Երկար Ապրի Փաշինեանին «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով

Յարութ Սասունեան
Նիկոլ Փաշինեան բացարձակ անհանդուրժող է իւրաքանչիւր անձի նկատմամբ, որ իրեն համաձայն չէ, թէեւ յաճախ կը ներկայանայ իբրեւ ժողովրդավարութեան անխոնջ ջատագով ու պաշտպան:
Հարիւրաւոր օրէնքներ, որոնց կարգին՝ սահմանադրութեան բազմաթիւ դրոյթներ խախտելէ զատ, Փաշինեան հրահանգած է անվտանգութեան աշխատակիցներուն ձերբակալել Դիմատետրի վրայ զինք քննադատողները: Իսկ արտերկրի մէջ նմանատիպ մեկնաբանութիւններ ընող օտարները կրնան ներառուիլ իշխանութիւններու «Սեւ ցանկ»-ին մէջ՝ զրկուելով Հայաստան մուտք գործելու կարելիութենէն կամ ձերբակալուելով հազիւ Հայաստան հասած։
Ահա թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ բնակող Անուշ Հաճեանին հետ, որ Հայաստանի քաղաքացի չէ, այլ՝ Միացեալ Նահանգներու: 24 ապրիլ 2025-ին Անուշ իր դիմատետրեան էջին վրայ բաժնեկցած էր Փաշինեանը քննադատող այլ անձի մը գրառումը՝ աւելցնելով իր մեկնաբանութիւնը. «Վերջացուցէ՛ք Նիկոլի քլանին թրքական խաղալիքը»:
Անուշին խիստ խօսքերը զգացական պոռթկում էին` ի պատասխան Փաշինեանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստերը կասկածի տակ առնելուն: Սակայն շատ աւելի դատապարտելի է, երբ ինքնին վարչապետը լկտի բռնութեան կոչեր կ՛ուղղէ իր քաղաքական հակառակորդներուն հասցէին: Այնուամենայնիւ, Հայաստանի մէջ ոչ մէկ դատաւոր կը համարձակի զինք պատասխանատուութեան ենթարկել իր արձանագրած խախտումներուն համար:
Աւելի քան տարի մը անց՝ 13 յուլիս 2026-ին, հազիւ Հայաստան հասած, Երեւանի օդակայանը Անուշը ձերբակալեցին՝ առանց որեւէ բացատրութեան: Զինք տեղափոխեցին Երեւան քաղաքի ոստիկանութեան բաժանմունքներէն մէկը, ուր պահեցին ութ ժամ, ապա ազատ արձակեցին` մինչեւ դատաքննութեան աւարտը: Միեւնոյն ատեն անոր նկատմամբ կիրարկուեցաւ երկիրը լքելու արգելք:
Ըլլալով Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի՝ Անուշ աջակցութիւն ստանալու նպատակով դիմեց Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն: Սակայն դեսպանատան աշխատակիցը բաւարարուեցաւ միայն տեղացի փաստաբաններու ցանկ մը տրամադրելով: Կը կարծեմ՝ աշխատակիցը պատշաճ օգնութիւն չէ ցուցաբերած: Դեսպանատունը պէտք էր հետաքրքրուէր Անուշին վիճակով եւ ջանքեր գործադրէր` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի, անոր իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը ապահովելու համար:
Անուշ անձամբ տեղացի փաստաբանի մը դիմեց եւ շուրջ երկու ամիս ետք կանգնեցաւ դատարանին առջեւ: Իրեն կը պարտադրէին ընդունիլ մեղադրանքը 2025 թուականին Դիմատետրի վրայ կատարած գրառման համար․ փաստաբանն ալ խորհուրդ տուաւ ենթարկուիլ: Անոր նկատմամբ նշանակուեցաւ տուգանք՝ 2000 տոլարին համարժէք դրամի չափով՝ փաստաբանական ծառայութիւններու համար վճարուած հազարաւոր տոլարներուն կողքին։
Անուշ Հաճեան նոյն օրը վճարեց տուգանքը, ստացաւ անդորրագիրը, եւ իրեն տեղեկացուցին, որ կրնայ անարգել հեռանալ երկրէն: Այդուհանդերձ, երբ ան փորձեց ինքնաշարժով անցնիլ Վրաստան, Հայաստանի սահմանապահ ծառայութիւնը կեցուց զինք` թոյլ չտալով շարունակել ճամբան, նոյնիսկ երբ ցոյց տուաւ դատարանին տրամադրած ազատման փաստաթուղթը: Տեղւոյն ոստիկանութեան բաժնին մէջ շուրջ երկու ժամ պահելէ ետք միայն իրեն արտօնութիւն տրուեցաւ հատել Վրաստանի սահմանը:
Իսկապէս զարմանալին այն է, որ պետական պաշտօնեաները, ըստ ամենայնի, կը վերահսկեն Հայաստանի եւ սփիւռքի բազմաթիւ հայերու դիմատետրեան էջերը` Փաշինեանի հասցէին հնչող քննադատական մեկնաբանութիւններ յայտնաբերելու եւ անոնց հեղինակները հետապնդելու նպատակով: Կարելի էր ենթադրել, որ կառավարութիւնը աւելի հրատապ խնդիրներ ունի լուծելու, քան՝ մարդոց դիմատետրեան էջերուն հետեւիլը:
Անուշը բախտաւոր էր, որ չյայտնուեցաւ բանտը: Սակայն բազմաթիւ այլ անձեր ձերբակալուած են դիմատետրեան գրառումներոնւ պատճառով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք քանի մը օրինակներ․
Փաշինեանի յայտնի քննադատ Արթուր Դանիէլեան ձերբակալուեցաւ նախորդ շաբաթ` Դիմատետրի մէջ զայն «վիժուածք» անուանելէ ընդամէնը ժամեր անց:
Թատերագիր Վահրամ Սահակեան ձերբակալուեցաւ սեպտեմբեր 29-ին․ անոր մեղադրանք առաջադրուեցաւ 2025 թուականի յունուարին կատարած դիմատետրեան գրառումով «ատելութիւն, անհանդուրժողականութիւն եւ թշնամանք» հրահրելու համար: Անոր նկատմամբ սահմանուեցաւ վարչական վերահսկողութիւն, եւ ան ազատ արձակուեցաւ Դիմատետրի մէջ գրառումներ ընելէ ձեռնպահ մնալու պայմանով:
Արտակ Աւետիսեան արդարացուեցաւ անցեալ ամիս` մայիսին ձերբակալուելէ ետք: Սկիզբը իրեն «ատելութեան խօսքի» մեղադրանք առաջադրուած էր, որ աւելի ուշ փոխարինուեցաւ ծանրացուցիչ հանգամանքներով՝ «խուլիկանութեան» յօդուածով: Խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւին ընթացքին ան Դիմատետրի մէջ կոշտ կերպով քննադատութեան ենթարկած էր Փաշինեանը:
Փետրուարին ձերբակալուեցաւ եւ խուլիկանութեան համար մեղադրուեցաւ այլ ընդդիմախօս մը՝ «ԹիքԹոք»-ի մէջ Փաշինեան մասին վիրաւորական տեսանիւթ հրապարակելէ երկու ամիս ետք։ Մօտաւորապէս նոյն ժամանակաշրջանին քրէական հետապնդման ենթարկուեցաւ Ախուրեանէն 55-ամեայ կին մը՝ առցանց անձնական նամակի մը մէջ վարչապետին եւ անոր ընտանիքին հասցէին, ըստ տեղեկութիւններու, արհամարհական արտայայտութիւններ կատարելուն համար:
ընկերային ցանցի մէջ իրաւապահ եւ դատական համակարգի պաշտօնեաները քննադատող գրառում ընելէ ետք: Արցախցի Գայեանէ Մեսրոպեան ձերբակալուեցաւ 2026 թուականի մարտին՝ Փաշինեանը քննադատող դիմատետրեան գրառման պատճառով: Մինչդեռ արցախահայերու հասցէին ուղղուած վիրաւորական մեկնաբանութիւններ պարունակող աւելի քան 1000 գրառում այդպէս ալ չէ հետաքննուած իշխանութիւններուն կողմէ:Հոկտեմբեր 1-ին ընդդիմադիր պատգամաւոր Էտկար Ղազարեան, որ յայտնի է իր կտրուկ յայտարարութիւններով, դատապարտուեցաւ երկու տարուան պայմանական ազատազրկման Սահմանադրական դատարանի երկու տարի առաջ կայացուցած որոշումը խստօրէն քննադատելուն համար: Երեւանի դատարանը զայն մեղաւոր ճանչցաւ դատաւորներու վերաբերեալ «զրպարտչական տեղեկութիւններ» տարածելու մէջ: Անոր քոյրը՝ Լիլիթ Ղազարեան, իր տնօրէնին պահանջով ստիպուեցաւ հրաժարական տալ Դեղերու եւ բժշկական փորձագիտական կեդրոնի տնօրէնի տեղակալի պաշտօնին վրայ 22 տարի աշխատելէ ետք:
Նոյնիսկ դասախօսներ կորսնցուցած են իրենց աշխատանքը` Փաշինեանը քննադատելնուն պատճառով: Յուլիսին աշխատանքէ արձակուեցաւ ընդդիմադիր կեցուածքներով յայտնի իրաւաբան Ռուբէն Մելիքեանը, որ 23 տարիէ իրաւագիտութիւն կը դասաւանդէր Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: Նոյն ամսուն աշխատանքէ զրկուեցան նաեւ ԵՊՀ դասախօսներ Ալեն Ղուլեանն ու Շուշան Վարդանեանը, որոնք կը սատարէին ընդդիմութեան:
Մինչդեռ Փաշինեանի կողմնակիցները պաշտպանուած են քրէական հետապնդումէ: Այս տարուան սկիզբը մարդ մը լրատուամիջոցներով յայտարարած էր, թէ պէտք է «քար մը զարնել գլխուն եւ սատկեցնել» Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ը: Անոր դէմ որեւէ քրէական գործ չյարուցուեցաւ:
2023 թուականին Ազգային ժողովի այն ատենուան նախագահ Ալեն Սիմոնեան Երեւանի մէջ թքեց զինք քննադատած քանատահայուն դէմքին: Մինչդեռ ոստիկանութիւնը բերման ենթարկեց ոչ թէ Սիմոնեանը, այլ՝ տուժողը:
Երեւանի մամլոյ ակումբի նախագահ Արթուր Պապեան Հայաստանի իշխանութիւնները մեղադրած է «հասարակութիւնը վախցնելու եւ այլակարծութիւնը լռեցնելու համակարգուած գործողութեան» համար: Ան նաեւ դատապարտած է այն փաստը, որ «ընդդիմադիրներու նկատմամբ հնչող բացայայտ սպառնալիքներն ու ատելութեան խօսքը կը մնան բացարձակապէս անպատիժ»:

