Western Armenian – Հայերուն Միայն 13 Տոկոսը Կ՛աջակցի Փաշինեանի. Ան Կորսնցուցած Է Իր Մանդատը. Անհրաժեշտ Են Նոր Ընտրութիւններ
Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
3-6 Յուլիս 2024, Հայաստանի մէջ Gallup International-ի կատարած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ
վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարկանիշը իջած է մինչեւ 13,4 տոկոս, հնարաւոր հայ ընտրողներու
շրջանին մէջ։ Երբ վեց տարի առաջ ան առաջին անգամ եկաւ իշխանութեան, անոր վարկանիշը
մօտաւորապէս 80 տոկոս էր։
Հարցումին՝ «Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքը».
– Հանրութեան 13,4%-ը ըսած է, որ անոր աշխատանքը կը նկատէ «ամբողջութեամբ դրական»։ Այս՝ 4%-
ով աւելի է, քան երկու ամիս առաջ՝ Մայիսին բաղդատած։
– 21,7%-ը անոր աշխատանքը Յուլիսին գնահատած է իբրեւ «աւելի շատ դրական»՝ 3%-ով աւելի,
Մայիսին բաղդատած:
– 40,3%-ը անոր աշխատանքը Յուլիսին գնահատած է իբրեւ «ընդհանրապէս բացասական»՝ 1%-ով ցած,
քան Մայիսին:
– 14,5%-ը անոր աշխատանքը Յուլիսին գնահատած է իբրեւ «աւելի շատ բացասական»՝ 4%-ով ցած,
Մայիսին բաղդատած:
– Մասնակիցներու 10,1%-ը ըսած է, որ «կը դժուարանայ պատասխանել» հարցումին:
Ասիկա կը նշանակէ, որ հանրութեան 35.1%-ը Յուլիսին Փաշինեանի աշխատանքը գնահատած է իբրեւ
«դրական» եւ «աւելի շատ դրական»՝ Մայիս ամսուան 27.8%-ին դիմաց, մինչդեռ մեծամասնութիւնը՝
54.8%-ը, Յուլիսին անոր աշխատանքը գնահատած է «բացասական» եւ «աւելի շատ բացասական»՝
Մայիս ամսուան 59,7 տոկոսին բաղդատած։
Հարցում․ «Եթէ յաջորդ Կիրակի տեղի ունենան Խորհրդարանական ընտրութիւններ, ո՞ր կուսակցութեան
կամ կուսակցութիւններու դաշինքին կու տաք Ձեր ձայնը»։ Ահա՛ անոնց պատասխանները.
1) Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան՝ 14.4%։
2) «Հայաստան» դաշինքին՝ 3.7%։
3) «ԴՕԿ/Դեմոկրատիա, օրէնք եւ կարգապահութիւն» կուսակցութեան՝ 3,5%։
4) «Պատիւ ունիմ» դաշինքին՝ 2,3%։
5) Բագրատ Սրբազանին՝ 1,5%։
6) «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան՝ 1,2%։
7) «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան` 0,6%։
8) Այլ՝ 2%։
9) Ոչ մէկուն՝ 8,6%։
10) Կը մերժեն պատասխանել՝ 29.6%։
11) Պիտի չմասնակցին ընտրութիւններուն՝ 32,5%։
Այս թիւերը կարեւոր պատկերացում կու տան յաջորդ ընտրութիւններուն մասին: Փաշինեանի իշխող
կուսակցութիւնը կը հաւաքէ ընդամէնը 14,4 տոկոս, իսկ միւս կուսակցութիւնները, եթէ դաշինք կազմեն, կը
հաւաքեն ձայներու 14,8 տոկոսը։ Որպէսզի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները յաջորդ խորհրդարանին մէջ
մեծամասնութիւն դառնան, անոնք ոչ միայն դաշինք պէտք է կազմեն, այլեւ փորձեն ձայներ ստանալ
մնացած 70,7 տոկոսէն, անոնցմէ, որոնք մերժած են պատասխանել, կամ դժուարացած են պատասխանելու,
կամ ալ պիտի չքուէարկեն։
Հարցումին՝ «Հայաստան ընդհանուր առմամբ ճիշդ ուղղութեա՞մբ կը շարժի, թէ՞ սխալ», հարցուողները
պատասխանած են.
– «Լիովին ճիշդ»՝ 15.2%։
– «Աւելի շատ ճիշդ»՝ 10,6%։
– «Ընդհանրապէս սխալ»՝ 28,5%։
– «Աւելի շատ սխալ»՝ 23.1%։
– «Կը դժուարանամ պատասխանել»՝ 22,5%։
Ասիկա կը նշանակէ, որ մեծամասնութիւնը՝ 51,6%, կը կարծէ, որ երկիրը սխալ ուղղութեամբ կը շարժի։
Միայն 25,8%-ը կը կարծէ, որ կը շարժի ճիշդ ուղղութեամբ։ Ասիկա լաւ բան չի յուշեր Փաշինեանի եւ
անոր իշխող կուսակցութեան համար։
Հարցումին, թէ արդեօք Հայաստան պէ՞տք է փոխէ իր Սահմանադրութիւնը, ինչպէս որ նախագահ Ալիեւ կը
պահանջէ, հանրութիւնը պատասխանած է․
– 80,3%-ը Յուլիսին ըսած է ոչ, որ աւելի քան կրկնապատկուած է Յունուար 38.1%-ին բաղդատած:
– 11,7%-ը Յուլիսին ըսած է, որ որոշ դրոյթներ պէտք է փոխել։ Հունուարին նոյն բանը ըսած է 34,2%-
ը։
– 3,3%-ը Յուլիսին ըսած է, որ ամբողջութեամբ նոր Սահմանադրութիւն անհրաժեշտ է։ Յունուարին նոյն
բանը ըսած է 13,4%-ը։
– 4,7%-ը Յուլիսին չէ կրցած պատասխանել, իսկ Յունուարին չէ կրցած պատասխանել 14,4%-ը։
Ասիկա շատ կարեւոր հարցում է, քանի որ Փաշինեան՝ Սահմանադրութիւնը փոխելու հարցով համաձայնած
է Ալիեւի հետ, մինչդեռ հասարակութեան 80,3%-ը դէմ է ատոր։
Հարցումին՝ «Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի
նախաձեռնած «Տաւուշը յանուն Հայաստանի» շարժումը», հասարակութիւնը պատասխանած է․
– «Լիովին դրական»՝ Յուլիսին 18.3%, ինչ որ զգալիօրէն նուազած է Մայիսի 35.1%-ի բաղդատած:
– «Աւելի շատ դրական»՝ 15,5%, քիչ մը նուազ՝ Մայիսի 17,8%-էն:
– «Ընդհանրապէս բացասական»՝ Յուլիսին 32,4%, ինչ որ կը գերազանցէ Մայիսի 23,5%-ը։
– «Աւելի շատ բացասական»՝ Յուլիսին 14,9%, քիչ մը աւելի, քան Մայիսի 10%-ը։
— Չէ կրցած պատասխանել՝ Յուլիսին 18,9%-ը, Մայիսին՝ 13,6%-ը։
Պատասխանները կը վկայեն հայ հասարակութեան կողմէ արքեպիսկոպոսի շարժումին աջակցելու նուազող
միտումին մասին:
Հարցումին՝ «Ըստ Ձեզի՝ արդեօք Հայաստան պէ՞տք է անդամակցի Եւրոպական Միութեան»։
-34,2%-ը ըսած է՝ «անշուշտ այո»։
– 22,5%-ը ըսած է, որ «աւելի շատ այո»:
– 19,1%-ը ըսած է՝ «անշուշտ ոչ»:
– 13,7%-ը ըսած է, որ «աւելի շատ ոչ»:
– 10,5%-ը ըսած է, որ «կը դժուարանայ պատասխանել» հարցին։
Ասիկա կը վկայէ այն մասին, որ 56,7%-ը կողմ է Հայաստանի անդամակցութեան՝ ԵՄ-ին, իսկ 32,8%-ը
դէմ է ատոր։ Մեծամասնութիւնը համաձայն է Փաշինեանի հետ։ Կը կարծեմ, որ այս անիրատեսական
ցանկութիւն է հայ ժողովուրդին եւ վարչապետին կողմէ, քանի որ Հայաստանի տնտեսութեան մեծ մասը
կապուած է Ռուսիոյ, եւ այդ կարեւոր կապի որեւէ խափանում կործանարար ազդեցութիւն կ՛ունենայ
Հայաստանի տնտեսութեան վրայ: Եվրոպական միութեան կողմնակիցներու արձագանգը հիմնականին մէջ
պայմանաւորուած է Հայաստանի հանրութեան մեծ հիասթափութեամբ Ռուսիայէն՝ ռազմական ճամբով
Հայաստանի օգնութեան չհասնելու համար։ Միւս կարեւոր խնդիրը այն է, թէ արդեօք ԵՄ-ը թոյլ կու տա՞յ
Հայաստանին՝ միանալ իրեն։ Ինչպէս գիտենք, Թուրքիա տասնամեակներ շարունակ անյաջող կերպով կը
փորձէ անդամակցիլ ԵՄ-ի, իսկ Վրաստան նոյնպէս, տարիներ շարունակ կը փորձէ անդամակցիլ ԵՄ-ի։
Հայաստան երկար տարիներ պիտի սպասէ:
Նման հարցում մը տրուած է, թէ «Արդեօք Հայաստան պէ՞տք է դուրս գայ Եւրո-ասիական տնտեսական
միութենէն (ԵԱՏՄ) եւ սկսի Եւրոպական միութեան անդամակցելու գործընթացը»։
– 28,8%-ը ըսած է՝ «անշուշտ այո»:
-17,3%-ը ըսած է, որ «աւելի շուտ այո»:
– 21,4%-ը ըսած է՝ «անշուշտ ոչ»:
-15,6%-ը ըսած է, որ «աւելի շատ ոչ»:
– 16,9%-ը ըսած է, որ «կը դժուարանայ պատասխանել» հարցումին։
Ասիկա կը խօսի այն մասին, որ հասարակութեան 46,1%-ը կողմ է ԵԱՏՄ-էն դուրս գալուն, իսկ 37%-ը
դէմ է ԵԱՏՄ-էն դուրս գալուն։
Հաջորդ հարցումը. «Արդեօք Հայաստան պէ՞տք է դուրս գայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի
կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) եւ ձգտի միանալ ՆԱԹՕ-ին։
– 44,3%-ը Յուլիսին ըսած է. «Հայաստան որեւէ կառոյցի անդամ պէտք չէ ըլլայ. պէտք է ըլլայ չէզոք
երկիր»։ Փետրուարին նոյն պատասխանը տուած էր 40,3%-ը։
– «Հայաստան պէտք է շարունակէ անդամակցիլ ՀԱՊԿ-ին»: Յուլիսին ըսած է 16,9%-ը։ Փետրուարին
նոյն պատասխանը տուած էր 28%-ը։
– 29%-ը Յուլիսին ըսած է, որ «պէտք է ձգտիլ անդամակցիլ ՆԱԹՕ-ին»: Փետրուարին նոյն
պատասխանը տուած էր 22,5%-ը։
– 9,8%-ը Յուլիսին ըսած է, որ «կը դժուարանամ պատասխանել» հարցումին, իսկ Փետրուարին նոյն
պատասխանը տուած էր 9,2%-ը։
Ոչ զարմանալիօրէն, այս պատասխանները կը վկայեն Հայաստանի հասարակութեան հետաքրքրութեան
նուազման միտումին մասին՝ կապուած Ռուսիոյ հետ եւ Արեւմուտքի նկատմամբ հետաքրքրութեան աճով:
Այսուամենայնիւ, ՆԱԹՕ-ին միանալու ցանկութիւնը անիրատեսական է:
Այս վերջին հարցախոյզը ցոյց կու տայ հայ հասարակութեան շարունակական դժգոհութիւնը Փաշինեանի եւ
իր կուսակցութեան նկատմամբ եւ հանրութեան հետաքրքրութիւնը՝ Ռուսիայէն դէպի Արեւմուտք թեքուելու
հարցով:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան