Միացեալ Նահանգներու Դատաւորը Մերժած Է Ազրպէյճանցի Փաստաբանին 500 Միլիոն Տոլարի Դատը՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Եւ 29 Ուրիշներու Դէմ

Պաղիրզատէն իր 198 էջերէ բաղկացած դատական դիմումին մէջ «անհիմն մեղադրանքներ ներկայացուցած է», յայտարարեց Հայ դատի յանձնախումբը: «Դատարանը մերժած է հայցուորին (Պաղիրզատէի) երրորդ փոփոխուած բողոքը` մերժելով այդ դատը, չընդունելով մնացեալ միջնորդութիւնները՝ իբրեւ վիճելի, իսկ գործը փակուած յայտարարելով»: Աւելի ուշ ան «Էքս»-ի վրայ գրեց, որ մտադիր է բողոքարկել որոշումը:
Հայ դատի յանձնախումբը նշեց, որ ամիսներ շարունակ Պաղիրզատէն զբաղած էր «ընկերային ցանցերուն վրայ հրահրող գրառումներու երկար շարանով»` Հայաստանը բնութագրելով իբրեւ «քաղցկեղային ուռուցք», որ «պէտք է ջնջուի Հարաւային Կովկասէն»: «Էքս»-ի բազմաթիւ գրառումներու մէջ ան ինքնիրեն անուանած է «Միացեալ Նահանգներ ներգաղթի եւ գործառարութեան փաստաբան …. Եթէ ճշմարտութիւնը ձեզ կը վախցնէ, ես կը սարսափեցնեմ ձեզ…»: Ան նաեւ գրած է. «Դուն կը պայքարիս ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ, եւ ի յայտ կու գայ, որ անիկա ունի իր դատաւորները, ոստիկանները, պետական պաշտօնեաները եւ նոյնիսկ քոնկրէսականները»: Ան աւելցուցած է. «Պատկերացուր քու ուժը, որ կը մղէ մարդիկ երթալու եւ կաշառելու դատաւորները՝ քեզ վնասելու համար…»: Ան նոյնիսկ ծաղրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` յայտարարելով, որ հայերը «կոկորդիլոսի արցունքներ թափած են 1915 թուականի իրադարձութիւններուն գծով»:
Ի լրումն իր բորբոքած հռետորաբանութեան, Պաղիրզատէն կատարած է «Էքս»-ի բազմաթիւ գրառումներ, որոնք մտահոգութիւն կը յառաջացնեն անոր արհեստավարժութեան եւ մտային վիճակին վերաբերեալ: Օրինակ, ան քննադատած է ոստիկան մը, որ տուգանած է զինք երթեւեկի կանոնները խախտելուն համար․ «Ես հիմա նոր նամակ ստացայ ոստիկանութենէն, որ զիս «տուգանած են» ապօրինի կանգառի համար․ ամբաստանեալ դառնալու թեկնածու մը եւս»: Ան նաեւ գրած է. «Եթէ ոստիկանութիւնը կը հետեւի քու քայլերուդ եւ այդ տեղեկատուութիւնը կը փոխանցէ ահաբեկիչներուն, ասիկա կը կոչուի պետականօրէն հովանաւորուող ահաբեկչութիւն»: Ուղղակի յարձակում գործելով դաշնակցային դատաւոր Ռոպերթ Հիւիի վրայ, որ մերժեց անոր դատը, Պաղիրզատէն զայն մեղադրած է «փտածութեան» մէջ եւ սպառնած՝ դատի տալ զայն…
Հետաքրքրական է, որ երբ Պաղիրզատէն 21 յունիս 2024-ին ներկայացուց իր դատական դիմումը, ան չվճարեց քաղաքացիական հայցադիմումի համար պահանջուող 350 տոլար գումարը` յայտարարելով «in forma pauperis», այսինքն` չափազանց աղքատ է վճարելու համար: Դատաւորը մերժեց անոր միջնորդութիւնը: 2 յուլիս 2024-ին ան նոր դատ ներկայացուց, այդ եւս մերժուեցաւ: Դատարանը նշեց, որ անոր 50.952 տոլարի տարեկան եկամուտը 325 տոկոսով կը գերազանցէ աղքատութեան դաշնակցային շեմը: Դատաւորը նախնական 350 տոլարէն բացի, սահմանեց 55 տոլար վարչական վճարում:
27 փետրուար 2025-ին դաշնակցային դատարանը «մերժեց Պաղիրզատէի երկրորդ փոփոխուած բողոքը (78 էջնոց)` ամբաստանեալներու մերժման միջնորդութեան համաձայն»: Դատարանը վճռեց, որ անոր դատի դիմումները չեն համապատասխաներ դաշնակցային պահանջներու իրաւական չափորոշիչներուն եւ հայցուորին թոյլ տուաւ «փոփոխել մէկէն հինգ պահանջները` այս հրահանգին մէջ նկարագրուած թերութիւնները վերացնելու համար»: Դատարանը յայտնեց, որ անոր դիմումը «համարժէքօրէն չի ներկայացներ որեւէ դաշնակցային հայց, որ կրնայ ճանչցուիլ անոր կողմէ հայցուողներէն ոեւէ մէկուն դէմ, որուն դէմ ան դատ բացած է»: Դատաւորը շարունակեց. «Ցարդ հայցուորի պնդումները հետեւողականօրէն չեն համապատասխանած կիրարկելի կանոններուն, բայց դատարանը, այնուամենայնիւ, ընդունած է զանոնք, նոյնիսկ առանց հայցուորին կողմէ անհամապատասխանութիւնը ներելու խնդրանքի: Հետագային գործող կանոններուն կամ կանոնակարգերուն չհետեւիլը կրնայ պատճառ դառնայ դատական դիմումի մերժումին»:
10 ապրիլ 2025-ին Պաղիրզատէն ներկայացուց իր երրորդ փոփոխուած բողոքը, որ կը բաղկանայ 198 էջերէ: Իր վերջին դիմումին մէջ ան իբրեւ նոր ամբաստանեալ աւելցուցած էր «Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴ-ն` 100 անգամ յիշատակելով զայն», թէեւ դատաւորը անոր ըսած էր, որ չի կրնար նոր ամբաստանեալներ աւելցնել: Ան յայտարարած է, որ Դաշնակցութիւնը «դարեր շարունակ դաւադրութիւններ կազմակերպած է Ազրպէյճանի երկու շրջաններու բռնակցման ուղղութեամբ»։ Անհիմն յայտարարութիւն՝ նկատի ունենալով, որ ո՛չ Դաշնակցութիւնը, ո՛չ Ազրպէյճանը «դարեր շարունակ» գոյութիւն ունեցած են: Դատարանը յայտարարեց, որ Պաղիրզատէն չի կատարեր իր հրահանգները: «Անոր պահանջներէն ոչ մէկը կ՛ընդունուի»:
Դաշնային դատաւոր Ռոբերտ Հիւին այլ ելք չունէր, բացի մերժել Պաղիրզատէի դատի դիմումը՝ յայտարարելով. «Այս հանգամանքներուն մէջ դատը մերժելէ զատ որեւէ այլ գործողութիւն կը հակասէր արդարադատութեան շահերուն»: