Էրտողանի Կողմէ Ցեղասպանութեան Ժխտումը Աւելի Մեծ Ուշադրութիւն Կը Հրաւիրէ Թրքական Զանգուածային Ոճիրներուն Վրայ
Յարութ Սասունեան
Հակառակ իրենց դիւանագիտական խորամանկութեան՝ թուրք ղեկավարները այդպէս ալ մէկ բան չսորվեցան՝ լռել, երբ զիրենք կը մեղադրեն ցեղասպանութեան մէջ: Անոնք չեն գիտակցիր, թէ ամէն անգամ որ կը ժխտեն զանգուածային ոճիրներու գործադրութիւնը, ակամայ աւելի մեծ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն իրենց ոճրային պատմութեան վրայ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յունիս 30-ի իր ելոյթին մէջ կոպիտ սխալ գործեց՝ հերքելով թրքական ոճիրներու երկար պատմութիւնը: Ան անճշդօրէն յայտարարեց. «Մեր պատմութեան մէջ ո՛չ ցեղասպանութիւն, ո՛չ կոտորած, ո՛չ հարստահարութիւն եւ ո՛չ ալ գաղութատիրութիւն կայ: Հազարամեակներու մեր փառահեղ պատմութեան ընթացքին եղած է միայն արդարութիւն եւ կարեկցանք»: Անոր ելոյթին տեսանիւթը «Էքս»-ի վրայ դիտուած է գրեթէ 100 հազար անգամ:
Նախ՝ ակնարկելով «հազարամեակներու [թրքական] փառահեղ պատմութեան»՝ Էրտողան երկու սխալ գործեց.
ա) Թուրքիան եւ անոր նախորդը՝ Օսմանեան կայսրութիւնը, հազարաւոր տարիներու պատմութիւն չունին
բ) անոնց պատմութիւնը շատ հեռու է «փառահեղ» ըլլալէ: Ընդհակառակը, անիկա եղած է ամօթալի եւ ոճրային:
Այժմ անդրադառնանք Էրտողանի խօսքերուն մէջ տեղ գտած ամէնէն խայտառակ սուտին. «Մեր պատմութեան մէջ ո՛չ ցեղասպանութիւն, ո՛չ կոտորած, ո՛չ հարստահարութիւն եւ ո՛չ ալ գաղութատիրութիւն կայ»: Իրականութեան մէջ, Օսմանեան կայսրութիւնն ու Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը շարունակաբար գործած են այս զանգուածային յանցագործութիւններէն իւրաքանչիւրը:
Քանատայի Հելլէնական հետազօտութիւններու հիմնարկը հրապարակած է Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ իրենց պատմութեան ընթացքին կատարուած յանցագործութիւններու երկար ցանկը: Ահա այդ զեկոյցին համառօտ տարբերակը.
Զանգուածային վայրագութիւններու պատմական արձանագրութիւն. Օսմանեան կայսրութեան ուշ շրջանի կոտորածներն ու ցեղասպանութիւնները (1821-1923 թուականներ)
-
Կոստանդնուպոլսոյ կոտորածը (1821) Հազարաւոր յոյն քաղաքայիններ կոտորուեցան ամբողջ կայսրութեան տարածքին: Ապրիլին օսմանեան իշխանութիւնները մահապատիժի ենթարկեցին Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ, Յունաց Տիեզերական պատրիարք Գրիգոր Ե.-ը՝ պատրիարքարանի դարպասներէն կախելով զայն։
-
Քիոսի կոտորածը (1822) Օսմանեան զօրքերը ծրագրուած կերպով սպաննեցին, ստրկացուցին կամ աքսորեցին Քիոս կղզիի յոյն բնակչութեան մօտաւորապէս չորս հինգերորդը: Մինչեւ 100 հազար յոյներ սպաննուեցան կամ բռնի վաճառքի հանուեցան Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Մերձաւոր Արեւելքի ստրուկներու շուկաներուն մէջ:
-
Փսարայի աւերումը (1824) Օսմանեան զօրքերը ամբողջութեամբ ոչնչացուցին ապստամբ յունական Փսարա կղզին: Երկու օրուան ընթացքին սպաննուեցան կամ ստրկացուեցան մօտաւորապէս 18 հազար յոյներ:
-
Միսսոլոնկիի երրորդ պաշարումը (1825–1826) Օսմանեան եւ եգիպտական միացեալ ուժերու կողմէ մէկ տարի տեւած դաժան, սովամահութեան մատնող շրջափակումէն ետք քաղաքը գրաւուեցաւ, որուն իբրեւ հետեւանք հազարաւոր յոյն խաղաղ բնակիչներ կոտորուեցան, իսկ մինչեւ 4000 կիներ ու մանուկներ ստրկացուեցան:
-
Դամասկոսի դէպքերը (1860) Լիբանանի մէջ միջկրօնական բախումներէն ետք մոլեգնած ամբոխը եւ աշխարհազօրայինները թիրախաւորեցին Դամասկոսի պատմական քրիստոնէական թաղամասը: Մինչ լեռներուն մէջ թիրախ կը դարձնէին մարոնիները, Դամասկոսի մէջ զոհերը հիմնականին մէջ յոյն ուղղափառներն էին: Տեղւոյն օսմանեան կայազօրային ուժերը աշխուժօրէն գործակցեցան ապստամբներուն հետ, որոնք հրկիզեցին պատմական յունաց ուղղափառ Մարիամեան տաճարը եւ կոտորեցին 3-10 հազար քրիստոնեաներ:
-
Համիտեան կոտորածները (1894–1896) Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. թիրախ դարձուց հիմնականին մէջ Անատոլիոյ օսմանցի հայերը: Թիրախ դարձան նաեւ ասորիները եւ, աւելի փոքր չափով, յոյներ: Սպաննուեցան մօտաւորապէս 300 հազար հայեր եւ 25 հազար ասորիներ, իսկ հարիւր հազարաւորներ տեղահանուեցան կամ բռնի իսլամացուեցան:
-
Ատանայի կոտորածը (1909) Ատանայի նահանգին մէջ կոտորուեցաւ 20-30 հազար հայ խաղաղ բնակիչներ:
-
Անզէն յոյներու կոտորածները Արեւելեան Թրակիոյ մէջ (1912-1913) Պալքանեան պատերազմներուն ընթացքին օսմանեան զօրքերը Արեւելեան Թրակիոյ մէջ կոտորեցին 15.690 անզէն յոյներ:
-
Յոյներու ցեղասպանութիւնը (1914-1923) Օսմանեան կայսրութեան բնիկ յոյն հպատակներու համակարգուած ոչնչացման պատճառով աւելի քան 1 միլիոն յոյներ կոտորուեցան։
-
Լեռնալիբանանի Մեծ սովը (1915–1918) Օսմանեան ռազմական նահանգապետ Ճեմալ փաշայի կողմէ իբրեւ զէնք գործածուած պարէնային շրջափակման եւ բերքի բռնագրաւման քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք սովամահ եղան 200-300 հազար մարոնիներ եւ այլ քրիստոնեաներ:
-
Ասորիներու ցեղասպանութիւնը (1915-1923) Օսմանեան կայսրութեան բնիկ ասորի հպատակներու համակարգուած ոչնչացումը պատճառ դարձաւ 300-750 հազար ասորիներու կոտորածին:
-
Հայոց ցեղասպանութիւնը (1915-1923) Օսմանեան կայսրութեան բնիկ հայ հպատակներու համակարգուած ոչնչացումը պատճառ դարձաւ 1.5 միլիոն հայերու կոտորածին:
Կանուխ հանրապետական դարաշրջանի պետական բռնութիւն (1930-1938)
-
Զիլանի կոտորածը (1930) Զիլանի հովիտին մէջ 5-47 հազար քիւրտ խաղաղ բնակիչներու կոտորածը՝ Արարատեան ապստամբութեան ռազմական ճնշման ընթացքին:
-
Տէրսիմի կոտորածը (1937–1938) Տէրսիմի (վերանուանուած՝ Թունճելի) ալեւի քիւրտերու դէմ լայնածաւալ ռազմական արշաւին ընթացքին գործածուեցան օդային ռմբակոծումներ (որոնց կարգին՝ քիմիական զէնք) եւ զանգուածային մահապատիժներ, որոնց պատճառով զոհուեցան մինչեւ 70 հազար խաղաղ բնակիչներ, որոնց մէջ՝ հայեր:
20-րդ դարու դաւանանքային ջարդեր
-
Պոլսոյ ջարդերը (1955) Պետութեան կողմէ կազմակերպուած ամբոխային յարձակումներ Պոլսոյ յունական, հայկական եւ հրէական բնակչութեան վրայ՝ պատճառելով նիւթական հսկայական վնաս եւ հրահրելով յոյներու վերջնական զանգուածային արտագաղթը Թուրքիայէն: Կ՛ենթադրուի, որ երկօրեայ ջարդերուն ընթացքին սպաննուեցան 37 անձեր, աւելի քան հազար ուրիշներ վիրաւորուեցան, հարիւրաւոր կիներ ու մանուկներ բռնաբարուեցան: Շրջան ըրաւ տեղեկութիւն այն մասին, որ յոյն տղամարդիկը ենթարկած են բռնի թլպատման: Նիւթական վնասը հասաւ շուրջ 500 միլիոն տոլարի:
-
Մարաշի կոտորածը (1978) Շաբաթ մը տեւած սպանութիւններու ալիք ծայր առաւ Թուրքիոյ Քահրամանմարաշ քաղաքին մէջ 19-26 դեկտեմբեր 1978-ին՝ թիրախ ունենալով ձախակողմեանները, քիւրտերն ու ալեւի կրօնական փոքրամասնութիւնը: Բռնութիւնը, որ հիմնականին մէջ կազմակերպուած էր նոր ֆաշական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան եւ տեղական աջակողմեան խմբաւորումներու կողմէ՝ Թուրքիոյ ազգային հետախուզական ծառայութեան աջակցութեամբ, պատճառ դարձաւ հարիւրաւոր անձերու մահուան:
-
Սվազի կոտորածը (1993) Թուրքիոյ Սվազ քաղաքին մէջ ծայրայեղ իսլամականներու մոլեգնած ամբոխին կողմէ «Մատիմաք» պանդոկի հրկիզման պատճառով գործադրուած կոտորածին զոհ գացին 35 անձեր: Զոհերը հիմնականին մէջ ալեւի մտաւորականներ, գրողներ եւ արուեստագէտներ էին, որոնք հաւաքուած էին մշակութային փառատօնի մասնակցելու համար:
-
Մաս առաջին

