Western Armenian – Անտեսելով Հայաստանի Գոյութաբանական Հարցերը՝ Փաշինեան Սխալ Բաներ Ըսած Է Սփիւռքի Մասին
Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 19 Յունիսին տեսակցեցաւ խումբ մը սփիւռքահայերու հետ, որոնք աշխատած են
Հայաստանի տարբեր նախարարութիւններու մէջ՝ իբրեւ ժամանակաւոր պաշտօնեաներ։
Խումբին ուղղուած իր ելոյթի ընթացքին, վարչապետը շեղեցաւ թեմայէն եւ անիմաստ յայտարարութիւններ
կատարեց Սփիւռքի մասին։ Ան ըսաւ, որ «…մեր պատմութեան մեծ մասին մէջ, Երրորդ Հանրապետութեան
պատմութեան ընթացքին, Սփիւռքը յաճախ կամ երբեմն դիտարկուած է իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան
կառավարման օժանդակ հիմնարկ։ Կատարուող փոփոխութիւնը հետեւեալն է. մենք կ՛ըսենք, որ Սփիւռքը չի
կրնար ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարման օժանդակ հիմնարկ, որովհետեւ Հայաստանի
Հանրապետութիւնը, ինչպէս որեւէ պետութիւն, իր յստակ մեքանիզմներով գործիք է, ուր շատ յստակ
նկարագրուած է, թէ ովքեր եւ ինչպէս կը կառավարեն այդ մեքանիզմը։ Եթէ այդ մեքանիզմի
ճարտարապետութեան մէջ չկայ որեւէ մանրամասնութիւն կամ աւելի մեծ ամբողջութիւն, եւ մենք փորձենք այդ ա
մբողջութիւնը կապել այդ մեքանիզմին, մենք արգելակած կ՛ըլլանք այդ մեքանիզմի յառաջընթացը։ Ասիկա
ակնյայտ բան է։ Եւ այս տրամաբանութեան մէջ ես կը կարծեմ, որ փոփոխութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ, շատ
կարեւոր է եւ շատ էական։ Բայց, միւս կողմէ, ես կ՛ուզեմ նայիլ նաեւ հակադարձ տրամաբանութեամբ։ Շատ
պարագաներուն նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընկալուած է իբրեւ Սփիւռքի կառավարման դարձեալ
օժանդակ կամ ոչ օժանդակ գործիք։ Ես կ՛ուզեմ ըսել, որ, իմ ընկալումով, ասոր եւս պէտք է վերջ տալ։ Ինչո՞ւ։
Որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սփիւռքի կառավարման օժանդակ կամ ոչ օժանդակ գործիք
դարձնելու պարագային, մենք Հայաստանի Հանրապետութիւնը դուրս դրած կ՛ըլլանք իր իրաւազօրութեան
սահմաններէն եւ, հետեւաբար, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դարձնենք աւելի խոցելի։ Մեր
ռազմավարութիւնը, որուն մասին ես խօսած եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օրինականութիւնն է, որ կապ
ունի նաեւ ասոր հետ, որ մենք կրնանք գործել միայն հոն, ուր որ մենք ունինք իրաւազօրութիւն եւ
օրինականութիւն՝ գործելու։ Մենք չենք կրնար գործել հոն, ուր մենք չունինք իրաւազօրութիւն եւ
օրինականութիւն՝ իբրեւ պետութիւն գործելու։ Եւ ահա՛ այս հանգամանքի բերումով, անխուսափելիօրէն տեղի
կ՛ունենան ընկերային-հոգեբանական փոփոխութիւններ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մէջ։ Ես
նկարագրեցի, թէ ի՛նչը պէտք չէ ըլլայ այնպէս, ինչպէս մենք պատկերացուցած ենք։ Այսինքն, ես կը հասկնամ, որ
ըսածիս միջեւ որոշակի ճեղք կը յառաջանայ, բայց ես այսօր պատրաստ չեմ նոյնիսկ այդ ճեղքը լեցնելու փորձ
ընել, որովհետեւ չեմ կարծեր, որ այդ գործս է, կամ առնուազն՝ միայն իմ գործն է։ Այդ աւելի լայն
քննարկումներու կը կարօտի, եւ հոն Հայաստանի Հանրապետութիւն կամ ՀՀ պաշտօնեաներ կրնան խօսք ունենալ,
բան մը ըսել, բայց կը կարծեմ, որ այս քննարկումները աւելի հանրային եւ ոչ պաշտօնական մակարդակի
քննարկումներ են, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ըլլան Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ նոր յարաբերութիւնները։ Անոնք
այլեւս այդպիսին չեն եւ չեն կրնար ըլլալ։ Կը կարծեմ, որ այս յստակ է…»:
Դուք մինակ չէք, եթէ բան չէք հասկցած Փաշինեանի խօսքերէն: Խնդիրը այն է, որ ան միշտ կը խօսի առանց
նախապատրաստուած գրութեամբ, այս պատճառով ալ ան կը շեղի թեմայէն եւ կ՛ըսէ բաներ, զորս ըսել չէր
նախատեսած:
Փաշինեան իր երկարաշունչ յայտարարութեան մէջ փորձած է հերքել ոչ մէկուն մտքին մէջ գոյութիւն ունեցող
այն գաղափարը, որ «Սփիւռքը կը դիտարկուի իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարման օժանդակ
հիմնարկ»: Ոչ ոք նման բան ըսած է: Մենք միշտ դիտարկած ենք Սփիւռքի դերը՝ հայրենիքին մարդասիրական
օգնութիւն, ներդրումներ եւ մասնագիտական փորձառութիւն տրամադրելու համար։
Դրականը այն է, եւ ես գոհ եմ, որ Փաշինեան կ՛ընդունի, թէ Հայաստան իրաւազօրութիւն չունի միջամտելու
Սփիւռքի ներքին գործերուն: Ան մեծ դժուարութիւններ ունի կառավարելու Հայաստանի առջեւ ծառացած
հարցերը, ա՛լ չակնարկած Սփիւռքի հարցերուն, որոնց մասին ան ոչինչ գիտէ:
Այնուհետեւ Փաշինեան նորէն շեղելով թեմայէն, անդրադարձաւ այն հարցին, թէ «քանի՞ հայ կայ աշխարհի
վրայ: Ան ըսաւ. «․․․․Կայ ուրիշ հարց մըն ալ. մենք միշտ չէ, որ մեծ նշանակութիւն կու տանք
թուաբանութեան։ Վերջերս մօտս հարց ծագեցաւ, անընդհատ կ՛ըսենք՝ 10 միլիոն հայ, 10 միլիոն հայ, 10
միլիոն հայ։ Տեղ մը կա՞յ այդ հայերուն ցուցակը, թէ՞ չկայ։ Համոզուած եմ, որ չկայ։ Ահա հոս նորէն սրբացման
երեւոյթն է։ Այդ թիւը սուրբ է, յանկարծ չդպչիք: Անիկա ո՛չ կ՛աւելնայ, ո՛չ կը պակսի։ Դուք չէք կրնար զայն
փոխել: 10 միլիոն է։ Եթէ մէկը ըսէ՝ 10 միլիոն չէ, 10 միլիոն 561 հազար է, բոլորը կը յարձակին անոր վրայ
ու կ՛ըսեն՝ տգէ՛տ, նետող-բռնո՛ղ, դուն ուրկէ՞ գիտես, ո՞վ հաշուած է եւ այլն։ Եթէ մէկը ըսէ՝ չէ, 9 միլիոն 200
հազար է, կ՛ըսեն՝ ա՛յ ստահակ, դուն կը նսեմացնես հայերուն համաշխարհային ազդեցութիւնը։ Գրչի մէկ
հարուածով 800 հազար հայ ջնջեցիր։ Ասիկա է մեր իրականութիւնը։ Սա մեր մասին է, բայց մենք պէտք է
խօսինք ասոր մասին։ Եթէ ասոր մասին չխօսինք, օգուտը ո՞րն է»։
Վարչապետը կը սխալի, որ մէկը չի գիտեր, թե քանի՞ հայ կայ աշխարհի վրայ: Ան կրնար ստուգել
Վիքիփետիայի էջը՝ «Հայ բնակչութիւնը՝ ըստ երկիրներու», որ կը ներկայացնէ 107 երկիրներու հայերու թիւը:
Կան բազմաթիւ այլ աղբիւրներ, որոնք կու տան աշխարհի հայերուն թիւը: Քանի որ ոչ ոք հաշուած է աշխարհի
իւրաքանչիւր հայ, բնականաբար, 10 միլիոնը մօտաւոր հաշուարկ է:
Եթէ այս հարցը իսկապէս կը հետաքրքրէ վարչապետը, ապա ան պէտք է յանձնարարէ Սփիւռքի գործերու
գլխաւոր յանձնակատարը՝ համաշխարհային հետազօտութիւն իրականացնել եւ կազմել աշխարհի հայերու աւելի
ճշգրիտ թիւը:
Ես նաեւ կ՛առաջարկեմ, որ վարչապետին օգնականները նախապէս գրեն անոր ելոյթները, որպէսզի ան կարենայ
կարդալ գրութենէն եւ չշեղի իր խօսքէն՝ տուեալ պահուն մտքին եկած ամէն նոր թեմայով:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան