Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $2.2 միլիոն արժէքով դեղորայք հայթայթեց հայրենիքին
Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա – Անցեալ շաբաթ, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը
երկու անջատ առաքումներով եւ $2.2 միլիոն ընդհանուր արժէքով
դեղորայք ուղարկեց Հայաստան։
Առաքումները կը ներառնէին արեան քաղցկեղէ տառապող հիւանդներու
համար հրատապօրէն անհրաժեշտ երկու դեղատեսակներ՝ Velcade՝
$1,122,100 ընդհանուր արժէքով, եւ Kovaltry՝ $1,100,000 ընդհանուր
արժէքով։ Kovaltry-ն կը գործածուի կանխելու համար արիւնահոսութեան
դէպքեր, եւ յատկապէս այն արիւնահոսութիւնները, որոնք կրնան
պատահիլ վիրաբուժութենէ առաջ կամ ետք։
Սոյն դեղերը առաքուեցան Հայաստանի Առողջապահութեան
Նախարարութեան։ Հայաստան Արցախ Ֆոնտը երախտապարտ է Direct
Relief կազմակերպութեան՝ այս արժէքաւոր դեղերու նուիրաբերման
համար։
Անցեալ 35 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած
Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են 1
միլիառ եւ 55 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով մարդասիրական
օժանդակութիւն, 158 թռիչքներով եւ 2,594 ծովային արկղերով։
«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի,
բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող
դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի
Նախագահ Յարութ Սասունեան. «մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը
միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները,
որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը
ուղարկել Հայաստանի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ
Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝