Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն․ Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

Յարութ Սասունեան
Նախորդ շաբաթ Հայաստանի Ազգային ժողովի տասնեակ պատգամաւորներ ներքաշուեցան խայտառակ ծեծկռտուքի մը մէջ․ անոնք հարուածներ կը հասցնէին իրարու եւ նոյնիսկ իրարու վրայ աթոռ կը նետէին, իսկ ասոր իբրեւ հետեւանք՝ ոմանց քիթը արիւնեցաւ, իսկ ուրիշներու հագուստները պատռեցան:
Երկու կողմէն սպառնացող դրացիներէն զատ` Հայաստան ունի ներքին թշնամի մը, որ թերեւս ամէնէն վտանգաւորն է:
Նախորդ շաբաթ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած եւ ուղիղ եթերով հեռարձակուած ծեծկռտուքը անվայել վարքագիծ էր, որ յարիր չէ ժողովուրդի մը ընտրեալ ներկայացուցիչներուն, որոնք կը հպարտանան աշխարհի հնագոյն քրիստոնեայ ազգին պատկանելով եւ կ՛ապրին, իբր թէ, ժողովրդավարական երկրի մէջ:
Ցաւօք, Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան չնախաձեռնեց ընդհատել այս խայտառակ տեսարանին ուղիղ հեռարձակումը: Ան յայտարարեց, որ կը փափաքի՝ հանրութիւնը տեսնէ, թէ ի՛նչ կը կատարուի խորհրդարանին մէջ: Ծեծկռտուքի տեսանիւթերը լայն տարածում գտան ընկերային ցանցերու վրայ եւ հեռարձակուեցան «Էն. Պի. Սի.»-ի, «Ժազիրա»-ի եւ «Սի. Էն. Էն.»-ի կողմէ՝ ամօթալի վիճակի մէջ դնելով աշխարհասփիւռ հայութիւնը:
Ռուբինեանի կեցուածքը աւելի նման է փողոցայինի, քան՝ Ազգային ժողովի նախագահի: Ան թոյլ կու տայ իր կուսակիցներուն վիրաւորել ընդդիմութիւնը, սակայն հազիւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներէն ոեւէ մէկը քննադատական խօսք մը արտասանէ մեծամասնութեան հասցէին, անմիջապէս կ՛անջատէ անոր բարձրախօսը եւ կը յանձնարարէ ապահովութեան աշխատակիցներուն հեռացնել այդ պատգամաւորը նիստերու դահլիճէն:
Իրավիճակը աւելի վատթարացնելով՝ Նիկոլ Փաշինեան, մեկնաբանելով տեղի ունեցած ծեծկռտուքը, յայտարարեց, որ՝ «Սատարում է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ձեռնարկած քայլերին... Աթոռով կը լինի, թէ այլ բանով` դա համաչափ է եւ ճիշդ... Եթէ որեւէ մԧկը կարծում է, թէ կարող է ձեռք բարձրացնել եւ հարուածել պատգամաւորին... ապա մենք կը կոտրենք այդ ձեռքը»: Ընդդիմադիր պատգամաւորներու ուղղութեամբ աթոռ նետած էր Ազգային ժողովի փոխնախագահ, իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան անդամ Վահագն Ալեքսանեանը: Թէեւ Փաշինեան խոստացած էր կոտրել ձեռքը անոր, որ պիտի հարուածէ պատգամաւորին, բայց եւ այնպէս, կատարուած յարձակումին համար ոեւէ մէկուն մեղադրանք չէ առաջադրուած:
Բազմիցս եւ կեղծօրէն յայտարարելով, թէ ինք Հայաստանին ժողովրդավարութիւն եւ խաղաղութիւն բերած է, Փաշինեան նախորդ շաբաթ խոստովանեցաւ, որ եթէ մինչեւ 2031 թուական, այսինքն՝ իր պաշտօնավարման ընթացքին, խաղաղութեան պայմանագիրը չստորագրուի եւ չվաւերացուի, ապա՝ «Ես դա կը համարեմ անձնական ձախողում»:
Օրէ օր Փաշինեան աւելի մտահոգիչ քայլերու կը դիմէ անկայունութիւն հրահրելով երկրին մէջ: Ան համաձայն գտնուած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պահանջին՝ Հայաստանի սահմանադրութեան նախաբանէն հանելու 1990 թուականի Անկախութեան հռչակագիրին կատարուած յղումը: Ալիեւ այդ յղումին հեռացումը դարձուցած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու նախապայման: Անհաւատալի է, որ Հայաստանի թշնամին կը թելադրէ անոր սահմանադրութեան բովանդակութիւնը, իսկ Փաշինեան ոչ միայն համաձայն կ՛ըլլայ անոր, այլ նաեւ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը կ՛անուանէ «հակապետական»:
Բարեբախտաբար նոր սահմանադրութեան ընդունման ճամբուն վրայ կայ լուրջ խոչընդոտ մը: Փաշինեանի կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ չունի երկու երրորդ մեծամասնութիւն, որ անհրաժեշտ է համազգային հանրաքուէ նշանակելու համար: Ալիեւ յայտարարած է, որ առանց նման հաստատման՝ պիտի չստորագրէ խաղաղութեան պայմանագիրը: Ասիկա կրնայ լուրջ հարուած ըլլալ Փաշինեանի առանցքային քաղաքական նպատակին եւ նոյնիսկ առաջնորդէ անոր քաղաքական անկումին:
Այս երկընտրանքը յաղթահարելու նպատակով Փաշինեան ի սկզբանէ յայտարարեց, որ ստիպուած պիտի ըլլայ կատարել արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ՝ յոյս ունենալով, որ իր կուսակցութիւնը պիտի ստանայ անհրաժեշտ թիւով քուէներ խորհրդարանին մէջ երկու երրորդ մեծամասնութիւնը ապահովելու համար: Սակայն շուտով ան հրաժարեցաւ այս գաղափարէն` տեսնելով, որ իր կուսակիցները մտավախութիւն ունին, որ նման ընտրութիւններու իբրեւ արդիւնք՝ կրնան իրենք դառնալ փոքրամասնութիւն:
Փաշինեան ստիպուած է մշակել նոր ծրագիր մը, որ պիտի չպահանջէ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Ան խորհրդաւոր կերպով յայտարարեց․ «Ես մի առաջարկ կ՛անեմ, որից ընդդիմութիւնը չի կարողանայ հրաժարուել»: Հաւանաբար ան առնուազն վեց ընդդիմադիր պատգամաւորի դէմ շինծու մեղադրանքներ պիտի հնարէ եւ անոնց պիտի սպառնայ ազատազրկումով: Եթէ անոր շանթաժը յաջողի, ան պիտի ստանայ անհրաժեշտ երկու երրորդ մեծամասնութիւնը: Սակայն երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները արդէն յայտարարած են, որ պիտի խոչընդոտեն հանրաքուէի կայացումը:
Յատկանշական է, որ նախորդ շաբաթ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն յայտնած է, որ եթէ հանրաքուէի ընթացքին ժողովուրդը մերժէ սահմանադրութիւնը, ապա կառավարութիւնը՝ «Հրաժարական կը տայ եւ կը հեռանայ»: Ասիկա վերջ պիտի դնէ թէ՛ Փաշինեանի սիրելի խաղաղութեան պայմանագիրին, թէ՛ անոր վարչապետութեան:
Մէկ այլ լուրջ խնդիր է այն, որ Փաշինեանի հրահանգով ձերբակալուած են ընդդիմութեան քանի մը հարիւր կողմնակիցներ 2026 թուականի յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին ընտրողները, իբր թէ, կաշառելու մեղադրանքով: Անոնք արդէն ամիսներէ ի վեր կը պահուին կալանքի տակ՝ առանց դատաքննութեան, մինչդեռ Փաշինեան շարունակաբար զանոնք կը ներկայացնէ որպէս կաշառատուներ: Մինչ օրս որեւէ դատարան զանոնք մեղաւոր չէ ճանչցած որեւէ յանցանքի համար: Միեւնոյն ատեն Փաշինեանի կուսակցութեան ի նպաստ քուէարկած ոչ մէկ անձ ձերբակալուած է ընտրակաշառքի համար:
Հեգնական է, որ վերջերս հրապարակուած տեսանիւթի մը մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Փաշինեան անձամբ ընտրակաշառք կ՛առաջարկէ ընտրողներէն մէկուն` 2026 թուականի յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւին ընթացքին: Ինչո՞ւ ան չէ ձերբակալուած իր ակնյայտ անօրինական արարքին համար:
Երկրորդ իրաւական խնդիրը Փաշինեանի հրահանգով շարք մը յայտնի եւ մեծահարուստ հայերու ձերբակալութիւնն է: Նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, ինչպէս նաեւ գործարարներ Գագիկ Ծառուկեանն ու Սամուէլ Կարապետեան ձերբակալուած են չապացուցուած մեղադրանքներու հիման վրայ, բռնագրաւած են անոնց գոյքն ու գործառնութիւնը, եւ կալանքի տակ են անոնց դրամատնային հաշիւները: Անոնց մեղադրանք առաջադրուած է բացառապէս Փաշինեանի յայտարարութիւններուն հիման վրայ: Անոնցմէ ոչ մէկը դատարանին կողմէ մեղաւոր ճանչցուած է որեւէ յանցագործութեան կատարման մէջ: Հետեւաբար անոնց գոյքին բռնագրաւումը պատշաճ ընթացակարգերու եւ օրէնքի գերակայութեան խախտում է:
Վերոնշեալ երեք անձերը, ինչպէս նաեւ՝ շատ ուրիշներ, պէտք է դիմեն Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան՝ պահանջելով ազատ արձակել զիրենք եւ ելեւմտական պատժամիջոցներ սահմանել Հայաստանի կառավարութեան դէմ՝ թոյլ տուած բազմաթիւ խախտումներուն համար:

