Փաշինեանն Ու Ապստամբ Հոգեւորականները՝ Ընդդէմ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին
Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Նախորդ շաբաթ արձանագրուեցան քանի մը կարեւոր զարգացումներ, որոնք
առաւել եւս սրեցին առճակատումը Հայոց եկեղեցւոյ եւ կառավարութեան միջեւ:
Յունիսէն ի վեր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը փորձէ հեռացնել Գարեգին Բ.
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ զայն փոխարինել աւելի հնազանդ
հոգեւորականով` խախտելով Եկեղեցւոյ եւ պետութեան սահմանադրական
բաժանումը:
Թէեւ Փաշինեան կը յայտարարէ, որ իր նպատակը Եկեղեցւոյ մաքրագործումն ու
բարեփոխումն է, սակայն իրական նպատակը ակնյայտօրէն քաղաքական է: Ան կը
փափաքի չէզոքացնել այն բոլոր ընդդիմադիր ուժերը, որոնք կրնան խոչընդոտ
հանդիսանալ յաջորդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր
պաշտօնին վրայ մնալու։
Թէ ի՛նչ բարեփոխումներու կարիք ունի Եկեղեցին, ատիկա երբեւէ վարչապետին
գործը չէ: Անոնք ներքին հարցեր են, որոնք պէտք է լուծուին Եկեղեցւոյ
առաջնորդներուն կողմէ՝ համաձայն երկարամեայ կանոնական ընթացակարգերու:
Նկատի ունենալով, որ Փաշինեան չի յաջողիր ստիպել Գարեգին Բ.
կաթողիկոսը՝ հրաժարական տալու, ան անցած է «Բաժնէ՛, որ տիրես»-ի
մարտավարութեան` փորձելով պառակտում հրահրել Եկեղեցիէն ներս:
Վերջին ճգնաժամը ծագեցաւ, երբ հրապարակուեցաւ գաղտնի նկարահանուած
տեսանիւթ, ուր, ենթադրաբար, կ՛երեւին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի
դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեանը` իր ազգականուհիին հետ մէկ սենեակի
մէջ: Շատերը կասկածներ ունին, որ այդ տեսագրութիւնը պատրաստուած է
Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ: Կառավարութեան դէմ քրէական
գործ յարուցուած է` «արքեպիսկոպոսի անձնական կեանքի գաղտնիութիւնը
խախտման վերաբերեալ` օգտագործելով գաղտնի տեղեկատուութիւն հաւաքելու
համար նախատեսուած յատուկ տեխնիկական սարք»:
Այս վերջին բացայայտումէն ետք կաթողիկոսը նշանակեց բարձրագոյն
հոգեւորականներէն կազմուած յանձնախումբ` տեսանիւթը, արքեպիսկոպոս
Խաչատրեանի դէմ մեղադրանքները ուսումնասիրելու եւ առաջարկներ
ներկայացնելու համար: Նոյեմբեր 25-ին յանձնախումբի 13 անդամներէն 9-ն
ստորագրեցին յայտարարութիւն, որով հաստատեցին տեսանիւթին իսկութիւնը եւ
քննադատեցին կաթողիկոսը, որ ան՝ «ամէն գնով փորձում է կոծկել Արշակ
սրբազանի (Խաչատրեան) սրբապիղծ արարքը՝ դրանով իսկ դառնալով
սրբապղծութեան հովանաւոր… Գարեգին Բ.-ն անհաւատարիմ է գտնուել
կաթողիկոսական օծմամբ ստանձնած իր ուխտին` «Ուղիղ վարդապետութեամբ»
Հայ եկեղեցին առաջնորդելու: Նրա վարքագիծը անհամատեղելի է Հայ եկեղեցու
կանոնական իրաւունքին եւ վարդապետութեանը»: Անոնք աւելցուցին` մենք
«խստօրէն դատապարտում ենք Գարեգին Բ. կաթողիկոսի թիւր ընթացքը»: Այս
ներքին եկեղեցական փաստաթուղթը հանրութեան հասանելի դարձած է
յանձնաժողովի անդամներէն մէկուն կողմէ եւ հրապարակուած է վարչապետին
աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանի Դիմատետրի էջին մէջ։
Փաշինեան, գոհ ըլլալով յանձնախումբի անդամներուն կողմէ կաթողիկոսին
նկատմամբ քննադատական յայտարարութենէն, զանոնք հրաւիրեց հանդիպման:
Յանձնախումբի 13 անդամներէն 8-ն նոյն օրը` նոյեմբեր 27-ին, եկան
վարչապետի գրասենեակ, հակառակ անոր որ անոնցմէ քանի մը հոգին նախապէս
ներգրաւուած եղած էին թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ իրաւական
խայտառակութիւններու մէջ: Փաշինեան «ողջունեց հիւրերը եւ
շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց հրապարակային կերպով արտայայտած
սկզբունքային դիրքորոշման համար»: Հետագային վարչապետին գրասենեակը
տարածեց միայն անոր խօսքերը` առանց նշելու, թէ ի՛նչ ըսած են
հոգեւորականները: Անկախ անկէ՝ համաձայն ենք, թէ ոչ յանձնախումբի
անդամներու յայտարարութեան, ոչ ոք կրնայ մեղադրել զանոնք, որովհետեւ
անոնք կը զբաղին Եկեղեցւոյ ներքին հարցով։ Այնուամենայնիւ, անոնք սխալած
են` հանրայնացնելով իրենց ներքին զեկոյցը եւ հանդիպելով վարչապետին հետ:
Այնուհետեւ, Եկեղեցւոյ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հրապարակեց միայն ոչ
պաշտօնական յայտարարութիւն, քանի որ որոշ թիւ մը անդամներ կը
բացակայէին Փաշինեանի հետ հանդիպման պատճառով` մերժելով
յանձնախումբին մեղադրանքները կաթողիկոսին դէմ եւ զանոնք նկատելով
«բացարձակ անհիմն եւ շինծու, եւ որ՝ նորին սրբութեան` արքեպիսկոպոս
[Խաչատրեանի] դէմ նպատակային հետապնդումը եւ կողմնակալ կարծիքների
ձեւաւորումը բացարձակապէս անընդունելի են»: Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը
յորդորեց յանձնախումբին անդամները՝ «վերադառնալ կանոնական դաշտ` իրենց
մտահոգութիւններն արծարծելով Եկեղեցու բարձրագոյն ժողովական
մարմիններում եւ չխաթարել Եկեղեցու միաբանութիւնը»:
Ցաւօք, մեղադրանքներու եւ հակամեղադրանքներու շարանը այսպիսով
չաւարտեցաւ: Նոյեմբեր 29-ին տասը բարձրաստիճան հոգեւորականներ, որոնց
կարգին՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու թեմի առաջնորդ Յովնան արք.
Տէրտէրեանը, շատ աւելի կոշտ յայտարարութեամբ յորդորեցին Գարեգին Բ.
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը՝ «ի սէր Եկեղեցու եւ մեր ժողովրդի … կամովին
հանգստեան կոչուել եւ այդ կերպ հնարաւոր կը լինի նոր ընտրութիւններ
կազմակերպել»: Այդ յայտարարութիւնը առաջին անգամ հրապարակուեցաւ
Փաշինեանի ընտանիքին պատկանող «Հայկական ժամանակ» թերթին մէջ, իսկ
յայտարարութեան որոշ հատուածներ Դիմատետրի իր էջին մէջ հրապարակեց
Փաշինեանի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը:
Նոյեմբեր 29-ի իրենց յայտարարութեան մէջ տասը բարձրաստիճան
հոգեւորականները քանի մը խիստ քննադատական յայտարարութիւններ
կատարեցին կաթողիկոսի հասցէին: Անոնք կասկածի տակ դրին անոր
ընտրութեան արդարութիւնը. «Այս ամէնը գուցէ չլինէր, եթէ արդար, առանց
ահաբեկումների լինէր 1999թ. կաթողիկոսական ընտրութիւնը»: Այնուհետեւ
աւելցուցին. «Առաւել ահագնացած ճգնաժամը Հայ եկեղեցու սխալ կառավարման
հետեւանքով է… Բազմաթիւ նուիրեալ հոգեւորականների չարդարացուած,
հակականոնական կարգալուծութիւնները յաճախ տեղի են ունեցել անարդար
կերպով, բացարձակապէս կաթողիկոսի միահեծան որոշումներով կամ
պարտադրանքով: Յաճախ նախընտրաբար հոգեւոր աստիճան են ստացել եւ
պաշտօնի կոչուել՝ միջակութիւններ, բարոյական կասկածելի վարքագիծ
ունեցողներ, անարժաններ, կամակատարներ: Կաթողիկոսի սխալ, կամայական
կառավարման, հրամանների, նշանակումների, անարդար պատիժների, անհարկի
միջամտութիւնների, կարգալուծութիւնների պատճառով յաճախ փոթորկւում են
սփիւռքի մեր թեմերն ու առանձին հովուութիւններ ու վիճակներ, երբեմն
ստիպուած լինելով խզել կապերը Մայր Աթոռի հետ ․․․ Մայր Աթոռի եւ
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայիս ընթացքը հակականոնական, վտանգաւոր,
վնասակար եւ կորստաբեր է եւ չի կարող այլեւս շարունակուել»:
Ի պատասխան` տարբեր անհատներ եւ կազմակերպութիւններ կոչ ուղղեցին
կաթողիկոսին՝ անմիջապէս կարգալոյծ ընելու բոլոր այն հոգեւորականները,
որոնք պահանջած են անոր հրաժարականը:
Յառաջիկայ օրերուն կը յստականայ, թէ ի՛նչ քայլերու պիտի ձեռնարկեն՝
կաթողիկոսը, Հայաստանի կառավարութիւնը, հոգեւորականները եւ
աշխարհասփիւռ հայութիւնը: Եթէ կաթողիկոսը մերժէ հրաժարական տալ,
Փաշինեանի կառավարութիւնը կրնայ դիմել աներեւակայելի քայլի` զայն կեղծ
մեղադրանքներով ձերբակալելու:

