Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $3.7 միլիոն արժէքով դեղորայք հայթայթեց Հայաստանին
Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա – Մարտ 31, 2024-ին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $3.7 միլիոն արժէքով դեղորայք առաքեց Հայաստան։ Ապրանքները նուիրուած էին AmeriCares կազմակերպութեան կողմէ։
Առաքումը կ՚ընդգրկէ մեծապէս անհրաժեշտ դեղեր, որոնց շարքին՝ Lansoprazole (ստամոքսի զանազան հիւանդութիւններու համար), Erdafitinib (միզամանի յառաջացած քաղցկեղի համար), Risperidone (մտային զանազան խանգարումներու համար), եւ Paliperidone (մտագարութեան՝ schizophrenia-ի եւ մտային այլ խանգարումներու համար)։
«Չափազանց բարձր կը գնահատենք մեր կազմակերպութեան երկարամեայ գործընկեր՝ AmeriCares-ի կողմէ Հայաստանի համար նուիրուած, կեանք փրկող դեղերը», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեան։
Յունուարէն Ապրիլ 2024-ի ընթացքին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $20 միլիոն արժէքով դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ հայթայթած է Հայաստանին, եւ կը ծրագրէ մօտ ապագային դեղերու բազմաթիւ յաւելեալ առաքումներ կատարել։
Անցեալ 35 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են աւելի քան 1 միլիառ տոլար ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն, 158 թռիչքներով եւ 2,585 ծովային արկղերով։
«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», Սասունեան յայտնեց. «մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net։