Սփիւռքի Զօրաշարժը` Հայաստանը Փաշինեանին Կործանարար Քայլերէն Փրկելու Համար
Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
11-12 ապրիլ 2026-ին Փարիզի մէջ կայացաւ Սփիւռքի ազգային զօրաշարժին
նուիրուած խորհրդաժողով` համախմբելով 26 երկիրներէ, ներառեալ Հայաստանէն եւ
Արցախէն, 160 քաղաքական գործիչներ, համայնքային առաջնորդներ, միջազգային
իրաւաբաններ, հոգեւորականներ եւ մտաւորականներ:
Խորհրդաժողովին նպատակը Հայաստանի եւ Սփիւռքի յարաբերութիւններու
համապարփակ գնահատումն էր շարունակուող ազգային մարտահրաւէրներուն եւ
փոփոխուող աշխարհաքաղաքական իրողութիւններու պայմաններուն մէջ՝ միաժամանակ
ընդգծելով համահայկական միասնական օրակարգի շուրջ համակարգուած զօրաշարժի
անհրաժեշտութիւնը:
Ասիկա վճռորոշ պահ է մեր երկրի պատմութեան մէջ: Ամէն անցնող օր վարչապետ
Նիկոլ Փաշինեանը զգալի վնաս կը հասցնէ Հայաստանի ազգային շահերուն՝ այնքան,
որ եթէ ան շարունակէ պաշտօնավարել յունիս 7-ի խորհրդարանական
ընտրութիւններէն ետք, ապա հայրենիքի գոյութիւնը կրնայ մեծ վտանգի տակ ըլլալ:
Հայաստան կարիք ունի ունակ ղեկավարի, որ պիտի պաշտպանէ երկրին ազգային
շահերը բոլոր կողմերէ կատարուող արտաքին միջամտութիւններէն` Արեւելքէն,
Արեւմուտքէն, Հիւսիսէն թէ Հարաւէն:
Այն հայերը, որոնք այս վճռորոշ պահուն կ՛անտեսեն հայրենիքի տհաճ իրավիճակը եւ
իրենց ձեռքերը ծալլած կը նստին, պատճառ կը դառնան անոր անկումին: Անկախ
բնակութեան վայրէն, իւրաքանչիւր հայ ունի սուրբ պարտականութիւն` պաշտպանելու
Հայաստանը անոր թշնամիներէն` թէ՛ երկրին մէջ, թէ՛ անոր սահմաններէն դուրս:
Ցաւօք, Հայաստանի արձանագրուած ընտրողներուն շուրջ կէսը յայտնած է, որ պիտի
չմասնակցի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Այսպիսի
անտարբերութիւն մը կարելիութիւն կրնայ տալ շարունակելու այն քաղաքականութիւնը,
որուն մեծամասնութիւնը դէմ է: Իւրաքանչիւր արձանագրուած հայ ընտրող ունի
քաղաքացիական պարտականութիւն մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ քուէարկելու
յունիս 7-ին: Նոյնիսկ սփիւռքի մէջ ապրող Հայաստանի քաղաքացիները պէտք է երթան
Հայաստան` մասնակցելու քուէարկութեան:
Քարոզարշաւի ռազմավարութեան տեսանկիւնէ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը պէտք
է իրենց ջանքերը կեդրոնացնեն այն ընտրողներուն վրայ, որոնք կը նախատեսեն
չմասնակցիլ ընտրութիւններուն, եւ ոչ թէ ժամանակ ու կարելիութիւններ վատնեն
Փաշինեանի նուազող աջակիցները համոզելու վրայ: Փաշինեանի հետեւորդները պիտի
շարունակեն աջակցիլ անոր, որովհետեւ իրենց ապրուստը կախեալ է անկէ, անոնք կա՛մ
պետական ծառայողներ են, որոնք կը ստանան մեծ պարգեւավճարներ, կա՛մ կ՛օգտուին
մենաշնորհային գործարարական արտօնութիւններէն:
Քաղաքական իրավիճակի հրատապութեան լոյսին տակ Փարիզի խորհրդաժողովը
ստացաւ առանձնայատուկ կարեւորութիւն: Մեծ մասը մասնակիցներուն, որոնք որեւէ
կուսակցութեան հետ կապ չունէին, միասնաբար արձանագրեցին Հայաստանի առջեւ
ծառացած վտանգները եւ պարտականութիւն ստանձնեցին հազիւ տուն վերադարձած
ձեռնարկել անհրաժեշտ քայլերու` իրենց համայնքներու անդամները զօրաշարժի
ենթարկելու նպատակով: Յատկանշական է, որ խորհրդաժողովին կը մասնակցէին
Հայաստանի երեք նախկին վարչապետները` Վազգէն Մանուկեանը, Խոսրով
Յարութիւնեանը եւ Հրանտ Բագրատեանը:
Ֆրանսայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոս
Խաչատրեան ընթերցեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի ուղերձը: Մեծի Տանն
Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. մասնակիցներուն դիմեց տեսաուղերձով: Արցախի
Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատար եւ Արցախի Ազգային ժողովի
նախագահ Աշոտ Դանիէլեան անձամբ ելոյթ ունեցաւ խորհրդաժողովին:
Խորհրդաժողովին 19 բանախօսներ ելոյթ ունեցան չորս քննարկումներով․
1.- Սփիւռքի ռազմավարական դերը ազգային հիմնահարցերու լուծման մէջ. ի՞նչ է
սփիւռքի քաղաքական օրակարգը:
2.- Ազգային արժէքներու եւ Հայոց եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը սփիւռքի մէջ` հայկական
ինքնութեան պահպանման համար․ նոր իրավիճակի մարտահրաւէրները:
3.- Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու հիմնահարցեր եւ հորիզոններ:
4.- Սփիւռքի զօրաշարժ եւ վերաշխուժացում` յանուն համազգային նպատակներու:
Իբրեւ խորհրդաժողովի բանախօսներէն մէկը` իմ ելոյթիս մէջ ափսոսանք յայտնեցի, որ
Հայաստանի իրերայաջորդ կառավարութիւնները սփիւռքը լիարժէք չեն օգտագործած
իբրեւ թանկարժէք ներուժ: Փաշինեանի վարչակազմին կողմէ Սփիւռքի նախարարութեան
փակուելէն ետք սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները հասած են իրենց ամէնէն ցած
մակարդակին` Հայաստանի անկախութենէն ի վեր: Փաշինեան յաճախ կը նսեմացնէ եւ
կը հակադրուի սփիւռքին, այդպիսով իր կառավարութիւնը հեռացնելով սփիւռքի
մտահոգութիւններէն:
Փաշինեանի տեսակէտներն ու դիրքորոշումները էականօրէն կը շեղին հայկական
արժէքներէն եւ առաջնահերթութիւններէն: Ան բացայայտօրէն կը քննադատէ ազգային
խորհրդանշանները` Արարատ լեռը, պետական զինանշանը եւ ազգային քայլերգը:
«Հայոց պատմութեան» դասագիրքերը վերանուանելով «Հայաստանի պատմութիւն»` ան
կը նսեմացնէ հայկական ինքնութեան պատմական ընդգրկումը: Փաշինեան կասկածի
տակ կը դնէ Հայոց ցեղասպանութեան իսկութիւնը, իսկ կուրծքին կը կրէ «Իրական
Հայաստան»-ի քարտէզը` փորձելով մոռացութեան մատնել պատմական Հայաստանը:
Ապահովութեան եւ ինքնիշխանութեան հարցերուն մէջ` Փաշինեան Ազրպէյճանին
յանձնած է Արցախը, հրաժարած է Հայաստանի Հանրապետութեան 220 քառակուսի
քիլոմեթր տարածքէն` յօգուտ Ազրպէյճանին, Արցախի հարցը կը նկատէ փակուած,
մինչդեռ Արցախի ղեկավարները կը շարունակեն մնալ Պաքուի բանտը, եւ կազմած է
սեւ ցանկ այն սփիւռքահայերուն, որոնք պարզապէս իր քաղաքականութեան հետ
անհամաձայն ըլլալնուն պատճառով զրկուած են Հայաստան այցելելու իրաւունքէն:
Բացի ատկէ, ան ձեռնարկած է առճակատման քայլերու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ
դէմ` ներառեալ բարձրաստիճան հոգեւորականներու կալանաւորումը: Անոր
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը յայտարարած է պաշտօնական
համաժողով կազմակերպելու ծրագիրներուն մասին` բացառապէս «Սփիւռքի
պետականակեդրոն կազմակերպութիւններուն» համար:
Եզրափակելով իմ ելոյթս` առաջարկեցի գործիքակազմ, որ պիտի կարենայ միաւորել
միլիոնաւոր սփիւռքահայերը մէկ միասնական կառոյցի մէջ` ձեւաւորելով
սփիւռքահայերու խորհրդարան, որ կ՛ընտրուի սփիւռքի տարբեր համայնքներու
անդամներուն կողմէ:
Խորհրդաժողովի աւարտին, ի զարմանս ինծի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի
պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեան ինծի յանձնեց Արցախի Հանրապետութեան
շնորհակալագիր, ուր նշուած էր. «Խորին երախտագիտութիւն եմ յայտնում Ձեզ, բռնի
տեղահանուած արցախահայերի իրաւունքների պաշտպանութեան եւ իրենց պատմական
հայրենիք անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձի ապահովման գործում ներդրած մեծ
աւանդի համար»:
Պատիւ էր ճանաչումը, սակայն աւելի կարեւոր է այն պատասխանատուութիւնը, զոր կը
կիսեն աշխարհասփիւռ հայերը` վճռականօրէն գործելու այս առանցքային պահուն:

