Նոր Սահմանադրութեան Դէմ Քուէարկելը Փաշինեանէն Ձերբազատելու Լաւագոյն Միջոցն Է

Յարութ ՍասունեանՎարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախորդ շաբաթ յայտարարեց, որ թելադրեց պատրաստել նոր Սահմանադրութիւն, որ հանրաքուէի միջոցով պէտք է վաւերացուի Հայաստանի քաղաքացիներուն կողմէ։
Կը յուսամ, որ Հայաստանի մէջ ընտրողներուն մեծամասնութիւնը պիտի մերժէ նոր Սահմանադրութիւնը` այդպիսով ալ ստիպելով զայն՝ հրաժարական տալու: Ասիկա ոսկի առիթ է անկէ ձերբազատելու: Վերջին եօթը տարիներուն զայն պաշտօնէ հեռացնելու նախկին բոլոր ջանքերը ձախողեցան, որովհետեւ՝
1) Ընդդիմադիր խմբաւորումներուն միջեւ պառակտումը խոչընդոտեց զանոնք՝ ձեւաւորել բաւական մեծ համախմբում, որ կարող պիտի ըլլայ հեռացնել Փաշինեանը իր պաշտօնէն: Հակառակ անոր որ վերջին տարիներուն անոր ժողովրդականութիւնը մեծապէս նուազած է` եօթը տարի առաջուան 80 տոկոսէն հասնելով ներկայիս նուազ քան 10 տոկոսի, այնուամենայնիւ, անոր իշխող կուսակցութեան քաղաքական վարկանիշը աւելի բարձր է, քան ընդդիմադիր միւս խումբերէն իւրաքանչիւրինը: Բազմաթիւ արդարացումներ բերուած են չմիաւորուելու համար, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը աւելի կարեւոր է, քան երկիրը փրկելու անհրաժեշտութիւնը: Ցաւօք, պառակտուած իր վիճակին բերումով ընդդիմութիւնը ի՛նքն է Փաշինեանի իշխանութիւնը պահողը:
2) Փաշինեանի դէմ յաջող համախմբում կազմելու համար ոչ մէկ խումբ պէտք է իշխել փորձէ: Համախմբումի ղեկավարութիւնը պէտք է հերթով փոխուի մինչեւ նոր ընտրութիւններու կայացումը:
3) Ստուերային կառավարութիւնը պէտք է բաղկացած ըլլայ բոլոր ընդդիմադիր խումբերէն` մասնագիտական փորձառութեան հիման վրայ:
4) Խումբերը պէտք է ժամանակաւորապէս մէկ կողմ դնեն իրենց բոլոր ներքին տարակարծութիւնները եւ միաւորուին ազգը փրկելու համար: Եթէ Հայաստան այլեւս գոյութիւն չունենայ, այս խումբերուն գաղափարախօսութիւններէն ոչ մէկը իմաստ պիտի ունենայ: Երկիրը փրկելէ ետք անոնք կրնան վերադառնալ իրենց ինքնուրոյն նպատակներուն:
Գիտնալով Փաշինեանի եսապաշտական գործելաոճը` ան պիտի շրջագայի ամբողջ Հայաստանի տարածքին` երաշխաւորելու, որ քաղաքացիները քուէարկեն նոր Սահմանադրութեան օգտին: Ան քար քարի վրայ չի ձգեր իր նպատակին հասնելու համար` ճնշելով եւ սպառնալով անոնց: Ան իր տրամադրութեան տակ ունի իշխանութեան լծակներ` իրականացնելու համար նման հսկայածաւալ քարոզարշաւ եւ դիմելու ընտրակեղծիքներու կամ նախընտրական, օրինական սահմանը գերազանցող մեծ գումարներ հաւաքելու, ինչպէս իր կուսակցութիւնը ըրաւ Երեւանի աւագանիի վերջին ընտրութիւններուն ատեն։ Ասիկա Փաշինեանին համար գերագոյն նպատակ է, քանի որ նախագահ Ալիեւ յստակ կերպով յայտարարեց է, որ առանց Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան` ինք պիտի մերժէ ստորագրել Խաղաղութեան պայմանագիրը, որուն այնքան կ՛աղերսէ Փաշինեան: Փաշինեան կարիք ունի այդ ստորագրուած թուղթի կտորին, որպէսզի 2026 թուականի ընտրութիւններուն մոլորեցնէ ընտրողները, որ անոնք կարծեն, թէ ի՛նք «խաղաղութիւն» բերաւ, թէկուզ ատիկա երկար պիտի չտեւէ։
Սկզբնական շրջանին Փաշինեան մերժեց Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերող Ալիեւի պահանջը`զայն նկատելով միջամտութիւն Հայաստանի ներքին գործերուն։ Փաշինեան նաեւ ըսաւ, որ նման անհրաժեշտութիւն չկայ, քանի որ Խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծը կը բովանդակէ դրոյթ մը, որով երկու երկիրները համաձայն են ճանչնալու միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը: Վէճի պարագային Խաղաղութեան պայմանագիրի պայմանները գերակայ են իրենց համապատասխան սահմանադրութիւններուն նկատմամբ: Փաշինեան աւելցուց, որ Ազրպէյճանի Սահմանադրութիւնը կը պարունակէ անուղղակի յղումներ` Հայաստանի Հանրապետութենէն տարածքներ պահանջելու վերաբերեալ: Այնուամենայնիւ, Փաշինեան ըսաւ, որ պիտի չխնդրէ Ազրպէյճանին վերանայիլ իր Սահմանադրութիւնը…
Բացի Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելէ, Փաշինեան ընդունեց Ալիեւի հետեւեալ պահանջները.
– Հայաստանը Ազրպէյճանին պիտի յանձնէ Հայաստանի տարածքին գտնուող որոշ գիւղեր:
– Պիտի արտօնէ ազրպէյճանցիներուն, որոնք նախապէս ապրած էին Հայաստանի մէջ գտնուող շրջաններուն մէջ, վերադառնալ եւ ապրիլ հոն:
– Լուծարել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը:
– Եւրոպական Միութեան դիտորդներու հեռացում Հայաստանէն:
– Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի դէմ բարձրացուցած միջազգային դատերու դադրեցում:
– Ազրպէյճանի արեւելեան հատուածէն Նախիջեւան տանող ճամբան պէտք է ըլլայ միջանցք Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան ներքոյ, քան զուտ ճանապարհ: Միջանցքի դէմ առարկելու ատեն Փաշինեան համաձայնած է դիւրացնել մուտքը:
– Հակառակ անոր որ 2020 թուականի համաձայնագիրը թոյլ կու տայ, որ ինչպէս Հայաստանը, այնպէս ալ Ազրպէյճանը անցնի միմեանց տարածքներով, Փաշինեանը բազմիցս յայտարարած է, որ ազրպէյճանցիները կրնան ազատ կերպով հատել Հայաստանի տարածքը` առանց գէթ մէկ անգամ յայտարարելու, որ համաձայնագիրը պէտք է իրականացուի փոխադարձաբար:
Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան նախորդ շաբաթ ըսաւ, որ նոր Սահմանադրութիւնը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ 2026 թուականի յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները: Դեռ յստակ չէ, արդեօք Սահմանադրութեան համար ընտրողներուն պիտի առաջարկուի քուէարկել խորհրդարանի անդամներուն համար քուէարկութեա՞ն հետ միաժամանակ, թէ՞ այդ ընտրութիւններէն ետք։
Պարբերաբար Սահմանադրութիւնը փոխելու մէջ վատ բան չկայ, երբ որ անհրաժեշտութիւն կը ծագի, սակայն բացարձակապէս անընդունելի է թշնամիին պահանջով ստիպուած ըլլալ բոլորովին նորը գրել։
Շատ կարեւոր է, որ հայ ընտրողները մերժեն նոր Սահմանադրութիւնը: «Ո՛չ» քուէն` վարչապետին նկատմամբ անվստահութեան քուէարկութիւն է: Ան այլեւս չի կրնար շարունակել մնալ իր պաշտօնին վրայ, եթէ ժողովուրդը մերժէ անոր առանցքային նախաձեռնութիւնը: Ան հրաժարական տալէ բացի այլընտրանք չ՛ունենար։