Ալիեւը Հարցը Հասցուց ՄԱԿ՝ Պահանջելով 300 Հազար Ազրպէյճանցիներու Վերաբնակեցումը Հայաստանի Մէջ
Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Ազրպէյճանի կառավարութիւնը օրէ օր կը սաստկացնէ ճնշումը Փաշինեանի վրայ՝
Հայաստանէն նորանոր զիջումներ խլելու համար։
Փաշինեանն ու Ալիեւը տարբեր դրդապատճառներով յառաջ կը մղեն, այսպէս կոչուած,
«Խաղաղութեան ծրագիր»-ը։
Փաշինեանի նպատակն էր յունիս 7-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ապահովել
հայ ընտրողներու քուէները եւ պահպանել իշխանութիւնը՝ մոլորեցնելով զանոնք՝ իբր թէ
խաղաղութիւն հաստատած է։
Միւս կողմէ՝ Ալիեւ բոլորովին այլ նպատակ կը հետապնդէ։ Ան չի շտապեր աւարտին
հասցնել Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը։ Տեսնելով, որ Փաշինեանը
յօժարակամ կ՛ընդունի իր բոլոր պահանջները, Ալիեւ կը ներկայացնէ նորանոր
զիջումներ, ինչպէս՝ Հայաստանի տարածքին գտնուող նախկին ազրպէյճանական
անքլաւներու վերադարձը, երկու երկիրներու միջեւ սահմանի «սահմանազատման եւ
սահմանագծման» քողին տակ հայկական նոր տարածքներու կորզումը, Հայաստանի
սահմանադրութեան փոփոխութիւնը եւ Հայաստանի մէջ 300 հազար ազրպէյճանցիներու
վերաբնակեցումը։
Ազրպէյճանցիներու վերաբնակեցումը իրականացնելու նպատակով Ալիեւը շարք մը
կարեւոր քայլերու դիմած է․
1.- Հիմնադրած եւ ֆինանսաւորած է «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք» անունով
կազմակերպութիւնը։
2.- Կը պնդէ, որ Հայաստան այլընտրանք չունի՝ բացի համաձայն գտնուելէ 300 հազար
ազրպէյճանցիներու վերադարձին։
3.- Յառաջ կը մղէ վերաբնակեցման ծրագիրը՝ կազմակերպելով Ազրպէյճան այցելող
օտար պաշտօնատարներու հանդիպումներ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի
խորհուրդին հետ։
4.- Համաժողովներ կազմակերպած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ներառեալ՝
նախորդ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքին մէջ։
Այդուհանդերձ, հայութեան մեծ մասը տեղեակ չէ, որ Ալիեւը աւելի ծանրակշիռ
նախաձեռնութիւն մը կեանքի կոչած է։ Ան ՄԱԿ-ի բոլոր անդամ պետութիւններուն
փոխանցած է «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի երկու դիմումները․ առաջինը՝ 17
յունուար 2023-ին՝ երեք էջով, երկրորդը՝ 14 մարտ 2023-ին՝ ինը էջով, որպէսզի
ապահովէ միջազգային համայնքի աջակցութիւնը իր վերաբնակեցման ծրագիրին։
Յունուար 17-ի դիմումին մէջ Ազրպէյճանը խնդրած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին եւ
Ապահովութեան խորհուրդին՝ ճնշում բանեցնել «Հայաստանի կառավարութեան վրայ,
որպէսզի վերջինս միջազգային գործընթացի շրջանակներուն մէջ ապահովէ բնիկ
ազրպէյճանցիներու անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձը իրենց տուները՝
Հայաստանի մէջ» եւ երաշխաւորէ՝ «Վերադարձէն ետք անոնց հաւաքական ու
անհատական իրաւունքները»։
Իր դիմումին մէջ Ազրպէյճանը Հայաստանը կը մեղադրէ՝ «Բռնութիւններու, ջարդերու եւ
մարդկութեան դէմ գործուած այլ ոճիրներու, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց
խախտումներու» մէջ՝ հաստատելով, որ՝ «Այս գործընթացը յատկապէս բռնի եւ դաժան
բնոյթ կրած է 1905–06, 1918–21, 1948–53 եւ 1988–91 թուականներուն»։
Ինչպէ՞ս կրնայ Ազրպէյճանը մեղադրել Հայաստանը 1905-06 թուականներուն բնիկ
ազրպէյճանցիներու նկատմամբ զանգուածային բռնութիւններ գործադրելու մէջ, եթէ այդ
ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն չէ ունեցած։ Թուարկուած միւս
ժամանակաշրջանները նոյնպէս հիմնուած են կեղծ պնդումներու վրայ, քանի որ
Ազրպէյճանը Հայաստանը կը մեղադրէ այն վայրագութիւններուն մէջ, որոնք
իրականութեան մէջ կատարուած են ազրպէյճանցիներուն կողմէ հայերու նկատմամբ՝
Պաքուի, Նախիջեւանի, Սումկայիթի եւ Արցախի մէջ։ 1988-1991 թուականներուն
Խորհրդային Հայաստանի մէջ բնակող ազրպէյճանցիները կամովին լքած են երկիրը՝
վաճառելով իրենց տուներն ու ինչքերը։ Ազրպէյճանը իր դիմումին մէջ նաեւ կը մեղադրէ
Հայաստանը՝ մզկիթներ ու գերեզմանատուներ քանդելու մէջ։ Ազրպէյճանը ի՛նք
ոչնչացուցած է հազարաւոր հին խաչքարեր, եկեղեցիներ եւ հայկական այլ յուշարձաններ
Նախիջեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ տասնեակ կրօնական ու մշակութային յուշարձաններ՝
Արցախի մէջ։
Սակայն, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը թշնամական «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի
օրակարգին համար քննադատելու փոխարէն՝ Փաշինեան յայտարարեց, որ հայկական
ընդդիմութիւնը դրդած է Ալիեւը բարձրացնելու Հայաստանի մէջ ազրպէյճանցիներու
վերաբնակեցման հարցը՝ խօսելով հայ գաղթականներուն Արցախ վերադարձի իրաւունքին
մասին: Փաշինեանը կը սխալի, քանի որ Ազրպէյճանը ՄԱԿ-ին ուղղուած դիմումին մէջ
հաստատած է, որ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ը ստեղծուած է 1989
թուականին՝ իբրեւ «Ազրպէյճանցի գաղթականներու ընկերութիւն»՝ արցախահայերու
2023 թուականի տեղահանութենէն շատ առաջ:
Անհաւատալիօրէն, Փաշինեանը մերժած է Ալիեւի՝ 300 հազար ազրպէյճանցիներ
Հայաստան բերելու ծրագիրը։ Այնուամենայնիւ, դժուար է վստահիլ խօսքերուն այն
մարդուն, որ ժամանակին յայտարարած էր՝ «Արցախը Հայաստան է, եւ վե՛րջ», իսկ
աւելի ուշ՝ «Արցախը Ազրպէյճան է»։
300 հազար ազրպէյճանցիներու տեղափոխումը Հայաստան լիակատար աղէտ պիտի ըլլայ
Հայաստանի Հանրապետութեան համար։ Ահա թէ ինչո՛ւ.
1.- Վերաբնակեցուած ազրպէյճանցիներու եւ տեղացի հայերու միջեւ որեւէ աննշան
միջադէպ կրնայ առիթ դառնալ, որ Ազրպէյճան իր ժողովուրդը պաշտպանելու
պատրուակով զօրք մտցնէ Հայաստան: ՄԱԿ-ին ուղղուած դիմումին մէջ նշուած էր, որ
ազրպէյճանական «Համայնքը չի վստահիր այս պետութեան (Հայաստանին)
անվտանգութեան հարցերով»: Ան կը նպատակադրէ ազրպէյճանցի վերաբնակիչներու
անվտանգութեան ապահովում՝ Ազրպէյճանի զինուժին կամ օտար այլ զօրքերու,
հաւանաբար նաեւ Թուրքիոյ կողմէ։
2.- ՄԱԿ-ին յղուած ազրպէյճանական դիմումին մէջ նաեւ նշուած էր, որ Հայաստանի մէջ
հաստատուելէ ետք անոնք պէտք է՝ «Ունենան հաւասար իրաւունքներ, որոնք թոյլ պիտի
տան կրթութիւն ստանալ մայրենի լեզուով, եւ ազրպէյճաներէնը օգտագործել
կառավարութեան օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմիններուն մէջ»։ Անոնք պիտի
պահանջեն՝ սեփական դպրոցներ, մզկիթներ, համայնքային կեդրոններ եւ ոստիկանական
ուժեր։ Իբրեւ հետեւանք՝ մեծ թիւով ազրպէյճաներէնի ուսուցիչներ եւ իմամներ պիտի
բերուին Հայաստան։ Փաստաթուղթին մէջ նաեւ նշուած էր, որ՝ «Ազրպէյճանցիները
պէտք է իրաւունք ունենան ձեւաւորելու տեղական անվտանգութեան ուժեր եւ
համապատասխան դերակատարութիւն ստանձնեն դատարաններուն մէջ»։
3.- Վերաբնակեցուած ազրպէյճանցիները պիտի ունենան քուէարկելու եւ Հայաստանի
խորհրդարանին մէջ իրենց պատգամաւորները ընտրելու իրաւունք, որուն իբրեւ
հետեւանք՝ պիտի ընդունուին իրենց շահերը պաշտպանող օրէնքներ։
4.- Հայոց պատմութեան դասագիրքերը պիտի փոփոխուին այնպէս, որ «չվիրաւորեն»
ազրպէյճանցի աշակերտներուն զգացումները Արցախի պատմութեան եւ քրիստոնէութեան
հարցերուն մէջ։
5.- ՄԱԿ-ի դիմումով կը պահանջեն, որ՝ «Հայաստանի կառավարութիւնը վերադարձնէ
ազրպէյճանցիներուն պատկանող գոյքն ու համայնքային հողերը եւ փոխհատուցէ զանոնք
օգտագործելը կանխելու պատճառով արձանագրուած վնասներն ու կորուստները»։
6.- Ազրպէյճանական կողմի դիմումով նաեւ կը պահանջուի, որ՝ «Հայաստանը դադրեցնէ
ատելութիւն եւ խտրականութիւն սերմանելու իր քաղաքականութիւնն ու գործելակերպը
ազրպէյճանցիներու նկատմամբ, արդարադատութեան յանձնէ ազրպէյճանցիներու դէմ
ոճիրներ գործած անձերը, անմիջապէս դադրեցնէ անոնց փառաբանումը, քանդէ այդ
ոճիրներուն մասնակցած ռազմական, քաղաքական գործիչներու ու ահաբեկիչներու
յուշարձանները, ինչպէս նաեւ չեղեալ յայտարարէ տեղանուններու փոփոխութիւնները»։
Զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ Ալիեւը յառաջիկային «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ի
ստորագրութեան իր նախապայմաններու երկար ցանկը համալրէ նաեւ 300 հազար
ազրպէյճանցիներու վերադարձի հարցով։

