Western Armenian – Հայերը Հիմա Նոր Թիրախ Ունին՝ Յորդանանը, Որ Ազրպէյճանի Ճնշումներուն Ենթակայ Է
Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Կարծես հայերը լուծելիք քիչ խնդիրներ ունենային, հիմա ալ պէտք է պահանջեն,
որ Յորդանան չեղեալ նկատէ Ազրպէյճանի ճնշումներով՝ արցախեան նիւթով
ժապաւէնին «Օսքար»-ի մրցանակի թեկնածութենէն հրաժարելու քայլը։
Յորդանանի շարժապատկերի յանձնախումբը ընտրած էր Նիւ Եորքի մէջ բնակող
յորդանանցի-ամերիկացի բեմադրիչ Սարին Հայրապետեանի «Իմ քաղցր երկիր»
վաւերագրական ժապաւէնը «Օսքար»-ի 97-րդ մրցանակաբաշխութեան
«Լաւագոյն միջազգային ժապաւէն» բաժանմունքին մէջ ներկայացնելու համար։
Ժապաւէնի արտադրողն է Ազզա Հուրանին, իսկ համաարտադրողներն են Ճուլի
Փարաթեանն ու Տեյվիտ Ռենը: Գործադիր արտադրողները՝ Պեթ Լեվիսընը,
Քերի Լոզանոն, Հալի Էտըլմընը, Ռինթու Թոմըսը եւ Սուշմիթ Ղոշը:
Համագործադիր արտադրիչն է Ռոպինա Ռիչիթիէլոն:
Ժապաւէնը կը պատմէ 11-ամեայ Վրէժին մասին, որ կ՛ապրի Արցախի մէջ: Իր
գիւղին վրայ Ազրպէյճանի յարձակումէն ետք Վրէժն ու իր ընտանիքը կը
փախչին, իսկ աւելի ուշ կը վերադառնան՝ ականատես դառնալով քանդումներուն:
«Իմ քաղցր երկիր» ժապաւէնը յուլիսին ստացած էր Ամմանի միջազգային
շարժապատկերի փառատօնի դատական կազմի մրցանակը՝ լաւագոյն լիամետրաժ
վաւերագրական ժապաւէնի եւ FIPRESCI մրցանակը լաւագոյն
երկարամետրաժ արաբական վաւերագրական ժապաւէնի համար:
Բայց եւ այնպէս, Յորդանանի թագաւորութեան շարժապատկերի յանձնախումբը
վերջերս յայտարարեց, որ «Յորդանանը յետս կը կոչէ «Իմ քաղցր երկիր»
վաւերագրական ժապաւէնի առաջադրումը` Ազրպէյճանի դիւանագիտական
ճնշումներուն պատճառով»։ Այս մասին կը հաղորդէ «Տետլայն»-ը:
«Ազրպէյճանի կառավարութիւնը նամակով մը դիմեց Յորդանանի արտաքին
գործոց նախարարութեան` պահանջելով վերատեսութեան ենթարկել տուեալ
ժապաւէնին ընտրութիւնը՝ իբրեւ «Օսքար»-ի մրցումին թեկնածու ներկայացուող
ժապաւէն, նախարարութիւնն ալ իր կարգին ճնշում բանեցուց Յորդանանի
շարժապատկերի յանձնախումբին վրայ` ժապաւէնի թեկնածութիւնը յետս կոչելու
համար», յայտնած է «Տետլայն»-ը:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հաստատեցին, որ Ազրպէյճան բողոքած է
Յորդանանին այս ժապաւէնը «Օսքար»-ի ներկայացնելուն համար: «Մենք
կ՛ողջունենք յորդանանեան կողմին որոշումը` ժապաւէնը յետս կոչելու եւ
Յորդանանի մէջ անոր ցուցադրութիւնը դադրեցնելու», յայտարարեց
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Այխան
Հաճիզատէ։
Բեմադրիչ Սարին Հայրապետեանն ու արտադրիչ Ազզա Հուրանին «Տետլայն»-
ին ըսին. «Մեր խումբին համար ասիկա շատ ցաւալի ու խանգարող լուր է,
անիկա խորքին մէջ երեխայի մը` իր տան եւ ընտանիքին հանդէպ սիրոյ մասին
յուզական, անձնական պատմութիւնը արգիլել եւ լռեցնել է: Իբրեւ
վաւերագրական ժապաւէններ նկարահանողներ` այս գրաքննութիւնը մեզ աւելի
քան երբեւէ կը ստիպէ բաժնեկցիլ «Իմ քաղցր երկիր» ժապաւէնի գլխաւոր հերոս
Վրէժին պատմութիւնը, որ այսօր արտացոլացումն է ճակատագիրին ամբողջ
աշխարհի անթիւ մանուկներու, որոնք արժանի են երազելու ազատօրէն՝ առանց
պատերազմի եւ հակամարտութեան սպառնալիքի»։
Սակայն, ըստ երեւոյթին, ամէն ինչ կորսուած չէ։ Շարժապատկերի արուեստի
եւ գիտութեան ակադեմիան «շարժապատկերի գործիչներուն ըսաւ, որ կրնան
«Իմ քաղցր երկիր»-ը ներկայացնել լաւագոյն վաւերագրական անուանակարգին
մէջ, եթէ անոնք հետեւին որակաւորման ընթացակարգերու չափանիշներուն:
Ժապաւէնի նկարահանող խումբը փորձած է նախընտրական փուլ կազմակերպել
Միացեալ Նահանգներու մէջ», գրած է «Տետլայն»-ը:
«Իմ քաղցր երկիր» ժապաւէնը իր հիւսիսամերիկեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը
պիտի ունենայ DOC NYC-ի մէջ 16 եւ 17 նոյեմբերին, իսկ մեր
որակաւորման թատերական հրապարակումը տեղի պիտի ունենայ Laemmle
Theatres-ին մէջ (Լոս Անճելըս) 28 նոյեմբերիէն սկսեալ», «Տետլայն»-ին
ըսին Հայրապետեանն ու Հուրանին: «Մենք հաւատարիմ կը մնանք մեր ճշմարիտ
պատմութիւնը կիսելուն` չվախնալով մեր դիմաց ծառացած խոչընդոտներէն»:
Ցաւ ի սիրտ արուեստի գործ մը քաղաքական ճնշման զոհ կը դառնայ: Ցաւալի է,
բայց ոչ զարմանալի, որ՝ «Միջազգային նման փառատօնէ մը այդ ժապաւէնի
յետս կոչումը տեղի կ՛ունենայ Յորդանանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ
դիւանագիտական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման զուգահեռ,
երբ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովը 2024
թուականին Պաքուի մէջ ընդունեց յորդանանցի պաշտօնակիցները` հետագայ
համագործակցութիւնը քննարկելու համար», հաղորդած է «Տետլայն»:
«Մենք հասկցանք այն, որ Յորդանան ժապաւէնը յետս կոչեց, որպէսզի
պահպանէ Յորդանանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական կապերը՝
վերջինին բողոքէն ետք», նշեցին ժապաւէնին հեղինակները: «Մենք նաեւ
տեղեկացանք, որ «Իմ քաղցր երկիր» ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութենէն
ետք Յորդանանի մէջ՝ Ամմանի միջազգային շարժապատկերի փառատօնին,
Ազրպէյճանի դեսպանատունը կրկին բողոք ներկայացուցած է ժապաւէնի
հանրային ցուցադրութեան դէմ: Այսպիսով, «Իմ քաղցր երկիր» ժապաւէնը, որ
շաբաթներ առաջ ներկայացուած էր փառատօնին, յանկարծ արգելուեցաւ իր
հայրենի երկիրներէն մէկուն մէջ»:
«Յորդանանի շարժապատկերի յանձնախումբը Ամմանի միջազգային
շարժապատկերի փառատօնի ղեկավար մարմինն է: 2024 թուականի յուլիսին
տեղի ունեցած այդ ձեռնարկին ընթացքին «Իմ քաղցր տուն»-ը շահեցաւ երեք
մրցանակ` Դատական կազմի մրցանակ՝ լաւագոյն արաբական վաւերագրական
ժապաւէնի համար, հանդիսատեսի մրցանակ եւ շարժապատկերի քննադատներու
միջազգային մրցանակ (FIPRESCI): Վաւերագրական ժապաւէնի անդրանիկ
ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ յունիսին Sheffield DocFest-ին` Միացեալ
Թագաւորութեան ամէնէն հեղինակաւոր ոչ գեղարուեստական փառատօնին, ուր
ժապաւէնը ներկայացուած է Միջազգային առաջին խաղարկային մրցանակի»,
յայտնած է «Տետլայն»:
Sheffield DocFest-ի ծրագրաւորողները ժապաւէնին մասին գրած են.
«Վրէժը՝ Սարին Հայրապետեանի նիւթին տպաւորիչ խաղարկային հերոս-
տիպարը – հասունացման ուշագրաւ պատմութեամբ – հասակ նետած է Լեռնային
Ղարաբաղի մէջ` Ազրպէյճանի կազմին մէջ գտնուող բնիկ հայկական միջերկրին
մէջ, որ Խորհրդային ժամանակաշրջանի աւարտէն ետք թատերաբեմ եղած է
բազմաթիւ հակամարտութիւններու: 11-ամեայ տղան կը դիտէ թռչունները, կը
խաղայ ընկերներուն հետ եւ կ՛երազէ ատամնաբոյժ դառնալ: Սակայն, 1992
թուականէն ի վեր իր ընտանիքին ապրած երեք պատերազմներուն
արձագանգները ամէնուր են: Անոր մեծ մայրը կը սգայ ցեղային բռնութիւններու
շղթայի համար. «Արցախի մէջ ապրիլ կը նշանակէ, որ օր մը պատերազմ պիտի
ըլլայ, եւ իմ թոռնիկս պիտի մասնակցի այդ պատերազմին»: Երբ անոր
դպրոցական դասերը հետզհետէ աւելի ռազմականացած կը դառնան, եւ Վրէժ կը
պայքարի իր մանկութեան երազանքները պահելու համար, անոր մեծ մօր
մարգարէութիւնը իրականութեան կը վերածուի»:
«Տետլայն»-ին ուղղուած ելեկտրոնային նամակին մէջ Յորդանանի
շարժապատկերի յանձնախումբը լուսարձակի տակ առած է Ամմանի միջազգային
շարժապատկերի փառատօնին «Իմ քաղցր երկիր» ժապաւէնին ստացած
մրցանակները եւ նշած, որ ժապաւէնը «2021 թուականին զարգացման
ֆինանսաւորում ստացած էր տուեալ յանձնախումբի «Յորդանանի ժապաւէնի
ֆոնտ»-ին կողմէ»:
Աշխարհասփիւռ հայութիւնը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան
գլխաւորութեամբ, պէտք է բողոքէ Յորդանանի կառավարութեան: Անոնք պէտք
չէ արտօնեն, որ Յորդանանի վրայ ազրպէյճանական ճնշումը անպատասխան
մնայ: Արցախի կորուստը պէտք չէ նշանակէ, որ հայերը կը պարտուին նաեւ
հանրութեան հետ յարաբերութիւններու ճակատամարտին, ուր կապերն ու
ծրագրումը կը փոխարինեն անօդաչու թռչող սարքերն ու ռազմական
հզօրութիւնը:
Առաջին հերթին, Յորդանանի հայ համայնքը պէտք է անյապաղ օգտագործէ իր
բոլոր կապերը Յորդանանի կառավարութեան հետ` պահանջելու Յորդանանի
արտաքին գործոց նախարարութենէն հրաժարիլ իր որոշումէն եւ չենթարկուիլ
Ազրպէյճանի այլանդակ ճնշումներուն:
Երկրորդ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է
դիւանագիտական բողոքագիր յղէ Յորդանանի կառավարութեան` առարկելով
Յորդանանի ներքին որոշումներուն Ազրպէյճանի միջամտութեան համար։
Երրորդ, աշխարհասփիւռ հայերը պէտք է կապ հաստատեն Յորդանանի
դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսութիւններուն հետ` իրենց բացարձակ
դժգոհութիւնը արտայայտելու Յորդանանի նկատմամբ` ազրպէյճանական
սպառնալիքներուն եւ ահաբեկումներուն ենթարկուելուն համար։