրական հանրահաւաքին ելոյթ ունենալով՝ Էրտողան ըսաւ. «Մեր ողորմութիւնը կը յաղթէ մեր բարկութեան»։ Նման կերպ նկարագրելով իր կառավարութեան արձագանգը իր քննադատներուն եւ ընդդիմախոսներուն՝ Էրտողան «ուղղակիօրէն յղում կատարեց աւանդական իսլամական մտքի դպրոցին Ալլահի եզակի յատկանիշին, զոր նկարագրուած էր իսլամ մարգարէ Մուհամմետի խօսքին մէջ. «Երբ Ալլահ որոշեց արարել, Ան խոստացաւ Ինքնիրեն՝ գրելով Իր Գիրքին մէջ, որ դրուած է Անոր հետ՝ Իմ ողորմութիւնը կը յաղթէ իմ բարկութեան»։ Ընդդիմադիր իսլամական քաղաքական «Սաատեթ» կուսակցութեան Milli Gazete թերթը գրած է. Էրտողան «ապշեցուց ներկաները, երբ ինքզինք միացուց Ալլահի յատկանիշներուն»։
Էրտողանի համախոհները եւ անոր իշխող կուսակցութեան բարձրաստիճան անդամները, որոնք զբաղած են քծնանքով, ուռճացուած յայտարարութիւններ կ՛ընեն՝ հաստատելով գերագոյն ուժեր ունենալու իր պնդումը։ Ահա՛ Պոզքուրթի ներկայացուցած քանի մը օրինակները.
«Յուլիս 2011ին AKP-ի Պուրսայի այյ օրերու պատգամաւոր Հուսէյն Շահին Էրտողանի հետ զրոյցէն եւ այցելութենէն ետք յայտարարեց, որ «նոյնիսկ մեր յարգարժան վարչապետին (Էրտողանի) դպչիլը, կը կարծեմ, պաշտամունքի արարք է: Ես այսպէս կ՛ըսեմ, որովհետեւ նոյնիսկ անոր ներկայութիւնը ուժանիւթով կը լեցնէ մեզ»»:
«Ֆեվայի Արսլան, Էրտողանի իշխող կուսակցութեան միւս օրէնսդիրը, Յունուար 2014ին ըսաւ. «Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան առաջնորդ մըն է, որ կը մարմնաւորէ Ալլահի բոլոր յատկանիշները: Անոնք կ՛ուզէին խանգարել զինք»»:
«AKP-ի երկարամեայ օրէնսդիր Զուլֆու Թոլկա Աղար Օգոստոս 2019ի իր ելոյթի ընթացքին Էրտողանը համեմատեց Աստուծոյ հետ՝ ըսելով. «Երբ մեզի կ՛ըսեն նախագահի մասին, կը թուի, թէ մեզի կ՛ըսեն Ալլահի մասին»»:
«Նոյեմբեր 2009ին, մօտ 1500 կուսակցական հաւատարիմներու առջեւ ելոյթ ունենալու պահուն AKP-ի Այտինի՝ այդ օրերու մարզային գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հաքքի Էսեր բազմութեան ըսաւ. «Թող ոչ ոք կասկածի մեր վարչապետին (Էրտողանի) նկատմամբ մեր ժողովուրդի տածած սիրոյն ու յարգանքին: Մենք նուիրուած ենք մեր վարչապետին, ան մեզի համար երկրորդ մարգարէի պէս է»»:
«Եւրոմիութեան գործերու նախկին նախարար Էկեմէն Պաղիշ՝ Փետրուար 2013ին, սուրբ կոչեց քանի մը քաղաքներ, որոնք նման են Մեքքայի եւ Մետինայի իսլամական սրբավայրերուն՝ ըսելով. «Ռիզէն, Սթամպուլը եւ Սիիրթը սուրբ քաղաքներ են, քանի որ այս երեք քաղաքները մեծ դեր ունեցած են Թուրքիոյ Հանրապետության պատմութեան մեծագոյն ղեկավարի ստեղծման գործին մէջ»: Ռիզէն Էրտողանի ընտանիքի հայրենի նահանգն է, իսկ Սթամպուլը այն վայրն է, ուր ան մեծցած է եւ մտած քաղաքականութիւն: Անոր կնոջ հայրենի նահանգը՝ Սիիրթը, այն ընտրատարածքն է, ուր ան Մարտ 2003ի կրկնակի ընտրութիւններուն առաջին անգամ խորհրդարանի անդամ ընտրուած է։ Հակառակ բազմամիլիոն արժողութեամբ կաշառակերութեան ծրագրին մեջ մեղադրուելուն՝ Էրտողան կանգնած է Բաղիշի կողքին եւ զայն Չեխիոյ մէջ դեսպան նշանակած է»:
Ոմանք նոյնիսկ կ՛ըսեն, որ Էրտողան գերազանցած է իսլամ մարգարէն: Էֆքան Ալան, այդ օրերու ներքին գործերու նախարարը՝ ըսաւ. «Մուհամմետ մարգարէ հպարտութեան մէջ էր, ուստի Աստուած նախզգուշացուց զայն: Միւս կողմէ, մենք հպարտութեան գայթակղութեան չենք ենթարկուիր»: Ալայի իրաւայաջորդ Սուլէյման Սոյլու Դեկտեմբեր 2021ին պնդեց, որ Էրտողանի կառավարութեան աշխատանքը Ալլահի աշխատանքն է: «Մի՛ տեսնէք միայն այն, որ մենք կ՛ընենք: Մենք այդ մինակ չենք ըներ: Մենք կը հաւատանք, որ Ալլահն է մեզ ստիպողը, որ մենք այդ ընենք»»:
«Փետրուար 2010ին, AKP-ի քաղաքական գործիչ Օքթայ Սարալ, որ կը ղեկավարէր Տրապիզոն նահանգի Օֆ շրջանը, կոչ ըրաւ երկրպագել Էրտողանի եւ ըսաւ, որ պէտք է երախտագիտութեան աղօթք ընել, որ նման է Աստուծոյ համար մահմետական ծեսերու, քանի որ Էրտողան իսլամական աշխարհի օրհնուած ղեկավարն է։»։
«Որոշ տեղակալներ Էրտողանի ելոյթները նմանցուցած են Սուննային, որ կը վերաբերի Մուհամմետ մարգարէի խօսքերուն եւ գործելակերպին ու կը նկատուի մահմետականներու համար սուրբ Գուրանէն ետք գիտելիքի երկրորդ հեղինակաւոր աղբիւրը»:
Պոզքուրթ աւելցուցած է. «Թուրքիոյ մէջ անոր աւելի քան երկու տասնամեակ կառավարման ընթացքին Էրտողանի ուղղուած աստծուածային նմանօրինակ վերագրումներու տասնեակ դէպքեր եղած են: Անոնցմէ ոչ մէկը վիճարկուած է Էրտողանի կողմէ, ան, կարծես թէ, վայելած է այսպիսի գովասանքներ: Իր ինքնընկալման մէջ, թերեւս, նա ինքզինք Աստուած կամ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած առաքեալ կը զգայ, որ եկած է իշխանութեան՝ աշխարհի բոլոր մահմետականները առաջնորդելու համար»:
«Իրավիճակը աւելի կը բարդանայ այն առումով, որ նախագահ Էրտողան շրջապատուած է միաբերան համաձայնող կիներով եւ տղամարդոցմով, որոնք կ՛երկրպագեն իրեն եւ չեն համարձակիր արտայայտել տեսակէտներ, որոնք կրնան զայն դժգոհեցնել: Շրջածիրը այն մարդոց, զոր ինք ընտրած է՝ իր ներքին շրջապատին մէջ ընդգրկելու համար, կը պատկերէ այնպիսիներ, որոնք երկրի կառավարման հարցով կը խուսափին քննադատական մտածելակերպէն եւ վիճայարոյց տեսակէտներէ: Իրականութեան մէջ, Էրտողան ուրիշ բան չէ եթէ ոչ աւազակ մը, ինքնասիրահարած միապետ մը, որ կը չարաշահէ կրօնը իր քաղաքական նկրտումներուն համար՝ հարստացնելով իր ընտանիքի անդամներն ու ընկերակիցները միլիառաւոր տոլարներով՝ իր վարչակազմի համատարած կաշառակերութենէն, բոլոր տեսակի առեւտրական անօրինական գործունէութիւններէ եւ յանցաւոր գործառնութիւններէ շահոյթ ստանալու միջոցով», եզրափակած է Պոզքուրթ:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան