Երեւանի Մէջ Կայացած Միջազգային Համաժողովին Փաշինեան Հակահայկական Յայտարարութիւններ Կը Կատարէ
Յարութ Սասունեան
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 17 սեպտեմբեր 2026-ին Երեւանի մէջ ելոյթ ունեցաւ «Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմադրողականութիւն» խորագիրով միջազգային համաժողովին, զոր կազմակերպած էր «Կիներ եւ համաշխարհային ապահովութեան ճարտարապետութիւնը
Իր ծաւալուն խօսքին մէջ Փաշինեան հանդէս եկաւ շարք մը յայտարարութիւններով, որոնք կը հակասեն Հայաստանի ազգային շահերուն՝ խոստովանելով, որ բազմաթիւ զիջումներու դիմած է՝ ակնկալելով հասնիլ խաբուսիկ խաղաղութեան: Ան իր մօտեցումը բնութագրեց իբրեւ խուսափում «փինկ փոնկի»՝ «մեխանիկական փոխադարձութեան» քաղաքականութենէն:
Փաշինեանի գլխաւոր սխալը այն է, որ ան միամտօրէն կը հաւատայ եւ կը փորձէ համոզել դիւրահաւատ հայ հանրութիւնը, թէ խաղաղութիւն հաստատած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Որքան ալ ան կրկնէ իր կեղծ պնդումը՝ գոյութիւն չունեցող խաղաղութեան մասին, Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւ կը հրաժարի ստորագրել համաձայնեցուած խաղաղութեան պայմանագիրը՝ նոյնիսկ յայտարարելէ ետք, թէ ինք թելադրած է առաջարկուող բնագիրին բոլոր 17 կէտերը: Ան տակաւին չէ աւարտած Փաշինեանէն զիջումներ կորզելու իր պահանջները: Ինչո՞ւ Ալիեւ կանգ պիտի առնէ, երբ կը տեսնէ, թէ Փաշինեան կ՛ընդունի իր բոլոր պահանջները: Նոյնիսկ 8 օգոստոս 2025-ին Սպիտակ տուն այցելելէ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի ու Փաշինեանի հետ հանդիպելէն ետք (իբր թէ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու նպատակով)՝ Ալիեւ հրաժարեցաւ ստորագրել զայն: Ան պարզապէս նախաստորագրած է փաստաթուղթը:
Առանց անդրադառնալու, Ալիեւ մեծ ծառայութիւն կը մատուցէ Հայաստանին՝ հրաժարելով ստորագրել այսպէս կոչուած խաղաղութեան պայմանագիրը, որ լի է Ազրպէյճանին կատարուելիք
Փաշինեան կեղծօրէն յայտարարեց, թէ՝ «Երկրի արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւնը միջազգայնօրէն ճանաչուած քաղաքական ու իրաւական սկզբունքների վրայ հիմնելը օգնել է վերացնել Հայաստանի` սպ
Համաժողովին ընթացքին Փաշինեանի արտայայտած ամէնէն անմիտ գաղափարը այն էր, թէ՝ «Մենք եղել ենք Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը կորցնելուց 5 վայրկեան պակաս»: Ան նկատի ունէր 2022 թուականի սեպտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի արեւելեան հատուածներու բռնագրաւումը: Ազրպէյճան կրցաւ կատարել այդ յարձակումը, որովհետեւ Փաշինեան՝ իբրեւ զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար, հրամայած էր պատասխան կրակոց չարձակել, երբ ազրպէյճանցի զինուորները հատած էին Հայաստանի սահմանները:
Հայաստանը այժմ կործանման եզրին է Փաշինեանի՝ Ազրպէյճանին ըրած բազմաթիւ զիջումներուն պատճառով, որոնք միայն կը քաջալերեն Ալիեւը՝ աւելին պահանջելու: Ինչո՞ւ ան կանգ պիտի առնէ, երբ կը տեսնէ, որ Հայաստանի վարչապետը պատրաստ է իրեն տալու ամէն ինչ, զոր ան կը պահանջէ։ Մինչեւ 2018՝ Փաշինեանի իշխանութեան գալը,Հայաստան ի վիճակի էր պաշտպանելու իր տարածքն ու ինքնիշխանութիւնը: Փաշինեանի անկարող ղեկավարման եւ Ազրպէյճանի դէմ ուղղուած սադրիչ գործողութիւններուն ու յայտարարութիւններուն իբրեւ
Իր ելոյթին մէջ Փաշինեան քննադատութեան թիրախ դարձուց պատմութեան անանուն ուսուցիչ մը, որ, ըստ լուրերու, աշակերտներուն ըսած էր. «Երեխանե՛ր, գիտցէ՛ք, որ դուք պէտք է մեծնաք եւ երթաք Մուշն ու Վանը ազատագրելու»: Ոչ ոք գիտէ՝ արդեօք այս պատմութիւնը ճի՞շդ է, թէ՞ ոչ, բայց հարցը այն է, որ Փաշինեան, որ առանձինն կը կայացնէ երկրին վերաբերող բոլոր որոշումները, այժմ կը փորձէ թելադրել, թէ ուսուցիչը իբր թէ ի՛նչ ըսած է իր աշակերտներուն: Փաշինեան իրաւունք չունի միջամտելու դասարանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն․ ան ունի լուծելիք շատ աւելի կարեւոր խնդ
Թէեւ Հայաստանի կառավարութիւնը այս պահուն քիչ բան կրնայ ընել Արցախի եւ Արեւմտեան Հայաստանի կորսուած տարածքներուն հարցով, բայց եւ այնպէս այդ չի նշանակեր, թէ այդ հողերը պէտք է մոռացութեան մատնուին: Օր մը, երբ տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը փոխուի, հայերը կրնան ձգտիլ ետ ստանալու իրենց կորսուած տարածքները, սակայն միայն այն պարագային, եթէ հրաժարած չեն անոնցմէ: Նման իրավիճակ կրնայ ստեղծուիլ ապագային, երբ Փաշինեան արդէն վաղուց հեռացած պիտի ըլլա

