Առեւանգուած Ժողովրդավարութիւն. Հայաստանի Կեղծուած Խորհրդարանական Ընտրութիւնները
Յարութ Սասունեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները կայացան յունիս 7-ին` լայնածաւալ, համակարգային եւ փաստաթուղթերով հաստատուած կեղծիքներով։
Այս ընտրութիւններուն նպատակը պարզապէս ժողովուրդի ներկայացուցիչները կամ երկրին ապագայ կողմնորոշումը ճշդելը չէր: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան լիովին կը գիտակցէր, որ որոշուած արդիւնքէն կախեալ է՝ ինք պիտի շարունակէ՞ յաւելեալ հինգ տարիներ միանձնեայ երկիրը ղեկավարել, թէ՞ պիտի ենթարկուի քրէական պատասխանատուութեան՝ սահմանադրութիւնն ու հարիւրաւոր օրէնքներ խախտելուն համար:
Գիտակցելով, որ ասիկա պայքար է սեփական գոյատեւման համար՝ Փաշինեան օգտագործեց իր տրամադրութեան տակ եղած օրինական եւ անօրէն բոլոր միջոցները՝ վերընտրուելու եւ բանտարկութենէ խուսափելու համար:
Ընտրակեղծիքները սկսած էին քուէարկութեան օրէն շատ առաջ իսկ։ Ընտրութիւններուն նախորդող ամիսներուն կիրարկուած շարք մը տրակոնեան միջոցներու ծիրին մէջ՝ Փաշինեան հրամայեց ձերբակալել ընդդիմութեան հարիւրաւոր կողմնակիցներ` զանոնք մեղադրելով ընտրակաշառք բաժնելու մէջ:
Այդուհանդերձ, ձերբակալուածներէն ոչ մէկը մինչեւ հիմա դատուած է կամ՝ մեղաւոր ճանչցուած: Աւելի՛ն. առանց որեւէ իրաւական հիմքի՝ ան հրամայեց ձերբակալել ընդդիմութեան քանի մը պատգամաւորութեան թեկնածուներ՝ նպատակ ունենալով տապալել անոնց նախընտրական քարոզարշաւը եւ վախցնել անոնց կողմնակիցները: Փաշինեան նաեւ խախտեց օրէնսդրական պահանջը, որուն համաձայն, խորհրդարանի պատգամաւորութեան թեկնածուն ձերբակալելու համար անհրաժեշտ էր նախապէս ստանալ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին համաձայնութիւնը: Բացի ատկէ՝ ան արգիլեց ընդդիմադիր առաջնորդներ Գագիկ Ծառուկեանին, Ռոպերթ Քոչարեանին ու Նարեկ Կարապետեանին կարճատեւ ճամբորդութիւններով լքել երկիրը` դարձեալ առանց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի անհրաժեշտ համաձայնութեան:
Փաշինեան հրամայեց ձերբակալել ճանչցուած գործարար եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեանը ճիշդ այն օրը, երբ վերջինս յայտնեց իր աջակցութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ: Ամիսներ շարունակ նախնական կալանքի վայրին մէջ ծանր պայմաններու տակ գտնուելէ ետք, Կարապետեան փոխադրուեցաւ տնային կալանքի: Այս քայլով Փաշինեան փաստօրէն զրկեց քաղաքական մեծ ընդդիմախօսը ընտրութիւններէն առաջ իր կուսակցութեան ի նպաստ քարոզարշաւ ընելու կարելիութենէն:
Ընտրութիւններուն նախորդող շաբաթներուն Փաշինեան շրջագայեցաւ ամբողջ երկրով մէկ՝ իր քաղաքական քարոզարշաւին համար անօրինաբար օգտագործելով պետական հսկայական կարողականութիւնը: Իրեն կ’ընկերակցէին նախարարներ եւ խորհրդարանի ղեկավարներ, որոնք կը չարաշահէին իրենց պաշտօնական դիրքերը՝ առանց արձակուրդ երթալու:
Հակառակ ընտրական օրէնսդրութեան՝ կառավարութիւնը հարիւրաւոր աշակերտներ եւ ուսուցիչներ ստիպեց դպրոցական ժամերուն մասնակցիլ Փաշինեանի քարոզարշաւի հաւաքներուն՝ զանգուածային հանրային աջակցութեան պատրանք ստեղծելու նպատակով: Նման պարտադիր ներկայութեան ենթարկուեցան նաեւ պետական պաշտօնեաները:
Ընտրողներու ցանկերուն վերաբերեալ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յայտարարած էր 2,5 միլիոն արձանագրուած ընտրողներու մասին` առաւելագոյնը երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի մը մէջ: Այս ցանկերուն մէջ ներառուած էին մեծ թիւով 18 տարեկանէն փոքր մանուկներ ու պատանիներ եւ հարիւր հազարաւոր հայեր, որոնք տարիներ առաջ արտագաղթած էին, սակայն անոնց անունները կը շարունակէին մնալ ընտրացանկերուն մէջ: Այս անհամապատասխանութիւնը լայն կարելիութիւն կը ստեղծէր ընտրակեղծիքներու, որովհետեւ կառավարութիւնը կրնար քուէարկել բացակայ քաղաքացիներուն փոխարէն: Արդարեւ, շարք մը ընտրողներ, հասնելով ընտրատեղամասեր, պարզած էին, որ իրենց փոխարէն մէկը արդէն քուէարկած է:
Յաւելեալ ընտրակեղծիքներ տեղի ունեցան, երբ իշխանութիւնները մեծ թիւով զինուորներ բերին ընտրատեղամասեր եւ հրահանգեցին անոնց քուէարկել վարչապետին կուսակցութեան ի նպաստ: Այս զինուորները բազմակի քուէարկութիւն կատարեցին՝ տեղափոխուելով քանի մը ընտրատեղամասեր, մարտավարութիւն մը, որ ծանօթ է իբրեւ «կարուսելային քուէարկութիւն»:
Իշխանութիւնները խոչընդոտներ ստեղծեցին նաեւ Հայաստանի այն քաղաքացիներուն համար, որոնք արտերկրէն յատուկ եկած էին քուէարկութեան մասնակցելու նպատակով: Հազիւ ժամանած՝ անոնցմէ շատեր անմիջապէս ուղարկուեցան 25-օրեայ զինուորական հաւաքներու` այդպիսով զրկելով զանոնք ընտրական իրաւունքէն:
Զարմանալիօրէն, յունիս 7-ին, մինչ տակաւին քուէարկութեան արդիւնքներուն փոքր մասը հաշւըուած էր, Փաշինեան փութաց յայտարարելու, թէ իր կուսակցութիւնը ստացած է մեծամասնութիւն՝ այդպիսով ճնշում բանեցնելով Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին վրայ զինք յաղթող հռչակելու համար:
Յունիս 8-ի նախնական հաշուարկէն ետք լուրջ անհամապատասխանութիւններ երեւան եկան ընտրատեղամասերուն մէջ արձանագրուած ձայներուն եւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած ընդհանուր թիւերուն միջեւ: Ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն ի նպաստ տրուած հարիւրաւոր, եթէ ոչ հազարաւոր ձայներ պակաս հաշւըուած էին: Բոլոր երեք մեծ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մերժեցին արդիւնքները՝ զանոնք որակելով կեղծուած, նաեւ պահանջեցին նոր ընտրութիւններ եւ դիմեցին Սահմանադրական դատարան: Սակայն նոր ընտրութիւնները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի բերէին նոյն արդիւնքը՝ կիրարկուած նոյն կեղծ մեթոտներուն պատճառով: Աւելի՛ն. Սահմանադրական դատարանի բոլոր անդամները նշանակուած են Փաշինեանի խորհրդարանական գործընկերներուն կողմէ, ինչ որ արդիւնքներու չեղարկումը գրեթէ անկարելի կը դարձնէ:
Յունիս 14-ին՝ ընտրութիւններէն ճիշդ շաբաթ մը ետք, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակեց վերջնական արդիւնքները։ Հակառակ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ներկայացուցած փաստաթուղթերուն, որոնք ցոյց կու տային բազմաթիւ չհաշուարկուած ձայներ, յանձնաժողովը պնդեց, որ կուսակցութեան քանի մը ձայն պակսած է 4 տոկոսի շեմը յաղթահարելու համար: Արդիւնքներուն հիման վրայ յայտարարուեցաւ, որ Փաշինեանի Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը ստացած է ձայներուն 49.75 առ հարիւրը՝ ապահովելով 64 խորհրդարանական աթոռ, «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 23.27 առ հարիւր, 29 աթոռ, իսկ «Հայաստան դաշինք»-ը՝ 9.9 տոկոս, 12 աթոռ: Փաշինեանի կուսակցութիւնը ապահովեց խորհրդարանի աթոռներուն մօտ 60 առ հարիւրը, հակառակ անոր որ ստացաւ հանրային ձայներուն միայն 49 տոկոսը, այդպէս եղաւ, որովհետեւ մնացած 15 կուսակցութիւնները չյաղթահարեցին 4 տոկոսի անցողակի շեմը, ուստի անոնց ձայները վերաբաշխուեցան` գլխաւորաբար ի նպաստ Փաշինեանի կուսակցութեան:
Այսուամենայնիւ, Փաշինեանի կուսակցութեան չյաջողեցաւ ապահովել անհրաժեշտ երկու երրորդ մեծամասնութիւնը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պահանջած նոր սահմանադրութիւնը ընդունելու համար: Հետեւաբար Ազրպէյճանը պիտի հրաժարի ստորագրելէ Փաշինեանի կողմէ լայնօրէն գովաբանուած Խաղաղութեան պայմանագիրը: Այս կացութիւնը Փաշինեանը կը դնէ շատ անյարմար դրութեան մէջ, որովհետեւ ան քարոզարշաւ կը վարէր խաղաղութեան խոստումին հիման վրայ՝ միաժամանակ ընդդիմութիւնը մեղադրելով «պատերազմի կուսակցութիւններ» ըլլալու մէջ:
Նախորդ շաբթուան ընթացքին Հայաստանի մէջ ծաւալած են լայնածաւալ քննարկումներ այն մասին, թէ արդեօք ընդդիմադիր կուսակցութիւնները պէ՞տք է վերցնեն իրենց աթոռները կեղծուած խորհրդարանին մէջ, թէ՞ հրաժարին անոնցմէ եւ պոյքոթի ենթարկեն: Երկու տարբերակներն ալ ունին իրենց առաւելութիւններն ու թերութիւնները: Յառաջիկային անոնք պիտի յայտարարեն իրենց որոշման մասին:
Անկախ անկէ, թէ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները ի՛նչ պիտի որոշեն՝ ստանձնե՞լ խորհրդարանական աթոռները, թէ՞ ոչ, անոնք պէտք է ձեռնարկեն հետեւեալ երկու կարեւոր քայլերու.
1․- Միաւորել բոլոր ընդդիմադիր ուժերը եւ միասնաբար կոչ ուղղել հարիւր հազարաւոր հայերու՝ ողողելու Երեւանի եւ այլ քաղաքներու փողոցները մասնակցելու՝ անընդմէջ բողոքի ցոյցերու, մինչեւ Փաշինեանի հրաժարականը:
2․- Ձեւաւորել «ստուերային խորհրդարան» (shadow cabinet)՝ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները նշանակելով ոչ պաշտօնական նախարարական պատասխանատուութեան վրայ: Այս կառոյցը պիտի ղեկավարէ Փաշինեանը պաշտօնանկ ընելու գործընթացը եւ պիտի նախապատրաստէ իշխանութեան սահուն փոխանցումը անոր հեռացումէն ետք:

