Քալիֆորնիոյ համալսարանը կը Պատրաստէ Հայոց Ցեղասպանութեան Օրերուն Թուրքիոյ Կողմէ Բռնագրաւուած Հայկական Ունեցուածքի Ցանկը

Յարութ Սասունեան
Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) «Խոստում» հայկական հիմնարկի ծիրին մէջ գործող Հայոց ցեղասպանութեան հետազօտական ծրագիրը (AGRP) նախորդ շաբաթ մեկնարկեց բեկումնային նախագիծ մը, որ հայերուն կարելիութիւն պիտի տայ փոխհատուցում ստանալ իրենց ունեցուածքին համար, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք բռնագրաւուած էր թրքական կառավարութեան կողմէ։
Բացի մէկուկէս միլիոն հայերու զանգուածային սպանդէն, թրքական կառավարութիւնը բռնագրաւած է նաեւ անոնց հայրենիքը` Արեւմտեան Հայաստանը, եւ բռնագրաւած է անոնց ունեցուածքը: Քալիֆորնիոյ համալսարանին շնորհակալ նախաձեռնութեան շնորհիւ՝ առաջին անգամն ըլլալով բոլոր պակսող տեղեկութիւնները հաւաքուած են մէկ շտեմարանի մէջ:
Յունիս 16-ին կայացած ուեպինարին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան հետազօտական ծրագիրի տնօրէն, փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամ լուսարձակի տակ բերաւ Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք համակարգուած բռնագրաւումն ու վերաբաշխումը հայկական հարստութեան, զոր թրքական կառավարութեան կողմէ նկարագրուած է իբրեւ «լքուած ունեցուածք» (Emval-i Metruke):
Անկախ թուրք հետազօտող Սայիթ Չեթինօղլուն տարիներ տրամադրած է հաւաքելու այս գոյքերուն վերաբերող կառավարութեան աճուրդի յայտարարութիւնները, որոնք 1920-ական եւ 1930-ական թուականներուն հրապարակուած էին թրքական 34 մեծ ու փոքր քաղաքներու տեղական թերթերուն մէջ: Չեթինօղլուն այս յայտարարութիւնները յանձնած է Քալիֆորնիոյ համալսարանին, որ թուայնացուցած եւ թարգմանած է զանոնք օսմաներէնէն ժամանակակից թրքերէնի եւ անգլերէնի: Անոնք հասանելի են հետեւեալ հասցէով` www.international.ucla.edu/
Համալսարանի կայքին վրայ տեղադրուած 31 էջերէ բաղկացած համապարփակ զեկոյցին մէջ Չեթինօղլուն եւ Աքչամը մանրամասն կերպով նկարագրած են թրքական կառավարութեան հակասական եւ խաբուսիկ հրամանները՝ բռնագրաւուած հայկական ունեցուածքի տնօրինման վերաբերեալ. «1915 թուականի մայիս 27-ին տրուած է պաշտօնական հրաման, որմէ կարճ ժամանակ ետք սկսած է հայկական ունեցուածքի լայնածաւալ բռնագրաւումը: 31 մայիս 1915-ին օսմանեան նախարարաց խորհուրդը հրապարակած է հրամանագիր մը, որ պաշտօնապէս կը կարգաւորէ հայկական կալուածներու «բռնագրաւումը», որուն յաջորդած է 10 յունիսի աւելի մանրամասն 34 յօդուածէ բաղկացած հրամանագիրը: Ամրան ընթացքին տարբեր նահանգներ ուղարկուած են յատուկ շրջաբերականներ, որոնք իրենց լրումին հասան 26 սեպտեմբեր 1915-ի պաշտօնական օրէնքով եւ նոյն թուականի նոյեմբեր 8-ի կիրարկման հրամանագիրով: Այս օրէնքներն ու հրամանագիրները կը սահմանեն, որ հայկական բոլոր շարժական եւ անշարժ գոյքերը պէտք է արձանագրուին պաշտօնական գրանցամատեաններու մէջ, եւ անոնց արժէքը պէտք է հատուցուի հայերուն՝ իրենց նոր բնակավայրերուն մէջ… [Սակայն], Օսմանեան արդարադատութեան, ելեւմուտքի եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն միացեալ յանձնաժողովի 1918 թուականի զեկոյցին մէջ յստակ նշուած է, որ ոչ մէկ հայ փոխհատուցում ստացած է իր բռնագրաւուած ունեցուածքին համար: Փաստօրէն օսմանեան պետութիւնը դարձած է … աւարի գլխաւոր շահառուն` օգտագործելով այս կալուածները եւ անոնց վաճառքէն ստացուած եկամուտները պետական տարբեր հաստատութիւններ ֆինանսաւորելու համար»։
Չեթինօղլուն եւ Աքչամը բացատրած են, որ 1922-ին ՝Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք, նորաստեղծ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը «վերահսկողութիւն հաստատեց մնացած հայկական ունեցուածքի մեծ մասին վրայ: Սակայն նորաստեղծ պետութիւնը դիմագրաւեց ֆինանսական մեծ դժուարութիւններ: Իբրեւ հետեւանք՝ 1923-էն սկսեալ պետական տարբեր հաստատութիւններ սկսան աճուրդի հանել այդ թալանուած հայկական ունեցուածքը: Այս վաճառքներուն մասին պաշտօնական ծանուցումները պարբերաբար կը հրապարակուէին թրքական տեղական թերթերուն մէջ»։
Օրինակ, 14 սեպտեմբեր 1931-ին «Տիարպեքիր»ի (Տիգրանակերտ) թերթին մէջ յայտարարուած է, որ 17 սեպտեմբեր 1931-ին աճուրդ պիտի կատարուի Ալի Փինար գիւղին մէջ գտնուող Օհանի դստեր` Հաթունի (Խաթուն) անունով արձանագրուած տան, որ 20 լիրայով վաճառուած է Քարա Քիլիսէի գաղթականներէն Շէյմուսին (Ահմետի որդիին):
Հաշուարկուած է, որ բռնագրաւուած հայկական ընդհանուր ունեցուածքը, որոնց մէջ հարիւր հազարաւոր տուներ եւ շէնքեր, գործարաններ, հանքեր, մէկ միլիոնէ աւելի ակր հողատարածք, խաղողի այգիներ, ձիթենիի այգիներ, թթենիի այգիներ, շուրջ 2500 եկեղեցիներ եւ 1000 դպրոցներ այժմ հարիւրաւոր միլիառ տոլարներ կ՛արժեն:
Բռնագրաւուած հայկական ունեցուածքը բաշխուած էր թրքական տարբեր կառոյցներու: Ըստ Չեթինօղլուի եւ Աքչամի, «ինչպէս Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կոմիտէի ժամանակաշրջանին», Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այս ունեցուածքներուն մէկ մասը փոխանցած է «ընկերութիւններուն` ազգային արդիւնաբերութիւնը եւ իսլամական քաղքենիութիւնը զարգացնելու համար, իսկ մէկ մասն ալ յատկացուած է Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան` այդ ժամանակաշրջանի միակ կուսակցութեան… Անշարժ բազմաթիւ գոյքեր, ըստ անհրաժեշտութեան, բաշխուած են տարբեր հաստատութիւններու, ինչպէս՝ միութիւններու, պետական հաստատութիւններու, քաղաքապետարաններու, առեւտուրի պալատներու, արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան, Կարմիր մահիկին եւ դրամատուներուն: Մէկ խօսքով, կարելի է ըսել, որ [թրքական] հասարակութեան իւրաքանչիւր հատուած օգտուած է հայկական ունեցուածքէն»:
Քեմալական ժամանակաշրջանին բռնագրաւուած հայկական կալուածները բաշխուած են հետեւեալ կերպով.
1.- «Հողի վաճառք եւ բաշխում իսլամներուն»,
2.- «Յատկացում եւ վաճառք ներգաղթեալներուն (մուհաժիր)»,
3.- «Փոխանցում եւ յատկացում պետական հաստատութիւններուն»,
4.- «Յատկացում զինուորականներուն»,
5.- «Յատկացում եւ վարձակալութիւն դրամատուներուն, Առեւտուրի պալատին եւ ապրանքներու փոխանակման»,
6.- «Վաճառք՝ ընկերութիւններուն»,
7.- «Յատկացում, վարձակալութիւն եւ վաճառք վարչակազմին կապուած հաստատութիւններուն, ինչպէս՝ Թրքական օճախին, Կարմիր մահիկին, Ուսուցիչներու միութեան եւ Տրապիզոնի մարզական ակումբին»,
8.- «Յատկացում Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն երիտթուրքական կուսակցութեան ղեկավարներու ընտանիքներուն», որոնք սպաննուած են հայերուն կողմէ, ինչպէս՝ Թալէաթ եւ Ճեմալ փաշաները, Ճեմալ Ազմին եւ Պեհաէտտին Շաքիրը` համաձայն 1926 թուականի մայիս 31-ին Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած օրէնքին:
Այժմ հայ համայնքին պարտականութիւնն է առնել Քալիֆորնիոյ համալսարանին կողմէ հաւաքուած այս արժէքաւոր տեղեկատուութիւնը եւ դատ բանալ Թուրքիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարաններուն մէջ` պահանջելով արդարացի փոխհատուցում բռնագրաւուած հայկական ունեցուածքի համար:
Ինչպէս գրած էի նախորդ ամիս, ամերիկահայերը պէտք է կոչ ուղղեն ամերիկեան Քոնկրեսին՝ որդեգրելու օրէնք մը, զոր պէտք է ստորագրէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը, եւ որ՝ կարելիութիւն պիտի տայ դատական հայցեր ներկայացնելու Թուրքիոյ Հանրապետութեան դէմ` բռնագրաւուած գոյքի դիմաց փոխհատուցում ստանալու համար: Այս նոր օրէնքը հայերուն կարելիութիւն պիտի տայ դատական հայցեր ներկայացնելու վաղեմութեան ժամկէտի աւարտէն շատ աւելի ուշ:
Միացեալ Նահանգներու դատարանները կրնան օրինական կերպով պարտադիր վճիռներ կայացնել` պահանջելով Թուրքիայէն փոխհատուցում վճարել հայերուն անոնց կորուստներուն համար: Եթէ Թուրքիան մերժէ կատարել այդ պահանջը, դատարանները կրնան որոշում տալ Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող եւ թրքական կառավարութեան պատկանող բոլոր սեփականութիւններու, օրինակ` շէնքերու, դրամատնային հաշիւներու եւ Թրքական օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւերու բռնագրաւման վերաբերեալ:
Քալիֆորնիոյ համալսարանը՝ իբրեւ ակադեմական հաստատութիւն, իր աշխատանքի բաժինը կատարած է հայ ժողովուրդին կողմէ բռնագրաւուած ունեցուածքի այս արժէքաւոր ցանկը պատրաստելով: Այժմ հայ համայնքին կարգն է դատական գործողութիւններու սկսելու` Թուրքիայէն լիարժէք փոխհատուցում պահանջելու համար: