Հայաստանի Գոյատեւումը Կախեալ Է Ուժեղ Բանակէն, Եւ Ոչ՝ Սին Խօսքերէն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ամէնօրեայ յայտարարութիւններուն արձագանգելը լիաժամ աշխատանք է: Ես ոչ մէկ հաճոյք կը ստանամ զայն բազմիցս քննադատելէ, սակայն անպատասխանատու պիտի ըլլայ անտեսել անոր հակազգային դիրքորոշումները` առանց մտահոգուելու անոնց կործանարար հետեւանքներուն մասին:
Ահաւասի՛կ՝ անոր վիճայարոյց յայտարարութիւններուն վերջին օրինակը։
Սեպտեմբեր 15-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմակայութիւն 2025» միջազգային համաժողովին արտասանած իր 46 վայրկեան տեւած խօսքը Փաշինեան սկսաւ այն պնդումով, որ՝ «Նախորդող շրջանում մեր արտաքին անվտանգային խոցելիութիւնները նուազեցնելու առաջնային գործիքները եղել են ռազմաքաղաքական դաշինքներն ու բանակը»։ Սակայն, ըստ անոր, «Պատմութիւնն ապացուցեց, որ այս բանաձեւը չաշխատեց…»: Ան պնդեց, որ «լեգիտիմութիւնն» (օրինականութիւնը) աւելի կարեւոր է, քան ռազմական ուժը` երկրի անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Ան նոյնիսկ թելադրեց, որ՝ «այս ռազմավարութիւնն է, որ հնարաւոր է դարձրել խաղաղութիւնը», ինչ որ թափանցիկ հնարք էր` համոզելու ընտրողները յաջորդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն աջակցելու իր կուսակցութեան:
Անբացատրելիօրէն Փաշինեան այնուհետեւ իր «լեգիտիմութեան ռազմավարութիւնը» կապեց բանակին նպատակներուն հետ` յայտարարելով. «Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքից դուրս անելիք չունի, խնդիր չունի եւ բանակի խնդիրը Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքի պաշտպանութիւնն ապահովելն է»։
Այս յայտարարութիւնը քողարկուած փորձ է արդարացնելու Հայաստանի պատմական իրաւունքներուն նկատմամբ ապագայ սերունդներուն պահանջներէն զիջումը: Աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ ան պարզապէս լռէր, քան թէ կանուխէն հրաժարէր այդ իրաւունքներէն` նոյնիսկ յարմար պահէն առաջ ալ:
Փաշինեան նաեւ կրկնեց իր սխալ պնդումը, թէ Հայաստանի ներկայի սահմանները ճանչնալը կը դիւրացնէ զէնքի ձեռքբերումը: Իր կարծիքով, զէնք մատակարարողները վստահ պիտի ըլլան, որ Հայաստան զէնքը չ՛օգտագործեր «ոչ լեգիտիմ ձեւով»: Ան չի հասկնար, որ Հայաստանի սահմաններուն օրինականութիւնը ոչ մէկ կապ ունի զէնք գնելու կարելիութեան հետ: Գնումներուն համար կարեւորը միայն վճարունակութիւնն է՝ կա՛մ գումար ունիս զէնք գնելու, կա՛մ չունիս: Եթէ պատրաստ ես վճարել, միշտ կը գտնուին բազմաթիւ երկիրներ, որոնք պատրաստ պիտի ըլլան վաճառել որեւէ զէնք` առանց հարցումներ ուղղելու: Զէնքի շուկային մէջ օրինականութիւնը ոչ մէկ իմաստ ունի։
Փոխանակ հզօրացնելու բանակը ժամանակակից զէնքերով` զսպելու համար թշնամիները, որոնք բացայայտօրէն կը սպառնան Հայաստանի գոյութեան, Փաշինեան կ՛ըսէ, որ բանակը պէտք է ըլլայ երկիրը պաշտպանելու վերջին միջոցը: Նման պարտուողական մտածելակերպով Հայաստան արկածախնդրութեան կը դիմէ՝ կորսնցնելու նոյնիսկ այն փոքր տարածքը, զոր այսօր ունի:
Աւելի ուժեղ թշնամիներ ունենալ՝ չի նշանակեր, որ Հայաստան պէտք է հրաժարի ինքզինք պաշտպանելու համար անհրաժեշտ զէնք ձեռք բերելէ: Ընդհակառակն, երբ մինչեւ ակռաներդ զինուած ես, նոյնիսկ հզօրագոյն թշնամին կրկնակի կը մտածէ վրադ յարձակելէ առաջ` քաջ գիտնալով, որ ինք եւս կորուստներ պիտի ունենայ: Երբ թշնամիէդ թոյլ ես, անպաշտպան մնալը լուծում չէ: Պաշտպանուիլ չկարողանալը աղէտի բաղադրատոմս է: Թշնամին կրնայ առանց մէկ կրակոցի իսկ դիւրութեամբ հասնիլ Երեւան:
Փաշինեան իր տեսակէտը պատկերաւոր ներկայացուց անհեթեթ օրինակով մը` տան արտաքին պատին գծուած նկարի մը վերաբերող, որ իբր թէ ուղերձ կը յղէ, թէ դրացին իրաւունք չունի այն տան նկատմամբ, ուր ան կ՛ապրի: «Սա կը յանգեցնի վէճի, կռուի, հակամարտութեան, պատերազմի»: Փաշինեան կարծէք չի հասկնար, որ քու տանդ պատին գծուած որեւէ նկար դրացիիդ արտօնութիւն չի տար յարձակելու քու տանդ վրայ եւ սպաննելու ընտանիքիդ անդամները: Եթէ թշնամիդ տեղեակ է, որ դուն լաւ զինուած ես եւ պատրաստ ես պաշտպանելու քու տունդ, ան կը հրաժարի իր թշնամական մտադրութեան գործադրութենէն։
Վարչապետը կը սխալի՝ կարծելով, թէ Հայաստան իբրեւ պետութիւն պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ 50, 100, 150 տարի ետք։ Ան կը յոխորտայ. «Մենք այսօր անկախ ենք, քան երբեւէ, ինքնիշխան ենք, քան երբեւէ, պետութիւն ենք, քան երբեւէ, եւ թոյլ տուէք ասել՝ անվտանգ ենք, քան երբեւէ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք չի ունեցել աւելի անվտանգութիւն իր անկախութեան ընթացքում, քան ունի այսօր»: Իրականութեան մէջ, սակայն, Փաշինեանի պարտուողական մօտեցումը կասկածի տակ կ՛առնէ այն, որ Հայաստան պիտի կարենայ գոյատեւել անոր իշխանութեան օրօք:
Հայաստան չի կրնար իր ապահովութիւնը վտանգի ենթարկել` բանակը երկրորդական նկատելով: Իսկական օրինականութիւնը կը բխի ոչ թէ սին խօսքերէն, այլ՝ այն ակնյայտ երաշխիքէն, որ Հայաստանի սահմանները եւ ժողովուրդը պաշտպանուած են կարողունակ, լաւ սպառազինուած ուժերու կողմէ: Ժամանակն է, որ վարչապետն ու ամբողջ ղեկավարութիւնը հրաժարին պարտուողական հռետորաբանութենէն, ամրապնդեն ռազմավարական դաշինքները եւ վճռականօրէն ներդրումներ կատարեն հայկական բանակի արդիականացման մէջ։ Միայն այդ պարագային հայ ժողովուրդը պիտի կարենայ երաշխաւորել այն, որ ոչ մէկ թշնամի համարձակի կասկածի տակ դնել անոր վճռակամութիւնը` պաշտպանելու իր ինքնիշխանութիւնը, ինչ որ Հայաստանը պիտի դարձնէ ազատ, ապահով եւ հպարտ պետութիւն` գալիք սերունդներուն համար: