Western Armenian – Հայաստանը պէտք է շահագործէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները
Երկիրները պէտք է տարբեր գործիքներ ունենան իրենց զինանոցին մէջ՝ իրենց թշնամիներուն հակազդելու կամ տկարացնելու համար։ Ամենայայտնի միջոցը ուժի կիրարկումն է։ Սակայն ռազմական ուժի պակասի պատճառաւ, Հայաստան չի կրնար այդ մէկը յաջող ձեւով գործադրել։
Ուրիշ հնարաւոր միջոց մըն ալ թշնամի պետութիւններու ապակայունացումն է, ներքին խռովութիւններ ստեղծելով եւ անոնց ճնշուած փոքրամասնութիւններուն հրահրելով։
Երրորդ միջոցը թշնամի ազգի եւ անոր դաշնակիցներուն միջեւ պառակտում յառաջացնելն է՝ օգտագործելով «բաժնէ՛ որ տիրես» յայտնի ասոյթը։ Հայաստանը շրջապատուած է երկու թշնամի դրացիներով՝ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա, որոնք իրենց կ՚անուանեն «մէկ ազգ, երկու պետութիւն»։ Հետեւաբար, Հայաստան պէտք է փորձէ սեպ խրել անոնց բաժանման անդունդը՝ աւելի խորացնելով անոնց տարակարծութիւնները:
Վերջին 30 տարիներուն ընթացքին, առնուազն երեք անգամ Հայաստանի երկու հիմնական թշնամիները իրենք իրենց միջեւ ունեցած են անհամաձայնութիւններ։
Առաջին օրինակը եղած է 1995-ի Մարտ ամսուն, երբ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը, թուրքիոյ որոշ խմբակցութիւններու աջակցութեամբ, փորձեցին պետական յեղաշրջում իրականացնել նախագահ Հէյտար Ալիեւի դէմ։ Անոնք կը ձգտէին իշխանութեան վերադարձնել, 1993 թուականին Ալիեւի կողմէ տապալուած, նախկին նախագահ Ապուլֆազ Էլչիբէյը։
Թուրքիոյ վարչապետ Թանսու Չիլլեր, որուն գլխաւոր օգնականները միջամուխ էին յեղաշրջումի աշխատանքին մէջ, կանաչ լոյս վարած էր Ալիեւէն ձեռբազատուելու համար։ Յեղաշրջումը ձախողեցաւ երբ Թուրքիոյ նախագահ Սուլէյման Դեմիրել իմացաւ դաւադրութեան մասին եւ զգուշացուց նախագահ Ալիեւին։ Ըստ «Ուիքիփետիա» հանրագիտարանին՝ յեղաշրջումի փորձը «դիւանագիտական ճգնաժամ յառաջացուց Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ»։
Այս փախցուած առիթ մըն էր Հայաստանի կառավարութեան համար 1995 թուականին՝ շահագործելու յեղաշրջումի փորձը որուն ի հետեւանք Ազրպէյճանի կառավարութեան մէջ ստեղծուած էր խառնակ իրավիճակ, երկու թշնամիները զիրարմէ աւելի եւս հեռացնելու եւ բաժնելու, պառակտումը հրապարակելով եւ շեշտադրելով։
Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկրորդ ճգնաժամը տեղի ունեցաւ 2009 թուականին՝ հայ-թրքական Արձանագրութիւններու (Protocol) ստորագրման ժամանակ։ Այդ արձանագրութիւններուն մէջ պիտի սահմանուէր երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորում, ներառեալ՝ պաշտօնական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում, հայ-թրքական սահմանի բացում եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրող պատմական յանձնաժողովի ձեւաւորում որուն անդամները պիտի ըլլային երկուստեք։ Սոյն Արձանագրութիւնները կը միջնորդէին Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան եւ Ֆրանսան։
Ազրպէյճան դէմ էր Արձանագրութիւններու վաւերացման՝ այն մտավախութեամբ որ եթէ Թուրքիա կարգաւորէ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, հետեւաբար պիտի տկարանար Ազրպէյճանի ճնշումը Հայաստանի վրայ Արցախի հակամարտութեան հարցով։
Թուրքիան ինքզինք գտաւ բազմաթիւ հակասութիւններու խաչմերուկին-
1) Թուրքիան կը ցանկար հետապնդել իր սեփական շահերը՝ Հայաստանի հետ հակամարտող յարաբերութիւններուն մեղմացումը՝ վերացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման վերաբերեալ հայկական վաղեմի պահանջները։
2) Թուրքիոյ վրայ ճնշում կը բանեցուէր Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ որպէսզի ան վաւերացնէ վերոյիշեալ Արձանագրութիւնները։
3) Ազրպէյճան՝ թուրքիոյ կրտսեր գործընկերը, ի սկզբանէ դիւանագիտական ճնշում բանեցուց վերջինիս վրայ, եւ ապա սպառնաց կտրել կազի արտահանումը կամ բարձրացնել գինը։ Երբ այդ ցանկալի արդիւնք չունեցաւ, Ազրպէյճան փակեց Թրքական հովանաւորութեամբ գործող քանի մը մզկիթներ եւ հանեց թրքական դրօշակները։ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւումը «ուղղակի կը հակասէ Ազրպէյճանի ազգային շահերուն, եւ կը վտանգէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պատմական խոր արմատներու վրայ hիմնուած՝ եղբայրական յարաբերութեան ոգին»։
Եւս մէկ անգամ, Հայաստանը այս հակամարտութեան մէջ պարզապէս հանդիսատես էր։ Ի վերջոյ, Թուրքիան Ազրպէյճանական ճնշումներուն տեղի տուաւ եւ Արձանագրութիւնները վաւերացնելէ հրաժարեցաւ։
Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ վէճը տեղի կ՚ունենայ նոյնիսկ այս պահուն, երբ Նախագահ Էրտողան կը խայտառակէ Ազրպէյճանին՝ Յուլիս 28-ին յայտարարելով.- «Ինչպէս մտանք Ղարաբաղ, ինչպէս մտանք Լիպիա, նոյնը պէտք է ընենք Իսրայել։ Մեզ ոչինչ չի կրնար կեցնել։ Մենք պարզապէս պէտք է զoրաւոր ըլլանք այս քայլը առնելու համար»։
Ազրպէյճանի պաշտօնեաները վճռականօրէն դէմ արտայայտուեցան Էրտողանի յայտարարութեան, քանի որ այդ բացայայտումն էր ազրպէյճանական առասպելին որ կ՚ըսէր թէ իրենք յաղթեցին Արցախեան պատերազմը առանց որեւէ արտաքին օժանդակութեան։ Փաստն այն է, որ 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին, Ազրպէյճանին աջակցած են թուրք զինուորականները և հրամանատարները ինչպէս նաեւ հազարաւոր Իսլամ վարձկանները որ Թուրքիան Սուրիայէն բերած էր Արցախ պատերազմելու համար հայերուն դէմ։
Անտեսելով Ազրպէյճանի ժխտումները, Էրտողան կը շարունակէ կրկնել յայտարարութիւնը՝ Արցախեան հակամարտութեան մէջ թրքական բանակի ներգրաւուածութեան մասին։ Օգոստոսի 1-ին ան ըսաւ.- «Ղարաբաղի մէջ, մենք ազերի եղբայրներուն հետ ամբողջութեամբ ոչնչացուցինք թշնամու ուժերը»։
Ազրպէյճանի պաշտօնական թերթի խմբագրական սիւնակին մէջ հրատակուեցաւ.- «Մեր ժողովորդը, բանակը եւ հրամանատարը հիասթափութեամբ եւ խորը ցաւով կը նային մեր յաղթանակի սեփականացման փորձերուն։ Ազրպէյճանի յաղթանակը համաթուրանական աշխարհինն է, սակայն անոր ճարտարապետը Թուրքիան չէ։ Ղարաբաղի յաղթանակի ճարտարապետն է Գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Ալիեւ եւ ազերի բանակը»։ Ազերի պաշտօնական թերթը Էրտողանի խօսքերը որակեց «բարոյական ծանր հարուած»։
Պաքուն Թուրքիոյ հետ իր անհամաձայնութեան հետամուտ եղաւ դիւանագիտական ուղիներով։ Յուլիս 29-ին Թուրքիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ռաշատ Մամետով հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ փոխ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեհմետ Քեմալ Պոզայի հետ, բողոքելով Էրտողանի յայտարարութիւնը։ Այնուհետեւ, Մամետով յաջորդ օրն իսկ այցելեց Թուրքիոյ փոխ արտաքին գործոց նախարար Բերիս Էքինջիին, որպէսզի նոյն գծով երկրորդ անգամ եւս բողոքէ։
Բարեբախտաբար, Հայաստանի վարչապետը արձագանքեց այս վէճին մասին, պատասխանելով լրագրողի հարցումին Օգոստոս 31-ի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին.- «44 օրուան պատերազմի ընթացքին [2020 թուական], բազմաթիւ դիրքերու վրայ մեր մարտական խումբերը տեսած են Թրքական դրօշակներ, թրքական զինծառայողներ, Թուրքիոյ յատուկ ջոկատայիններ, Թուրք բարձրաստիճան սպաներ։ Եւ եկէ՛ք չմոռնանք, որ 44 օրուան պատերազմին նախորդեցին լայնածաւալ զoրավարժութիւններ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ։ Եւ պատերազմին ամբողջութեան ընթացքին, թուրքիոյ պատկանող F-16 ինքնաթիռները միշտ եղած են օդը, բառիս բուն իմաստով, անոնց հետ նաեւ թուրքիոյ պատկանող անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք սպասարկուած էին թրքական անձնակազմին կողմէ»։
Արդի պատերազմները միայն զէնքով չեն վառեր։ Ազգերը նաեւ հոգեբանական պատերազմ կը մղեն, ապատեղեկութիւններ կը տարածեն, թշնամի երկիրներու մէջ ներքին խռովութիւններ կը հրահրեն, եւ կ՚որդեգրեն «բաժնէ՛ որ տիրես» քաղաքականութիւնը։ Հայաստան պէտք է օգտագործէ այս բոլոր միջոցները՝ իր թշնամիներուն տկարացնելու եւ ազգային շահերը պաշտպանելու համար։
Եթէ Հայաստանն այդպիսի մասնագիտական գործողութիւններու փորձառութիւն չունի, կան խորհրդատուական ընկերութիւններ, որոնց կարելի է վարձել, զէնքի վրայ ծախսուող միլիոններէն փոքր մաս մը անոր յատկացնելով՝ թշնամին ներսէն պառակտելու համար։
Թարգմանեց՝ Կարէն Շահէ Ճինպաշեան